Ներփակ մէջբերումները Արմենակ Եղիայեան-ին շաբաթական «Հայերէնը կը զուարճանայ»՝ Թիւ 97 յղումէն է։ Վահէ Յ. Աբէլեան
Մի՛ գրէք՝
Փոխ կառավարիչ՝ անջատ, «Հասկ»-ի պէս:
Այլ գրեցէ՛ք՝
Փոխկառավարիչ՝ միացած, հայու պէս:
*****
Մի՛ արտասանէք ու գրէք՝
Ի՞նչպիսի , ո՞րքանով՝ «Մարմարա»-ի եւ Պարոյր Աղպաշեանի պէս:
Այլ արտասանեցէ՛ք ու գրեցէ՛ք՝
Ինչպիսի՞, որքանո՞վ՝ հայու պէս:
*****
Ասոնք բոլորը կը յատկանշուին ենթակայ-բայ թուային անհամաձայնութեամբ. այսինքն՝ ոմանց ենթական եզակի է, բայը՝ յոգնակի, ուրիշներու բայը եզակի է, ենթական՝ յոգնակի: Մինչ հայերէնը, − եւ քիչ մը ամէն լեզու − կը պահանջէ, որ ենթական եւ բայը ունենան նոյն թիւը, այսինքն՝ համաձայնին իրենց թիւով: Քերականական անհրաժեշտութենէ մը աւելի՝ սա բանական անհրաժեշտութիւն է, այլեւ բնական, այնքան բնական, որքան ծառաւին համար ջուրի պահանջն է, անօթիին համար՝ հացի պահանջը,− բայց ահա եկուր-տես, որ այդ տարրական պահանջն է, որ հիմա սկսած է չքանալ արդի հայուն մէջ՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս, իրարու հետ մրցակցութեան ելած են ուղղակի՝ իրենց բոլոր խաւերով ու շերտերով եւ միշտ գերազանցելով զիրար:
Հարց է, թէ ե՛րբ լեզուական այսքան պարզ կարգ մը չի յարգուիր, հապա ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ աւելի խրթին երեւոյթներ մատնանշել եւ... սրբագրութիւն ակնկալել:
Միւս կողմէ չմատնանշես զանոնք, հապա ինչպէ՞ս հաշտուիս աչքերուդ առջեւ ամէն օր քիչ մը աւելի աղաւաղուող, լլկուող, բռնաբարուող մայրենիիդ:
*****
Կրնա՞նք եզրակացնել, թէ հայերէնը կը դժուարանայ հետզհետէ:
Հայերէնը կը մնայ նոյնը, զայն գրողներն են, որ պէտք եղած պատրաստութիւնը չունին, յատկապէս մեր լրագրողները, որոնց ոչ մէկը կը լրացնէ տուեալ պաշտօնի պահանջները, որոնց առաջինն է լեզուի պարկեշտ տիրապետումը: Կրնա՞ք թուել մէկ արեւմտահայ լրագրող, որ հայագիտութիւն ըրած է,-- անշուշտ ամէն կրպակ հայագիտութիւն չի կրնար ուսուցել,-- վկայուած ըլլալով նաեւ համալսարանի լրագրական բաժանմունքէ:
Ասոնք իբրեւ նախատինք չեն ըսուիր, այլ կը մատնեն մեր ցաւը, մեր մորմոքը, մեր յուսահատութիւնը. անհեռանկարային մտահորիզոնը:
Վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Ամենամտահոգիչը այն է, որ բարելաւումի ոչ մէկ յոյս կրնանք փայփայել:
*****
Արմէնպրես եւ... հայերէնը
«Ողջունում եմ հայ ժողովրդի ուժն ու տոկունութիւնը և իրենց ապագան կերտելու յանձնառութիւնը. Լին Թրեյսին շնորհաւորել է ՀՀ Անկախութեան տօնը» («Արմենպրես»): Ամերիկացի դեսպանը իր այս ողջոյնը անգլերէն շարադրեց անշուշտ եւ անգլերէնի մէջ ժողովուրդ (people) յոգնակի է, այդ պատճառով ալ յոգնակի կիրարկած է նաեւ իրենց դերանունը (their): Լուրը հաղորդող Արմենպրեսը պարտաւոր էր ըսելու իր՝ եզակի, քանի ժողովուրդ բառը հայերէնի մէջ եզակի է՝ «իր ապագան»:
Սակայն այսքան բան կրնա՞նք ակնկալել «Արմէնպրես»-էն:
---Վիեննայի բանակցութիւնների մի քանի փուլերի արդիւնքներով կողմերին Է ներկայացուել համաձայնութիւնների վերջնական տեքստը (Արմենպրես):
Վերը անգլերէնն էր, այստեղ ալ ռուսերէնն է.
հայը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նահանջէ Հայաստանէն եւ... հայերէնէն:
Այլապէս պիտի գրէր՝ շնորհիւ, եւ օրինակ ալ դառնար իր արեւմտահայ եղբայրներուն, որոնք նուազ օտարամոլ չեն:
Note: People is the plural of person that's most commonly used in everyday communication to simply refer to multiple humans. But people can also be used as a singular noun to refer to a population or community.
No comments:
Post a Comment