Վահէ Յ. Աբէլեան
Քեսապի Թոնիրը |
«Արմենակ Եղիայեանը իր շաբաթական «Հայերէնը կը Զոարգանայ» վերնագրով տեղադրութեան թիւ 51-ին մէջ կը նշէ որ՝ «Բառերն ալ մարդոց պէսժամանակին ընթացքին կը սկսին մոռցուիլ ու դուրս գալ գործածութենէ: Այնուհետեւատեն մը կը քաշքշուին բառարաններու մէջ, օր մըն ալ անկէ եւս… կ’արտաքսուին, ուվերջ կը գտնեն հազարամեայ հաւաքական ճիգերով գոյացած, փայփայուած, հաւատարմօրէն ծառայած լեզուական տարրեր:
Հարց է, թէ տուեալ լեզուն կիրարկողները իրապէս կը յաջողի՞ն նորը դնել այդ- պիսիներուն տեղը: Իսկ եթէ պիտի դնէին, հապա ինչո՞ւ հրաժարէին եղածէն:»
Քանի մը այլ բառերու կողքին կը յիշէ նաեւ ՝« Դասական բառ է, «Նոր հայկազեան»-ը կու տայ «չոր, ցամաքեալ՝ իրօք կամ նմանապէս, այսինքն՝փոխաբերական նշանակութեամբ, չորցած, գուրումուշ»:
Գուրումուշ բառը բաւական ընդհանրացած բառ մըն էր մեր պատանեկութեան Քեսապի մէջ եւ կը հնչուէր որպէս գուրմուշ կամ քրմոշ թերեւս ալ գէրմոշ։ Երբէք չէի պատկերացուցած որ ան կրնար առընչուած ըլլալ հայերէն բառարանի մը մէջ յիշուած գուրումուշ բառին հետ որ յար ու նման իմաստ ունի այնպէս ինչպէս մենք ընկալած էինք մեր պատանեկութեանը։
Քէորքիւնայ՝ հացը թոնիրը եփելէն ետք, պատանիներս կ՚այցելէինք տաք թոնիրը եւ անոր պատին վրայ մնացած՝ ոչ թէ միայն չորցած այլ եւ ածխացած հացի կտորները, որոնց գուրմուշ կամ գէրմոշ կ՚ըսէինք, կը վերցնէինք եփուած հացէն այդ մնացորդ կտորները եւ կ՚ուտէինք։ Զարմանալիօրէն այնքան համեղ կ՚ըլլային որ թոնիր մը ուր հաց եփուած ըլլար, տակաւին տաք թոնիրը անպայման կ՚այցելէինք, թոնիրի պատին վրայ ածխացած հացի կտորները փրցնելու եւ ուտելու համար։ Իսկ այդ ածխացած հացի կտրոները, կրկնեմ՝ անհաւատալիորէն համեղկըլլային։
Քանի մը տասնեակ տարիներ, ետք Քէորքիւնայի այդ տարիներուն մանկութիւնը ապրած տղոց մտապատկերին վրայ եւ յիշողութեանը մէջ տակաւին դրօշմուած այդ ածխացած հացի կտորներուն համը եւ տաք թոնիրէն փուռած հոտը եւ գէրմոշ բառը՝ թէեւ բառը կրնայ դադրած ըլլալ գործածութիւնէ երկար ժամանակէ իվեր այսպէս ինչպէս սկսած է աղոտիլ մեր մտաշխարհի յիշատակներուն մէջն ալ։
Քէորքիւնայի թոնիը՝ աջին Անուշ Աբէլեան Քոնյալեան, Էլիզ Աբէլեան Պէտիրեան |
No comments:
Post a Comment