Ներփակ մէջբերումները Արմենակ Եղիայեան-ին շաբաթական «Հայերէնը կը զուարճանայ»՝ Թիւ 96 եւ Թիւ 95 յղումներէն են։ Վահէ Յ. Աբէլեան
“Ասոր համար քիչ մը խելք եւ քիչ մըն ալ ճաշակ պէտք է գործադրէ գրողը: Փառք Աստուծոյ, երկուքն ալ լիաբուռն տրուած է մեր լրագրողներուն, ա՛լ ինչու խնայել, ո՞ր օրուան ի պահ կը դրուի ան: Գործածեցէ՛ք, եղբա՛յր, գործածեցէ՛ք, բարեխնամ Աստուած կը շարունակէ փոխարէնը ղրկել, անտես չի ձգեր:” (Թիւ 96)
«Հայոց լեզուն աղաւաղելու առաքելութեան հաւատարիմ՝ մեր արդի լրագրողները խոր կառչածութիւն կը ցուցաբերեն այս զազրելի ռուսաբանութեան եւ անոր երկուորեակին՝ իբրեւ հետեւանքին,− որոնք ամէնօրեայ ներկայութիւն են այլեւս,− ընդմիշտ մոռցած ըլլալով հայերէն միւռոնաբոյր շնորհիւ, հետեւանքով, պատճառով, բերումով յետադրութիւնները հոն, ուր ո՛չ ազերիին, ո՛չ ալ թուրքին ճնշումը կը գործէ: Հայը իր սեփական կամքով կ’ընէ այս բոլորը:» (Թիւ 96)
«Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բարձր կրակի վրայ պիտի զետեղուի(անդ, էջ 4): Այս «բարձր կրակի վրայ զետեղումը» ասացուածքը, որ բոլորովին օտար է, հազիւ թէ բան մը ըսէ արդի հայուն: Մանաւանդ որ սխալ ընտրուած է «բարձր» ածականը: Թերեւս «թէժ կրակի վրայ»-ն (feu artent, scorching fire) բան մը թելադրէր, թէեւ ատոր ալ կը կասկածիմ: Լաւ կ’ըլլայ, որ այսպիսիներուն հայերէն համարժէքը,− թէկուզ մօտաւոր համարժէքը,− տրուի, քանի ազգային դարձուածքները սովորաբար լիովին թարգմանելի չեն: Յիշենք պատմական փորձանք դարձած հետեւեալները՝
--Դիակը գարեջուրին մէջ դնելը...
--Պատերուն վրայ մողէզներու երեւումը...
--Attachons à la confiture-ը:» (Թիւ 96)
«Կարելի է բանալ որեւէ դասագիրք, բայց նաեւ որեւէ բառարան հաստատելու համար մեր բանաձեւումի ճշմարտութիւնը։ Սակայն մեր սուրբ հայրերը կը մերժին թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը եւ կը շարունակեն ամուր կառչիլ իրենց «գիտցած»-ին : (Թիւ 95)
“Անշուշտ քիչ մը դժուար պիտի ըմբռնուի այս բանը հոն, ուր ձրի գլխագրելուունակութիւն մը կայ , եւ կը գլխագրուին աբեղայ ու սարկաւագ բառերնալ... » (Թիւ 95)
«Միւս կողմէ՝ կարծես դիտումնաւոր ըլլար, «Հասկ» կը գրէ՝ 50 ամեակ, 75 ամեակ, 100 ամեակ՝ անջատ, առանց գծիկի: «Հասկ»-ի խմբագիրները լուսնի մէ՞ջ կ’ապրին՝ չգիտնալու համար, թէ կը գրենք 50-ամեակ՝ գծիկով, 50-օրեայ՝ գծիկով, 50-ժամեայ՝գծիկով:» (Թիւ 95)
«Մօտ-Այս զզուելի արեւելաբանութիւնը անէծքի մը պէս փակաւ մեր օձիքին եւ թող չիտար զայն. ամէն տեղ է, ամէն բերնի մէջ՝ ի դերեւ հանելով զայն վանելու մեր բոլոր ճիգերը, նոյնիսկ հոն, ուրկէ քիչ մը տարբեր որակ կ’ակնկալուէր իսկ փոխարէնը հոն կը գտնենք զայն աւելի շեշտուած եւ ուռճացած. » (Թիւ 95)
«Եղա՞ւ այս, կ’ըլլա՞յ, ըլլալիք բա՞ն է: Եթէ մենք ներենք նման անհետեւողականութիւն մը, Մեսրոպ ինչպէ՞ս ներէ ասանկ թափթփածութիւնը: Մա՛նաւանդ երկրորդը՝ որ... Ր-ով կը սկսի. ուտուելիք ապո՞ւր է այս: » (Թիւ 95)
«Եւ վերջապէս ամէն քայլի կը գտնենք ահաւոր մսխում մը, գոգցես չարաշահումմըներս, գծով, փոխանցել բառերու ծանծաղ, ճապաղ, ձանձրացուցիչ, այլեւ բթացուցիչ կիրարկութեան:» (Թիւ 95)
No comments:
Post a Comment