V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, October 28, 2022

Պուրճ Համուտ՝ Աւաղ փառացս անցաւորի՞

Վահէ Յ. Աբէլեան 

Armenia Street, Bourj Hammoud, Lebanon, pictured in 1995.

Նախ  ճշդեմ որ լիբանանը ձգեցի 1976-ի Յունիս ամսուան վերջին օրերուն խոյս տալով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքէն եւ սկսելու նորը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ տրուած ըլլաով որ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով տարիներէ ի վեր ասպարէզի փայփայած հեռանկարներս այլեւս անկարելիութեան մատնուեցան։ 

Անցնող 46 տարիներուն մէկ անգամ այցելիցի Լիբանան՝ հոնկէ մեկնելէս շուրջ քսան տարիներ ետք՝ 1995-ին։ Այդ օրուան իրիկնամուտին, Պէյրութի օդակայանը զիս դիմաւորեցին զարմուհիս Անին եւ ամուսինը՝ Թոմը։ Յաջորդ օրը առաւոտուն՝ առաջին այցելութիւնս եղաւ Պուրճ Համուտ իսկ Պուրճ Համուտի մէջ ալ, առաջին այցելութիւնս տուի հանգուցեալ ընկերոջս՝ Հրաչ Պետոյեանին եղբորը Բիւզանդին վաճառատունը, Պուրճ Համուտի կեդրոնական հրապարակին վրայ։ Զգացական վարկեաններ էր որ ապրեցայ խանութը մտնելէս անմիջապէս ետք։ Կարծես կեանքը սառած մնացած էր հոն։ Բիւզանդը հոն էր, խանութիւն անկիւնը, նոյն գրասեղանին ետին նստած, բայց այլեւս Հրաչը հոն չէր։ Տեսաւ զիս  վարկեան մը նայեցաւ՝ սառած, յիշեց զիս եւ ընկալեց կացութիւնս եւ անմիջապէս ոտքի ելաւ, մօտեցաւ։ Գրկախառնուեցանք եւ յետոյ գացինք գերեզմանատունը  մոմ մը վառելու  Հրաչին շիրիմին վրայ։

 Ապա, նոյն օրը, այցելեցի Ապրօ Սոմունճեանին հագուստեղենի խանութը, Գրիգոր Գրաճեանին դեղարանը, Սարտարապատ ակումբը եւ անոր դիմացը գտնուող շէնքին մէջ մեր ազգական Աւետիս Մանճիկեանին տունը։ Ամէնքը հոն էին, գրեթէ այնպէս ինչպէս երբ ձգած էի լիբանանը, թէեւ Պուրճ Համուտին մէջ նշմառելի էին փոփոխութիւններ։  Բայց, Պուրճ Համուտը տակաւին հայկականութիւն կը բուրէր ինչպէս յիշած էր մայրս իր «Հայաստան մը դարձած Պուրճ Համուտը՝ դէմքեր, դէպքհեր եւ յուշեր»  գրութեանը մէջ։ Գրած էր՝ «Ո՞վ լսած չէ երբեք Պուրճ Համուտի մասին: Հայահոծ, հայաբնակ շրջան մը Պէյրութի հիւսիս-Արեւելեան շրջանին մէջ:  Հայրենիքէն հեռու Հայաստան մը դարձած Պուրճ Համուտը: Ուրիշ խօսքով հայակերտումի հնոց մը: Հոն դարբնուեցաւ ու կերտուեցաւ հայ բանուորն ու կրօնաւորը, ուսուցիչն ու քարոզիչը: Այլ եւ այլ արհեստներու ու արուեստներու մէջ տաղանդ ցուցաբերող աշկերտն ու աշակերտը:» 

Ապա, գնահատող զուարթամտութեամբ մը, գրած էր՝ «Երբ վրայ հասան Լիբանանի քաղաքական անկայուն օրերը, 70-ական թուականին, Պուրճ Համուտի տղամարդը, երիտասարդն ու տարէցը, հարկադրուեցան զէնք կրել իրենց շրջաններու պաշտպանութեան համար: Երբեմնի աշակերտը դարձաւ աշկերտը ինքնապաշտպանութեան մարզին իր ղեկավարին, լքելով ուսումնառութիւնը: Ուսման ակնարկումի պարագային երբ հարց դրուէր թէ արդեօք այս կամ այնինչ ուսանողը կրցա՞ւ իր B.A.-ն ստանալ ... պատասխանը կըլլար .- այդ չենք գիտեր, սակայն գիտենք որ ան B.H չստացաւ, այսինքն Պուրճ Համուտցի չեղաւ, չկրցաւ ըլլալ: Այս էր եւ է Լիբանանի Պուրճ Համուտը:»

Մենք կը բնակէինք Պուրճ Համուտէն քիչ մը հեռու՝ Անթիլիաս, կաթողիկոսարանին մօտ։ Ակնարկելով Պուրճ Համուտին, հետեւալը գրած էր մայրս՝ «Ես ինքս ալ համարեայ դարձայ Պուրճ Համուտցի, քառորդ դար ծառայելով Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանի մէջ հաստատուած Հայ Աւետարանական – Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանէն ներս, որպէս հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դասատու:» Բայց ամէն Լիբանահայ քիչ թէ շատ Պուրճ Համուտցի էր արդէն։

Անցեալ քանի մը օրերուն ընկերներէ ստացայ տեղեկութիւններ Պուրճ Համուտի մասին ինչպէս նաեւ լուսանկարներ Պուրճ Համուտէն։  Տեղեկութիւնները տխուր էին եւ տխրեցնող։ Կարծես կարգն ու կանոնը խախտած է եւ Պուրճ Համուտի գլխաւոր պողոտան դարձած է փողոցի վրայ առեւտուի բաց շուկայ մը։  Կը մէջբերեմ ընկերոջս գրութիւնէն եւ կը տեղադրեմ իմ ստացած լուցանկարներս։ Երկուքն ալ զուգադիպութեամբ հասան նոյն օրը։ Լուսանկարները կը հաստատէին ընկերոջս  տեղեկութիւնները ուր կը նշէր հետեւեալները՝

«Ներկայիս՝ ոչ պաշտօնական տուեալներու, նախկինի հայաբնակ թաղամասերու մի միայն 20-30 տոկոսը հայաբնակ են։»

Armenia Street, Bourj Hammoud

«Ներկայիս, ամբողջ Պուրճ Համուտի ժողովրդագրական պատկերը փոխուած է։ Նախ՝ բաղդատած երկրի այլ վայրերուն, շրջանը դարձած է աղքատ եւ լքուած. տեղացի այլազգներ կը կազմեն բնակչութեան հոծ եւ պատկառելի թիւ մը, ասոնց կողքին կան նաեւ նոյնքան մեծ թիւով սուրիացի  քիւրտ,  թուրք, իսլամ գաղթականներ եւ օրականով աշխատող երիտասարդներ։

«Գիշերները թաղերը մութ-զնտան են։»

Armenia Street, Bourj Hammoud

«Աղբահաւաքներ, եթէ քսան չորս ժամի վրայ աշխատին իսկ, չեն կրնար աղբակոյտերը հաւաքել։ Հետեւաբար Պուրճ Համուտը հաւաքական աղբակոյտի մը վերածուած է։»

«ԼՕԽ-ուհիներ, ժողովի կամ հանդիպումի համար կը դժկամակին Սիսի ընկերաբժշկական կեդրոն երթալ վախնալով օտարներու ներկայութենէն։ Իսկ գիշերները, պուրճ համուտաբնակ հայը չի համարձակիր բնակարանէն դուրս ելլելո՜ւ։»

Armenia Street,, Bourj Hammoud

Որպէս հետեւանք՝ «Երիտասարդ՝ նոր ընտանիք կազմող հայեր, բնա՛ւ չեն փափաքիր Պուրճ Համուտի մէջ շարունակելու իրենց կեանքը. բնա՜ւ։»

Կարծես Պուրճ Համուտը դարձուձած է էջ մը պատմութեան յանձնելով իր շատ մօտ անցեալը եւ անոր հետ երբեմնի սփիւռքահայութեան միջնաբերդը։ Աւաղ փառացս անցաւորի.......

Armenia Street, Bourj Hammoud

Անկասկած որ պատճառներ կան որ Պուրճ Համուտը այս վիճակի հասած է։ Բնականաբար անոր պատասխանատուութիւնը՝ ինչպէս Անգլերէն ժողովրական խօսը կ՚ըսէ՝ falls squarely, այսինքն «քառեկաձեւորէն»՝ աջէն, ձախէն, վերէն եւ վարէն կը բարդուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ուսերուն վրայ եւ այդ քաղաքապետութեան անհոգ, անտարբեր եւ անատակ անդամներուն եւ այդ քաղաքապետութեան անդամ ընտրողներուն ուսերուն վրայ. ինչպէս նաեւ ազգային մարմիններուն՝ ըլլան անոնք աշխարհական կամ կրօնական, որոնք անցեալ աւելի քան երկու տասնամեակներուն պատասխանատուութեան չկանչեցին Քաղապետարանը եւ անոր անդամները։ Անկասկած որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը Անճարի քաղաքապետութիւնէն դասեր ունէր սորվելիք։

    Խոատովանիմ որ  Պուրճ Համուտին «միջնաբերդ» ածանծումը կը պարտիմ վաղաժամ մահացած ընկերոջս Հրաչ Պետոյեանին։ Լիբանահայութիւնն է որ պիտի որոշէ որ եթէ Պուրճ Համուտը ալ կտրած է իր աւանդական Րուպիկոն Գետը (Rubicon River)։ Կը պատկերացնեմ որ Լիբանահայերը տակաւին կը խաղան իրենց սիրած թղթախաղը՝ նշանաւոր «Պլոթ»ը (Belote)։ Այդ թղթախաղին մէջ յաճախ յիշուած խօսք մըն է «Րուպիկոն կտրել», այսինք ալ ետդարձ չկայ՝ այնպէս ինչպէս ըրաւ Յուլիոս Կայսրը երբ այդ պզտիկ գետը անցնաւ եւ վերադարձի կարելիութիւն չձեց եւ պատմութեան անցուց «Ռուպիկոնը անցնիլ» խօսքը։

Արդիո՞ք Պուրճ Համուտն ալ կտրած է իր Ռուպիկոն Գետը,  վտանգելով իր Նոր Մարաշը, Նոր Սիսը, Նոր Ամանոսը եւ Արագածոն, պատմութեան թողնելով ու անոր էջերուն մէջ թաղելու սփիւռքահայուն երբեմնի միջնաբերդը դարձած Պուրճ Համուտը։

 

No comments:

Post a Comment