V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, June 2, 2017

Ոչ թէ միայն խոստում, այլ նաեւ երգ


Ոչ թէ միայն խոստում, այլ նաեւ երգ
Վահէ Յ. Աբէլեան


Չեմ կրնար պատկերազնել Մեծ Եղեռնը խորհրդանշող շարժանկարի թէմա մը եւ անոր բեմադրութիւնը որ պիտի կարենար մեզ որպէս հայեր բաւականացուցած ըլլար։ Ես երկու անգամ դիտիցի ֆիլմը։ Պատանեկան օրերէս սովորութիւն ըրած եմ սիրած շարժանկարներս կրկին անգամ դիտել։
Անշուշտ որ միակ սփիւռքահայ չէի որ տեսած եղաւ The Promise (Խոստումը) շարժանկարը մէկէ աւելի անգամ։ Յիշեմ Միսաքը եւ Լիլլին որոնց հետ Մարին եւ Ես «դրացիներ» ենք, անշուշտ որ Ամերիկահայ իրողութեան չափանիշով։ Միսաքը, նախիքին Սաղեմահայ է, իսկ Լիլլին, նախքին Լիբանահայուհի։ Ծնողք են հասուն Ամերիկածին երկու զաւակներու եւ կը բնակին մեզմէ մօտաւորապէս քսան մղոններ անդին, այսինքն շուրջ եռեսուն երկու քիլոմեթր անդին. բայց եւ այնպէս կը մնան մեզի համար հայ  դրկից դրացիներ։ Յիշեմ նաեւ Ստեփան Փիլիկեանը եւ իր կինը։ Դիմատետրի բարեկամներ են որոնց տակաւին անձնապէս չեմ հանդիպիպած։ Կը բնակին Մասաճիւսէց նահանգին մէջ ուր կբ բնակի նաեւ մեր մեծ զաւակը իր ընտանիքով։ Փիլիկեանները բարեկամներ են նաեւ Արւանիկեաններուն, մեր խնամիները։ Աստուած կամենայ մեր զաւակին յաջորդ այցելութեան պիտի տեսնուինք։ Թոռներու տէր Ստեփան Փիլիկեանները եւ Կէրի Արւանիկեանները  երկրորդ սերունդ Ամերիկածիներ են. իրենց ծնողները  ծնած են Ամերիկա։ Անոնք ալ շատ սիրած ըլլալով շարժանկարը երկրորդ անգամ մըն ալ տեսած եղած են եւ յաճախ քաջալերեցին իրենց բարեկամները որ անպայման երկրորդ անգամ մըն ալ դիտեն շարժանկարը վստահեցնելով որ առաջինէն աւելի պիտի վայելէն։
Որպէս սփիռւռքահայեր բնականաբար ունինք մեր անհատական եւ հաւաքական ճաշակները որոնք անկասկած արդիւնք են նաեւ մեզ շրջապատող հիւրընկալ ժողովուրդին ճաշակներուն եւ արժիքներուն։ ԱՆշուշտ որ այս իրողութիւնը մեր մէջ տեղ գտած եւ արմատացած է ժամանակի ընթացքին։ Առաջին սերունդ Ամերիկահայերը եւ կամ Հալէպահայերը որպէս ջարդէն ճողոպրտածներ շատ տարբդեր ճաշակներու եւ արժէքներու տէրերը եղած ըլլալու էին քան մենք այժմ։ Այս ըսելով չեմ գերադասեր մէկը եւ կամ սդորադասեր միւսը։


Պէտք է որ նկատի առնենք որ «Խոստումը» շարժանկարը խորքով Ամերիկահայ պատրաստութիւն եւ արտայայտութիւնն է Մեծ եղեռնէն ճողոպրտած Ամերիկահայ սերունդին փռռձարութեանը վրայ։ Անշուշտ որ չեմ գիտեր եթէ Քըրք Քըրգորեանը դրամը պարզապէս յատկացուց եւ անկէ ենք ըսելիք չունեցաւ շարժանկարին թէմային մասին։ Բայց ես այն տպաւորութիւնը ունիմ որ Քիրքը ունեցած ըլլալու է իր ներդրումը։
 Բացատրեմ՝
Շարժանկարը վերնագրուած է «Խոստումը» ակնարկելելով Միքայելին՝ իր Սիրուն համագուղացի հայ աղջկան ամուսնութեան խոստումին։ Բայց շարժանկարին մէջ այդ թեման այնքան տիրական չէ որպէս ամբողջ շարժանկարը այդ թէմայով անուանուի։ Շարժանկարին մէջ կան նաեւ ոչ նուազ ազդեդութիւն ունեցող այլ թէմաներ, յատկապէս եռեակ սէրը՝ այսինք երկու տղամարդու սէրը նոյն կնոջը։ Կան նաեւ մարդասէր Ամերիկացիին, հայասեր Ֆրանսացիին, լաւ Թուրքին թէմաները։ Իսկ այս ամբողջին տակ կայ անշուշտ մեծագոյն հասարակաց յայտարարը՝ Մեծ Եղեռնը։ Սակայն այս  թէմաներուն կողքին կայ այլ թէմա մը որ ակնյայտ կը դարնայ ֆիլմին վերջաւորութեանը։ Այդ ալ Ամերիկայի բաւարարող կեանքի մը խոստումն է ջարդէն մազապուրծ եղած հայուն։ «Խոստումը» շարժանկարը նաեւ գնահատանքն է այդ խսստումին իրականացմանը։
Կրկին ջանամ բացատրել զիս։
Շարժանկարը կ՚երկարի շուրջ քսան եւ հինգ տարիներու ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Կը սկսի առաջին պատերազմի նախօրեակին՝ 1914/1915 թուականներուն եւ կը վերջանայ երկրորդ աշխարտամարտի նախօրեակի տարիներուն՝ 1938/1939։ Ամերիկան մասնակից եղաւ երկրորդ աշխարհամարտին 8 Դեկտեմբեր 1941-ին,  Ճամբոնցիներուն Pearl Harbor ի յարձակումէն անմիջջապէս ետք։ Բայց երկրորդը աշխարահամարտը եւրոպայի մէջ արդէն կլանած էր Ամերիկան։ Այդ քսան հինգ տարիներու ընթացքին Միքայելը կորսնցուց ամէն բան բայց վերագտաւ կեանքին հանդէպ իր կենսունակութիւնը։ Ամբողջացուած էր իր բժիշկան ասպարեզին պահանջքները եւ ստեղծած էր պատկառելի տնտեսական վիճակ մը։ Շաղուած կը թուէր իր նոր երկրին էութեանը հետ։ Առանց որեւէ վերապահութեամբ կը խնդակցեր իր որդեգրած աղջկան ամուսնութեանը ոչ հայու մը հետ։ Երեւոյթներէն դատելով, հարսանեկան այդ խնճոյքին հաւաքուած էին իրենց կեանքով ինքնաբաւ եղող հասարակութիւն մը որոնք հայոց ցեղասպանութիւնէն ճողոպրտածներ էին որոնց զաւակները սկսած էին զինուորագրուիլ իրենց որդեգրած երկրին՝ Ամեկիկայի ծառայութեանը համար։


Սերունդ մը հայերու համար Ամերիկան բարի կեցութեան լաստ մը եղաւ եւ անոր երգը երգեցին այդ սերունդի հայերէն ոմանք, ինչպէս Ճորճ Մարտիկեանը իր գիրքովը ՝ «Երգն Ամերիկայի»  (Song of America)։ Ես այդ գիրքէն յատուած մը կարդացած եմ փոռագրուած Ամերիկայի ամենէն նանաւոր ընտանեկան ժամանցի վայր՝ Disneland-ի, Epcot Cener-ի այն բաժնին մէջ ուր պահուած են երկրին հիմնադրութեան հետ աղերս ունեցող պատմագիրեր։
Ամերիկան նուազ խօստումնալից չեղաւ Քըրք Քըրգորեանին ընտանիքին համար ալ եւ մանաւանդ իրեն։ Հետեւաբար անտեղի չէ եզրակացնել  որ «Խոստումը» շարժանկարնը՝  նաեւ Քըրք Քըրգորեանի պատկերակն է Ճորճ Մարտիկեանին «երգն Ամերիկայի» գիրքին, բայց որպէս հայերու ցեղասպանութեան վրայ հիմնաւորուած շարժանկար մը։   


No comments:

Post a Comment