Վահէ Յ Աբէլեան
Երանի Սուրբ Նշան դպրոցին, իմ շրջանաւարտութեանս տարին, ատամնաբուժութիւն ուսանող, գիտութիւն ուսուցանող երբեմնի ուսուցիչս Արմենակ եղիայեանը հոս ըլլար եւ իրեն հարցնէի։ Արմենակ Եղիայեանը եղաւ նաեւ Արեւմտահաերէնի հեղինակութիւն մը որուն լեզուական աշխատասիրութիւնը մաս կը կազմէ Նայիրի լեզուական կայք էջին։ Եթէ ողջ ըլլար, բնականաբար իրեն պիտի հարցնէի, իր ընտրութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլար՝
Արհեստական Բանականութիւն
թէ
Արհեստական Իմացութիւն։
Այս նոր օրերուն, բանականութիւն եւ իմացութիւն ունեցող բանին, Անգլերէն յորջորջումն է Artificial Intelligence։ Անգլերէնով ընդունուած եզր (term) մըն է։ իսկ Հայերէնով կարծես եզրակացութեան մը չենք յանգած՝ բանականութիւն, թէ իմացութիւն։ Երկուքէն մէկուն ընտրութիւնը, այնքան ալ դիւրին չի թուիր ըլլալ։ Իսկ Նայիրի բառարանն ալ, ընտրութիւն մը ընելը չի դիւրացնէր։
Անգլերէնով՝ Intelligence բառին ընտրութիւնը պատշաճը ընտրութիւն մըն է, ակնարկելու համար այս նոր բանին որ համացանցին վրայ յանդգնութիւնը ունի ըսելու «ask anything” - «հարցուր որեւէ բան»։ Եւ իրապէս ալ պատասխան ունի հարցումիդ քանի որ գիտութիւն կամ տեղեկութիւն ունի, ինչպէս նաեւ տրամաբանութիւն իր գիտութիւն եւ կամ տեղեկութիւնը համադրելով պատասխանելու հարցումիդ։ Նման բան չէ պատահած մարդկային պատմութեան մէջ, իսկ անոր հետեւանքներուն ինչ ըլլալը, մենք՝ երկոտանիներս, շատ հեռու ենք պատկերացնելէ։
Intelligence բառը հասկնալի է։ Ըստ Նայիրի-ի բառարանին, կը նշանակէ՝ «մտութիւն, ուշիմութիւն, հասկցողութիւն, մտացիութիւն. տեղեկութիւն. հոգի, մտաւոր էակ», (Source: Mesrob G. Kouyoumdjian, A Comprehensive Dictionary English-Armenian. Beirut: G. Doniguian & Fils (1981): p. 713 )։
Գալով Բանականութիւն բառին, որպէս հոմանիշ, հետեւալ Անգլերէն նշանականութիւնները կը թուէ Նայիրի-ն՝ «reason, sense, judgement, rationality», (Fr. S. L. Kogian, Armenian-English Vocabulary. Vienna: Mechitarist Press (1949): p. 268)։
Իսկ Իմացութիւն բառին, հետեւեալ Անգլերէն նշանակութիւնները կուտայ նոյն բառարանը՝ «Intelligence, concept, perception»։
Intelligence բառը բացակայ է Հայերէն Բանականութիւն բառին որպէս հոմանիշ։ Իսկ «reason, sense, judgement, rationality» Անգլերէն հոմանիշները բացակայ են Հայերէն Իմացութիւն բառէն։
Իսկ Artificial Intelligence անկասկած որ ոչ թէ միայն Intelligent է, այլ նաեւ անբացատրելի տեղեկութիւն ունի եւ այդ տեղեկութիւնները կը բանարկէ (rationalize)։
Արհեստական Բանականութիւնը (ԱԲ), ըստ ինծի, Artificial Intelligence-ին, պատշաճ Հայերէն հոմանիշ մըն է, քան Արհեստական Իմացութիւնը (ԱԻ)։
Կայ նաեւ հետեւեալ նկատողութիւնը որ աննկատ չենք կրնար ընել որքան որ ջանանք Հայերէն այդ երկու հոմանիշներուն վրայ՝ Բանականութիւն եւ Իմացութիւն, վիճիլ։ ԱԲ-ը աելի դիւրին, եւ աւելի հաճելի է ըսելը եւ լսելը, քանի որ ձայներու աւելի լաւ համադրութիւն մըն է քան, երկու ձայնաւոր սկզբնատառերով կազմուած, ԱԻ-ին։
Արմենա՛կ, բանականութի՞ւն թէ իմացութի՞ւն։ Հոս ըլլայիր եւ քու կարծիքդ տայիր։

No comments:
Post a Comment