Manuel Keshishian
Levon Sharoyan wrote on his FB page “Mr. Manuel Keshishian poignantly tilted hsi preceding article “We Are Not Well” (Լաւ չենք»). He has titled his most recent article “We Are Not Well At All” («ԲՆԱՒ ԼԱՒ ՉԵՆՔ»). Whatever he describes there is but a small portion of the daily harsh reality the unfortunate Aleppo Armenians are also experiencing. Yes indeed, do not be deceived by to the colorful official pictures that are posted from Aleppo nor pay attention to the exurban descriptions accompanying such pictures. Read the article, ponder about it, challenge and confront the misplaced “optimists”.” The attached is my abridged translation of Mr. Manuel Keshishian” most recent article that appeared in CivilNet.
The New Year and Christmas days are over.
Everyone spared no effort to at least make the children happy. All our institutions: churches, schools, associations resorted to every means to provide joyful days to the children and they succeeded. Our children thus attended many festivities.
Opportunities were made available for the grown-ups also in way dance, banquet but they were not affordable to all and consequently they were mostly empty or were held in half full halls.
If the expatriated Aleppo Armenians recall those festive holidays of the past, we in Aleppo, on the other hand, do not want to recall those days. Remembering them will make our present situation, bordering to tragic, even more acutely felt by us.
Our reality is grim, very grim.
The leaders of our three denominations.
However, we watched the receptions organized by the leaders of our denominations congratulating the festive occasion in bright halls and however, we tend to visualize the future of Aleppo as another Dubai, it does not matter. Our daily life is grim, very grim.
The daily devaluation of the Syrian pound and the inability of the central bank to stop the precipitous fall, has brought the people to the brink of despair. Everything gets expensive by the day. Consuming beef and lamp are a dream to most. Poultry is on the same track. Vegetables, fruits are becoming way too expensive. The availability of bread at a government subsidized rate is not enough to meet the demand. Gas in Syria is sold in 24 Kg quantities in canisters that are sold from trucks. Every family is allowed to have one canister for every 23 days. A canister gas can meet a household’s demand with diligent use during the summer months. But it is not sufficient for winter months as people use it to warm water. The government allocates only 100 liters of fuel per family for year-long heating. The government cannot also provide canisters of gas in sufficient quantities. They are made available sporadically necessitating unending lines. Sometimes the wait on such a line lasts for hours. At times people reserve a place late at night and wait but it happens that at times they return home empty handed. People try to get it in different ways. The official rate is 2700 Liras (2 dollars and 70 cents), but the price doubles, quadruples and reaches 10 dollars when our salaries hovers less than 50 dollars per month.
The daily conversation is the fall of the Syrian Lira and the escalation of the prices because of its devaluation.
Is the government aware of the situation? It is, but it appears that it cannot do anything. The ongoing civil war for the past 8 years seems to have emptied the coffers of the government. Thus what happens if you cannot procure nourishment for your children? Who cares? Apply to this or that civic or religious charity organization. If your salary is exhausted by the end of the first week of the month, you may supplement your income by continuing selling some of the golden jewelry you might still have. If this continues this way, are we to die of hunger? Surely so, but who cares?
Our economic viability is really at risk. Not the government salary raises, nor the handouts of the charitable organizations will be able to address it.
The young have no means of forming and sustaining a family. The ones who are engaged remain so and those who are single continue to remain single. Who can assist the young to form their own families?
The Patriarch of the Assyrian Orthodox Church issued a proclamation to marry the young without any change. They will also provide a hall for bridal festivity for free. A 1000 thousand dollars (one million Syrian pounds) will be given to each newly married couple, The Patriarchate will pay the newly married couple’s yearlong rent including a yearlong expenses of their newly born child, along with the child’s elementary education.
Is that not exemplary? Cannot our religious denominations do the same? Do they have the financial means to do so?
We are not well, not well at all.
We are not well but our community leaders all too often conceal our reality from those in the higher up and present not our reality to them and to the government officials but what Aleppo is supposed to be one day, another Dubai.
Is that not what the proverbial ostriches do? Hide their heads in the sand a and thus shield themselves from the reality.
Last month, those who described the reality were accused by many for being pessimists. And now, it’s the same situation but worst. Since then the prices escalated by leaps and bounds, and we remain chagrined that the 100 liter of petrol the government provided to us for the year might not be enough to continue on bathing our newly born child.
There is only one avenue left fort those of us who are still in Aleppo to cope with these daily realities and that is by coming to term that we are less of a human being.
Let me conclude.
We Armenians, if we want to have this community endure, our leaders are obliged to do all they can to enlighten our daily burden. Recently the heads of our three religious denominations met. I do not know what decisions they took. But I know this, it’s high time decisions are taken and implemented to ameliorate our worsening situation with help from the Republic of Armenia.
Your thoughts?
The original
Հալէպ․ Բնա՛ւ լաւ չենք
Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեայն օրերը անցան:
Բոլորը ճիգ ու ջանք չխնայեցին գոնէ փոքրիկները ուրախացնելու. Մեր բոլոր հաստատութիւնները՝ եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ, ամէն կերպ փորձեցին տօնական օրեր պարգեւել փոքրիկներուն եւ յաջողեցան: Մեր մանուկները ներկայ եղան բազմաթիւ խրախճանքներու: Մեեծահասակներուն ալ ուրախանալու առիթներ ընծայուեցան՝ պարահանդէսներ եւ ճաշկերոյթներ, որոնք սակայն մատչելի չէին բոլորին, ուստի եւ անոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը, չըսելու համար կիսադատարկ, ըսեմ, կիսալեցուն սրահներու մէջ տեղի ունեցան:
Եւ եթէ գաղթած հալէպցիները իրենց երկիրներուն մէջ յիշեցին Հալէպի ամանօրեան անխառն ուրախութիւնները, ապա հոս մնացողները չուզեցին միտքերնէն իսկ անցնել այդ երանելի ժամանակները. չէ՞ որ յիշողութեան այդ փորձն իսկ աւելի ցայտուն պիտի դարձնէր ներկայի ողբերգութեան հասնող կացութիւնը:
Իսկ ներկան գորշ է, շատ գորշ:
Մեր երեք համայնքապետերը
Որքա՜ն ալ հեռատեսիլով դիտենք մեր համայնքապետերուն փայլուն, լուսաւոր սրահներու մէջ տեղի ոնեցող շնորհաւորական ընդունելութիւնները, որքան ալ լաւատեսօրէն փորձենք նկարագրել Հալէպի՝ «ապագայի Տուպայ»ի, գալիքը, միեւնոյնն է, այսօր ամէն ինչ գորշ է, շատ գորշ:
Սուրիական լիրայի ամենօրեայ անկումն ու Կեդրոնական դրամատան անկարողութիւնը այս անկումին կասեցման դիմաց, յուսահատութեան կը մատնէ բնակչութիւնը: Մարդիկ կը վախնան գնում ընելէ. ամէն ինչ, ամէն օր կը սղի, ոչխարի եւ կովու միս ուտելը մեծամասնութեան համար երազանք սկսած է դառնալ, ցաւոք նոյն ճամբան սկսած է փնտռել նաեւ հաւու միսը: Պտուղ-բանջարեղէնի գիները ահռելիօրէն կը սուղնան, պետական աժան հացին արտադրութեան չափը շատ հեռու է բոլորին բաւելէ, փիւթակազը Սուրիոյ մէջ կը մատակարարուի 24 քիլօ կրամ պարունակութեամբ մետաղեայ շիշերով, որոնք կը ծախուին բեռնատար ինքնաշարժերու վրայ. իւրաքանչիւր ընտանիք իրաւունք ունի 23 օր անգամ մը շիշ մը գնել, որ ամրան ամիսներուն համար աւելի քան բաւարար է. ձմրան ամիսներուն համար շատ քիչ է այս քանակութիւնը, որովհետեւ մարդիկ փիւթակազը կը դարձնեն տաքնալու եւ ջուր տաքցնելու հիմնական միջոց, որովհետեւ պետութիւնը ամբողջ տարուան համար ամէն մէկ ընտանիքի միայն 100 լիթր վառելանիւթ կը վաճարէ,միւս կողմէ պետութիւնը այս մէկ շիշը նշեալ ժամանակամիջոցին չի կրնար ապահովել ամբողջ բնակչութեան համար եւ կը գոյանան հերթեր, որոնք երբեմն վիթխարիօրէն կ'երկարին, մարդիկ ժամեր առաջ, երբեմն գիշերուընէ հերթի կը կանգնին եւ ցաւոք շատեր ձեռնունայն կը վերադառնան. մարդիկ կը ջանան այլեւայլ միջոցներով ձեռք ձգել ցանկալի հրաշք երկնագոյն վառելանիւթը. 2700 լիրա (երկու տոլար 70 սէնթ) արժող շիշին գինը կը կրկնապատկուի, կը քառապատկուի՝ հասնելով մինչեւ 10 տոլարի, երբ մեր միջին աշխատավարձը 50 տոլարէն ալ նուազ է:
Մարդոց խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը լիրային անկումն է եւ ատոր հետեւանքով ամէն ինչի ամենօրեայ թանկացումը:
Պետութիւնը չի՞ տեսներ այս ամէնը. կը տեսնէ, բայց կարծես թէ չի կրնար բան մը ընել, որովհետեւ ութ տարուայ պատերազմը սնանկութեան աստիճանին հասցուցած է զինք: Պզտիկներուդ ուտելիք չե՞ս կրնար գնել. գնա՛ այս, այն բարեգործական կամ կրօնական հաստատութեան դիմէ: Ամսուն եօթէն գրպանդ պարա՞պ է. տունը մնացած քանի մը կրամ ոսկին ալ ծախէ... Եթէ ասանկ շարունակուի անօթի պիտի մեռնի՞ս. մեռի՛ր, որո՛ւն հոգը....
Մեր տնտեսական վիճակը իրա՛ւ ծանր է, շա՛տ ծանր: Ո՛չ պետութեան աւելցուցած աշխատավարձը կը լուծէ անելը, ո՛չ ալ բարեգործական կազմակերպութիւններուն կարկտանները:
Երիտասարդները ոչ մէկ կարելիութիւն ունին ամուսնանալու. նշանուածները տարիներով նշանուած կը մնան, ամուրիները յամառօրէն կը շարունակեն ամուրի մնալ եւ.
-Պէտք է նշանուիս այլեւս,- կ'ըսես:
- Նշանուածները չե՞ս տեսներ,- կ'ըլլայ պատասխանը:
Նշանուածները կը տեսնես. խեղճերը անելանելի վիճակի մը մէջ կը գտնուին. ապագայի բնակելիք տունէն առաջ պսակուելու ահռելի ծախսերն իսկ կը սարսափեցնեն զիրենք:
-Եղբայր, պայմա՞ն է քանի մը քահանայ-վարդապետ-եպիսկոպոսով պսակուիլ. Գացէք արձանագրեցէք ձեր ամուսնութիւնը, վերջացաւ, գնաց:
-Հապա՞ մեր ազգային սովորութիւնները, արեւելեան կենցաղը..
Կարծեմ այս պայմաններուն ասիկա սովորութենէ աւելէ սնապարծութիւն կարելի է որակել:
Ենթադրենք, թէ պսակադրման եւ հարսանեկան ծախսերուն հարցը մաս մը պարտքով, մաս մըն ալ նուէրներու ակնկալիքով լուծուած սեպուեցան եւ սակայն.
«Ե՞րբ պիտի ամուսնանանաք» հարցումին հաւանական պատասխանը կ'ըլլայ.
-Ինչպէ՞ս ամուսնանանք, Շուէտի ազգականիս տունը պիտի ապրէինք, ան ալ եկաւ տունը ծախեց, չենք գիտեր ի՞նչ ընենք:
Ամուսնանալիք-չամուսնացող այս երիտասարդներուն համար ո՞վ, ի՞նչ կրնայ ընել:
Ուղղափառ ասորի եկեղեցւոյ համայնքապետարանը յայտարարեց, որ համայնքի զաւակներուն պսակադրութեան արարողութիւնը ձրի պիտի կատարուի, հարսանեկան խրախճանքի սրահը անվճար պիտի տրամադրուի, նորապսակներուն մէկ միլիոն սուրիական լիրա (1000 տոլար) նուէր տալու կողքին համայնքապետարանը պիտի հոգայ անոնց տան մէկ տարուայ վարձքը, նորածինին մէկ տարուայ ծախսերն ու նախակրթարանի դպրոցական ծախսերը...
Օրինակելի քայլ մը չէ՞: Մեր համայնքապետերը կրնա՞ն այս օրինակին հետեւիլ, նիւթապէս կարելիութիւն ունի՞ն:
Մենք լաւ չենք, բնա՛ւ լաւ չենք:
Լաւ չենք, սակայն յաճախ կը կեղծենք, աւելի ճիշդ մեր պատասխանատուները յաճախ գորշութիւնը կը ծածկեն եւ մեր վիճակը իրենցմէ վերեւի պատասխախնատուներուն կը ներկայացնեն առնուազն դրական նիշերով: Ինչո՞ւ: թերեւս պետական մարմիններու առջեւ լաւ երեւնալու համար: Ներկայէն աւելի կը խօսին ապագայի Հալէպի մասին, այն Հալէպի, որ պիտի դառնայ աշխարհի երկրորդ Տուպայը...
Ջայլամութենէն գէշ բան կա՞յ:
Անցեալ ամիս, լաւ չենք ըսողները ոմանց կողմէ մեղադրուեցան դիտաւորեալ հոռետեսութեան մէջ: Հիմա, երբ ամէն օր, աւելին, երբ նոյն օրուան ընթացքին ամէն ինչ քանի մը անգամ սղաճ կ'արձանագրէ, երբ չենք գիտեր տունը մնացած 30=40 լիթր վառելանիւթի սպառումէն ետք, ինչպէ՞ս պիտի տաքցնենք մեր նորածին մանուկը, կամ եթէ փիւթակազի շիշը պարպուի, ինչո՞վ պիտի փոխարինենք, հապա սիկարէթը՞, բոլոր ծխողները պարտադրաբար պէտք է վերջ տան այդ մոլի եւ վնասակար սովորութեան որովհետեւ եթէ ցարդ ի գին իրենց առողջութեան վնասելուն չկրցան հրաժարիլ, ապա հիմա, նիւթականի պատճառաւ ստիպուած են շատ քիչ ծխել, այնքան որ կը սղի այդ անիծեալ հաճոյքը:
Թաքսի՞, եթէ մէկ անգամ նստիս, ապա երկու անգամ ալ քալելով պէտք է տեղէ տեղ երթաս, չհաշուած վարորդներու, իրենց հարազատին բժշկական զանազան գործողութիւններու եւ նիւթական անյետաձգելի կարիքի կեղծ ու պատիր պատմութիւնները...
Հապա՞ ապահովական վիճակը: Պարսիկ սպային սպաննութիւնը սարսափ տարածեց Սուրիոյ պետութեան կողմնակիցներուն մէջ, ընդդիմադիրները ցնծացին, որովհետեւ Սուլէյմանին անմիջական գլխաւոր հրամանատարն էր Սուրիոյ մէջ պարսկական եւ հաւանաբար նաեւ լիբանանեան Հըզպ Ալլահ-ի զօրքերուն, որոնք ամենահաւատարիմներն են պետութեան եւ ամենախիզախները անոր մարտիկներուն:
Ռուսերն ու թուրքերը համաձայնած են Իտլիպի թնճուկին խաղաղ լուծման,, Սուրիոյ պետութիւնն ալ ընդունած է այդ համաձայնութիւնը, սակայն կ'ըսուի թէ տասնեակ հազարաւոր լաւ մարզուած զինեալներ ունեցող Ճապհաթ Նուսրայի ծայրայեղականները կը մերժեն ենթարկուիլ Թուրքիոյ այս որոշումին, բախումը անխուսափելի դարձնելով. Եթէ ասիկա իրականութիւն է ապա քանի մը շաբաթ, կամ քանի մը ամիս ապահովական վիճակը կրնայ շատ վտանգուիլ, եւ անցեալ կիրակի օրուայ հրթիռներու տեղատարափը կրնայ կրկնուիլ... եւ Հալէպը կրկին սուգի մատնել, ամբողջ Հալէպը, անկախ թէ որ թաղի վրայ կ'արձակուին աւերիչ պայթուցիկները, թէ՞ յայտարարուած պարզապէս թիւի վերածուած 380000 թէ՞ 550000, թէ՞ 850000 զոհերուն վրայ չորս երիտասարդներուն գումարուիլը բան պիտի չփոխէ...
Այո՛, Սուրիոյ զոհերուն թիւը իւրաքանչիւր կողմ կը ներկայացնէ այնպէս, ինչպէս ինք կ'ուզէ, հապա՞ կրկնակի թիւով վիրաւորները, հապա 7-8 միլիոն գաղթականները, հապա մե՞նք՝ հոս մնացածներս... մենք մէկ միջոց ունինք դիմանալու եւ գոյատեւելու.
-Պիտի մոռնանք, որ մարդ ենք...
Եզրակացնենք. Մենք՝ հայերս, եթէ կ'ուզենք, որ այս գաղութը մնայ, մեր ղեկավարները ստիպուած են միջոց մը գտնել քիչ մը թեթեւցնելու մեր ամէն իմաստով ծանր կացութիւնը: Անցեալ շաբաթ օր, երեք համայնքապետերը հանդիպում մը ունեցան. վստահաբար անդրադարձան մեր վիճակին: Անոնք ի՞նչ քայլեր կրնան առնել, չեմ գիտեր, մէկ բան գիտեմ վճռական որոշումներ առնելու համար կարիքը ունինք Հայաստանի օգնութեան եւ հիմա ժամանակն է, որ Հայաստանէն բարձրաստիճան, շատ բարձրաստիճան պատասխանատու մը գայ Հալէպ, ո՛չ թէ ծանօթացման միտումով, այլ կարեւոր որոշումներ առնելու վճռակամութեամբ:
Ի՞նչ կ'ըսէք:
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 15 Յունուար 2020