Չեմ կրնար պատկերազնել որ Մեծ Եղեռնը խորհրդանշող շարժանկարի մը բեմադրութիւնը պիտի կարենար մեզ՝ որպէս հայեր բաւականացուցած ըլլար։ Հետեւաբար, սպասելի չէր որ Քըրք Քըրգորեանին ֆինասաւորած «The Promise” շարժանկարը մեզի պիտի բաւականացնէր։ Այդպէս ալ եղաւ։ Բայց ես երկու անգամ դիտիցի ֆիլմը։ Պատանեկան օրերէս սովորութիւն ըրած եմ սիրած շարժանկարներս կրկին անգամ դիտել։
Անշուշտ որ միակ սփիւռքահայը չէի որ դիտեց The Promise (Խոստումը) շարժանկարը մէկէ աւելի անգամ։ Կը ճանչնամ քանի մը բարեկամներ որոնք ինծի նման կրկին անգամ տեսած են շարժանակարը եւ յաճախ քաջալերած են իրենց բարեկամները որ անպայման երկրորդ անգամ մըն ալ դիտեն շարժանկարը վստահեցնելով որ առաջինէն աւելի պիտի վայելէն։
Որպէս սփիռւռքահայեր բնականաբար ունինք մեր անհատական եւ հաւաքական ճաշակները որոնք անկասկած արդիւնք են նաեւ մեզ շրջապատող հիւրընկալ ժողովուրդին ճաշակներուն եւ արժիքներուն։ Պէտք է որ նկատի առնենք որ «Խոստումը» շարժանկարը խորքով Ամերիկահայ պատրաստութիւն մըն է եւ արտայայտութիւնն է Մեծ եղեռնէն ճողոպրտած Ամերիկահայ սերունդին փռրձառութեանը։ Անշուշտ որ չեմ գիտեր եթէ Քըրք Քըրգորեանը պարզապէս դրամ յատկացուց եւ անկէ ենք ըսելիք չունեցաւ շարժանկարին թէմային մասին։ Բայց ես այն տպաւորութիւնը ունիմ որ Քիրքը ունեցած ըլլալու է իր ներդրումը։
Բացատրեմ՝
Շարժանկարը վերնագրուած է «Խոստումը» ակնարկելելով ֆիլմին հերոս Միքայելին՝ իր Սիրուն համագուղացի հայ աղջկան ամուսնութեան խոստումին։ Բայց շարժանկարին մէջ այդ թեման այնքան տիրական չէ եւ շարժանկարը այդ թէմային շուրջ զարգացող պատմութիւն մը չէ։ Շարժանկարին մէջ կան նաեւ ոչ նուազ ազդեդութիւն ունեցող այլ թէմաներ, յատկապէս եռեակ սէրը՝ այսինք երկու տղամարդու սէրը նոյն կնոջը։ Կան նաեւ մարդասէր Ամերիկացիին, հայասեր Ֆրանսացիին, լաւ Թուրքին թէմաները։ Իսկ այս ամբողջին մէջ կայ անշուշտ մեծագոյն հասարակաց յայտարարը՝ Մեծ Եղեռնը։ Սակայն այս թէմաներուն կողքին կայ այլ թէմա մը որ ակնյայտ կը դարնայ ֆիլմին վերջաւորութեանը։ Այդ ալ բաւարարող կեանքի մը Ամերիկայի խոստումն է ջարդէն մազապուրծ ազատած հայուն։ «Խոստումը» շարժանկարը նաեւ գնահատանքն է այդ խսստումին իրականացմանը։
Կրկին ջանամ բացատրել զիս։
Շարժանկարը կ՚երկարի շուրջ քսան եւ հինգ տարիներու ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Կը սկսի առաջին պատերազմի նախօրեակին՝ 1914/1915 թուականներուն եւ կը վերջանայ երկրորդ աշխարտամարտի նախօրեակի տարիներուն՝ 1938/1939։ Ամերիկան մասնակից եղաւ երկրորդ աշխարհամարտին մանաւանդ 8 Դեկտեմբեր 1941-ին, Ճամբոնցիներուն Pearl Harbor ի յարձակումէն անմիջջապէս ետք։ Բայց երկրորդը աշխարահամարտը արդէն կլանած էր Ամերիկան եւրոպայի մէջ։ Այդ քսան հինգ տարիներու ընթացքին Միքայելը կորսնցուց ամէն բան բայց վերագտաւ իր բաւարարուած կեանքը Ամերիկայի մէջ։ Ամբողջացուց իր բժիշկան ասպարեզին պահանջքները եւ ստեղծեծ պատկառելի տնտեսական վիճակ մը։ Շաղուաեցաւ իր նոր երկրին էութեանը հետ։ Առանց որեւէ վերապահութեամբ խնդակցեցաւ իր որդեգրած հայ աղջկան ամուսնութեանը ոչ հայու մը հետ։ Հարսանեկան այդ խնճոյքին հաւաքուած էին իրենց կեանքով ինքնաբաւ հայ հասարակութիւն մը որոնք հայոց ցեղասպանութիւնէն ճողոպրտածներ եւ իրենց զաւակներն էին։ Անոնք Ամերիկայի մէջ արդէն ստեղծած էին եթէ ոչ նախանձելի այլ բաւարարուած կեանք մը եւ իրենց զաւակները արդէն սկսած էին զինուորագրուիլ իրենց որդեգրած երկրին՝ Ամեկիկայի ծառայութեանը համար։
Հայոց Ցեղասպանութիւնէն վերապրած սերունի մը համար Ամերիկան բարի կեցութեան լաստ մը եղաւ եւ անոր երգը երգեցին այդ սերունդին ներկայացուցիչներէն ոմանք, ինչպէս Ճորճ Մարտիկեանը իր գիրքովով ՝ «Երգն Ամերիկայի» (Song of America)։ Ես այդ գիրքէն յատուած մը կարդացած եմ փոռագրուած Ամերիկայի ամենէն նշանաւոր ընտանեկան ժամանցի վայր՝ Disneland-ի, Epcot Cener-ի այն բաժնին մէջ ուր պահուած են երկրին հիմնադրութեան հետ աղերս ունեցող պատմագիրեր։
Ամերիկան նուազ խօստումնալից չեղաւ նաեւ Քըրք Քըրգորեան ընտանիքին համար՝ եւ մանաւանդ իրեն։ Հետեւաբար անտեղի չէ եզրակացնել որ «Խոստումը» շարժանկարնը՝ Քըրք Քըրգորեանին Ամերիկայի երգն է։ Ցեղասպանութիւնէն ճողոպրտաց հայ ընտանիքի մը զաւակ՝ Ամերիկածին Քըրք Քըրգորեանը մասնաւորապէս ապրեցաւ Ամերիկայի խօստումը - The Promise - իր ամբողջ լիութեամբը.