V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, March 28, 2017

Էբիլենց

Վահէ Յ. Աբէլեան


«Էբիլենց»ը բժիշկ Ալպէրթ Սողոմոն Աբէլեանին գրչանունն է։ Զանց առնելով իր շրջանի գրական հանդէսներուն մէջ իր գրութիւնները եւ ըրած թարգմանութիւնները՝ իր Հայատառ չորս բժշկական-առողջապահական գիրքերը, չորս հայատառ եւ մէկ Անգլիատառ վէպերը, ինչպէս նաեւ յետ մահու հրատարակուած տեղեկագրութիւնը  ցոյց կուտան որ գրական բեղուն գործունէութիւն մը ունեցած է բայց ընհանրապէս մնացած է նոր սերունդին անծանօթ։ Այս պիտի ըլլայ ընթերցողի իմ տպաւորութիւններս Ալպէրթ Աբէլեանի կեանքին, ասպարէզին եւ գրականութեան։ Կը սկսիմ իր կազմաւորման միջավայրովը՝ Քեսապ։

Քեսապ 19րդ Դարու երկրորդ Կէսին


Տասընիններորդ դարու երկրորդ կէսին Քեսապը յեղաշրջման մէջ էր շնորհիւ Հայ Աւերարանչական շարժշումին։ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին հիմնուած է 1, Յուլիս 1846-ին Կ. Պոլիս եւ մուտք գործած է Քեսապ քանի մը  տարիներ ետք եւ հոն ալ հիմնած է Դպրոցը մը որ տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը որպէս սփիւռքահայ  ամենէն հին դպրոցներէն մին։  
Դպրոցին՝ Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ Վարժարանին 150 ամեակին (1852-2002) պատրաստուած գրքոյկին մէջ, անոր երկարամեայ տնօրէնուհին՝ Անի Աբէլեանը կը գրէ՝ «Քեսապի Հայ Աւետ. Վարժարանը հիմնուած է 1848ին, ինչպէս կը յիշէ Վեր. Տիգրան Խըրլոբեան՝ իր «Ոսկեմատեան» Ա. Հատորին մէջ։ Իսկ Վեր. Կարապետ Թիլքեան՝ «իննիսունհինգամեակ Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ,1853-1948» գիրքին մէջ կը գրէ թէ՝ դպրոցը հիմնուած է 1852-ին։ Տրուած ըլլալով որ 1848 -1852 տարիներու մէջեւ երկարող ժամանակին համար յստակ պատմական արձանագրութիւներ չունինք դպրոցին մասին։ Միայն 1852-ին է որ հոն կը գտնենք 20 աշակերտներու անունները։ Իսկ յաջորդ տարին՝1853-ին, երբ եկեղեցին պետական ճանաչում կը ստանայ, աշակերտութեան թիւը կը կրնկապատկուի, ու կ՚ըլլայ 45»։
Դպրոցին հիմնադրութիւնէն երէք տարիներ ետք, 1855-ին դպրոցը արդէն կը գործեր տղոց եւ աղջկանց բաժանմունքներով որուն շրջանաւարնտերը կ՚ընդունուէին Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճ եւ ինչպէս նաեւ Մարաշի Ամերիկեան Աղջկանց Բարձրագոյն Վարժարանը։ Դպրոցական այս կապերը հաստատուած էին շնորհիւ Ամերիկացի միսիոնարներու գործունէութեանը Քեսապի մէջ։ Միս Էֆֆի Զամպըրզը եղաւ վերջին Ամերիկացի միսիոնարուհին որ գործեց 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին եւ Առողջապահական պատճառներով Ամերիկա վերադարձաւ 1912-ին։ Քեսապցիներուն հետ կրեց Քեսապի ամենէն տակնապալից պատահարներէն մին՝ 1909-ի սպանդը եւ ձգեց ետին բարի  յիշատակներ որոնք կ՚երկարին մինչեւ այս օրերը։
Այս կրթական յեղաշրջումը մեծապէս նպաստեց Քեսապցիներուն որոնք ալ իրենց կարգին ցոյց տուին ուսումնառութեան բնածին տաղանդ մը ինչպէս կը վկայէ Միս Էֆֆի Չէմպըրզը, Ամերիկայի Միսիոնարական Կեդրոնական վարչութեան ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ։ Փաղանգ մը տղաք եւ աղջիկներ մեծապէս օգտուեցան կրթական այս յեղաշրջումէն եւ շարունակեցին իրենց ուսումնառութիւնը Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը ինչպէս Տոքթ. Սողոմոն Աբէլեանը, Էբիլենցին հայրը. իսկ  Պետրոս Աբէլեանը, Տոքթ. Սողոմոնին եղբայրը՝ շնորհիւ միսիոնարուհի Միս Չամպըրցին  1907-ին կրթանպաստ ստանալով եկաւ Ամերիկա եւ ներկայի Iowa Northern University ճանցուած համալսարէնէն ներս ուսանեցաւ Աստուածաբանութիւն եւ դարձաւ ձեռնադրեալ պատուելի։ Քեսապի նոյն այդ մտնոլորտին մէջ խմորուեցաւ Ալպէրթ Աբէլեանը որ հետաքային հրապարակ պիտի գար իր գրչանունովը որպէս «Էբիլենց»։

Ալպէրթ Աբէլեան՝ մարդը եւ Ասպարէզը


Ալպէրթ Աբէլեան ծնած է Քեսապ 1893-ին։ Ան եղած է զաւակը Տօքթ. Սողոմոն Աբէլեանին եւ ունեցած է երէք եղբայրներ եւ երկու քոյրեր։ Իր կեանքը անցուցած է հոն գէթ մինչեւ 1909-ը, տրուած ըլալլով որ ինքն ալ՝ Ատանայի ջարդի օրերուն Քեսապի մէջ կրեց Ջարդին ահաւիրքը։ Քեսապը որպէս շրջանին կեդրոնական գիւղը եւ ինչպէս նաեւ Քէորքիւնայ գիւղը, ուր Աբէլեան տոհմին ընտանիքները ունեցած են նաեւ առանձնատուներ իրենց հողային կալուածներուն մօտ ըլլալու համար, եղած են իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան միջավայրերը։ Իր The Antiochianս գիրքին նիւթը այս երկու գիւղերուն մէջ է որ կը զարգանայ։  Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Քեսապ, շատ հաւնաբար անոր Հայ Աւերտարանական վարժարանը։ Ամենայն հաւանութեամբ այդ տարիներուն է որ Հայերէնին տիրապետած  պէտք է որ եղած ըլլայ։
Իր կեանքին մնացեալ հանգրուաններուն կարելի կ՚ըլլայ հետեւիլ հիմնուելով «Մատեան Մանկանց» եւ ապա իր վերջին գիրքին՝ The Antiochians-ին նախաբանիններուն մէջ տուած տեղեկութիւններով։
«Պսակաւոր Գիտութեանց»
 Քեսապի մէջ իր ուսումնառութիւնը լրացնելէ ետք իր ուսումը շարունակած է Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճ որմէ շրջանաւարտ եղած պէտք է ըլլայ Պսակաւոր Գիտութեան վկայականով որպէս նախապայման ընդունուելու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Դպրոցէն ներս ուրկէ շրջանաւար եղած է 1917-ին։ Պսակաւոր Գիտութեան վկայականը նախապայման է մինչեւ ներկայիս բժշկութիւն ուսանելու համար համալսարանէն ներս։ Նմանապէս Այնթապի Գոլէճէն շրջանաւարտութեան իր աւարտաճառը որ հետաքային լոյս տեսաւ առանձնապէս Դոկտ. Երուանդ Քասունիին խմբագրութեամբ, կը վկայէ որ Պսակաւոր Գիտութեան վկայականը Այնթապի Գոլէճէն ստացած ըլլալու է որուն շրջանաւարտութեան պայմաններէն ալ պէտք եղած ըլլայ ուսանողին համար պատրաստել աւարտաճառ մը։ ինքը` Քեսապը եւ Քեսապցին ըրած է իր աւարտաճառին նիւթը որուն մասին պիտի անդրադառնամ առանձնապէս։
«Վարդապետ Բժշկութեան»
Ահաւասիկ այսպէս կը ներկայացնէ բժշկութեան ուսանողութեան շրջանաւարտութեան ստացած իր վկայականը, 1917-ին՝ «Վարդապետ Բժշկութեան»։ Այդ անուանումը շատոնց դադրաց է գործածութիւնէ։ Շրջանաւարտւթիւնէն ետք իր ասպարէզը եղած է բժշկութիւնը։
«Զին. Բժիշկ Օսմանեան Բանակին»
Հայր եւ որդի՝ Սողոմոն եւ Ալպէրթ Աբէլեանները կանչուած են ծառայելու Օսմանեան Բանակին Առաջին Համաշխարհային պատերազմին եւ այդ ծառայութեան շնորհիւ կրցած են ճողոպրիլ Մեծ Եղեռնէն երբ Քեսապցիներուն գէթ երկու երրորդը զոհ գացած է ցեղասպանութեան ։
«Նախքին Գաւառային Բժիշկ՝ Տիւրոս, Թէլ-Էլ-Քէլախ եւ Ճիսր-Էս-Շուղուր Գաւառներուն ի Սուրիա»
Իմ ունեցած տուեալներուն վրայ հիմնաւորելուելով ինծի համար անկարելի եղաւ ճշդել թէ իր բժշկական ծառայութիւնը այս գաւառներէն ներս եղած է Օսմանեան Պետութեան զինուորական ծառայութեանը ընթացքին կամ այդ տեղերը գործած է որպէս անձնական նախաձեռնութիւն տրուած ըլլալով որ շրջանաւարտութիւնէն ետք շարունակած Միջին Արեւելք մնալ  մինչեւ իր մուտքը Ամերիկա՝ 13 Փետրուար 1921-ին։ Թէեւ կ՚ակնարկէ Սուրիոյ բայց այդ ակնարկը կը վերաբերի  որպէս Օսմանեան Պետութեան մէջ Արաբական հողամաս եւ ոչ թէ պետութիւն, կրկին պատմական հասկնալի պատճառներով։
«Նախքին Բժ. Պոսթընի Րաքսպորիի Շրջանակին – Նախքին Օգնական Բժ. Պոսթոնի Տիսփէնսըրիի, Այցելու Բժիշկ։ Պոսթըն Տիսփէնսըրիի Մանկանց Բաժնին»
«Մատեան Մանկանց» հատորը հրատարակած է 1925-ին։ Հետեւաբար կարելի է եզրակացնել որ արդէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Մասաչուսէցի մէջ հաստատուած եղած ըլլար եւ սկսած իր ասպարէզին։ Նոյն այդ նահանգէն ներս պիտի գործէր իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան ընթացքին։ Եղած է սիրուած բժիշկ մը ինչպէս կը վկայեն իր բժշկական խնամքը ստացողներ։
«Անդամ Մասաչուսեցի Բժշկական Միւթեան. – Անդամ Ամերիկեան Բժշկական Միւթեան. – Եւայլն։»
Այս արձանագորթւիններէն ալ դատելով կրկին կրնանք եզրակացնել որ ան արդէն մաս կազմած է բժշկութեան հետ առընչող կազմակերպութիւններու եւ իր եղբայրներուն հետ մնայուն կեցութիւն հաստատած է Նոր Աշխարհին մէջ։ Ունեցած է երիք եղբայր եւ երէք քոյր։ եղբայրներէն միայն Յակոբը մնաց Քեսապ իսկ մնացեալները նմանապէս հաստատուած են Ամերիկայի տարբեր նահանգներէն ներս անգամ մըն ալ չվերադարնալու Քեսապ։ Եղբայրներէն Ճորճը եղած բժիշկ եւ հաստատուած է Նիւ եորք, իսկ միւս եղբայրը Րոպէրթը եղած է Դեղագործ եւ հաստատուած է Ֆիլատէլֆեա։ իսկ իր քոյրերը ամուսնացած են եւ կազմած իրենց ընտնիքնեըը։ Քոյրը Մարին ամուսնացած է Քեսապ բժիշկ Աւետիս Ինճեճիկեանի հետ եւ հոն մահացած։ Միւս քոյրը՝ Արուսեակ ամունացած է Մուսա Տաղ Հեդում Ֆիլեանի հետ եւ ներգաղթած ընտանիքին  հետ Հայաստան եւ հոն ալ մահացած է։ Երրորդ քոյրը՝ Ռոզան մահացած է երիտասարդ տարիքին։
Ամերիկայի մէջ բժիշկը ամուսնացած է Զապէլ Առաքելեանի հետ։ Ունեցած է երէք աղջիկ զաւակներ եւ հինգ թոռներ։

Ալպէրթ Աբէլեան Որպէս Գրող

1960ին իր The Antiochians գիրքին ներածականին մէջ կը յիշէ թէ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին որպէս բժիշկ, միշտ ժամանակ տրամադրած է գրականութեան եւ գրած է Հայերէնով, Անգլերէնով եւ Թրքերէնով։ Կը յիշէ «Հայրենիք» Շաբաթաթերթը  եւ «Նոր Աշխարհ» անունով գրական հանդէս մը ուր հրատարակած է գրութիւններ, ըրած է թարգմանութիւններ։ Հեղինակած եւ հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը ՝
Հէքիմարան» -  Հրատարակած է 1924-ին, 350 էջ։
«Մատեան Մանկաց» Հրատարակած է 1925-ին, 254 էջ։
«Հայ Մայրերու Մենտորը» (տեղեկութիւնները կը պակսին)
«Հնգամեայ Զրոյցներ, 1923-1928»՝ Հրատարակած է 1928-ին, 410 էջ։
«Անահիտ կամ Հայ Ֆլէփփըրը» Վէպ, հրատարակած է 1929-ին, 166 էջ։
«Զմրուխտ Մատանին» Վէպ, հրատարակած է 1929-ին, 138 էջ ։
«վաղուան Արշալոյսը» Վէպ, հրատարակած է 1930-ին, 116 էջ։
“Աշ-Գար» Վէպ, հրատարակած է 1930-ին, 116 էջ։
“The Antiochians” Վէպ, հրատարակած է 1960-ին, 320 էջ։
«Քեսապ եւ Իր Գիւղերը» Տեղեկագրութիւն, Հրատարակուած 2002-ին։

Հայատառ իր վիպերուն կցած «Հեղինակին Գործերը» ցուցակին մէջ կը յիշէ հետեւալ թարգմանական գործերը որ հրատարակած է որպէս թերթոն «Հայրենիք»ի մէջ՝ «Կարմիր Մայրապետը», «Թելմա», «Վենտէթթա» իսկ հետեւալները կը յիշէ որպէս իր տակաւին անտիպ գործերը՝ «Ամերիկահայ Մտաւորականը» (վէպ), «Անմեղ Սէրերու Յուշերէս» (վէպ), «Քեսապ եւ իր Գիւղերը», «Զինուորական Յուշերէս», «Հիւանդին Խոհանոցը»։ Իր անտիպ գործերը կարծես մնացած են այդպէս՝ անտիպ, բացի Քեսապի եւ անոր գիւղերուն մասին իր տեղեկագրութիւնը որուն պիտի անդրադարնամ առանձնապէս։
Այսպէս կարելի է իր երկլեզու գրականութիւնը ճիւղաւորել որպէս բժշկա-առողջապաճական գրականութիւն, վիպագրութիւն եւ տեղակագրութիւն։
Թերեւս, չըաելու համար Հաւանաբար, հայերէն լեցուին իր տիրապետութիւնը ուշադրութեան առարկայ դարձած չըլլայ իր ատենին։ Իսկ ներկայիս հայերէն լեցուին իր տիրապետութիւնը շատ ուշագրաւ է ընթերցողի մը համար։ Ամենայն հաւանութեամբ Հայերէն լեզուի իր ուսումնառութիւնը ընդհանրապէս վերջ գտած ըլլալու է Քեսապի դպրոցէն իր շրջանաւարութեամբ։ Կրնայ ըլլալ որ Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճին մէջ հայերէնով որոշ ուսումնառութիւն ունեցած ըլլայ քանի որ շրջանաւարտութեան համար իր պատրաստած աւարտաճառը հայերէնով է։ Թէ ինչ տարողութեամբ եղած է այդ կը մնայ անորոշ տրուած ըլլալով որ գոլէճին մէջ իր ուսումնառութիւնը բժշկութիւն ուսանելու պատրաստուաթեան համար եղած ըլլալու է։ Ամենայն պարագայի տակ հայերէն լեզուին իր տիրապետութիւնը ոչ թէ միայն շատ ու շատ ուշագրաւ է այլ նաեւ հարուստ է եւ ճկուն զորս լաւապէս օգտագործած է իր գրական գեղարուեստը ճոխացնելու եւ իր գրական երեւակայութեանը թռիչք տալու համար ։

Էբիլենցին Բժշկա- Առօղջապահական Գրականութիւնը


Ինչպէս յիշեցի Էբիլենցին չորս գրական գործերը, իր նկարագրութեամբ, «բժշկա-առողջապահական» են։ Թէեւ մասնագիտութիւն չունիմ այս առընջութեամբ բայց որոշ վստահութեամբ կրնամ հաստատել որ Տօքթ. Ալպէրթ Աբէլեանը ռահվիրան է նման գրականութեան յետ Մեծ եղեռնի սփիւռքահայ իրողութեանը մէջ։ Դատելով իր ըրած ակնարկներէն իր այս գիրքերը փնտոուած եղած են եւ արագ սպառած։ Գրականութեան իր թիրախը եղած է Ամերիկահայութիւնը։ Քանի մը օրինակներ հասած են Միջին Արեւելք բայց հոն այդ գիրքերը չեն արտատպուած եւ անհաւանական է որ հոն ալ արագուած ըլլան։ Անբնական չէ պատկերացնել որ այդ գիրքերը շատ մեծ օգտակարութիւն ունեցած ըլլան այդ շրջանի Ամերիկահայութեան որուն բացառձակ մեծամասնութիւնը այնքան ալ յաղորդ չէ եղած Անգլերէն լեցուին որ բժշկա-առողջապահական հարցերու համար դիմէն Անգլերէն լեցուով գիրքերու։
«Հեքիմարան» գիրքին մէջ առողջ կենցաղի համար կ՚ընէ առօրեայ պատուէրներ ինչպէս՝ «Սենեակներու օդափոխութիւնը ապահովելու համար դէմ առ դէմ գտնուող պատուհաններ, մէկը տակէն, իսկ միւսը վրայն՝ բազուելու են, կամ միւնոյն պատուհանը թէ տակէն եւ թէ վրայէն բացուելու է։ Ելեքտրական մասնաւոր հովահարներ, երկրի ձեւով օճախներու գոյութիւնը, մասնաւոր ծակերու ներկայութիւնը՝ օդափոխութեան լաւագոյն միջոցներն են» եւն։ Նման տեղեկութիւններուն կ՚ընկերանան մորթի, սիրտի, թոքերու, մարտողութեան գործարաններու, ծննդաբերական գործարաններու եւն.ի շուրջ իր տուած բացատրութիւնները պարզ, հաճելի, դիւրասահ ընթերցանութեամբ մը եւ անկասկած որ շատ օգտաշատ։
Նմաօրինակ աշխատանք տակաւին կը տարուի։ 1960-ական թուականներուն բժշկական ամսօրեայ հանդէս մը սկսաւ լոյս տեսնել Լիբանանի մէջ ուր հայ ընթերցողներ յաճախ իրենց զուտ անձնական բնոյթ ունեցող հարցերուն շուրջ ծածկանունով նամակներ ալ կ՚ուղղէին խմբագրութեան։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին արդէն դադրած էր գոյօւթիւն ունենալէ։ Վերջերս բժիշկ կարպիս Հարպոյեանը հաստակազմ քառահատոր գործ մը հրատարակեց նմանապէս նոյն առընջութեամբ։ Տոքթ. Ալպէրթ Աբէլեանինին թղթակազմ եւ մատչելի գիներով, հաճելի ընթերցանութեամբ եւ գուրգուրանք ցուցաբերող գիրքերը կը թուին եղած ըլլալ ժողովրդական առօրեայի գործածութեան համար, թերեւս ալ ոչ նուազ ժողովրդական եղած են քան Տօքթ. Կարպիս Հարպոյանին հրատարակած քառահատորը ։
Թէեւ բժշկա-առողջապահական գիրքերը գրականութիւն չեն որպէս արուեստ, բայց եւ անյպէս իր գիրքերուն մէջ գուրգուրանք մը կ՚արտացոլայ իր ժողովուրդին հանդէպ որ նուազ զգացական չէ քան գեղարուեսական որեւե գործ։ Կը մէջբերեմ «Հեքիմարան» գիրքին ձօնը։
«Կը ձօնեմ այս երկը հորս՝ Ս. Գ. Աբէլեանին, որուն ջերմեռանդ հետաքրքրութիւնը՝ հանդէպ բժշկական արուեստին, ներշնչեց ինծի ընդգրկել արուեստներուն ամենէն ազնիւը եւ ամենէն մեծը։
Հա՜յր, ընդունէ՛ այս բազմաշխատ երկը, որուն միջոցաւ ջանացած եմ քեզմէ եւ ուրիշ վարպետներէ ժառանգած ու սովորած փորձարութիւններուս թարգմանն հանդիսանլ։
Ո՜վ հայր, քու թանկագին յիշատակիդ նուիրուած այս հատորը պիտի սպասարկէ բազմաչարչար ազգիս բեկորներուն՝ որոնցմէ շատեր, վերջին տարիներու ահռելի դժբախտութեանց հետեւանքով, կը հեծեն ներկայիս անհամար հիւանդութեանց դիմաց սուր ճիրաններուն ներքեւ, օգնութիւն աղերսելով եւ աղէկտուր ճիչեր բարձրացնելով։»


Իսկ իր «Մատեան Մանկանց» գիրքին ձօնը հետեւալն է՝
«Հայ տարագրութեան առաջին տասնամեակին՝ կը ձօնեմ այս երկը բազմաչարչար ազցիս անբախտ մանուկներուն, որոնք ինկան Արաբիոյ կիզուտ անապատներուն եւ Հայաստանի ձիւնապատ կատարներուն վրայ՝ անթաղ եւ անշիրիմ։
Ձեր յաւիտեան յիշատակին կը նուիրեմ, սրտիս շատ մօտիկ եղող նիւթերու մասին գրուած այս աշխատանքը, վաղամեռ Հայորդինե՜ր....որպէսզի ձեր նմաններուն աւելի բախտաւոր մայրերը՝ հետեւելով անոր, մեծցնեն իրենց կորիւնները։ Ու գեղեցիկ օր մը, երբ այդ կորիւնները առիւծներու նման քաջառողջ աճին, զօրանան եւ ցեղին սուրբ վրէժէն ներշնչուած՝ իրենց սուիններուն ծայրով ետ խլեն իրենց պապենական հայրենիքը բռնակալներու ձեռքէն։ Ո՜հ այն ատեն անոնք պիտի հաւաքեն ձեր աճիւնները սարէն ձորէն, ու պիտի ամփոփեն զանոնք սուրբ մասունքի նման, հայկական պանթէօնին մէջ։
Մինչեւ այդ հանգիտ եւ անխռով՝ սպասեցէք, որովհետեւ մօտ է ցեղին յաղթանակին գերագոյն ժամը։»
Իր առաջին գործը՝ «Հէքիմարան»ը հրատարակած է Ամերիկա մուտքէն երեք տարիներ ետք՝ 1924ին, երեսուն եւ մէկ տարեկանին։ Արտադրողական հեւքը պահած է յաջորդող հինգ տարիներուն եւս։ Իր մնացեալ երկու բժշկական գորղերն են ։ «Հայ Մայրերու Մենտորը» եւ «Հնգամեայ Զրոյցներ»։ Իր վերջին բժշկա-առողճապահական գործը հրատարակած է 1929ին որմէ ետք դադրած է ննանօրինակ գրականութիւն մշակելէ։

Էբիլենցին Ստեղծագործական Գրականութիւնը

 
Վիպագրութիւնը եղած Էբիլենցի ստեղծագործական գրականութիւնը։ Հրատարակած է հայատառ չորս վեպէր եւ Անգլերէնով մէկ վէպ մը որ եղած իր վերջին հրատարակութիւնը որուն առանցնապէս պիտի անդրառնամ։
վէպերը առնուած են Ամերիկահայ գաղութին մէջ տիրող իրողութիւններէն եւ տեսիլքներէն եւ իսկութեան մէջ կը միտին գաղութին պատկերը ներկայացնել թէեւ ինքը իր «Աշ-Գար»  գիրքին յառաջաբանին մէջ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ ըսելով ՝ «Վէպ է որ կը գրենք. վէմ մը սակայն, որ դժբախտաբար շատ մօտիկ է մեր կեանքին եւ հեռու չէ իրողութիւն ըլլալէ։»
Առաջին վէպը՝  «Անահիտ կամ Ամերիկահայ Ֆլէփփըրը» որ հրատարակած է 1929ին՝ «Ամերիկահայ արդիական կեանքէն առնուած» է, ինչպէս կ՚ակնարկէ յառաջաբանին մէջ։  Անգլերէն Flapper  բառը ընդհանրացած է 1920ական թուականներուն երբ Ամերիկայի ընկերային կեանքը կ՚ապրէր զեխ տասնամեակ մը որ ճանցուեցաւ որպէս roaring twenties, «աղաղակող քսանական թուականները»։ Նոյն այդ տասնամեակին վերջաւորութեան երկիրը ապրեցաւ իր մեծագոյն տնտեսական անկումը որ պատմութեան մէջ ճանցուեցաւ որպէս Great Depression, «Մեծ Սնանկացումը»։  Էբիլենց հայացուցած «Ֆլէփփըր» բառը եւ հետեւաբար կ՚ակնարկէ արդիական երիտասարդ, այս պարագային հայ կնոջը, որ մտադրած է վայելել իր կեանքը անտեսելով երիտասարդ կնոջմէ մը ակնկալուած կենցաղային ապրելակերպը։ Երեւոյթ մը որ վարակած կը թուի ըլլալ Ամերիկահայ գաղութն ալ։

                   Նոյն տարին՝ 1929ին հրատարակած է իր երկրոդ վէպը՝ «Զմրուխտ Մատանին» որուն «էջերուն յանձնեցինք» կը գրէ գիրքին յառաջաբանին մէջ, «մեր զէնքի հաւատացեալներուն քաջագործութիւններուն դրուագները – ապագայ սերունդին համար իբր կտակ, որպէսզի ան հպարտութեամբ շարունակէ սկսուած պայքարը եւ ի գլուխ հանէ մեր մեծ երազը – Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը, ուր մեր ժառանգորդները պիտի կրնան ապրիլ ազատ ու անկախ ժողովուրդի մը պատուաւոր կեանքը։»

Յաջորդ տարին՝ 1930ին հրատարակած է իր երրորդ վէպը, հետաքրքիր վերնագրով մը՝ «Աշ-Գար», ներկայացնելով գաղութային իրաւիճակ մը որ ընդհանրապէս անտեսուած եղած է մեր գաղութային պատմութեանը մէջ։
Յառաջաբանին մէջ կը գրէ որ յետ Առաջին Աշխարհամարտին, Ամերիկահայ գաղութին մէջ մնացին տղամարդիկ որոնք եկած էին Ամերիկա մեծ պատերազմէն առաջ դրամ վաստկելու եւ ապա վերադարնալու երկիր։ Մեծ Եղեռնը վէրջ դրած էր անոնց ծրագիրներուն եւ հետեւաբար ձեռնարկած են ընել բնականը՝ կազմել իրենց ընտանիքները նամակագրութեամբ, կամ արտասահման կարճ այցելութեամբ ամուսնութեան համար ծանօթանալու կիներու որոնցմէ ուշագրաւ թեւ մը փեսայ ըլլալիքներէն աւելի երիտասարդ եղած են։ «Ու եկան հայուհիները, կառաւան առ կառաւան միանալու իրենց անդրատլանդեան փեսաներուն որ պատկերի միջոցաւ ճանցած էին։ Այսպէս ամուսնացան ամերիկահայ պանդուխտները, հարիւրաւոր եւ հազարաւոր։» Հետեւաբար Էբիլենցը կը թելադրէ նոյն յառաջաբանին մէջ ՝ «Գարունը գարնան հետ, աշունը աշնան հետ.....Այսուհետեւ այս թող ըլլայ մեր նշանաբանը։ Երբէ՜ք, Երբէ՜ք, չի ջանանք աշունը գարնան հետ կըցելով կազմել։ Աշ-Գար.....»։ Իսկ  վէպըն ալ ձօնած է «դժբախտ ամուսնութիւններու զոհերուն»։


                  Էբիլէնցին վերջին վէպը եղած է «Վաղուան Արշալոյսը» որ նմանապէս հրատարակած է 1930ին իր նոյն տարուան մէջ հրատարակած «Աշ-Գար» գիրքը սպառած ըլլալով։ Վէպը ձօնած է իր աղջիկներուն Լօրային եւ Այրինին, «որպէսզի երբ մեծնան անոր էջերուն մէջ ճանչնան եւ սիրեն Հայաստանը։» Գիրքը ազգասիրական վիպական վէպ մըն եւ կը ցոլացնէ ազգային տեսիլք մը՝  «Ա՜խ, երբ տեսնէի գահին նստած հայ իշխան, Գրէր Հայոց տառերով հրաման»։
Այս չորս վէպերը կը կազմեն Էբիլենցին գեղարուեստական հայատառ գրականութեան հունցքը որոնք հրատարակուած են այդ երկու տարիներուն ընթացքին։ Բայց այդ գիրքերուն հրատարակութիւնէն ետք չէ դադրած գրականութիւնէն ինչպէս կը յուշէ իր The Antiochians վէպին յառաջաբանին մէջ հրատարակած ըլլալով գրութիւններ «Հայրենիք» Շաբաթերթին եւ «Նոր Աշխարհ» կոչուած գրական հանդէսի մը մէջ որ լոյս տեսած է Նիւ Եոքի մէջ։

Ալպէրթ Աբէլեանին  «The Antiochians» Գիրքը


Գիրքը հրատարակած է 1960ին։ երէք հարիւր վաթսուն էջ վէպ մըն է։ Կը ներկայացնէ երէք սերունդ Մաթոսեան ընտանիքին կեանքը որ կ՚երկարի Սուրիոյ Քեսապ եւ Քէորքիւնա գիւղերէն հասնելով մինչեւ Ամերիկա եւ ապա իր վերջալոյսը կը գտնէ նմանապէս Քեսապի Քէորքիւնա գիւղին մէջ։  
Բժիշկը այս վէպը կը նկատէ իրականացումը հօրը ըրած քուշակութեան որ ան մեծ վէպ մը պիտի գրէ օր մը։ 1909-ի Քեսապի սպանդին իրենք ալ ընտանիոք փախելով Քեսապէն շրջան մը ապրած են վրանի տակ։ Իր երէք  քոյրերը եւ երէք եղբայրները զբաղ պահելու համար իրիկունները անոնց պատմութիւն պատմած է երբ ինքն ալ 16 տարեկան պատանի մըն էր։ Հայրն ալ ականջալուր ըլլալով այդ պատմութիւններուն ըրած է այդ քուշակութիւնը որուն կատարելիութիւնը բժիշկը նկատած է իր այս վէպը։ Այս վէպը պիտի ըլլար իր վերջին հրատարակութիւնը։
Այս գիրքին յառաջաբանին մէջ ալ կը շեշտէ որ այս գիրքը վէպ մըն է եւ հետեւաբար կը գրէ որ գիրքին տիպարներուն նմանութիւնը ապրող կամ ապրած որեւէ դէմքի մը հետ պարզապէս պատահական է։ Բայց եւ նաե կ՚ընէ հակասական ընդհանրական ակնարկ մը ըսելով որ միջազգային համերաշխութեան համար բացառձակապէս անհրաժեշ է ճանչնալ ճշարտութիւնը եւ կ՚եզրաբակէ յառաջաբանը գրելով որ ճշմարտութիւնը նոյնիսկ կարելի է գտնել վէպի մէջ։
Երեւոյթով իրար ներհակ այս նկատողութիւններուն մէջ կարելի է տեսնել Էբիլենցը որպէս արուեստագէտ եւ Տօքթ. Ալպէրթ Աբէլեանը որպէս բժիշկ ուր զգացումները պարտին տեղի տալ ախտաճանաչումին իրողութեանը։ Այս երկու հոգեվիճաներու մէկտեղեմումն է իր Հայերենով վէպերն ալ։ Որքան որ գեղարուեստական են իր վիպերը բայց անոնք չեն դադրիր իրողութիւններ ըլլալէ իսկ որքան ալ գիտական են իր բժշկա-առոջապաճակամ գործերը  հոն չի պակսիր արուեստագէտի մը գրիչին թռթռացումը։
Գիրքին ընթերցանութիւնս զուգադիպեցաւ Թուրքերուն Կալիբոլի ճակատամարտին յաղթանակը տօնելու պատրաստութեանը։ Գիրքին մէջ շատ հետաքրքրութեամբ կարդացի Տօքթ. Ալպէրթ Աբէլեանին ըրած մատնանշումը՝ որ անհաւանական չէր որ Անգլիոյ քաղաքական միտքը պարտութեան մատնել չուզեց թուրքերը որպէսզի անոնք կարենան պահել իրենց Արեւելեան ճակատը Ռուսերուն դէմ։ Եւ իսկապէս այդ ճակատամարտէն քանի մը տարի ետք Անգլիական եւ Ֆրանսական զորքերը արդէն պարտութեան մատնած էին երբեմնի Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ դարձած էին Կ. Պոլիսյ մենատերէրը առանց Ռուսիոյ եւ հոն մնացին չորս տարիներ որպէս բացաձառձակ գերիշխաններ իրենց միջեւ պատառ-պատառ բաժնելով փլուզումի ենթակայ նախքին Օսմանեան Կայսրութիւնը։

Ալպէրթ Աբէլեանին «Քեսապ եւ Իր Գիւղերը» Գիրքը


Ալպէրթ Աբէլեանին՝ Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճէն շրջանաւարտութեան աւարտաճառը, 1912/1913 թուականներուն, եղած է Քեսապի եւ Քեսապցիներու մասին տեղեկագրութիւն մը ներկայացնելով անոր աշխարհավայրը, մարդահամարը, համայնքները, կենցաղները եւն։ Իր եղբօրը Յակոբին զաւակը՝ Սողոմոն Հեքիմեանը ձեւով մը ձեռք ձգած է ձեռագիրը եւ յանձնած է զայն Դոկթ. Երունդ Քասունիին՝ Հայ Աւետարանական համայնքին «Ջանասէր» ամսաթերթին երկամեայ խմբագիրը։ Երուանդ Քասունին ձեռագրին կցած պատմական տեղեկագորթւիններ ընթերցողին իմաստաւորելու համար  ձեռագրին պարունակութիւնը։ Քսանամեայ Ալպէրթ Աբէլեանին այս ձեռագիրը կը կազմէ մեծն Քեսապի առաջին տեղեկագրութիւնը որ հասած է մեզի։


Նոյն այդ աւարտաճառին մէջ Ալպէրթ Աբէլեանը գծած է մեծն Քեսապի առաջին քարտէսը եւ Հայերենով մանրասմնորէն նշած շրջանին գետերը, լեռները, գիւղերը երբ Քեսապը տակաւին չէր անդամահատուած։ Այդ անդամահատումը պիտի գար շուրջ երկու տասնեակ տարիներ ետք եւ Քեսապի բարեբեր հողերը պիտի տրուէին Թուրքիոյ Ֆրանսական հոգետար կառաւարութեան մեղսակցութեամբը երբ Ալպէրթ Աբէլեանը արդէն շուրջ երկուտասնամեակներէ ի վեր հաստատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգնրերուն Մասաչուսէթս նահանգէն ներս ուր պիտի մնար մինչեւ իր մահը այցելելով քեսապը միայն իր երեւակայութեանը մէջ։

Ալպէրթ Աբէլեանին Գրականութեան Գհահատանք


Աբէլեաններուն տոհմածառը կը պարտինք Ալպէրթ Աբէլեանին։ Իր պատրաստած տոհմածառը առաջին անգամ լոյս տեսած է Կարապետ Թիլքեանին ՝ «իննիսունհինգամեակ Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ,1853-1948» գիրքին մէջ։ Հետաքային Դոկթ. Անդրանիկ Զէլէպեան (1960-ական թուականներուն), Վարդգէս Աբէլեանը 1986ին վերամշակած են ծառը. իսկ Կարօ Քոնեալեանը համաձանձին մէջ տեղադրեց ծառին ճիւղաւորումները։ Տոհմածառին ճիւղաւորումներէն դատելով իր նախահայրերը եղած են սկսելով իր հօրմէն՝ Սողոմոն, Գէորք, Պետիր, Յակոբ, կարապետ եւ Աբէլ, ընտանիքին ենդադրեալ հիմնադիրը։ Այսպէս իր արմատները վեց սերունդներու վրայ կերկարին Քեսապի զուտ հայկական տոհմիկ միջավայրէն ներս։
Ալպէրթ Աբէլեանին կեանքն ալ եղած է ցոլացումը մեր նորօրեայ պատմութեան։ Ծնած 1893ին, Համիտեան ջարդերուն նախորեակին թէեւ Քեսապը խնայուած մնացած է այդ տարիներուն ջարդերէն բայց անկասկած որ անոր ահռելի լուրերը հասած են հոն ալ։ 1909ին, երբ տակաւին 16 տարեկան պատանի մըն էր, ապրած է Ատանայի ջարդին Քեսապի սպանդը։ Բժշկութեան ուսանողութեան շրջանին ապրած է Մեծ Եղեռնը. ճողոպրտած է անկէ եւ մուտք գործած է Ամերիկա որպէս գաղթական 13 Փետրուար 1921ին եւ ապրած սփիւռքահայ գաղթականին իրողիւթիւնը եւ անխուսաբելի հոգեփոփոխութիւնը։
իր գրականութիւնը բնականաբար ցոլացումն է իր ներաշխարհին եւ անոր հոլովոյթին։ Որքան որ գեղարուեստական են իր վիպերը բայց անոնք չեն դադրիր իրողութիւններ ըլլալէ, իսկ որքան ալ գիտական են իր բժշկա-առոջապաճակամ գործերը  հոն չի պակսիր արուեստագէտի մը գրիչին թռթռացումը։ Իր գրականութիւնը երկու հստակ ժամանակագրական բաժանմունքներ ունի։ Ամերիկայ իր հաստատուիլը իր կեանքին տուած ըլլալու է կայունութիւն մը որուն փորձառութիւն ունեցած ըլլալու չէ Միջին Արեւելքի թոհ ու բոհէն ներս։ Ամերիկա կեցութեան առաջին տասնամեակին այդ կայունութիւնը խթանը եղած ըլլալու է իր Հայատառ գրականութեան սկսելով 1924-ին երբ հրատարակած է իր առաջին գործը եւ իր լրումին հասած է 1930-ին երբ հրատարակած է իր վերջին Հայատառ գիրքը։ Այդ շրջանի գրականութեան մէջ իր զգացումները անաղարտ են անոնց կուտակումը տակաւին կը պահէ Միջին Արեւելքի զգացականութիւնը։
 Հայատառ վերջին գիրքին հրատարակութիւնէն ետք կուգայ երեսուն տարիներու բաց մը ուր շարունակած է երկլեզուանի գրականութիւն մշակել Ամերիկահայ գրական պարպերաթերթերու մէջ բայց անհաւանական է որ այդ եղած ըլլայ իր առաջին տասնամեակին գրական տարողութեամբը։ իսկ երբ 1960ին հրատարակած է իր The Antiochians գիրքը, գաղթականի իր անխուսաբելի եղափոխութիւնը արդէն իր լրումին հասած է հոն։ Գիրքին նախաբանը եւ ձօնը այլեւս չեն ցոլացնէր այն զգացումները որ կը կարդանք իր երեսուն տարիներ առաջ գրած հայատառ գիրքերուն մէջ։ Ան այլեւս Ամերիկահայ է իր մտածմունքով եւ զգացումներով եւ Անգլերէն լեզուով է որ ան այլեւս կը սաւառնի իր պապենական հողերուն վրայ ուր իր արմանտները պահուած մնացած են։ 
Մահացած է Նոյեմբեր 14, 1986-ին, Ամերիկա, Պոսթոն քաղաքին։




Thursday, March 23, 2017

Երանի հոս ըլլար եւ հարցնէի` ԱբԷլեան կամ ԱբԵլեան

Վահէ Յ. Աբէլեան



Այսօր համացանցին վրայ կարդացի Կարօ Արմենեանէն մէկ նկատողութիւնը՝ որուն հետեւանքն է այս յօդուածս։ 

Կարոյին ըրած նկատողութիւնը աղերս ունէր իր մականունին ուղղագրութեանը հետը։ Հետեւեալը նկատողութիւնը ըրած էր՝ «Ի դէպ հակառակ խմբագիրներու յամառ և հետևողական միջամտութիւններուն իմ մականուան ուղղագրութիւնը Արմենեան է...տարակարծութիւ՛ն մը՝ որ կարծես հաշտութեան յուսադրիչ եզրեր չունի։»

Պատահեցաւ որ քանի մը օրեր առաջ, համացանցին վրայ, հարց տուած էի որ Զաւէն անունին ուղղագրութիւնը «է» ով կամ «Ե» ով պէտք է որ ըլլայ։ Կրկին համաձանձի շնորհիւ ճանցած շրջանակէս Զաւէն Զագարեանը հետեւեալ բացատրութիւնը տուած էր որպէս իր պատասխանը հարցումիս՝ «Յատուկ անուններու մէջ Լ, Ն, Ս բաղաձայններէն առաջ արտասանուող E-ն կը գրուի Է տառով» եւ յիշած էր բազմաթիւ անձանուններ, ինչպէս՝ «ՍամուԷլ (էԼ), ՍուրԷն (էՆ), ՎրթանԷս (էՍ)»  եւ տակաւին  «ԶաւԷՆ, ԳուրգԷՆ, ՎիգԷՆ, ԽորԷՆ, ՎազգԷՆ, ԱրմԷՆ, ԱրսԷՆ, ԲաբգԷՆ, ՇահԷՆ, ՌուբԷՆ, ՓառԷՆ, ՕգսԷՆ, ՍուրԷՆ, ԿարԷՆ, ԱշխԷՆ․․․»։

Հեմնուելով Զաւէնին տուած բացատրութեան վրայ՝ հետեւեալը հարց տուած էի Կարոյին, «Բայց ինչո՞ւ «ե» ով։ Քանի մը օրեր առաջ ինծի ճշդուեցաւ որ «է» հնչող անունները «Է» ով կը գրուին իչպէս՝ Զաւէն, Բաբգէն, եւ հետեւաբար Արմէն եւ հետեւաբար անոր ընտանիքն ալ Արմէնեան է, ինչպէս է իմ պարագայիս։ Մեր գերդաստանին նախահօրը անունը եղած է Աբէլ եւ իրմէ սերած ընտանիքն ալ տաս սերունդներու վրայ ճանցուած է Աբէլեան մականունով»։

Կարօ Արմենեանին պատասխանը չուշացաւ եւ հետեալ բացատրութիւնը տուաւ՝ «Սիրելի Վահէ, Ածանցման պարագային երկվանկ բառերու երկրորդ վանկի է-ն կը փոխուի ե-ի, եթէ հնչիւնափոխութեան չենթարկուի։ Օրինակ, Հալէպ-- հալեպահայ, Արմէն--արմենական։ Նաև՝ վրէպ--վրիպանք։ Յաւելեալ կանո՛ն մը։ Երբ բարդութեան պարագայ կ՚ըստեղծուի առանց լծորդի, է-ն կը մնայ է կամ կ՚ենթարկուի հնչիւնափոխութեան։ Օրինակ, վրէժ--վրէժխնդիր և վրէժ--վրիժառու։ Արմենեան մականունը ծնած է Արմէն անունին ածանցումէն, հետևաբար՝ Արմենեան, ինչպէս արմենականը։ Դժբախտաբար այս կանոնը յաճախ չէ, որ կը կիրարկուի մականուններու կազմութեան պարագային։ Քերականական առումով, մեր մականուններու աշխարհը քաոսի մէջ է։»

Յանկարծ մտապատկերիս վրայ կայծակնային արագութեամբ երեւցան պատահարներ այնպէս ինչպէս պիտի երեւային պաստառի մը վրայ արագօրէն  ցուցադրուած շողանձիկ լուսանկարները։  Ամէնքն ալ աղերս ունէին մօրս հետ եւ մեր մականունին իր նախընտրաց ուղղագրութեանը հետ։ Ուզեցի ճշդել։ Ինչպէս վերեւը կցուածը ցոյց կուտայ՝ մայրս կը նախընտրեր «ե»ով ստորագրել իր մականունը որը իրը եղած էր, հօրս հետ ամուսնութիւնէն ետք։ Նոյնիսկ ինծի նշած էր որ իր նախասիրութիւնը «ե» ով ստորագրել է։

Տարուած այս մտածմունքներէս, Կարօ Արմէնեանին տուած բացատրութեանը պատասխանեցի ըսելով՝ «Չըլլայ որ հանգուցեալ մայրս որ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի էր կը նախընտրէր Աբելեան ստորագրել նոյն այս  տրամաբանութիւնէն տարուած»։ Կարոյին պատասխանը եղաւ՝ « Տեսա՞ր։ Այսպիսի մարգարտեայ ձեռագրով գրող իմաստուն Մաման պարզ է, որ շատ բան գիտէր...»։



Զուարթ Աբէլեան Գործ՝Անի Չէլէպեան Յոկլինտ

Զիս մտմտեցնող վիճակ մըն էր որ յանկարծ կը պատկերացուէր առջեւ։ ես մօրս ուսուցչութեան հետ աղերս ունեցող գրութիւններէն սեղմ հաւաքածոյ մը խմբագրած եւ հրատարակել տուած էի որպէս գիրք՝ «Ես եւ Ուսուցչութիւնը» վերնագրով բայց իր մականունը հոն նշած էի որպէս ԱբԷլեան եւ ոչ թէ իր նախընտրած ուղղագրութեամբ, այսինք «Ե»-ով։ Բայց ինքը չէր առարկած։ Նոյնը ըրած եղայ անցեալ տարի երբ որպէս գիրք հրատարկել տուի իր պատրաստած խմբական ասմունքներու ձեռագիր հաւաքածոյին կտորներ։ Բայց ինքը այլեւս գիտակցութիւնը չունէր։




Հիմայ կ՚անդրադարնամ որ մայրս Կարօ Արմենեանին նման համառօրէն չէր կառչած մեր մականունին իր ուղղագրութեանը թէեւ իր նախընտրութիւնը այդ եղած էր միշտ։ Ինծի ալ ակնարկած եղած էր իր նախընտրութեանը։ Ոչ թէ մենք որպէս ընտանիք, այլ ամբողջ Աբէլեան տոհմածառին վրայի տակաւին հայերէնով եւս ստորագրողները անխտիր «է» կը գործածեն։ Բայց ինչո՞ւ համար համակերպած եղած էր այս ընհանրացած սովորութեանը երբ ինքը երկչոտ կին մը չէր, իր միտքերը արտայայտելու վերապահութիւն չէր ունեցած երբեք։ Արդեօ՞ք անոր համար էր որ ինքը կին մըն էր, մայր մըն էր, իւ նախասիրութիւնը այնքան թէական նկատած էր որուն համար պէտք չէր տեսած իր նախընտրութիւնը պնդել եւ ընդհանրացնել։

Մայրս մեռաւ անցնող Յունուար ամսուան 31, 2017-ին։ Մարմինը թաղեցինք շաբաթ մը ետք՝ Փետրուար ամսուան 9-ին։

Երանի հոս ըլլար եւ ես ալ իրեն հարցնէի։







Monday, March 20, 2017

Kessab Enduring Resilience


Vahe H. Apelian




LtoR: Rev Sevag Trashian, Rev. Serop Megerditchian, Father Nareg Louisian, Prelate Arch. Shahan Sarkissian, Muron Kahana Avedissian, and Apraham Garjikian.

Kantsasar", the official publication of the Aleppo Prelacy of the Armenian Apostolic Church, reported on June 16, 2014 that the Syrian Arab Army forces had advanced into Kessab and were stationed in the city square. The report effectively heralded the liberation of the historic Armenian enclave--on Fathers’ Day--after its occupation by extremists who had attacked the peaceful villages from Turkey on March 21, the first day of the spring and the Syrian Mothers' Day.

Official Syrian sources reported that some of the residents of Kessab, who in the previous 88 days had taken refuge in the Armenian Apostolic Church of Latakia or with family members, relatives, friends and hosts in that city, had begun to return to their vandalized and burned homes, businesses, community centers and desecrated churches.

The once beautiful Churukian-Missakian Cultural Center building, in the center of the town, was still smoldering when they had arrived. The returnees soon found out that even the dead were not spared as cemeteries were desecrated and graves opened. The orchards and the gardens--left unattended--had gone wild with overgrowth. The machinery to tend them had been taken away by the plunderers. Even the wooden poles supporting the electric grid were cut off and the wires were removed and hauled away for sale as scrap metal in Turkey.

Over a century of long hard work had been wiped away.

History was repeating itself for the Kessabtis. What they saw and experienced bore a stark resemblance to what Miss. Effie Chambers, the beloved American missionary in Kessab, had witnessed in the aftermath of the sack and pogrom of Greater Kessab in 1909. "It was a most desolate picture that greeted my eyes,” she wrote in her unpublished autobiography which her family has shared with me. “Houses had been burned after being looted, and silk worm eggs in the hatching process (one of the principal financial resources of the region) had been destroyed. The gardens stood in ruins. The grapevines, and other foods used for standby winter diets, such as raisins and molasses, were damaged beyond hope.
 The houses, my own, the Mission House, Girls' School, church, parsonage, and the market were all a holocaust. The outside villages fared the same.”

More than a century ago, the ever-resilient Kessabtsi did not spare a day and embarked on rebuilding their shattered lives anew. So they did for the third time as of  the next day, Monday June 16, 2014.

Just two days later after the liberation, on June 18, 2014 Father Nareg Louisian, the priest of the Kessab Armenian Catholic community, reported on his Facebook page that the St. Michael Armenian Catholic Church was cleaned of debris, thanks to the diligence of its parishioners. The church was ready for Holy Mass. The St. Michael Church, much like the other churches, had been desecrated and vandalized but it had not been torched. Father Louisian invited the clergy and the members of the other two denominations to use the sanctuary, saying that the St. Michael Church is their sanctuary as well. 

Within a week of its liberation, on the June 24, 2014, Rev. Haroutune George Selimian, the president of the Evangelical Churches in Syria, visited Kessab accompanied by an official government delegation from Latakia. Rev. Sevag Trashian, the pastor of the Armenian Evangelical Churches of Kessab, and lay dignitaries met the Reverend at the Armenian Evangelical Holy Trinity Church, at the town center. The historic over-a-century-old church whose outdoor wall had withstood the test of time, had been also desecrated, vandalized and torched. Rev. Selimian launched the cleaning and restoration work of the Armenian Evangelical Churches by symbolically wiping slogans written by the extremists on the walls of the church. Rev. Selimian also addressed the media covering his visit. He said that Armenians stand firm on their land in Kessab and remain loyal citizens of the Syrian Arab Republic. The Syrian officials, in turn, promised to provide Kessab with the necessities to re-establish power and water supply.


On Friday July 25, 2014 Archbishop Shahan Sarkissian, the prelate of the Aleppo Armenian Apostolic Prelacy, consecrated the desecrated Armenian Apostolic Church of Kaladouran, Kessab’s coastal village. Lay and clergy representatives from the other two denominations attended the consecration. In the evening Divine Service was conducted and on Sunday Holy Mass was held for the first time in the newly consecrated church.

I have cited the chronology of Kessab's rebuilding by the three Armenian denominations as testament to the indomitable and resilient spirit of Kessab's Armenian inhabitants. It is this tenacity that has made possible the continuous Armenian habitation on that rocky terrain over many centuries. As the Armenian phrase graphically puts, "They eked a living off of the stones". 

Miss. Chambers was in Adana to assist the survivors of that devastating massacre as marauding Turkish mobs had also attacked Kessab on the morning of April 23, 1909. She wrote in her autobiography: “Upon my arrival [to Kessab] the people, those who could get around, were assembled in the yard of the Mission House to greet me.

"Their first question was 'Will you stay with us and help us start again?'
"I said: 'That is what I came for, to stay and help you get on your feet again. If you want to stay we'll do it and God will help us rebuild our homes, shops, and churches and reclaim your land.'
'Is it a promise?' they asked.
"I said: 'Yes, on my part it is.'
'On ours also,' was the reply.
"'I can't tell you how we did it,' she elaborated. 'Just step by step, one day at a time, and by the autumn of 1911, before the rains set in, those who had stayed in Kessab and lived through the horrible ordeal, were back in their rebuilt houses, with their schools and churches going.'"


Thirteen months later, on Sunday July 12, 2015, the renovated and refurbished Armenian Evangelical Church of Keurkune  was formally reopened and Sunday service was held there. Rev. Selimian welcomed Rev. Jirair Ghazarian, the newly-appointed pastor for the Armenian Evangelical Churches in Kessab. After the service a reception was held in the church’s courtyard.

The battle to rebuild Kessab for the third time is underway. If only the greater forces of the region appreciate the value of the enduring resilience of the inhabitants of this ancient Armenian enclave who, not long ago, made Kessab a safe summer resort for families of all faiths to come and enjoy its refreshing weather, natural beauty and the unmatched hospitality of the Kessabtsis.


Like64


Wednesday, March 15, 2017

Էհրամճեան Վարժարան ՝ Յիշատակելի Լուսանկարներ

Յիշատակելի Լուսանկարներ
Վահէ Յ. Աբէլեան


Պարբերաբար այս լուսանկարը դիտած եմ եւ երեւեկայութիւնս զիս տարած է այն օրը՝ շատ հաւանաբար Շաբաթ օր մը, երբ երեք ուոուցչուհիներ, մէկ աշակերտ եւ չորս աշակերտուհիներ, դպրոցին տնօրէնը եւ դպրոցի հոգաբարձութեան երեք անդամներ մեկտեղուած են Կարօ անունով լուսանկարչական խանութի մը մէջ եւ լուսանկարուած են պատմութեան յանձնելու համար իրենց նորակառոյց դպրոցին հաւանաբար առաջին հունձքը։

Քիչ մը աւելի ուշադրութեամբ դիտեցէք նկարը եւ պիտի նկատէք որ աշակերտ եւ աշակերտուհիներուն ծնողները ճերմակ եւ գեղեցիկ հագուստներով պատրաստած են իրենց սիրասուն զաւակները՝ այդ օրը լուսանկարուելու համար։ Ուսուցչուհիներուն հագուստները նորագոյն ձեւէն կ՚երեւին։ Նմանապէս տղամարդոց հագուածքը նուազ չէ Ամերիկայի մեծագոյն ընկերութիւններու գլխաւոր գործադիր պաշտօնեաններուն chief executive officer հագուածքէն։ Ուսուցիչ եւ աշակերտի համեմատութիւնը յաճախ կրթակամ հարց է։ Այս պարագային հինգ աշակերտներու համար, երեք ուսուցչուհիներ, տնորէն մը տրամադրուած եղած է, իսկ այս լուսանկարըունենլու համար երէք հատ դպրոցի հոգաբարձութիւնէն ընկերացած իրենց։ 

Ներկայիս կա՞յ դպրոց մը որ նման համեմատութիւն կրնայ պահել։

Հաւանաբար հիմա հարց տաք.- Ո՞ր դպրոցին աշակերտները, ուոսուցչուհիները, տնօրէնը եւ հոգաբարձուներն են լուսանկարին մէջ եղողները։ Դպրոցը՝ Լիբանանի արուարձաններէն Տորայի շրջանին մէջ կամ մօտ եղող Նոր Ամանոս թաղին մէջ կամ անոր մօտը կառուցուած երբեմնի Էհրամճեան վարժարանն է։ Դպրոցը կառուցուած է 1954-ին, ինչպէս կը վկայէ կցուած դպրոցին բացման լուսանկարը՝ այսինքն Ցեղասպանութիւնէն երեսուն եւ ինը տարիներ ետք։


Առաջին նկարին մէջ, առաջին կարգին վրայ՝ ճերմակ ձեռնոցներ հագուած ուսուցչուհին՝ երեսուն տարեկանը նոր թեւակոխած, մայրս է (ծնած էր Սեպտեմբեր 2,1924-ին)։ Իսկ իր հագուած հագուստը, ինչպէս նաեւ մնացեալ երկու ուսուցչուհիներուն հագուած հագուստները իրենց ձեռքին գործերն են։ Գիտեմ, քանի որ մայրս զիս բազմիցս հետը տարած է հագուստի կերպաս գնելու։ Ձեւագիտութեան դաս առած էր եւ վարպետ դերձակուհի ալ էր։ Իրեն կը պարտիմ պատանեկութեան տաբատներս եւ շապիկներս, նամանաւանդ կարճ տաբատներս, զորս կարած եւ պատրաստած կ՚ըլլար հագուելու համար կանուխ գարնամուտի օր մը, որպէսզի ես ալ իմ ընկերներուս խումբին միանայի, ձեռքերնիս իրար ուսերուն վրայ դրած շրջագայելու Սուրբ Նշան Ազզային վարժարանին բակին մէջ, կանչելով.- «կարճ տաբատ հագուողները հոս թող գան»։

Մնացեալ ուսուցչուհիներուն անունները չեմ գիտցած, իսկ դպրոցին տնօրէնին անունը մայրս յիշած է իր գիրքին մէջ՝ Մանուկ Ուզունեան է։ Իսկ այդ շքեղ հագուած հոգաբարձունները իրենց խրոխտ եւ հաստատ կեցուացքներով եւ նայուացքներով մնացած են անծանօթ։  Շատ հաւանաբար անոնք եղած են այդ շրջանէն ներս գործող կօշկակարը, թերեւս ատաղձագործը եւ կամ երկաթագործը, որոնք պայմանագրած եղած են մօրս ուսուցչութեան յառաջիկայ ինը ամիսներուն ամսական 75 լիբանանեանով  հրաւիրագիրը, զայն նորոգելու խոստումով եթէ ոււուցչուհին իրենց գոհացուցած ըլլայ իր ծառայութեանբը, ինչպէս կը վկայէ մօրս քով տակաւին պահ մնացած հրաւէր պայմանագիրը։


Ես Էհրամճեան Վարժարանը չեմ յաճախած բայց յաճախ ընկերակցած եմ մօրս, շատ հաւանաբար Շաբաթ օրերը։ Կը ձգէինք այդ քանի մը տարիներուն Արեւմտեան Պէյրութի Զոքաք Իլ Պլաթի մեր բնակած երկու սենեակնոց յարկաբաժինը, ուր մեր ընտանիքը ամփոփուած էր անոր մէկ սենեակին մէջ, իսկ միւս սենեակին մէջ ալ ամփոփուած էր մօրեղբօրս ընտանիքը։ Իսկ մեծ մայրս կը քնանար երկու սենեակներուն միջեւ գտնուող հիւրասենեակին մէջ։ Մի՛ հարցնէք, քանի որ պատասխան չունիմ, թէ ինչպէս մեր երկու ընտանիքները հոն կրցած էին ապաստան գտնել եւ տակաւին երբեմն ալ Քեսապէն օրերով հարազատներ հիւրընկալել։ Բայց այդ օրերուն անբնական կացութիւն մը չէր այդ վիճակը։ Այդ յարկաբաժինին մէջ բնակող երբեմնի պզտիկները այսօր են հոգեբոյժ բժիշկ, դեղագործ, դեղագիտութեան վարդապետութեան տիտղոսաւոր, հիւանդապահունի։


Մօրս հետ մեր տունէն քալելով կը հասնէինք Րիատ Էլ Սոլհ հրապարակը, ուր հանրակառքը առնելով կը հասնէինք Տորա ուրկէ փոշոտ եւ յաճախ ձեխոտ պարտէզներու մէջ արահետներուն վրայէն քալելէ ետք, կը հասնէինք այդ տարիներուն նշանաւոր Էհրամհեամ վարժարանը, որ այդ շրջանին մէջ աղիւսով կառուցուած, մասնաւորաբար դպրոց ըլլալու համար քանի մը սենեակներով օժտուած միայարկ միակ շէնքն էր։ Նորակառոյց դպրոցը մաքրելու պարտականութիւնը ուսուցչուհիներուն էր, ինչպէս նաեւ դասարաններուն պատուհաններուն համար վարագոյրներ կարելը. իսկ երբ ազգին մեծաւորները դպրոց գային, անոնց սպասարկողները նմանապէս դպրոցին ուսուցչուհիներն էին։ Նայեցէ՛ք վերը կցուած լուսանկարին եւ հոն պիտի տեսնէք գոգնոց հագուած ուսուցչուհիներ, որոնք ազգին  մեծաւորները հիւրընկալող սեղանին շուրջ ժպտերես ոտքի կեցած են՝ պատրաստ սպասարկելու։

Ինչ որ իմացած եմ Էհրամճեան եղբայրները ստանձնած եղած են իրենց անունը կրող երբեմնի այդ դպրոցին շէնքին կառոյցին ծախսերը Բարեգորական Միութեան միջոցաւ եւ յանձնած են Ազգային իշխանութեան հուանաւորութեան։ Մայրս այդ նորակաոոյց դպրոցին մէջ դասաւանդելու հրաւէր ստացած էր եւ այսպէս մաս կազմած էր անոր առաջին ուսուցչական կազմին։

Յաճախ մտաբերած եմ այդ եղբայներուն մասին բայց շատ բան չեմ կրցած գտնել։ Նոյնիսկ գրած եմ Բարեգործական Միութեան՝ տեղեկութիւն հաւաքելու։ Հոնկէ ալ յաւելեալ տեղեկութիւններ չեմ կրցած ստանալ։ Դպրոցը շատոնց գոցուած է եւ իմացած եմ որ արհեստանոցի վերածուած է։ Եթէ պատահի որ այս յօդուածը կարդացողներ ըլլան որոնք յաւելեալ տեղեկութիւններ ունին դպրսցին մասին, թող հաճին բաժնել իրենց տեղեկութիւնները մոռացութենէ փրկելու համար Էհրամճեան եղբայրները եւ անոնց շնորհիւ Կաոուցուած երբեմնի Էհրամճեան վարժարանը։

*****

Դոտկ. Զաւէն Մըսըրլեանը՝ իր 3 Ապրիլ 2017 թուակիր նամակով հետեւեալ տեղեկութիւնները յանձնած էր ինծի ակնարկելով երկրորդ լուսանկարին։ Կը տեղադրեմ հոս։

«Էհրամճեան եղբայրներու նուիրատուութիւնը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մէջոցաւ եղած էր։ Դպրոցը շինուելէն ետք յանձնուած էր Լիբանանի թեմի Ազգային Իշխանութեան։ Վեղարաւարը Խորէն Եպս. Է (յետագային Կիլիկիոյ կաթողիկոս) երբ Լիբանանի առաջնորդն էր։ Հոգեւորականները շրջապատողներն են Հ.Բ.Ը.Մ.-ի այդ ժամանակաշրջանի ղեկաւարները եւ Ազգային Իշխանութեան միաւորները։ Հոն նշմարելի են Երուանդ Տէմիրճեանը, Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանը, Բիւզանդ Եղիայեանը, Յակոբ Դաւիթեանը եւ ուրիշներ։ Երբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը Էհրամճեան դպրոցը Ազգային Իշխանութեան տուած էր հանձագիրին մէջ պայման մը կար, որ եթէ դպրոցը փախուէր այն ատեն լրիւ կալուածը պիտի փոխանցուէր Հ.Բ.Ը.Մ.-ին։ Այդպէս ալ եղաւ, երբ Գեղամ Արք. Խաչերեանը առաջնորդ էր, դպրոցը փակուեցաւ ու դպրոցին շէնքը բակով տրուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ին, որ զայն կը գործածէ իրբեւ իր խօսնակը ամսագրի խմբագրատուն, ունի հանրային գրադարան մը եւ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ Էհրամճեան կեդրոնին մէջ ամսական դրութեամբ։» 

Վահէ 1.10.2020