Նախագահ Թրամփին, երկրին վիճակին մասին զեկոյցին առթիւ գրուած, Արա Մխսեանին այս բանաստեղծութեան Անգլերէնի թարգմանութիւնը դժբախտաբար պիտի արժեզրկէ այս շատ տեղեն եւ դիպուկ բանաստեղծութիւնը՝ մեր լեզուին հարուստ բառամթերքին եւ Արա Մխսեան-ին. Հայերէն լեզուին բացառիկ հմտութեան շնորհիւ։ Վաhէ Յ Աբէլեան
Այս իրիկուն ճշմարտութիւնը զեղծուեցաւ
անկեղծութիւնը խարդաւանուեցաւ
ազնուութիւնը վարկաբեկուեցաւ
փափկասրտութիւնը արհամարհուեցաւ
բարեգործութիւնը ծանակուեցաւ
անխղճութիւնը փառաբանուեցաւ
յելուզակութիւնը օրինականացուեցաւ
ոճրագործութիւնը դրուատուեցաւ
խաբէութիւնը խրախուսուեցաւ
Այս բոլորը այս իրիկուն՝ երկու ժամուան պարփակին մէջ
Արա Մխսեան
No comments:
Post a Comment