Վահէ Յ. Աբէլեան
Մանկութեանս Պրն. Եդուարդ Տարօնեանին մասնաւոր ուշադրութեան առարկան եղած եմ պանդոկէն ներս: Այդ օրերէն յիշողութեանս մէջ մնացած են իրմէ պատահարներ: Կը սկսիմ ժամակագրական կարգով:
Մանուկ էի, երբ օր մը ինքզինքս եւ զինք շրջապատուած գտայ ոչ միայն մօրս եւ հօրս կողմէ, այլ նաեւ այլոց կողմէ, Պանդոկին մէջ: Հետեւեալը պատահած էր: Պրն. Տարօնեանը զիս առնելով դուրս սպրդած է պանդոկէն, առանց որ ծնողքիս լուր տայ: Անկասկած՝ անակնկալ մը ընելու համար, տրամաբանելով որ երկուքիս բացակայութիւնը, երբ քիչ առաջ միասին էինք, մտահոգիչ պիտի չըլլար: Ուրեմն, զիս առնելով, Պանդոկին մօտ եղող խանութէ մը ինծի համար նոր զգեստ մը գնած եւ արդէն իսկ զայն հագցուցած էր, երբ վերադարձանք Պանդոկ: Այդ զգեստով լուսանկարուած եմ ծնողքիս հետ իմ առաջին եւ միակ ընտանեկան նկարը, երբ տակաւին եղբայրս որ ինձմէ հինգէն վեց տարիներ փոքր էր, չէր ծնած:
Սուրբ Նշան Ազգային վարժարանէն ներս մանկապարտէզի աշակերտ էի, երբ առաջին անգամ ըլլալով տեսայ զինք պանդոկէն դուրս, դպրոցի բակէն ներս, երբ մենք աշակերտներս շարքի շարուած էինք: Բնազդաբար ուզեցի մօտենալ իրեն, բայց այս պարագային ուրիշ երեւոյթ պարզուած էր ինծի համար: Հոն կանգնած էր խիստ դէմքով մարդ մը, ձեոքն ալ գաւազան մը: Ահաւասիկ այսպէս սորվեցայ որ Պրն. Տարօնեանը դպրոցին տնօրէնն էր: Նախակրթարանի մանկամարդ աշակերտ էինք եւ տնօրէնին գաւազանին սեւցած ծայրամասը մեր երեւակայութեան մէջ նոյնիսկ նմանեցաւ ծայրը ածխացած գաւազանի մը որ շիկացած պիտի հասնէր աշակերտներու բաց ափերուն, եթէ չար ըլլային, թէեւ նման երեւոյթի երբեք չհանդիպեցայ: Դպրոցի տնօրէնի մը խիստ դէմք ունենալը կարծես ընդհանրական երեւոյթ էր այդ օրերուն:
Հայ դպրոցը իր աշխարհը ըլլալու էր: Տարիները անցան, Պրն. Տարօնեանը այս աշխարհէն հեռացած էր, իսկ մայրս կրթական այլեւայլ հարցերու առընչութեամբ յաճախ կը յիշէր եւ կը մէջբերէրՊրն Տարօնեանը, որ միշտ ըսած պէտք է ըլլայ՝ «պետութիւնը հեռու պահեցէ՛ք մեր դպրոցներէն»: Երբ կը կարդամ Charter School-ի մասին ըլլայ այդ Գալիֆորնեայի «Արարատ» կամ Տիթրոյիդի Southfield քաղաքին «Ալէքս եւ Մարի Մանուկեան» դպրոցները, որոնք պետական հովաւաւորութեան տակ են որպէս Charter Schoolներ, միտքս կուգայ Պրն. Տարօնեանին ըսած խօսքը՝ հեռու պահել պետութիւնը հայ դպրոցէն։
Միջնակարգի նոր աշակերտներ էինք, երբ մեզի ըսուեցաւ, որ Պրն. Մինաս Թէօլէլեանը պիտի ըլլայ մեր դպրոցին տնօրէնը: Պրն. Տարօնեանը կաթուած ունեցած էր եւ խնամքի կարօտ էր: Նշան Փալանճեան Ճեմարանին շատ մօտ կար Սափրիչ Ռուբէնը, որ եղած էր իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան սափրիչս, մինչեւ որ իր աշկերտը՝ Մուսթաֆան, որ կատարեալ հայերէն կը խօսէր, բացաւ սափրիչի իր խանութը: Մուսթաֆան մազ կը կտրէր օրուան նորաձեւութեան համաձայն, առաւել խանութը ունէր վերնայարկ մը, ուր մեզի արտօնութիւն կու տար գաղտնաբար սիկարէթ ծխել: Այսպէս, Սափրիչ Ռուբէնը կորսնցուց մեզ՝ իր նախկին յաճախորդները, երբ մեր երիտասարդութեան սեմին հասանք:
Սափրիչ Ռուբէնին տունն ալ Ճեմարանին եւ մեր տան մօտ էր: Մայրս կ’այցելէր իրենց այցելելու համար Պրն. Տարօնեանը, որ Սափրիչ Ռուբէնին կնոջը հոգածոււթեան յանձնուած էր կաթուածէն ետք: Եբրեմն ես ալ կ’ընկերանայի իրեն, իր պատուէրով: Այդ այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին էր, որ Պրն. Տարօնեանը տեսայ այնպէս ինչպէս շատ հաւանաբար ոչ ոք տեսած ըլլար զինք:
Պատշգամը նստած էինք, ուրկէ կ’երեւէր փողոցը: Այնպէս պատահեցաւ որ այդվայրկեանին փողոցէն հեւքոտ կը քալէր մէկը, որ բեռնակրի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Ձեռքին կարտոպրակ մը: Յանկարծ Պրն. Տարօնեանը յուզուեցաւ: Անշուշտ որ չեմ յիշեր բառերը եւ ոչ ալ կ’ուզեմ անտեղի զգացումներ տալ պատահարին, բայց հետեւեալին նման բան մըն էր, որ ըսաւ Պրն. Տարօնեանը՝ «Հէ՛յ մարդ, դուն չես գիտեր որքան հարուստ մարդ մըն ես. կ’երթաս տունդ, ուր քեզի կը սպասեն կինդ եւ զաւակներդ, որպէսզի անոնց հետ միասնբար ճաշես…»։ Ոչ թէ միայն յուզուեցաւ, այլ սկսաւ հեծկլտալ: Մայրս միջամտեց որ նիւթը փոխէ։ Աւելի մանրամասնութեամբ չեմ յիշեր այդ այցելութիւնը:
Տարիներ ետք տեղ մը կարդացի լուսահոգի Արքեպիսկոպոս Մեսրոպ Աշճեանի մէկ գրութիւնը, ուր ան կը ներկայացնէր Պրն. Տարօնեանը որ եղած էր նմանապէս իր տնօրէնը: Հոն էր որ իմացայ, ինչպէս որեւէ երիտասարդ, ան ալ զերծ չէր մնացած սիրոյ բաբախումներէն, բայց չէրամուսնացած եւ մեռաւ ամուրի:
Վերջին այցելութիւնս իրեն եղաւ 1962ին, երբ շրջանաւարտ եղայ Սուրբ Նշան Ազգային վարժարանէն: Կարգ մը րջանաւարտներով եւ ինքնակամ գացինք իրեն՝ մեր երբեմնի տնօրէնին այցելութեան: Սափրիչ Ռուբէնին տիկնոջը օգնութեամբ կրցաւ գալ հիւրասենեակը: Տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէր: Մէկ կողմը կարծես ամբողջովին անզգայ եղած էր: Նոյն կողմի աչքն ալ կարծես նմանապէս անզգայ էր եւ պահուած էր ակնոցին անթափանց ապակիին ետեւ: Այս անգամ ես էի որյանկարծ փղձկեցայ եւ սկսայ հեկեկալ: Տիկինը զիս հիւրասրահէն դուրս հրաւիրեց: Այդպէս եղաւ վերջին այցելութիւնս իրեն:
Քանի մը ամիսներ առաջ Քալիֆորնիա Կլէնտէյլ քաղաքի գրադարանին բաւական ճոխ հայկական բաժնին մէջ հանդիպեցայ Պրն. Եդուարդ Տարօնեանին գրած գիրքերէն մին: Պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն էր, ուր Ստոյիկեան դպրոցի նկարագրութիւն կար: Կրկին անգան յիշեցի մօրս հետ իրեն մեր այցելութիւնը։ Ահաւասիկ տասնամեակներ ետք չեմ կրնար մտահան ընել, որ Պարոն Տնօրէնի հանրային պատկերին ետին կար մարդ մը որ շատ սուղ վճարած եղաւ իր ազգանուէր ծառայութեանը համար։ Անկասկած որ իրը բացառութիւն չէր: Յետ եղեռնի սփիւռքը դիւրին-դիւրին մէջտեղ չեկաւ եւ խլեց իր ալ զոհերը:
Վերջացնելէ առաջ յիշեմ, որ տակաւին կը պահեմ Պրն. Տարօնեանին կողմէ ստորագրուած Սուրբ Նշան Մանկապարտէզի շրջանաւարտութեան վկայականս, որուն պատկերը կցած եմ հոս։
Կը կցեմ նաեւ իր մահուան հիսնակեանին առթիւ Լեւոն Շառոյեանին յիշատագրութիւնը որ լոյս տեսած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ (August 8, 2017)։
«….. Եւ ճի՛շդ հոս ես պիտի ուզեմ ոգեկոչել տարօնցի երկարամեայ ուսուցիչ, գրաբարագէտ եւ արձակագիր ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՐՕՆԵԱՆԸ (1896-1967):
Մոռցուած անուն մըն է ան ալ, շատերու նման: Նոր ու միջին սերունդները ոչինչ լսած են իր մասին: Թերեւս զինք յիշեն լոկ Պէյրութի Ս. Նշան Ազգ. վարժարանի հին շրջաններու աշակերտները, որովհետեւ Եդ. Տարօնեան 1942-57 տնօրէնի պաշտօն վարած է այնտեղ:
Տարօնեան ծնած էր Բաղէշի (Պիթլիս) Խուլթիկ գիւղը: Հետագային (1961) ան արդէն պիտի անմահացնէր իր գիւղին անունը` պատրաստելով ու հրատարակելով անոր ինքնուրոյն բարբառին նուիրուած ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը, որ յագեցած էր ազգագրական ծանօթութիւններով:
Եդուարդ Տարօնեան պատանի տարիքին Պոլիս գալով` նախ յաճախեր էր Էսայեան վարժարան, յետոյ ալ աշակերտեր էր Յովհաննէս Հինդլեանի Նոր դպրոցին` այնտեղ ուսուցիչ ունենալով Եղիշէ եպս. Դուրեանն ու Դանիէլ Վարուժանը, որոնք խմորեր էին իր մէջ գրականութեան ճաշակը եւ հին ու նոր լեզուներու հանդէպ սէրը:
Եղեռնի շրջանին անցեր էր Ժընեւ` հետեւելով «Ժան Ժաք Ռուսօ» մանկավարժական հիմնարկի դասընթացքներուն` հոնկէ վկայուելով 1919-ին: Այդ թուականէն սկսեալ, աւելի քան 35 տարի ինքզինք ամբողջովին պիտի նուիրէր ուսուցչական ասպարէզին` Պոլսէն Ժընեւ, Հալէպ եւ Պէյրութ:
Գրած է պատմուածքներ, որոնք նախ լոյս տեսած են Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի»ամսագրին մէջ եւ այլուր, յետոյ ալ մէկտեղուած են առանձին կողքի մը տակ («Համասփիւռ»,1959):
Մշակած է նաեւ մանկապատանեկան պատմուածքներ, որոնց մէկ մասը ամփոփած է «Մանկապատում» վերնագրով ժողովածուի մը մէջ (1952), զոր պատկերազարդած է ծաղրանկարիչ Տիրան Աճեմեանը: Այս հատորին յառաջաբանին մէջ Տարօնեան կը խոստովանէր, որ իր պատմուածքներուն ոճը իրական իմաստով մանկական չէ, բայց կ՛աւելցնէր.
‘Հայ մայրն է, որ յանձն պիտի առնէ այս գիրքը կարդալ ու բացատրել իր ծունկերուն փարած երեխաներուն, եւ այս պատկերն ալ ուրախառիթ է: Այս ձեւով, հայ մայրը իր մանուկներուն սիրոյն, պահ մը ի՛նքն ալ պիտի մանկանայ, եւ ինչպէս որ ամէնէն դժուարամարս սնունդը մայրական կուրծքին մէջ կը հրաշափոխուի անուշ ու արդար կաթի, այսպէս ալ այս պատմուածքներու լեզուն հայ մօր շրթունքներէն անցնելով` մտերմիկ ու դիւրըմբռնելի զրոյցի մը պէս պիտի շոյէ ականջները իր մանկիկին:’
Տարօնեան հմուտ էր ֆրանսերէնի ու, առ այդ, կատարած էր թարգմանութիւններ, ինչպէս` Անտրէ Տիւմայի «Յաւերժական ներկայութիւն»-ը:
1944-ին, հրապարակագիր Մանուկ Ասլանեանի մահէն ետք, Եդ. Տարօնեան ամբողջ տարի մը ի՛նք է որ ստանձնած էր Պէյրութի «Ազդարար» շաբաթաթերթին խմբագրականները գրելու պարտականութիւնը` դրսեւորելով ազգային ու քաղաքական հարցերու խոր հմտութիւն:
Եղած է շատ պարկեշտ մտաւորական մը` ապրելով գրեթէ աննշմար:
1957-ին կաթուածահար կ՛ըլլայ ու շուտով ալ կը կորսնցնէ իր զոյգ աչքերուն լոյսը, ըստ կարգ մը հաւաստի վկայութիւններու, տարիներ առաջ գլխէն ստացած տմարդի ու վայրագ հարուածի մը պատճառով, հայանուն մարդոց ձեռամբ… Այդ վիճակով ճիշդ տասը տարի կ՛ապրի շատ տառապալից կեանք մը` անկողինին գամուած ու առանց ընտանեկան խնամքի: Կը մահանայ Ազունիէի (Լիբանան) հայոց բուժարանը, 25 հոկտեմբեր 1967-ին:
Մ. Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն»-ի անդրանիկ տպագրութեան Բ. հատորին մէջ (1956, Գահիրէ), տեղ տուած է Տարօնեանին` կենսագրականով ու սիրուն պատմուածքով մը: Անդրանիկ Ծառուկեան, որ աշակերտած է իրեն Պէյրութի Հայ Ճեմարանը, իր մահուան վաղորդայնին ոգեկոչած է զինք «Նայիրի» շաբաթաթերթին մէջ (5 նոյեմբեր 1967): Իսկ տարիներ անց, իր վաղեմի ուրիշ մէկ աշակերտը` Մեսրոպ արք. Աշճեան, Փարիզի «Յառաջ»-ին մէջ ընդարձակ յօդուածով մը (19-21 յուլիս 1996) վեր հանած է այս «մոռցուած դէմք»-ին արժանիքները` դպրոցական օրերէ յամեցող քաղցր յուշերով:”
No comments:
Post a Comment