V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, February 16, 2024

Արմենակ Եղիայեան ՝ Այսպէս ալ կարելի էր գրել (.7 ) - օրինագիծեր, նախագիծեր, երկաթգիծեր, ուղեգիծեր,

 

Կարելի էր այսպէս ալ գրել (7)

***Ճիշդ կիրարկութեան շնորհաւորելի օրինակ.

--Երիտասարդութեան հոգեկանին վրայ տիրապետեցին երկու կարգախօսեր (էջ 5): 

--Շնորհիւ այդ կարգախօսերու ներգործութեան էր, որ...  (Միհրան Քիւրտօղլեան, «Ազդակ», 16/2/24,էջ 6):

Կը շնորհաւորենք յօդուածագիրը իր այս ճիշդ կողմնորոշումին համար:

--կարգախօսեր՝ երով,  կը նշանակէ  նշանաբաններ:

--կարգախօսներ՝ ներ-ով, կը նշանակէ կարգով խօսողներ... որ այլանդակութիւն մըն է, սակայն եւ այնպէս շատ ու շատեր կը գրեն ներ-ով[1]:

Իրենք կը գրեն, մեր   թերթերն ալ սիրայօժար... կը տպեն:

                                                      *   *   *

Կը պատրաստուէի շնորհաւորել  օրինագիծեր-ի կիրարկութիւնը եւս (անդ, էջ 2), սակայն վրայ  հասաւ նախագիծներ-ը (14/2/24, էջ 4) եւ փճացուց ամէն տրամադրութիւն:

Արդեօք այնքան դժուար է քիչ մը տրամաբանել, որ գիծ կու տայ գիծեր/գծեր, ուրեմն պիտի ունենանք՝  օրինագիծեր, նախագիծեր, երկաթգիծեր, ուղեգիծեր, ուղղագիծեր, նկարագիծերկամ՝ օրինագծեր... եւ   այլն:

 

***Կարենալ

Ես ձանձնացայ այս բային մասին խօսելէ, իսկ մեր մամուլը չձանձնացաւ զայն աղաւաղելէ, ընդհակառակը՝ վերանորոգ թափով  կը  ցուցադրէ զայն:

--Իսրայէլ նպատակները չկարենալ իրագործելու պատմութիւն մըն է որ կ’ապրի («Ազդակ»,14/2/24, էջ 1): 

--Առաջնորդը ըսաւ՝ աշխարհի հարցերը կարենալ լուծելու եւ խաւարը կարենալ փարատելու համար պէտք է ունենանք լոյս («Ազդակ», 16/2/24, էջ 3):

Առաջինը պէտք է ըլլայ՝ իրագործել չկարենալու, երկրորդը՝ լուծել կարենալու եւ  փարատել կարենալու:

            Կարենալ բային կից դրուող անորոշ դերբայը ՄԻՇՏ անփոփոխ կը մնայ՝ եգիպտական մոմիայի նման:

 Այսպէս՝

--իրագործել կարենալ                        --իրագործել չկարենալ

--իրագործել կարենալու                     --իրագործել չկարենալու

--իրագործել կարենալէ                      --իրագործել չկարենալէ             

--իրագործել կարենալելով                             --իրագործել չկարենալով

--իրագործել կարենալու համար          --իրագործել չկարենալուն համար

--իրագործել կրցած ծրագիրը              --իրագործել չկրցած երազները

Կը մնայ, որ արեւմտահայերուս մոմիացած ուղեղները... զարթնուն ի մահացու քնոյ իւրեանց եւ ցուցանեն արժանապատիւ  նշան կենդանութեան:

 

***Միջազգային օրէնքը մեզի կը պաշտպանէ (անդ, 14/2/24, էջ: 1):

Պաշտպանել բայը ներգործական է եւ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ. ուրեմն՝ մեզ կը պաշտպանէ:

 

***[Իսրայէլ] հազար հաշիւ կը կատարէ Լիբանանի դէմ  զինուորական գործողութիւն կատարելու առումով (անդ):

Այսինքն՝  կը կատարէ...կատարելու առումով:

Այս ի՞նչ մտածողութիւն է,  ի՞նչ  լեզու է, ի՞նչ հայերէն է:

Ո՞ւր պիտի հասնինք, ո՞ւր պիտի տանին մեզ  այս լեզուամտածողութեամբ, այս շարահիւսութեամբ ու բառամթերքով:

Կարելի չէ՞ր պարզ ու մէկին գրել՝ «Իսրայէլ հազար կը հաշուէ...զինուորական գործողութիւն կատարելու առթիւ»:

Այս առումով-ն ալ նոր բուսաւ.  գծով-էն, հարց-էն, վերաբերեալ-էն, իմատտով-էն օձիքնիս ազատած չէինք,  հիմա  անոնց վրայ աւելցաւ աղ ու պղպեղ առումով կոչեցեալը,  որ ամէն տեղ կը ցանուի:

 

***Ինք  ասպարէզէն հեռանալու իր որոշումը յետս չէ կոչած (անդ, էջ 2):

Երբ ինք  ասպարէզէն հեռանալու կամ չհեռանալու  որոշում  կու տայ, ապա յստակ է, թէ ի՛րորոշումը կու տայ եւ ո՛չ ուրիշի՛ մը. հետեւաբար աւելորդ է իր դերանունի յիշատակումը: Անգլերէնը, ֆրանսերէնը,  հաւանաբար արաբերէնն ալ այս պարագային  կը կիրարկեն իր-ը՝ իրենց ձեւաբանութեան պարտադրանքով, մինչ հայերէնի ձեւաբանութեան համար ծանր ու ծանծաղ բեռ մըն է այդ իր-ին յիշատակումը:

 

***յաճախակիօրէն (անդ, էջ 2), անպայմանօրէն (անդ, էջ 6)...

Յաճախակի եւ անպայման արդէն մակբայ են, ա՛լ պէտք չկայ երկրորդ անգամ մակբայացնել զանոնք օրէն-ով: Մակբայը վերամակբայացնելը համազօր է երկու գլխարկ կամ երկու փողկապ համատեղ կրելու, դուք ըսէք՝ երկու կնիկ միատեղ առնելու:

Խէրը տեսնէք:

 

***Յօդուածին մէջ լրագրողը կիսուած է  նաեւ իր տպաւորութիւններով (անդ, էջ 4):

Սա մաքուր ռուսեէրէն է:

Ռուսամոլ   ու  այլասերած  արեւելահայու կամակոր ու կամազուրկ կապկում, որ առատօրէն կը բաշխուի արեւմտահայ թերաճ միտքերու ու գրիչներու՝

Իբրեւ վերջին նորաձեւութիւն...

                                    


[1] Ականջը խօսի  Նուազի լը Գրանդի աւատապետինոր իր կարգին կը գրէ կարգախօսներ:

No comments:

Post a Comment