V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, January 26, 2024

Կառքը ձիուն առջեւը լծել ՝ put the cart before the horse

 վահէ Յ Աբէլեան

 

Պլակին վերնագիրը Ամերիկեան խօսք մըն է որուն պիտի անդրադառնամ։

Եթէ առաջին ակնարկով ՝ Հայրենիք» շաբաթաթերթին վերջին – Յունուար 24, 2023 - խմագրականին հեգնական վերնագիրը՝ «Թաւշեայ Սահմանադրութի՞ւն» կարդալով ընթերցողը չէ կրցած պատկերացնել խմբագրականին խորքը՝ հապա անոր առաջին երկու տողերը կարդալով, ընթերցողը անպայման կը պատկերացընէ որ խմբագրականը՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կասկածի տակ դնել է եւ անոր վարչապետը՝ Նիկոլ Փաշինեանին ենթադրեալ «նենգամտութիւնը» պախարակել։

 Այդ խմբագրականին առաջին երկու տողերը հետեալներն են՝

«Դեռ որքա՞ն կարելի է խաբել։» 

Դեռ որքա՞ն կարելի է խաբուիլ։

Պարզ է չէ՞, վարչապետը կը շարունակէ խաբել ժողովուրդը եւ ժողովուրդ կը շարունակէ խաբուիլ վարչապետէն որուն խմբագիրը կ՚ակնարկէ որպէս  «ազգընտիր»։ Այո, վարչապէտը ազգընտիր է։

Այդ երկու հարցումներուն առընչութեամբ, «Հայրենիք» շաբաթաթերթին խմբագիրը մէջբերած է Ալպէրթ Այնշթայնին (1879-1955) ըրած  յայտարարութիւն մը որ աղերս ունի Ամերիկայի սահմանադրութեան հետ։ Երբ անոր հարց տուած են թէ իր կարծիքով, որո՞նք են քաղաքացիին պարտականութիււնները՝ պաշտպանելու համար Ամերիկայի աւանդական ազատությունները, ինչպես նշուած են սահմանադրութեան   «իրաւունքներու օրինագիծ»-ին մէջ՝ «Bill of Right.”։ Մեծ գիտնականին պատասխանը եղած է այն ինչ որ մէջբերած է խմբագիրը՝

«Սահմանադրութեան ուժը՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի կողմէ զայն իր ամբողջութեանը մէջ կատարելապէս պաշտպանելու վճռականութեան մէջն է։ Սահմանադրական իրաւունքները կ’երաշխաւորուին միայն այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր պարտաւորութիւնը նկատէ իր բաժինը կատարելու՝ զայն պաշտպանութեան գործին մէջ»:

Ի՞նչ կ՚ըսէ Ալպէրթ Այնշթայնը այդ  յայտարարութիւնբ՝

Յայտարարութինը կը նշէ որ՝ «սահմանադրական իրաւունքները կ’երաշխաւորուին միայն այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր պարտաւորութիւնը նկատէ իր բաժինը կատարելու զայն պաշտպանելու գործին մէջ։» Հոս պէտք է ճշդեմ որ յարգելի խմբագիրը, ինծի նման, Հայաստանի քաղաքացի չէ. Հայաստան չի բնակիր. Հայաստանի հզորացման իր մասնակցութիւնը չի բերեր իր հանապազօրեայ աշխատանքէն մաս մը կառաւարութեան յանձելով որպէս տուրք կամ հարկ։ Նմանապէս ինք եւ իր ընտանեկան պարագանները երբեք Հայաստանի բանակին զինուորագրուած ըլլալու պարտաւորութիւնը չեն ունեցած եւ չունին, ինչպէս է նաեւ իմ պարագայիս։  Հետեւաբար ես եւ խմբագիրը Հայաստանի սահմանադրութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութիւնը չունինք եւ չենք կրնար ունենալ։ Անհրաժեշտ կը նկատեմ որ նման քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն սփիւռքահայը գիտակից ըլլայ` նշէ զանոնք, յարգէ, եւ պատուէ այդ պատասխանատուութիւնները ստանցնող Հայաստանի քաղաքացինները որոնք պիտի կրեն երկիրը կառավարող սահմանադրութեան հետեւանքները։

Գալով Հայաստանի քաղաքացիներուն, անոնք Սեպտեմբեր 21, 1991-ին, Սովետական Սովետական Հայաստանը հռչակեցին ազատ եւ անկախ եւ 1995-ին որդեգրեցին հանրապետութեան սահմանակդրութիւնը։ Ապա՝ բարեփոխեցին զայն 2005-ին։ Իսկ 2015-ին հիմնովին յեղաշրջեցին սահմանադրութիւնը զանց ընելով նախագահական դրութիւնը ի նպաստ ներկայ վարչապետական դրութեան։ 

Սահմանադրութեան մը փոփոխութիւները, անբնական երեւոյթներ չեն ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերը՝ քանի մը տասնեակ անգամ բարեփոխած է իր սահմանադրութիւնը անոր կցելով այդ փոփոխութիւնները որոնք կը կոչուին «amendment», այսինք բարեփոխում։ կրնայ ըլլալ որ այդքան ալ բարի փոփոխութիւն չըլլայ եղածը, երկրորդ բաեփոխութեան ակնարկելով։ Բայց այդ ուրիշ հարց։

Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան պէտք է ենթարկուի։ Ան մնանապէս նշեց որ կառավարման ձեւի փոփոխութիւն պիտի չըլլայ եւ վարչապետական դրութիւնը պիտի պահուի, բայց փոփոխութիւններու պէտք է որ ենթարկուի։ Այդ յայտարարութիւնը սպասելի էր որ պարարտ առիթ մը ըլլայ հակադրութեան, եւ եղաւ արդէն։

Ըստ երեւոյթին Հայրենիքի խմբագիրը համոզուած է որ 2015-ին Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՝ որ հիմնական յեղաշրջում մը եղաւ նախագահական դրութիւնէն դէպի վարչապետական դրութեան, այնքան կատարեալ է որ քանդակուած պիտի մնայ Հայաստնաի հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար, իսկ ներկայիս փոփոխութեան առաջարկը համազօր է խաբելու եւ խամբուելու։ Անոր համար է որ  հետեալ Ամերիկեան ասոյթը միտքս եկաւ՝ «put the cart before the horse»՝ հայերէնով կարելի է ըսել «կառքը ձիուն առջեւ լծել» եւ որոշեցի զայն օգտագործել որպէս «պլակ»-իս վերնագիրը։ Ըսուածը այն է որ նախ քան գործը հասկցած ըլլալը, գործին հանդէպ արդէն տրամադրուած ըլլալ։ 

 Տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ է որ կ՚առաջարկուի Հայաստանի քաղաքացիներուն որոնք արդէն երեք անգամ Հայաստանի սահմանադրութեան քուէարկած են։  Բնականաբար Հայաստանի քաղաքացիներուն կ՚իյնայ առաջարկուած փոփոխութեան ի նպաստ քուէարկել ինչպէս ըրին 2015-ին, կամ  մերժեն։

Խելամտութիւնը կը պահանջէ փոփոխութեան առաջարկները եւ օրէնսգէտերուն մեկնաբանութիւնները նախ կարդալ, ապա  փոխութեան առընչութեամբ առաջարկներ կամ հիմնաւորուած կարծիքներ ներկայացնել։

Ծանօթ՝ « Այդ երկու հարցումներուն առընչութեամբ,.....» տեղեկագրական յատուածը վերամշակած եմ։ 

        Վահէ Յ Աբէլեան


 

No comments:

Post a Comment