Յակոբ Եափուճեան
Տեղադրած հատուածը վերարտադրած եմ Յակոբ Եափուճեանի՝ «Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմաբգիրը, Գործիչը, Ղեկավարը» գիրքէն։
Մարտ ամսուան ցուրտ օր մըն էր խենթ քամի մը կը փչէր երբ երեկոյեան գործէս վերադարձայ։
Հազիւ տուն մտած՝ հեռաձայնը հնչեց։ Մայրս էր, հարց կու տար թէ այդ օր աօաւօտ Պուրճ Համուտի մէջ պատահած ոճիրէն տեղեա՞կ էի, արդիօք յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունէի՞, թէ հօրաքրոջ թոռը՝Պուրճ Համուտի ծանօթ գոհարավաճառ Հրանդ Քիւրքճեանը իր գործատեղիին մէջ սպանոուած էր։
Պատասխանեցի, որ պատահած ոճիրէն տեղեակ չէի՝ խոստանալով անմիջապէս հետաքրքրուիլ եւ զինք տեղեակ պահել։
Պատահած ոճիրին մասին հարցընելու եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար անմիջապէս հեռաձայնեցի Երուանդ Մոնոֆարեանին, որ ԿԿ-ի հերդապահն էր։ Ընկ. Երուանդ մտահոգ ձայնի կշռոյթով մը ըսաւ.
- «Այդ ոճիրին կողքին ծանրակշիռ ու հրատապ այլ խնդիր ալ կայ. Ընկ. Սարգիսը մէջտեղ չկայ, շուտ «Սարտարապատ» եկուր, ժամը 7.00-ին կկ-ը եւ Երեսփոխանական պլոքը բացառիկ նիստի հրաւիրած եմ, հեռաձայնով երկար չխօսինք, ունեցած տեղեկութիւններս ժողովին կը փոխանցեմ։»
Անձկութիւն մը պատեց զիս։ Մըտաբերեցի ընկ. Մարուխեանին մէկ արտայայտութիւնը, որ առիթով մը ինծի ըսած էր. «Սարգիսին կ՚ըսեմ որ քալելով տունէն ակումբ չգայ, որ՝ ընկերակիցը իբրեւ վարիչ չգործածէ, որ՝ այս օրերուս բոլորս անխտիր թիրախ ենք, մտիկ չ՚ընէր։»
Անմիջապէս ուղղուեցայ «Սարդարապատ» ամումբ՝ մտածելով որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ Լիբանահայ գաղութը ծանր կացութիւններ կը դիմագրաւէ՝ ընկ. Աբոյին արեւանգում, ընկ. Էպլիղաթեանի մահափորձ, ընկ Նշան Ճոզիկեանի արեւանգում, ընկ. Պասմաճեանի սպանութիւն։ Դէպքեր, որոնք կը յիշեցնեն կուսակցական պայքարներու հին օրերը, երբ առաջնահերթութիւնը այսօր գաղութի ապահովութիւնն է, հայութեան միասնականութիւնը ու Հայ Դատի պայքարը։
Ինծի համար ընկ. Սարգիսը առեաւնգողներուն հասցէն յաստակ էր՝ այդ մէկը Գաղտնի Բանակի ծայռայեղ ձախակողմեան թիւն էր, որ Պաղեստինի ազագագրութեան կազմակերպութեան ծայրահեղական խմբակներու հետ գործակցաբար միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալ դարձած էր եւ Դաշնակցութեան հարուածելով՝ կը միտէր ոչ միայն տկարացնել սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութը, այլ արգելակել Հայ Դատի հետապնդումը։
Քշած ատենս կը մտածէի հակադարձ միջոցներու կարելիութիւններուն մասին, որպէսզի կարենայինք ընկ. Սարգիսը ազատել։ Նման խառն միտքերով Պուրճ Համուտի մութ փողոցներով մտայ «Սարդարապատ» ակումբ, ուր արդէն ներկայ էին ընկ. Երուանդը, ընկ. Ազնաւուրեանն ու տոքթ. Մանուկեանը։
Ընկ. Ազնաւուրեանի դէմքը իր սովորական, անժպիտ, խիստ ու լուրջ բնոյթը ունէր։ Ընկ. Մոնոֆարեանը սիկարէթ կը ծխէր՝ ջղային իւրայատուկ մտահոգութեամբ, որ իր մօտիկները միայն կրնան տեսնել ու կռահել։
Քիչ ետք հասան Կկ-ի միւս ընկերները, Լիբանան գտնուող Բիւրոյի ընկերն ու պրն. Խաչիկ Պապիկեանը։
Նիստը բանալով՝ ընկ. Երուանդը զեկուցեց, որ ժամը 4:30-ի մօտերը Սագոյին (Սարգիսեան) կինը՝ Զուարթը, իր գրասենեակը հանդիպած է ըսելու համար որ ընկ. Զէյթլեանենց տունէն կու գայ եւ յայտարարած՝ տիկ. Սոնային մտահոգութիւնը որ ընկ. Սարգիսը կէսօրին ճաշի համար տուն չէ գացած եւ մինչեւ այդ ժամը անկէ ոչ մէկ լուր ունի։
Ընկ. Երուանդը հեռաձայնած է «Դրօշակ»-ի խմբագրական կազմի տղոց ու անոնցմէ հաստատած, որ այդ առաւօտ ընկ. Սարգիսը գրասենեակ չէ գացած։ Ընկերները ընկ. Սարգիսի բացակայութիւնը նկատած են, սակայն մտածելով որ այդ մէկը այլ զբաղումքի պատճառով կրնայ ըլլալ, չեն մտահոգուած։ Ընկ. Երուանդը նաեւ կարելիութիւնը ունեցած է հեռաձայնային կապով խօսիլ տիկ. Սոնային հետ, որ փոխանցած է կարգ մը տեղեկութիւններ, յատկապէս՝ շէնքի պահակէն քաղուած։
Շարունակելով զեկուցումը՝ ընկ. Երուանդը ըսաւ որ առեւանգումը կատարուած է Ճեմարանի մուտքէն քիչ առաջ, ՀՄԸՄ-ի ակումբ տանող Տաուտ Փաշա ճամբուն վարի անկիւնը։
Ըստ ականատեսներու, որոնցմէ մէկը՝ մօտակայ խանութպան մը, երկու ինքնաշարժեր առաւօտեան ժամը9:30-ի ատենները ընկ. Սարգիսին ինքնաշարժին առջեւը կտրելով՝ ստիպած են, որ իրենց հետեւի եւ Հիւսէյն Պէյհում փողոցով ուղղուած են դէպի մզկիթի ուղղութեամբ։
Զեկուցումի լոյսին տակ տեղի ունեցաւ կարծիքներու լայն փոխանակում։ Շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն թիւը մեծ էր՝ Պաղեստինեան այլազան հոսանքներու խմբաւորումներ, ղովմիներ, համայնաւարներ, յառաջդիմականներ։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր բազմաթիւ ճիւղաւորումներ, որոնք յաճախ կը գործէին իրենց կեդրոնէն անկախ։ Առեւանգումը կրնար կատարուած ըլլալ այս ճիւղաւորումներէն որեւ մէկուն կողմէ, որոնց հետ մեր յարաբերութիւնները վերիվայրումներ ունէին։
Առաջարկուեցաւ խօսիլ Փաղանքաւոր կուսակցութեան ղեկաւար Փիէռ Ժեմայելի հետ՝ գիտնալու համար, թէ իրենզ գաղտնի սպասարկութիւնները արիօք որեւէ տեղեկութիւն ունէի՞ն կատարուած առեւանգման մասին, ինչպէս նաեւ՝ տեսակցութիւն մը ունենալ ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկաւար Ուալիտ Ժոնպլաթի հետ։ Յառաջդիմականները՚ շջանի ազդեցիկ գլխաւոր ուժը կը հանդիսանային եւ անպայման կրնային տեղեակ ըլլալ իրենց շրջանակին մէջ կատարուած գործողութիւններէն։
Իմ կարգիս՝ ձայն առնելով արտայայտուեցայ, որ ցարդ կատարուած դէպքերու շղթան նկատի ունենալով՝ ընկ. Սարգիսի առեւանգումը պէտք է տեսնել Գաղտնի Բանակին կողմէ կատարուած արարքներու շարքին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք կարճ ժամանակի մը առաջ Պուրճ Համուտ «Սարդարապատ» ակումբէն ոչ հեռու, կուսակցական երէք ընկերներու խանութնհերուն ականահարումը, ինչ որ նախանշան պէտք է նկատել այդ գործակալներու արարքներուն, եւ առաջարկեցի որ ընկ. Սարգիսը կարնեալ անմիջապէս վերադարձընելու համար պէտք չէ վարանինք մեր հասողութեան ծիրին մէջ գըտնուող Գաղտնի Բանակի անդամները «Սարդարապատ» ակումբը բերել, դիմակազերծել տեղական լըրատուամիջոցներու ներկայութեան ու սպառնալ անոնց՝ պայմանաժամ տալով, որ ամենակարճ ժամանակամիջոցին ընկ. Սարգիսը ազատ արձակեն։
Առաջարկը կարգ մը ընկերներու եւ Բիւրոյի ընկերոջ կողմէ շատ ծայրահեղ թուեցաւ։ Անոնք նման գործողութիւն մը կը նկատէին մեր կողմէ ներազգային համերաշխութեան պառակտումի նախաձեռնութիւն, որ կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ եւ նպաստել միջազգային ուժերու նկրտումներուն։
Այն ատեն ՀՅԴ ղեկաւարութեան մօտ առկայ էր այն մտածողութիւնը որ Գաղտնի Բանակը կրնար սխալներ գործել եւ ունենալ տարբեր ուղի եւ գործելաոճ, սակայն ինքզնինք իրբեւ հայկական շարժում նկատուող հաւաքանութիւն՝ չէր կրնար որ իրենց հիմնական նպատակներէն շեղելով՝ հարուածէին հայեր, մանաւանդ դաշնակցական ղեկաւարները։
Դաշնակցութիւնը պէտք էր մնար իր բարոյական սկզբունքներու բարձրունքին եւ ըլլար զուսպ։ Մեր հակազդեցութիւնը պէտք էր ըլլար կշռադատուած, հեոու եղբայրասպան կռիւներէ, որովհետեւ հայութիւնը թեւակոխած էր քաղաքական հասունացման փուլ, եւ համազգային խնդիրներու համար ստեղծուած էր համահայկական մտածողութիւն, որ դրսեւորուած էր քաղաքացիական պատերազմի օրերու հայկական կուսակցութիւններու կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեամբ, եւ պէտք էր արգիլել, որ հայութեան այդ ազգային դրական կեցուացքը տժգունէր անպատասխանատու տարրերու գործունէութեամբ։ Դաշնակացական ղեկաւարութեան վերոյիշեալ վարքագիծը պատճառ եղաւ, որ շատ սուղ վճարենք, որովհետեւ հայանուն գործակալներու անարգ արարքները շարունակուեցան, եւ մենք կորսնցուցինք Սարգիս Ազնաւուրեանի, Վիգէն Պետրոսեանի, Թաթուլ Սուրեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի, Ներսես Խիւտավերտեանի, Յակոբ Պարսումեանի եւ Զաւէն Թաշճեանի նման արժէքաւոր ընկերներ։
No comments:
Post a Comment