V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, September 16, 2022

«Ցաւդ տանեմ, Արցա՛խ սիրելի»

 Վահէ Յ. Աբէլեան

Լեւնոն Շառոյեան իր Նոյեմբեր 12, 2020-ին «Ցաւդ տանեմ, Արցա՛խ» վերնագիրով տեղադրութիւն մը ըրած էր Ֆէյսպուքի էջին վրայ, ուր նշած էր Թրքական հեռատեսիլէն յաղթական Թուրքիոյ ցնծութիւնը։ (https://vhapelian.blogspot.com/2021/08/is-not-june-20-2021-election-armenias.html )

Կը մէբբերեմ թրքական պատկերասփիւռէն եղած հաստատումներէն փունջ մը որ ներկայացուցած էր Լեւոն Շառոյեանը՝։

«-Այս յաղթանակին մէջ Թուրքիոյ դերը ուղղակի առանցքային եղաւ։ Մե՛նք է որ մարզեցինք ազերի բանակը, մե՛նք է որ արդի սարքերով զինեցինք զայն։ Ասիկա գաղտնի պահելու պէտքը չենք զգար այլեւս։

-Ատրպէյճանի տարած այս փառաւոր յաղթանակին մէջ՝ կրնանք ըսել որ ազերիներու կողքին կեցաւ նաեւ նախագահ Փութին։ Շնորհակալ ենք իր արդարամիտ կեցուածքին համար։

-Քանի մը օր ետք՝ Աղտամի շրջանէն ընդմիշտ պիտի հեռանան հայ գրաւեալ ուժերը, ըստ Նոյ. 10-ի համաձայնագրին։ Շուտով 150 հազար նախկին աղտամցիներ պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրերը ու այդպիսով՝ շրջանը պիտի վերստանայ իր ազերիական հարազատ դիմագիծը։

-Նախիջեւանը այլեւս լա՜յն շունչ պիտի առնէ։ Թուրքիա Կարսի ու Նախիջեւանի վրայով այսուհետեւ ցամաքային կապ ու կամուրջ պիտի ունենայ եղբայր Ատրպէյճանի հետ։ Այս կենսական միջանցքով՝ մեր առջեւ բացուած պիտի ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ երկիրներու կարօտի ճամբան… ։ 

-Եթէ Հայաստան փորձէ չգործադրել ստորագրուած համաձայնագիրը, շա՛տ ծանր հարուած մը պիտի տրուի անոր գլխուն՝ ռուս-թուրք միացեալ բռունցքով։ Այս մասին թող կասկած չունենան։

-Վաղը՝ Ուրբաթ օր, ռուս զինուորական բազմանդամ պատուիրակութիւն մը Անգարա պիտի ժամանէ՝ մեզի հետ միասնաբար քննարկելու համար Նոյ. 10-ի համաձայնագրին անշեղ գործադրութեան մանրամասնութիւնները։ Արդէն երէկ մեր երկու բարեկամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին յուշագիր մը (համացանցային հանդիպումով), որով՝ Թուրքիա դիտորդական միացեալ մարմին մը կը կազմէ Ռուսիոյ հետ՝ Ղարաբաղի ապահովական կացութիւնը վերահսկելու համար։ Մեզի պիտի արտօնուի ունենալ անօդաչու օդանաւեր՝ հայերու ապօրինի հաւանական շարժումները սանձելու համար…։

-Փաշինեան ամենայն հաւանականութեամբ պիտի հեռանայ իր աթոռէն։ Հայկական նոր կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ «հովանաւորեալ» իշխանութիւն մը…։

-Ղարաբաղը պիտի վերաշինուի թուրք գործարարներու կողմէ։ Լուրջ ծրագրեր մշակած ենք այս առնչութեամբ։ Ի հարկէ՝ ղարաբաղցի հայերո՛ւն ալ պիտի արտօնուի գալ ու ապրիլ այնտեղ՝ իբրեւ Ատրպէյճանի լիիրաւ քաղաքացի։ Անոնք պիտի տեսնեն, թէ ազերի պետութեան հովանիին տակ՝ շա՛տ աւելի հանգստաւէտ եւ ուրախ պիտի զգան իրենք զիրենք, քան Երեւանի շուքին տակ…։»

ինչպէս Թրքական աղբիւրները կը նախատեսէին որ  պարտուած Հայաստանի Վարչապետը պիտի հրաժարի, այդպէս ալ պատահեցաւ՝ պատերազմի դադրեցման թուականէն մօտ վեց ամիսներ ետք Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարարեցաւ։ Բայց Հայաստանի քաղաքացիները իրենց հաւաքական իմաստութեամբ վերընտրեցին հրաժարած վարչապետը որպէս Հայաստանի պատասխանը Թուրքիոյ որ հայաստանի քաղացիները իրենք են որ կը որոշեն իրենց երկրին քաղաքական ընթացքը անտեսելով Թրքական նախատեսութիւնները եւ ակնկալութիւնը որ «Հայկական նոր կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ «հովանաւորեալ» իշխանութիւն մը»։ Եւ ոչ այդ միայն՝ այլ իրենց հաւաքական յամառութեամբ` Արարատ Միրզոյեան անունով անձ կարգեցին որպէսզի բանակցի Թուրքիոյ ԱԳ նախարարին հետ! Դիւանագիտական կակուղ բայց ազդեցիկ պատասխան մը։

Զարմանալիօրէն կայ հատուած մը որ այդ իրողութիւնը չի գնահատեր եւ թշնամիին նախատեսութեան եւ ակնկալութեան նուրբ բայց ազդու քաղաքական հերքում մը ըլլալը չի կրնար ընկալել եւ կը համառի, ներքին կարճատես քաղաքականութիւնէ մը տարուած, պահանջել Վարչապետին հրաժարականը որ ուրիշ քաղաքական երեւոյթ մը չէ բացի ենթարկուած ըլլալ Թրքական նախատեսութեան եւ այդպէս ալ ներկայանալ բանակցութեան։

Զարմանալի բայց իրաւ։

 

 

No comments:

Post a Comment