ԱՔԻԼԼԷՍԵԱՆ ՄԵՐ ԽՈՑԵԼԻ ԳԱՐՇԱՊԱՐԸ
Դոկտ Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
«Բոլոր ժամանակներու ամենամեծ օդային զօրավարժութիւնները – Օդային ուժերու երկշաբաթեայ ռազմավարժութիւններ եօթը երկիրներու մասնակցութեամբ»։ Հրէական լրատուամիջոցներ այս եւ նման խորագրերով կը հաղորդեն հրէական պետութեան հիմնադրումէն ի վեր ամենամեծ ու ժամանակակից այն օդային զօրավարժութիւններուն մասին, որոնք մեկնարկած են անցեալ Կիրակի՝ 17 Հոկտեմբեր 2021-էն սկսեալ։ Արդարեւ, Իսրայէլ այս զօրավարժութիւնները երկու շաբաթ տեւողութեամբ կ’իրականացնէ եօթը բարեկամ երկիրներու ռազմական լաւագոյն օդաչուներուն հետ, որոնք ժամանած են Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հնդկաստանէն, Յունաստանէն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։
«Կ’ապրինք շատ բարդ տարածաշրջանի մը մէջ, ուր Իսրայէլի պետութեան համար վտանգները Կազայի հատուածէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն օր ըստ օրէ աւելի սպառնալից կը դառնան», ըսած է Իսրայէլի ռազմօդային ուժերու հրամանատար գեներալ-մայոր Ամիկամ Նորկինը՝ զօրավարժութիւնները մեկնարկելէ առաջ։ Ան յատկապէս շեշտած է, թէ «Ներկայ իրավիճակին մէջ միջազգային այս զօրավարժութիւններուն իրականացումը,– պահպանելով հանդերձ մեր գաղտնի եւ ռազմական ազդու գործողութիւնները բոլոր ճակատներուն վրայ,– ունի ռազմավարական գերակայ նշանակութիւն եւ լայն ազդեցութիւն մը Իսրայէլի ռազմօդային ուժերուն, ընդհանրապէս Իսրայէլի զինուժին եւ Իսրայէլի պետութեան վրայ»։
Սոյն զօրավարժութիւններուն նպատակն է,– յայտարարած է Իսրայէլի ռազմօդային ուժերու հրամանատարութիւնը,– ամրապնդել միջազգային ռազմավարական համագործակցութիւն՝ միասնաբար իւրացնելով չորրորդ եւ հինգերորդ սերունդի ռազմական օդանաւերու եւ գերժամանակակից ճարտարարուեստի ներգրաւումը, իրագործելու համար համատեղ ռազմավարական թռիչքներ տարբեր սպառնալիքներու դէմ։
Գեներալ-մայոր Ամիկամ Նորկինը սոյն զօրավարժութիւնները որակած է որպէս «բեկում» մը արհեստագիտութեան, վերապատրաստութեան բարձր որակի եւ մասնակից երկիրներու թուաքանակին առումով։ Երկշաբաթեայ զօրավարժութիւններուն ընթացքին մասնակից օդային ուժերը պիտի իրականացնեն նախ բացառապէս օդային, ապա միաժամանակ օդային եւ ռազմադաշտային մարտեր՝ նկատի ունենալով յաղթահարելու երկրէն դէպի երկինք արձակուող գերարդիական հրթիռներու վտանգը եւ թշնամիի տարածքին մէջ հնարաւոր հակահարուածներ դիմագրաւելու կարելիութիւնները։
Համաձայն հրէական մամուլի հաղորդած տեղեկութիւններուն, Իսրայէլի ռազմօդային ուժերը երկու տարին անգամ մը նման զօրավարժութիւններ կը կատարեն՝ զգաստ պահելու համար իրենց մարտունակութիւնը, փորձարկելու համար տեղական եւ միջազգային մակարդակով ձեռք բերուած արհեստագիտութեան նորագոյն նուաճումները, նաեւ, ամենակարեւորը, հնարաւորութիւններուն առաւելագոյն չափով պաշտպանուած պահելու համար Իսրայէլի պետութեան օդային տարածքը։
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին հայ զինուորը, ի տես համայն աշխարհին, ցոյց տուաւ օրինակելի մարտունակութիւն մը, քաջութեան եւ անձնազոհութեան գերազանց ոգիի մը դրսեւորման վկայութիւնը, յաջողապէս պաշտպանելով Մռաւեան լեռներէն մինչեւ Արաքս գետ երկարող ռազմաճակատային գիծը։ Սակայն պարզուեցաւ, որ դժբախտաբար մեր երկինքն էր անպաշտպան։ Աքիլլէսեան մեր խոցելի գարշապարը դարձաւ ան, որուն գլխաւոր հետեւանքով ոչ միայն ինկան մեր բիւրաւոր եւ անմահանուն երիտասարդները հայրենիքի պաշտպանութեան արիւնաներկ բագինին վրայ, այլեւ կորսնցուցինք նաեւ մեր հայրենեաց հողատարածքէն կարեւոր բաժին մը։ Թշնամիին հետախուզութիւնը կրցեր էր ճանչնալ հայկական բանակին այդ ճակատագրական բացթողումը, ուստի տարիներ շարունակ թրքական եւ հրէական գերարդիական ԱԹՍ-ներ գնելով նախապատրաստուեր էր սանձազերծելու պատերազմը ընդդէմ Արցախի, ի վերջոյ նաեւ Հայաստանի։
Բարձրարժէքօրէն միանգամայն գնահատելի է, որ հայ ժողովուրդին մեծագոյն հարստութիւնը իր մշակութային ժառանգութիւնն է, քաղաքակրթութեան այն անգնահատելի արժէքը, որ դարեր շարունակ ստեղծագործած է եւ հիմա ալ իր գիտակցութեան ու էութեան բովանդակ ներդրումներով կը ստեղծագործէ իրեն եւ ընդհանրապէս քաղաքակիրթ մարդկութեան բարիքին համար։ Բայցազգովին պէտք է դասեր քաղենք մասնաւորաբար Արցախեան պատերազմի աղէտալի արդիւնքէն ետք, ու ամենակարեւորը՝ պէտք չէ թերանանք ըլլայ ռազմադաշտի, ըլլայ օդային եւ ջրային սահմանագիծի անխոցելիութեան մէջ։ Խաղաղասիրութիւնը, արդարեւ, գերագոյն առաքինութիւն է, սակայն կեանքն ու պատմական փորձը ցոյց կու տան, որ խաղաղութիւնն ալ կախուած է ուժի եւ սպառազինութեան գերակայութենէն։ Մեր հայրենիքին սահմանները ամէնուրեք են, թէ՛ մշակութային ինքնութեան եւ թէ՛ աշխարհագրական տարածքներու առումով, որոնք անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան կայացման լուրջ եւ հիմնական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին։ Հետեւաբար հրամայական պահանջք մըն է, որ այսուհետեւ ազգովին մեր գոյապայքարի առաջնահերթ նպատակներէն մէկը դարձնեք ունենալու նաեւ գերազանց միջոցը՝ պահել, պաշտպանել եւ զարգացնել կարենալու համար մեր ստեղծագործած մշակութային արժէքները անարգ թշնամիներու ոտնձգութիւններուն դէմ։
No comments:
Post a Comment