Հաւաքեց Զուարթ Աբէլեան
Մայրս է որ հաւաքած է այս ժողովրդական առօրեայ ընդհանրապէս քառեակները որոնք գործածուած եղած են Համբարձման Տօնին խրախճանքներուն ընթացքին որպէս վիճակախաղեր։
Մայրս կը պատմէր որ Հայաստնի լեռնաշխարհին մէջ Համբարձման Տօնը միշտ տօնուած է աւելի խանդաւար քան նախորդ տօները՝ ինչպէս Նոր Տարին, Ս. Ծնունդը եւ Մեծ Զատիկը տրուած ըլլալով որ օդը համեմատաբար մեղմացած եղած է Համբարձման Տօնին։ Այդ տօնը, կը պատմեր, առիթըը տուածէ նոր հարսերուն իրենց ծնողական տան առաջին այցելութիւնները ընել, իսկ երիտասարդները իրար հանդիպած են խիստ ձմեռուընէ ետք։
Հոս նաեւ պէտք է յիշել որ Հայաստանի լեռնաշխարհի մեղմ շրջանը նկատուած եղած է տարուան այն ամիսները ուր «ր» տառը բացակայ է՝ Մայիս, (Համբարձման Տօնին ամիսը), Յունիս, Յուլիս, Օգոստոս։
Համբարձման տօնակատարութեան մտնոլորտը լաւապէս բնորոշած է «Անուշ» Օբէրան տեղի ունեցած խրախճանքով,պարերով եւ վիճակի խաղերով՝ «Համբարձում յայլա, յայլա ջան յայլա.Լաւ օրեր յայլա, յայլա ջան յայլա։"
1
Գեղեցկագեղ, Քաղցրաբարբառ
Քու սէրդ ունի անձայն խորհուրդմը
եւ որպէս պայծառ արեւ
կը լուսաւորէ իմ խաւար միտքս։
2
Քիչ մը խիղճ ունեցիր
Կուգամ դէմդ կը կենամ
Լալով քեզի ցաւս կը բանամ
Ես սիրողներ շատ ունիմ
Բայց քու սիրոյդ կարօտը ունիմ
Սիրտս քեզ ուզեց
Ալ ուրիշ բանի մը աչք չունիմ։
3
Այնպիսի աչքեր ունիս դուն որ աջը կ՚այրէ, ձախը կը խորովէ,
Այնպիսի յօնքեր ունիս դուն որ Շիրազը հիմէն կը քակեն.
Հալէպ ու Դամասկոս ով որ քու ձայնդ լսէ,
Իր կեանքին հրաժեշտ տուած միայն քեզ տեսնել կը ցանկայ։
4
Եկան ինծի ըսին թէ սիրածդ քեզ մոռցաւ
Արցունքը որ երեսս ի վար ջուրի մը պէս կը վազէր, արիւնի փոխուեցաւ,
Ուր որ կաթեց ծառ փուսաւ,
Եւ ուր թռչուն կար հոն թառեցաւ։
5
Դուն ինի համար եղար չարի ծուղակ մը,
Ո՞ւրկէ եկար ինծի հանդիպեցար,
Աչքերդ կարծես ճրագ եւ վառ, յօնքերուդ ծայրը կայ գոհար,
Մարգրիտն ու սուտակն առած շրթունքիդ զարդ ես կարած,
Ատով խլեր ես շունչս ու հոգիս, եւ ալ ինծի չես դարձներ։
6
Երբ մէկ ժամ աչքէդ հեռու մնացի, մոռցար զիս
Միտքէդ ըսիր՝ գնաց ա՛լ չի դառնար.
Անդիի աշխարհը չգացի որ ճար չըլլար դառնալ,
Քու տեղդ եթէ հազար քար տան, չեն առներ ու քեզ չեմ տար.
Իմ սիրտս պատառ մը միս է, քու սիրոյ, ախ, ինչպէ՞ս դիմանայ։
7
Ահա ես կ՚երթամ հոգիս, դուն ուրախ մնացիր ու խնդայ,
Անցիր բարձրագլուխ, հոգիս, եւ ըսէ բարով ազատեցայ,
Ես թուխ ամպ եմ քու աչքիդ, մէյ մը որ այդ ամպը վերնայ,
Այն ատեն դուն, պէտքս պիտի զգաս, մինչեւ որ խելքդ գլուխդ գայ։
8
Այս աշխարհի վրայ, քանի քու ձայնդ լսեմ,
Ուրիշ աղջիկ պիտի չսիրեմ՝ նոյնիսկ եթէ զիս ատես,
Երբ մեռնիմ ու անդիի աշխարհն երթամ,
Քեզ հոս պիտի տանիմ եթէ կարենամ։
9
Դուն դուրս կ՚ելլես ձեր տունէն, աչքովդ կ՚ըսես սիրէ։
Իմ սէրս մինակ ի՞նչ ընէ, երբ քուկդ անոր չընկերանայ,
Երբ սէրը երկողմանի է, շաքարէն ու մեղրէն անուշ է,
Երբ սէրը միակողմանի է, մահէն ալ դժնդակ է։
10
Աչքերդ կապոյտ, երկինքն էլ կապոյտ,
Չգիտեմ երկինքը վա՞րն է, թէ՞ վերը,
Ապշել է ինքը երկինքն էլ կապոյտ՝
Չգիտէ ինքը վա՞րն է, թէ՞ վերը։
11
Դուք հարիւր հազար աստղեր, ամէնքդ մէկ վար իջէք,
Աշխարհի իմաստուններ, եկէք վէրքիս ճարը ըրէք,
Եղեր եմ խենթ՝ սիրոյ տէր, աննեցուկ ու անապաստան,
Չեմ կրնար հոգիս հանգչեցնել եւ ամբողջ էութիւնս կը տառապի։
12
Ե՛լ գնայ, ա՛լ քեզի պէտք չունիմ, սիրտս ձանձրացած է քեզմէ,
Որովհետեւ դուն զիս խոցեցիր,
Եթէ գան ըսեն ինծի թէ դուն ջուր ես,
Տարի մըն ալ ծարաւ մնամ՝ կաթիլ մը պիտի չխմեմ քեզմէ։
14
Երբ սէրն աշխարհ եկաւ, եկաւ իմ սիրտիս մէջ բնակեցաւ,
Ապա ելաւ սիրտէս, երկրէ երկիր թափառեցաւ,
Բայց դարձեալ եկաւ եւ գլխուս վրայ թառեցաւ։
15
Ե՛տ եկէ՛ք
Գարնան վարատ գետ եկէք,
Անցած օրեր, խինդ ու սէր,
Դարձէք, իրար հետ եկէք։
16
Կգաս, բայց ուշ կլինի,
Աչքս մշուշ կլինի.
Սէրդ մինչեւ խելքի գայ՝
Վարդի տեղ փուշ կլինի։
17
Այս անցաւոր աշխարհին վրայ երկու բան կայ՝ խեղճ ու ողբալի,
Մէյ մը որ մարդ սիրոյ տէր ըլլայ, մէյ մըն ալ որ մահը գայ առնէ տանի,
Մահուան տարածը չէ բուն ողբալին, անոր ստացած վէրքը յայտնի է,
Ողբալին սիրոյ տար երիտասարդն է, ոչ մեռած է, ոչ կենդանի։
18
Ամբողջ աշխարհ գիտէ որ քեց առջի օրէն սիրած եմ,
Բռնէր եմ սիրտիս ականջը եւ ձեռքովս օղակն եմ անցուցեր։
19
Իմ կնունքին, երկիքը ժամ, արեւը ջահ սրբաց
Ծիածանը նարօտ եղաւ, ամէնքի սէրն առաջ(?)
Սարը եղաւ կնքահայր, ցօղը՝ միւռոն կենսարար
Ու կնքողս նա ինքն եղաւ որ սահմանեց ինձ պօէտ։
20
Ես աչք եմ ու դուն լոյս հոգի, առանց լոյսի աչքը կը խաւարի,
Ես ձուկ եմ, դուն ջուր, հոգի, առանց ջուրի ձուկը կը մեռնի։
Եթէ ձուկը ջուրէն հանեն եւ ուրիշ ջուրի մէջ ձգեն, կ՚ապրի,
Եթէ զիս քեզմէ զատեն, ես կը մեռնիմ։
21
Ինչքան ցաւ եմ տեսել ես,
Նենք ու դաւ եմ տեսել ես.
Մարել, ներել ու սիրել,
վատը լաւ եմ տեսել ես։
22
Թէ լինէի վանդակի մէջ քո ձեռքի տակ՝ թող լինէի,
Թող լինէի անմեռ մի սիրտ քոր կրծքի տակ՝ թող լինէի.
Մի նայուածքիդ հետ փոխէի, անմահութիւնը իմ երազուն,
Թէ լինէի կանաչ ճամբայ, քո ոտքի տակ՝ թող լինէի։
23
Հոգի՞ս ինչ եմ ըրեր քեզի, որ կ՚ըսես թէ սիրտս քար է,
Չըլլայ թէ այնպէս կարծես որ աչքերս ուրիշը կը սիրեն.
Երդում, ի՞նչ եդում որ կ՚ուզես, եւ Աստուած ալ վերէն վրայ է,
Սիրտս քեզմէ զուտ ուրիշը չի կրնար սիրել։
24
Անպի տակից ջուր է գալիէ
դող է տալի փըրվըրում
Ախ, իմ ազիս եարն է լալի
Հոնգուր, հոնգուէր էն սարում։
25
Ճահելութիւն ի՞նչ տամ որ գաս ցրես ձիւներն իմ բոլոր,
Բերեւս սեւ սար իմ սիրուններն ու գարուններն իմ բոլոր,
Իմաստութեան ծովս էլ ցրես ձիւների հետ իմ գլխի,
Հասիր, բեր ինձ, թէկուզ միայն խենթութիւն իմ բոլոր։
No comments:
Post a Comment