Զաւէն Խանճեան
«Եղեգնեայ գրչով երգեցի փառքեր...
Եղեգնեայ գրչով երգեցի կարօտ....
Եղեգնեայ գրչով երգեցի արիւն....
Եղեգնեայ գրչով որբ տունս երգեցի...
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի...
Ընդ եղեգան փող բոց ելաներ»
George Azad Apelian |
Հայ պատմագրութեան քերթողահայր Մովսէս Խորենացիի վերոյիշեալ վերջին տողին վրայ երկնուած Վարուժանեան Ցեղին Սրտի սոյն Ձօնը՝ հայելին է, ոչ միայն Հարաւային Գալիֆորնիոյ գաղութին ականատես, ականջալուր եւ շօշափելի վկայութեան արժանացած՝ Ճորճ Աբէլեանի «Ամերիկեան» կեանքին, այլ նաեւ անոր Աստուծոյ շնորհքով եւ կամքով ապրած ողջ գիտակից կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։
Արդարեւ, Սասնայ Ծռերու հարազատ ժառանգորդ, Քեսապցի ծնողներէ սերած այս եզակի տղան իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուց է Հալէպի Հայ Աւետարանական էմմանուէլ Վարժարանի եւ Եկեղեցիի հովանիին տակ։ Մինչ իր հասակակիցները բնական հոլովոյթով մը, գուցէ տարիով կ'ասէին իրենց մարդկային, կրօնական եւ ազգային գիտակցութեան մէջ, Ճորճը, նման Սասունցի Դաւիթին, եւ բախտառիթ առաջնորդութեամբ եզակի ուսուցիչ, դաստիարակ Մատթէոս Տէր Մատթէոսեանի, ինչպէս նաեւ հայրական բարոյական եւ ազգային դաստիարակութեան, կ'աճէր օրով։
Եւ այսպէս զարգացաւ մեր հոգեմտաւոր կեանքը Տէր Մատթէոսեանի երազային Հալէպի մէջ, ուր Պր. Մատթէոսը խորհրդանիշն էր ժամանակաշրջանի մը մեր բոլորին կեանքին մէջ, ուր կը յիշենք՝
- Թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ մեր ազգային գիտակցութեան զգացումը կայծ առաւ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, մեզ դնելով անկախ հայրենիքի մը երազի ճամբուն վրայ։
- Թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ, հակառակ «Ալ Մոտ Ըլլամ Քեզի» հոգեւոր երգին որո՞ւ ակնարկուած ըլլալը լաւ չհասկնալնուս, քրիստոնէական բարոյագիտութեան առաջին կենդանի օրինակը առինք։
- Թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ, հակառակ ծամծմուած բառերով ամէն առաւօտ անհասկնալի «Առաւօտ Լուսոյ»ն կրկնելով, օր մը գիտակցեցանք թէ մեր կեանքի առաւօտը ամբողջ լուսաւորուած էր վարժարանի երդիքին տակ։
- Թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ, հակառակ Մեր բոլորին անվիճելի դժգոհանքին, Պր. Մատթէոսի բարակ ճիպոտէն, անդրադարձանք թէ այդ «կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատէն»ին օրհնութիւնն էր։
- Թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ մեր սէրը եւ պաշտամունքը արթնցաւ հանդէպ Մեծարենցի «Հիւղ»ին, Վարուժանի «Աղօրիք»ին, «Սերմանող»ին, Ցեղի Սիրտին, Հացի Երգին եւ կամ փոթորկաշունչ Սիամանթոյի «Կարմիր Լուրեր»ուն եւ «Հոգեւարքի եւ Յոյսի Ջահեր»ուն։
Եւ ահա երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք Ճորճ Աբէլեանի վերջին տասը տարիներու ընթացքին «Եղեգնեայ Գրչով» խորագրուած շաբաթական հեռատեսիլի հաղորդումներուն իր երեսունամեայ մամուլով ելոյթներուն եւ իր բազում հրապարակախօսութիւններուն, հոն պիտի տեսնենք վերոյիշեալ կրթական, դաստիարակչական, մաքուր հաւատքի, անբասիր հայրենասիրութեան, լուսաւոր յոյսի եւ անմար պայքարի ամբողջական հաղորդաշար մը հրամցուած՝ տասնամեակներու վրայ երկարող ապրուած կեանքի մը կենդանի փորձառութեամբ
Ճորճ Աբէլեան Խաչակրութիւն դէպի Գարեգին Նժդեհի Շիրիմը |
։
Կենդանի փորձառութեամբ։
Քրիստոս ըսաւ։ «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ եւ իմ ետեւես գայ»:
Լիբանան, Հայկազեան Համալսարան ուսանած օրերուն, Ցեղասպանութեան ոճիրը, հայուն եւ օտարին անշեղ ուշադրութեան հրաւիրելու նպատակաւ, չընկրկեցաւ տառացիօրէն տառապանքի հսկայ խաչը շալակած, Պէյրութէն Պիքֆայայի յուշարձանը քալելով բարձրանալ։
Կենդանի փորձառութեամբ։
Հմայուած Գարեգին Նժդեհի ազգային գաղափարախօսութեամբ, Հայաստանի անկախութեան ընձեռնած առիթը օգտագործելով չուշացաւ ինիսունմէկ թուականին, ուխտը կատարելագործելով, բարձրանալ Խուստուփ լեռը իր հաւատարմութիւնն ու հաւատքը հաստատելու Նժդեհեան գաղափարախօսութեան։
Կենդանի փորձառութեամբ։
Հին Ջուղայի Հայոց գերեզմանատան խաչքարերու քանդումի ոճիրին դէմ ուղղուած զայրոյթի արտայայտութեան, բողոքի ցոյց կազմակերպողն էր՝ անյապաղ ուշացումով, ոտքի հանելով ժողովրդային խաւը, երբ մեր պետական մարմիններն ու ազգի աւագանին, դիւանագիտական բողոքագիրերու յղումը նկատի կ'առնէին։
Կենդանի փորձառութեամբ։
Երբ հետախոյզ գիտնական մը լոյս սփռեց սիոնական դաւադրութեան կապին հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպչական հոլովոյթին մէջ, Ճորճը չուշացաւ կայծակնային արագութեամբ Լոս Անճելոս հրաւիրել հետախոյզ մասնագէտը, զինք եւ նիւթը ժողովուրդի լայն խաւերուն հրապարակաւ ներկայացնելու համար, մինչ քաղաքական աւագանին թագնուած «Political Correctness»ի վարագոյրի ետին, մինչեւ այսօր լուր կը մնան հայկական ցեղասպանութեան Ամերիկեան պետական ճանաչումի արգելքի ետին կեցող սիոնական լոպին ձաղկելու հարցով։
Կենդանի փորձառութեամբ:
Երբ իր հարիւրամեակի փառաշուք տօնախմբութենէն մի քանի շաբաթ առաջ միայն, ուսուցիչ, տնօրէն եւ դաստիարակ Մատթէոս Տէր Մատթէոսեանը անակնկալօրէն յաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ, ինք էր միակը որպէս ներկայացուցիչը բոլոր աշակերտներուն, որ Ֆրէզնոյի գերեզմանատան մէջ, ոչ այդքան հեռու վրիժառու Սողոմոն Թէհլիրեանէն, Պր. Մատթէոսի դագաղին դիմաց հաստատապէս «ԵՍ» պատասխանեց Պր. Մատթէոսի հայրենակից Սիամանթոյական աղերսանքին թէ՝
«Բայց ո՞վ պիտի բերէ, ո՞վ պիտի բերէ, ըսէ՜
Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր
Մահուանս օրը իմ տրտում դագաղիս մէջ
Հայրենիքը երգողի իմ աճիւնիս խառնելու...»
... ու խառնեց Ճորճը խաչքարի վերածուած մոխրագոյն «ափ մը մոխիր»ը, բերուած հայրենի դաշտերէն Պր. Մատթէոսի սրտին վրայ։
Կենդանի փորձառութեամբ։
Հայոց արդար դատի արթուն պահակն էր Ճորճը եւ կազմակերպիչը եօթանասունական թուականներու Ապրիլ 24եան ցոյցերուն։ Յատկապէս 1978ի Ապրիլ 24ի հանրածանօթ ցոյցը, որու ընթացքին պաշտպանելով իր եւ ցուցարարներու թրքական հիւպատոսարանի դիմաց բողոքելու արդար իրաւունքը, Ճորճը զոհը դառձաւ ոստիկանութեան հետ վայրագ բախումի ընդհարումներուն, առողջութեան մնայուն վնասներու գնով։
Կենդանի փորձառութեամբ։
Եւ մինչ մեր ընդհանրական ժողովրդային փորձառութիւնը եղած է Գեղամ Սարեանի բառերով հեռուէն կրկնել Մարտիկի երգը «թռչէի մտքով տուն», Ճորճը իր համեստ միջոցներով եւ զոհողութեամբ ձեռնարկեց զոյգ ուխտագնացութիւններու, Սուրիական ծննդավայրի, Կիլիկիոյ եւ պատմական Հայաստանի տարածքները, նկարելով մեր պատմական յուշակոթող - տաճար - եկեղեցի կառոյցները եւ ցուցադրելով զանոնք ժողովուրդի ամէնալայն խաւերու դիմաց, զարգացնելով անոնց միտքը եւ յագեցնելով անոնց կարօտի պապակը։
Կենդանի փորձառութեամբ։
«Մենք»ի տիպարն էր Ճորճը։ Եւ երբէք ոչ «ես»ի։ Հարաւային Գալիֆորնիոյ նորագոյն գաղթօճախի կազմակերպման սկզբնական տարիներուն կենսատու եւ առանցքային դեր խաղաց
- ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերու սլացքին
- ՀՅԴ-ի Շանթ Կոմիտէութեան ստեղծման հոլովոյթին
- Համազգայինի կազմակերպչական եւ մշակութային գործունէութեան
- Ասպարէզ օրաթերթի կամաւոր աշխատակցութեան
Եւ աւելի ուշ Պաշտպան Հայրենեացի հիմնադրութեան մէջ:
Եւ այս բոլորը լռութեամբ, առանց թմբուկի ու տաւիղի, խոնարհութեամբ, զոհողութեամբ եւ ծառայութեան ոգիով։
Ու տակաւին կենդանի փորձառութենէն ո՞ր մէկը յիշեմ։Հալէպ Գոլէճի հայկական հարուստ գրադարանի փրկութեան գո՞րծը, որ իր յարմար հանգիստը գտաւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի գրադարանին մէջ,
Թէ
Գաղտնօրէն ու առանց թմբուկի Պէյրութ վէրադարձը մասնակցելու եօթանասունական թուականներու «նապաա»ի կռիւներուն, ուր կորսնցուց իր աջ ականջի լսողութիւնը։
Վերջին ճամբորդութեան նախորդող Երկուշաբթին, հակառակ իր ֆիզիքական ակներեւ տառապանքին, ժողովուրդին հետ իր հեռատեսիլի ծրագրով «եղեգնեայ գրչով» փող բոց ելանելու յարատեւող անխախտ կա՞մքը։
Թէ
Այդ տառապալից վիճակին Մէջ Սուրիոյ «Իտլիպ» գիւղաքաղաքին մօտ գտնուող Արմանազ գիւղի բնակիչներուն հայկական ծագում ունենալու ուսումնասիրութիւնը։
Եզակի երեւոյթ մըն է այս տղան։
Ծուռ մը արդարեւ։
Կեանքը կարելի եղաւ խլել իրմէ, բայց կարելի չեղաւ խլել ազգին ցաւը, ժողովուրդին սէրը, եւ հայրենիքի հանդէպ պաշտամունքը։
«Ափ մը մոխիր» ցանեց շատ մը հայրենազուրկ սրտերուն վրայ, բայց զլացաւ մեզի այդ պարտքը երբ ինք գնաց «ցանուելու» հայրենի եւ պապենական հողի սրտին մէջ։
Նկարագրելով Րաֆֆիի հերոսները, Մինաս Թէօլէօլեան կ՚ըսէ՝ «Մեր հերոսները մահը արհամարհեցին ու նայեցան բարբարոսներու աչքին, ուղիղ, անվախ եւ անխաբ»։
Ճորճը սակայն ի սէր ազգին կեանքը արհամարհեց ու նայեցաւ հմայքին, դիրքին, համբաւին ու հանգիստի աչքին ուղիղ, անվախ եւ անխաբ։Եզակի երեւոյթ էր Ճորճը։
Ազգին խիղճն ու արթուն պահակն էր Ճորճը։
Անոր կենսաբանական ծնունդն ու վախճանը խաբուսիկ են եւ անկարեւոր։
Ճորճ Աբէլեանները ծնունդ առած են Հայկով եւ Նահապէտին հուժկու բազուկներով արձակուած նետով, լուսաստղի մը նման սաւառնած են Հայոց պատմութեան երկնակամարին վրայ եւ կ'ուղղուին դէպի հայու մշտնջենական ապագան։
Իսկ մենք՝ սիրելի՛ Շաքէ, Աբէլեաններ եւ հարազատ բարեկամներ, այս օրերու բախտաւոր դիտորդներն ենք միայն։
«Ընդ եղեգան փող բոց ելաներ»:
Զաւէն Խանճեան
Նոյեմբեր 22, 2008
Ճորճ Ազատ Աբէլեան Գարեգին Նժդեհի Շիրիմին մօտ |
No comments:
Post a Comment