Note: I read today in “Kantsasar”, the official newspaper of the Prelacy of Aleppo the obituary of a dedicated community member named Hagop Kalleshian (Յակոբ Քալլէշեան) who passed away yesterday, on June 1, 2019. Furthermore, the deceased’s brief obituary noted that Hagop Keleshian, along with the “boys of Nor Kyugh” had assumed overseeing the safety of the Armenian inhabited neighborhoods of Aleppo and came to the aid of the needy even during the most dangerous times during the war, driving the very same red colored Volkswagen that served as Armenian community’s emergency vehicle. Manuel Keshishian had alluded to the “boys” and the same bus in an article I translated. I attached the obituary to my translated article as a tribute to the deceased and changed the title of the translated article. Manuel Keshishian had posted the article on his Facebook page on May 16, 2016 titling it “Testimonial for the Sake of History” (ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ, ՎԿԱՅՈՒԹԻԻՆ). The original article is attached.
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻԻՆ16 Մայիս 2016
Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը եօթի մօտ անցայ Մազլումեան հիւանդանոցին կողքով, ուր քիչ առաջ հրթիռ մը մարդկային զոհեր խլած էր, եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիին քովէն կարաժներու փողոցը կտրելով հասայ «Հաճ Հապիպ« փողոցին սկիզբը: Անկիւնը երկու հայ տղաք կեցած կը խօսէին չպայթած փութակազի թիւպի մասին:
-Ո՞ւր ինկաւ,- հարցուցի:
-Հո՛ն,-մատով ցոյց տուին դէպի «Թէթթէն» պէնզինի կայան:
Տեսայ մեզմէ 60-.70 մեթր հեռաւորութեան գետնին վրայ պառկած շիշը:
-Աստուած փրկած է ,մտածեցի եւ մտայ «Հաճ Հապիպ»: Տասը քայլ չհեռացած, շրջուեցայ տղոց կողմ.- Հայ տղոցմէ մէկուն թիւը ունի՞ք ,-հարցուցի:
-Թերեւս եղբայրս ունի, հիմա կը հեռաձայնեմ,- ըսաւ մէկը:
-Փորձեցէք գտնել,- ըսի,- Ես ալ Արտոյին խանութը կը հանդիպիմ,- կ'ըսեմ, թէեւ շատ յոյս չունիմ, որ բաց ըլլայ:
Ըսի եւ.... Զօրաւոր շատ զօրաւոր պայթիւնն մը լսուեցաւ. մեզմէ ամենաշատը 15 մեթր անդին քարերու տարափ կը տեղար եւ քառասուն-յիսուն մեթր տարածութեամբ փոշիի ծածկոյթ մը պատեր մեզ. Իսկ մեր քիթերը կը լեցուէին պայթուցիկ նիւթի շատ անախորժ հոտով:
Երեքնէս երկուքը վազեցինք դէպի պայթիւնի վայր: Շատ շուտով պատշգամբէ մը կնոջ մը սարսափած եւ լացակումած ձայնէն գիտցանք թէ քանդուած տան մէջ բնակիչներ չկան...
Այս ամէնը պէտք է պատմէի որպէսզի կարենամ վկայութիւն ընել.
Կը վկայեմ.
Պայթիւնէն ՀԻՆԳ վայրկեան ետք ՀԱՅ ՏՂԱՔԸ իրենց հին Վոկըզվակըն միքրոյով պայթիւնին վայրն էին արդէն: Անոնց մէջ էր նաեւ Արտոն, որուն խանութը երթալ որոշած էի քիչ առաջ: Տղաքը երկուական հոգիով ուղղուեցան տարբեր շէնքեր:
-Արտօ,-ըսի.- չպայթած կազի շիշ մը կայ, եւ ցոյց տուի շիշը:
Արտոն կեցաւ դէպի կազի շիշ տանող ճամբուն մէջտեղ եւ արգիլեց ինքնաշարժերուն այդ ուղղութեամբ երթալ: Նոյն ատեն ան հեռաձայնեց եւ արաբերէնով մասնագէտներ խումբ մը պահանջեց, վտանգազերծելու պայթուցիկով լեցուն շիշը:
-Երբեմն այսպիսի շիշերը 30-40 վայրկեան ետք ալ կրնան պայթիլ,-ըսաւ ան:
Արտոյին մօտեցան երկու պատնիներ.-Քեռի արտօնէ որ մենք կենանք քու տեղդ,- ըսին անոնք:
Արտոն արտօնեց: Պատանիները կարաժներու քովէն հին անիւ մը բերին, նաեւ երկու մեծ քարակտորներ եւ փակեցին ճամբան:
-Քանի՞ երորդ էք,- հարցուցի պատանիներուն:
-Քանի մը օր առաջ տասերորդը վերջացուցինք,-պատասխանեցին:
Քառորդ ժամ չէր անցած, տղաքը արդէն ստուգած էին՝ դրացի շէնքերուն մէջ զոհեր չկային, վնասները միայն նիւթական էին:
Արտոն դարձեալ հեռաձայնեց, արաբերէն խօսեցաւ: Չլսեցի խօսակցութիւնը, բայց նկատեցի, որ ջղայնացած կ'երեւէր:
Կրկին հեռաձայնեց. հայերէնով խօսեցաւ: Շատ չանցած ինքնաշարժ մը կանգ առաւ չպայթած կազի թիւպին քով, երկու երիտասարդներ իջան, շիշը վերցուցին, դրին ինքնաշարժին մէջ եւ սուռալով հեռացան:
-Արտոյին դէմքին նայեցայ.- Ասո՞նք.... ,. Ըսի:
-Ասոնք մեր տղաքն են,- ըսաւ տխուր ժպիտով:
Այս մանրապատումը իր աւարտին չի հասնիր եթէ չըսեմ, որ պատանիներն ալ իրենց բերած ծանր քարերն ու անիւները տարին հոն ուրտեղէն բերած էին: Ճամբան բաց էր հիմա:
Կէս ժամէն աւելի անցած էր: Պետական կամ զինուորական ոեւէ մէկը չհասաւ դէպքի վայր:
Այս քանիերո՞րդ անգամն է որ ես մօտիկ կը գտնուիմ պայթիւններու վայրերուն, եւ ամէն անգամ միայն հայ տղոց հանրածանօթ Վոկըզվակընը կը տեսնեմ օգնութեան հասնող:
Որպէս վկայ ես գրի առի ճշմարտութիւնը, միայն ճշմարտութիւնը եւ իմ ականատես եղած ամբողջ ճշմարտութիւնը:
No comments:
Post a Comment