V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, March 13, 2019

Դանիէլ Վարուժան «ԴԵՐԵՆԻԿ» Բանաստեղծութիւնը Քեսապերէնի թարգմանեց Ալին Փանոյեան

Դանիէլ Վարուժան «ԴԵՐԵՆԻԿ»  Բանաստեղծութիւնը Քեսապերէնի թարգմանեցԱլին Փանոյեան
(Ձոլակ Աբէլեանին Քեսպնուօկ – the Armenian Dialect of Kessab)



Դուռը կը բացուի.- Դերենիկն, ահով,
Իբրեւ թէ այծեամ մ'ըլլար նետահար,
Մօրը թեւերուն մէջ կ'իյնայ լալով:
- Ի՞նչ ունիս, տղաս... ըսէ՛ շուտ... մի՛ լար.
Օ՞ձը քեզ խածաւ, թէ աքացեց ձին:
- Գլո՜ւխս պատռեց դրացի Ալին:
Եւ ան ցոյց կու տայ սեւ գանգուրներուն
Ներքեւ վէրք մ'ուրկէ բխելով արիւնն
Հայ գլխիկն այդ թուրք ոխով կը թրջէ:
Քաջ մօրն հոգւոյն մէջ վիհեր կը բացուին
Լեցուած ամօթով.- գգուել կրթի՞չ է
Սրտի վրայ յաղթուած ճակատն երկչոտին:

Պահ մ'իր գութին խուլ՝ կը մղէ ի բաց
Կուրծքէն գլուխն այդ իր փոքրիկ վատին.
Եւ կը գոռայ. «Դո՜ւրս... մինչեւ որ յաղթած՝
Արիւններդ անոր արեամբ չմաքրին՝
Այսօր տուն չես գար: Մատնի՛չ խնամքներուս,
Միթէ վարսակի հացո՞վ սնար... Դո՜ւրս»:

Տղան ամօթէն շիկնած՝ կ'արարկէ.
- Բայց, մայրի՛կ, Ալին թուրքի զաւակ է.
Աչքին մէջ հեռ կայ եւ մէջքը փալա:
- Իսկ դու ալ Հայ ես, եւ մէջքդ ըլլա՛յ
Թող իմ մկրատս, իլս, ի՛նչ որ կ'ուզես... Դո՜ւրս:

Դերենիկն այպէն գետին նայելով
Կը մեկնի անձայն...: Հոն ծառի մը քով
Զինքը կը տեսնեմ լոյսով լուսնակի...
Մեծ քար մը ձեռքին, ջլաձիգ, դալկահար,
(Մինչ արիւնն այտէն վար կը կայլակի)
Թշնամոյն շեմին կը սպասէ, երկա՜ր...



Դոռը հա բացւայ, Դե
րենիկը՝ չուք վիտ, ընծըս ած նքսի հա մըննայ,
Է
ր մուօրը գուլթըքը հայինաայ:
-Չէ՞ կունէս օղլըմ, էսօ ուշէտ մըճըգգու,
Ուօձը խութից ըզքի, թի՞ ճամպըզտից ջու
րէն:
-Գըլօխիս ծեկից, դրեցնէն Ալէն:
Իլան ան ցըցցօց էր սիւ գըրնագնէն նըրքիւ ճուրթնուօց վիրէնը:

Մարը գաթ մը կը կինու, կը պիքթա..կիշի վիրընէն...չէ պըր շինի չըգուտէնու...Գաթմըլի կը պառչի.«Դուրիցի~...ուշէտ, դուրիցի, 
դըքըր Ալէն գըլօխը ծէկիլօն աղուր մը չըվիրինիս, իսօր հիտօն չըս մըննէ, հայեկընճի՞ս, 
Մախկօնք ըննու նատօր հէլըքօծ իմ քու իդըըդէյը...
չըվա Վէսկինց հուօ՞ցը կիրօծիս, քինա ընծատ ընծըս մազօլ հաճըգգուս, ուշէտ դուրիցի »

Լէկուտը էմընչիլէն կէսկէրմէր կըննու.
-Պըրը մար, Սլէն տիժկը լէկուտ ի...
Աչվէն մըլլէրօծ ի, իլան դէնուկ կունա:
-Վայ պէթամպալ, դօնըլի Արմանայիս
Իշի նըքսի չըրըր կու ճուղուտի, թագգա մը եարանջ դուրիցի իլ...
Աս չօց չէշըտ մալամաթ ի, ասա քի դուրիցի՛:

Մաթթար Դերենիկը ձանը պըլղիլօն դուրիցի կըննի,
Կուրթու ծառէն նըրքիվի կը մինկըվա, ձառնըլի քօր մը , քուֆրիլը-քուֆրիլը կը հիյյա իշշը լէկըտէն ուգիլը:

No comments:

Post a Comment