Ճորճ Ազատ Աբէլեան, (1945 - 2008)
Վահէ Յ. Աբէլեան, 3 Դեկտեմբեր 2013
Շաբաթ 18 Հոկտեմբեր 2008: Աբէլեաններուն տոհմիկ գիւղէն - Քէորքիւնայէն - շատ շատ հեռու, զոյգ քաղաքներ (Twin Cities) կոչուած քաղաքին օդակայանին մէջն էի, երբ հեռաձայնով մայրս գուժեց ՃորՃ Աբէլէանին վաղաժամ մահուան լուրը: Մահը պատահած էր այդ Շաբաթ օրուան վաղ առաւօտեան ժամերուն եւ մարմինը ամփոփուած էր Քէորքիւնայի պապենական գերեզմանատան մէջ նոյն օրը, կէսօրէ ետք՝ յետ արարողութեան Քէորքիւնայի պատմական Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Չէի կրնար պատկերացնել աւելի պատշաճ եւ Ճորճը ամբողջացնող հանգստեան վերջին կայան մը անողոք հիւանդութեան մէջ մաշած իր մարմինին համար: Կարծես ինքն ալ անոր համար կատարած էր իր վերջին ուղեւորութիւնը դէպի իր արմատները: Խաբուսիկ բայց հանգստացնող բան մը ունի Ճորճի թաղման այս իրողութիւնը:
Սպասման սրահին մէջն եմ դէպի Լոս Անճէլոս ուղեւորութեան համար, ուր այնպայմանօրէն կը հանդիպէի իրեն: Բնականաբար կը պրպտեմ յիշողութիւնս եւ հոն կը գտնեմ զինք ոչ որպէս առօրեայ ներկայութիւն, այլ մեր կեանքին հանգրուաններուն շարանին մէջ: Քէորքիւնայի մէջն է ան, երբ մենք տակաւին պատանիներ կը խաղայինք իրենց ընտանիքին պատկանող Նոֆերենց հռչակաւոր մանկանային – ձիթհանին - շուրջ: Աւիլի ուշ, Հալէպի մէջ, երբ ես որպէս սկաուտ Պէյրութէն կը մասնակցէի ՀՄԸՄ մարզական խաղերու տողանցքին, կը հանդիպէի Ճորճին: Տարիներ վերջ Պէյրութ ենք ուսանողական մեր տարիներուն, ուր արդէն ցոյց կու տար կուտակուած ազգասիրութեան մը իւրայատուկ եռանդ: Եւ վերջապէս Լոս Անճելոս է եւ տակաւին պատնէշի վրայ՝ իբր հեռատեսելի “Գիրքերու Հետ” շաբաթական յայտագիրով, որ վարեց տասնամեակ մը՝ պատգամելով իր եղէգնեայ գրիչովը:
Sitting L to R: Veronica (Shammas) Apelian, Julia (Boyadjian) Shammas, Nofer Apelian. Standing L to R: Vartouhie, Araxie, Ashod, George, Hratch, Hasmig Apelian. |
Այսպէս Ճորճը բնակեցաւ Քեսապ, Հալէպ, Պէյրութ, Լոս Անճելոս. բայց միշտ ապրեցաւ բիւրեղացած իր հայ ներաշխարհէն ներս: Չեմ գիտէր բնութեան ո՞ր դասաւորումը այսքան հայրինասիրութիւն կուտակած էր այս տղուն հոգիէն ներս, չըսելու համար հայրենապաշտութեամբ բեռնաւորած էր զինք, որպէս խաչ մը, որ տառացիօրէն ուսամբարձ շալկեց Ապրիլ 24-ին, 1972-ի հաւաքական հետիոտն ուխտագնացութեան ընթացքին, Անթիլիասի վանքէն դէպի Պիքֆայայի բարձունքին վրայ գտնուող Մեծ Եղեռնի յուշարձանը: Հայաստանի անկախութենէն ետք կրկին անգամ կատարեց խաչակրութիւն մը դէպի Գարիգին Նժդեհի շիրիմը որպէս ուխտագրացութիւն:
Ճորճը չկրցաւ տեսնել ազգային տոհմիկ արժէքներով բիւրեղացած հայախմբումի իրողութիւնը իր պատմական հողերուն վրայ: Սակայն բախտաւորութիւնը ունեցաւ ապրիլ անոր անհատական եւ մտերմիկ իրողութիւնը, յանձին Հալէպի մէջ ծնած, հայկական տոհմիկ ընտանիքի մէջ հասակ առած, Շաքէ անունով հայ աղջկայ մը մօտ, որ դարձաւ Ճորճի կեանքին հարազատ եւ անձնուռաց ընկերակիցը մինչեւ վերջ:
Այսպէս, Ճորճի բովանդակ կեանքը ազգային հաւաքական իտէալին որոնումը եղաւ, հեռատեսիլին վրայ իր պատկերացումովը, որպէս տաճար մը կառուցուած անխարդախ արժէքներու վրայ, ուր կմախքացած հայորդիներ պիտի հաղորդուէին այդ իտէալներով, վերակենդանանալու համար: Հաւատալ կ՚ուզեմ որ այդ ձգտումին գնահատանքը ապրեցաւ իր վերջին տարին: Կը հաւատամ այդ եղաւ այն պահուն, երբ, հեռատեսիլի կայանի վրայ, հայ երիտասարդ եւ երիտասարդուհի մը զինք հրաւիրեցին ըլլալ, հայ երիտասարդութեան պատգամաբերը 2008-ի Ապրիլ 24-ի առթիւ քաղաքական հաւաքին, իրեն յանձնելով գնահատագրի տախտակ մը:
Ես մեր իրողութեան մէջ չեմ հանդիպած նման ինքնաբուխ գնահատանքի, այդ ալ հայ երիտասարդութեան կողմէ, մէկու մը, որ ո՛չ ուսուցիչ է, ո՛չ կրօնական կամ կուսակցական, եւ հետեւաբար չի պատկանիր որեւէ միութեան մը՝ ըլլայ այդ կրթական, մշակութային, կրօնական կամ քաղաքական: ԱՆ ինքնատիպ անձ մըն է իր ուրոյն համոզումներով, անսակարկ ազգասիրութեամբ մը տոգորուած եւ բացարձակապէս խիզախ:
Մահուընէ քանի մը ամիսներ առաջ, իր շրջապատը զուարթացնելու տրամադրութեամբ, այսպէս արտահայտուեցաւ. «Ես արդէն անդի աշխարհին հետ կապի մէջ եմ, ամէնքն ալ հոն են: Հետեւաբար այս ագգին մազին անգամ դպչողը թող չկարծէ որ ինձմէ ազատած է»:
Կեանքին եւ գործին կառչած այս տղուն հրամայականը ազգասիրութիւնն էր ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր: Այդպէս ալ տառացիօրէն մնաց մինչեւ իր մահուան սեմին, ինչպէս կը վկայէն իր կինը Շաքէն եւ եղբայրը Աշոտը: Երբ ան մահուան սեմին էր եւ ուժասպառ, գերմարդկային ճիգով մը Քէսապէն շուրջ 100 քիլոմեթր անդին, արաբացած եւ իսլամացած գիւղ մը գնաց զգաստութեան բերելու համար գիւղացիները իրենց հայ տոհմիկ ժառանգութեանը:
Սիրելի եւ անմոռանալի Ճորճ: Ահաւասիկ հինգ տարիներ անցած են վաղաժամ մահուանդ վրայ: Այժմ դուն շրջապատուած ես քու հարազատներովդ եւ պատսպառուած Քէորքիւնայի դարաւոր կաղնիին հովանիին տակ որպէս յիշատակ եւ որպէս օրինակ որ կարելի է, թէեւ ալեւորուած եւ ալեհեր, կառչած մնալ ազգային իտէալներուն ինչպէս դուն ըրիր քու բովանդակ կեանքիդ ընթացքին:
No comments:
Post a Comment