«Հոգեւոր Անդաստան» Ա. Հատոր
Կազմեց՝ Յակոբ Քորթմոսեան
Գրախօսեց՝ Վահէ Յ. Աբէլեան
Կազմեց՝ Յակոբ Քորթմոսեան
Գրախօսեց՝ Վահէ Յ. Աբէլեան
Վերջերս լոյս տեսաւ Յակոբ Քորթմոսեանի «Հոգեւոր Անդաստան» վերնագիրով գիրքին Ա. Հատորը։ Դիւրընթեռնելի տառերով, 15×24 հարիւրորդամեթր (cm) մեծութեամբ, 196 էջանոց գիրք մըն է։
Հեղինակը գիրքին սկզբնաւորութեան իր «Երկու Խօսք»ին մէջ կը յիշէ, թէ այս գիրքը «հաւաքածոյ մըն է Եկեղեցւոյ Հայրերերու եւ այլ հեղինակներու մտածումներէն ու գաղափարներէն զանազան արժէքներու մասին։» Հեղինակը հաւաքած է այդ մտածումները եւ գաղափարները, օգնելու համար ընթերցողին, որպէսզի յաղթահարէ իր առօրեայ կեանքի զանազան հոգեվիճակները։
Անկասկած որ երկար տարիներու վրայ երկարող հսկայական աշխատանքի մը պտուղն է այս գիրքը։ Օգտագործուած հեղինակներուն ընդհանուր թիւը, կազմողին հաստատումով, աւելի քան 90 է (մենք հաշուեցինք՝ 97)։ Քորթմոսեան անոնց հակիրճ կենսագրական գիծերը տուած է գիրքին վերջաւորութեան։ Անոնք կ՚երկարին երկար ժամանակաշրջանի մը վրայ, Անտուն Անապատականէն (Ղպտի Եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ ծնած Եգիպտոս 251ին) ու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն (ծնած 239ին) սկսեալ մինչեւ մեր օրերու եկեղեցական Հայրերը ինչպէս Զարեհ Արքեպս. Ազնաւորեան (վախճանած 30 Ապրիլ 2004ին) եւ Արատաւազդ Արք. Թրթռեան (ծնած Քեսապ 1930ին եւ վախճանած Անթիլիաս 2013ին)։ Մէջբերուած եկեղեցական Հայրերն ու հեղինակները միայն հայեր չեն: Գիրքը իր մէջ կ՚ընդգրկէ ամբողջ 17 դարերու վրայ երկարող եկեղեցական հայրերէն մեզի հասած իմաստութիւն եւ քրիստոնէական պատգամներ։
Վերոյիշեալ հեղինակներէն քաղուած մէջբերումները Քորթմոսեան զետեղած է տարբեր հոգեվիճակներ բնորոշող խորագիրներու տակ։ Ներկայացուած հոգեվիճակները, թիւով յիսունէ աւելի, դասաւորուած են այբենական կարգով։
Գաղափար մը տալու համար ընդգրկուած հոգեվիճակներու ու հեղինակներուն մասին պիտի փորձեմ այստեղ տալ անոնցմէ մէկ քանի որոնք կը կազմեն գիրքի մէկ հինգերորդ պարունակութիւնը: Այսպէս՝
Գաղափար մը տալու համար ընդգրկուած հոգեվիճակներու ու հեղինակներուն մասին պիտի փորձեմ այստեղ տալ անոնցմէ մէկ քանի որոնք կը կազմեն գիրքի մէկ հինգերորդ պարունակութիւնը: Այսպէս՝
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ (Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի, Շնուտա Գ. Հայրապետ, Զարեհ Արքեպս. Ազնաւորեան).
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (Սուրբ Իգնատիոս, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, Պսակ Ծ. Վրդ. խորէնեան).
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ-ԶՂՋՈՒՄ (Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ, Գէորգ Չէորեքճեան Կաթողիկոս, Շնուտա Գ. Հայրապետ, Զարեհ Արքեպս. Ազնաւորեան).
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԷՄ ԱՊՍՏԱՄԲԻԼ (Սուրբ Կիւրեղ Աղեքսանդրացի Հայրապետ, Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ).
ԱՍՏԾՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԵՐԿԻՒՂ (Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացի, Սուրբ Անտոն Անապատական, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ, Սուրբ Յովհաննէս Կարճահասակ, Հայր Պիմէն, Որոգինէս, Թովմաս Գեմբացի).
ԸՆՏԱՆԻՔ (Պօղոս Պատրիարք Ադրիանուպոլսեցի, Պսակ Ծ. Վրդ. Խորէնեան, Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս, Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոս, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան).
ԾԷՍ (Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան).
ԿԵԱՆՔ (Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետ, Գէորգ Չէորեքճեան Կաթողիկոս, Պսակ Վրդ. Խորէնեան, Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Մայր Թերեզա).
ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ (Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետ, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ, Սուրբ Օգոստինոս Երանելի, Սուրբ Եզնիկ Կողբացի, Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ, Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ).
ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ (Սուրբ Անտոն Անապատական, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, Հայր Թորոդէոս, Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ, Թովմաս Ագուինացի, Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի Պատրիարք, Պսակ Ծ. Վրդ. Խորէնեան).
ՅՈՅՍ ԵՒ ՅՈՒՍՀԱՏՈՒԹԻՒՆ (Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետ, Սուրբ Մակար, Սուրբ Օգոստինոս Երանելի, Սուրբ Յովհաննէս Սանդուխք, Փատրէ Փիօ, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ներսէս Եպս. Դանիէլեան)։
Վստահաբար վերոյիշեալ հոգեվիճակներն ու անոնց հետ աղերս ունեցող մէջբերումներու հեղինակներուն անունները գաղափար մը տուած եղան ընթերցողին, գիրքին տարողութեան մասին։
Անկասկած, որ նման հաւաքածոյ մը հսկայական աշխատանքի կը կարօտի։ Այդ կ՚ենթադրէ, որ Յակոբ Քորթմոսեանը մանրակրկիտ աշխատանք տարած է խորանալով այդ եկեղեցական Հայրերու թողած գրականութեան մէջ, որմէ յաջողած է փունջ մը պատրաստել ու ներկայացնել ընթերցողին, խթանելով զինք, թեթեւցնելով անոր առօրեայ հեւքը ու նպատելով որ կարենայ յաղթահարել կեանքի անխուսափելի խոչընդոտները, քանի որ, Յակոբին խօսքով՝ «ընթերցողը պիտի նկատէ թէ բոլոր հեղինակներուն մեկնակէտը եղած է Աստուածաշունչը»։
Վստահ եմ, որ նոյն այս մեկնակէտը եղած է շարժառիթի այս գիրքի կազմութեան, գիրք որ միեւնոյն ժամանակ Յակոբ Քորթմոսեանի դաստիարակութեան ցոլացումը կը հանդիսանայ։
Քորթմոսեան ծնած ու հասակ առած է Քեսապ: Յաճախած է Անթիլիասի Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան Ժաոանգաւորաց դպրոցը։ Անձնապէս մեծ ակնածանք ունիմ «Ժառանգաւորաց» անուանակոչութեանը հանդէպ, քանի որ այդ կը նշանակէ որ հոն ուսանողները պիտի ըլլան ժառանգորդները Հայ դարաւոր Եկեղեցիի քրիստոնէական եւ ազգային առաքելութեան։ Յակոբին կոչումը չեղաւ տանիլ իրեն յանձնուած ժառանգը որպէս կրօնական։ Ան այժմ տէրն է իր ընտանիքին եւ իր տիկնոջը հետ ծնողք՝ իրենց սիրասուն միամեայ զաւակին: Եւ այսպէս, իրեն յանձնուած ժառանգը կը տանի եւ կը բաժնեկցի որպէս հաւատաւոր աշխարհական, ինչպէս կը վկայեն այս գիրքը եւ իր հետեւողական գրառումները համացանցի վրայ խմբագրած իր էջին վրայ եւ մանաւանդ իր կենցաղը տանելու համար կեանքի ամէնէն դժուարին պատահարներէն՝ իր եղբօր 3ովակի կորուստը, որ իր մանկութեան ընկերոջ՝ Խաժակ Աբէլեանին հետ երբ որպէս պահեստային զինուոր կը ծառայէին սուրիական բանակէն ներս, անհետացան եւ տակաւին կը մնան կորսուած սուրիական պատերազմին արհաւիրքին մէջ։
Այս գիրքը հաճելի եւ դիւրասահ ընթերցանութիւն մը եղաւ։ Նման դասաւորուած գիրքերը հաճելի է ընթերցել, քանի որ իւրաքանչիւր գլուխ լիութիւն մըն է ինքնին։ Անցնող քանի մը շաբաթներու ընթացքին, իրիկունները անկողինիս մէջ, նախքան քուն անցնիլս, գլուխ առ գլուխ կարդալով լրացուցի ընթերցումս՝ հաճելի ընթերցանութեամբ մը, որ վստահաբար նոյն փորձառութիւնը պիտի պարգեւէ նաեւ որեւէ այլ ընթերցողի համար։
Գիրքը Արեւմտահայերէն է եւ պատկերազարդուած։ Կը յանձնարարեմ անոր ընթերցանութիւնը։
Հրատարակած է www.ArmenianCultural.com-ի կողմէ եւ կարելի է ապսպրել Amazon.com կայքէն կամ կապ պահելով Յակոբ Քորթմոսեանին հետ, Ե-նամակ hagop1424@gmail.com հասցէով:
No comments:
Post a Comment