Վահէ Յ Աբէլեան
Հայ աւետարանական համայնքը կը նշէ 1846-ը որպէս իր հիմնադրութեան տարին։ Նոյնը կը նշէ նաեւ միսիոնար Վիլեամ Կուտէլը (William Goodell) որուն կը պարտինք հայատառ բայց թրքերէն աւետարանը` իր 20 տարիներու աշխատատութեան արգասիգը։ Ան ներկայ եղած էր Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցիին հիմնադիր ժողովին։ Այս կը նշեմ քանի որ «Կարմիր Ժամուց» գիրքին հերոս Տէր Յուսիկ քահանան, կը խոստովանի որ իր ազգային զարթօնքը կը պարտի փողոքական պատուելիին։
Իմ սահմանաբակ հայերէն ընթերցութիւններուս մէջ ուրիշ տեղ չեմ հանդիպած հայ աւետարանական համայնքին բերած ազգային զարթօնքի նպաստին, այնպէս ինչպէս Արփիար Արփիարեանը ակնարկած է իր «Կարմիր Ժամուց» գիրքին մէջ։ Այդ ալ իր կարգին անտեսուած մնացած է։ Թերեւս անդրադարնամ անոր։
Արփիար Արփիարեանը ծնած էր 1851-ին եւ սպանուեցաւ 1908-ին Գահիրէի մէջ։ Նախ քան այդ, ենթակայ եղած էր երկու ձախող սպանութիւններու՝ առաջինը Պոլսոյ մէջ, 1896-ին, իսկ երկրորդը Վենետիկի մէջ, 1903-ին։ Հետեւաբար «Կարմիր Ժամուց» գիրքը չէր կրնար աղէրս ունենար Ատանայի ջարդերուն հետ։ Շատ հաւանաբար Համիտեան ջարդերը որպէս օրինակ եղած էր Արփիար Արփիարեանին գիրքին գրական երեւակայութեան խորքը։ Համիտեան ջարդերը տեղի ունեցան 1894-1897 թուականներուն իսկ գիրքը գրուած է 1901-1903 տարիներուն։
Ինչպէս նշած էի՝ գիրքին ընդհանրացած ընկալումը եղաւ յեղափոխական գաղափարախօսութեան ներկայացուցիչ Տէր Յուսիկ քահանան ընդէմ պահապանողական գափափարախօսութեան ներկայացուցիչ հայրապետ էֆէնտին։ Գիրքին դասական մեկնաբանութիւնը եղաւ որ Հայրապետ Էֆէնտին տեղի տուաւ եւ կատարեց իր նպաստը յեղափոխութեան տալով իր կարմիր ժամուցը Տէր Յուսիկին։
Բայց Տէր Յուսիկը այդպէս չընկալեց։ Ան իր կարգին գնահատեց Հայրապետ էֆէնտին եւ նկատել կուտաւ որ ինչպէս իր գիւղը, նմանապէս հայրապետ Էֆէնտիին Օրթագեղը զերծ մնացին ջարդերէն։ Այս իրողութիւնը կորսուած մնաց գիրքին մեկնաբանութեան մէջ դպրոցներէն ներս։ Նոյնիսկ վիճաբանութեան առարկայ իտկ չեղաւ։ Զէնքին պատգամը լռեցուց քաղաքականութեան պատգամը, մոռացութեան իսկ տուաւ զէնքին դիմած Տէր Յուսիկին ըսածը։
Կցած եմ գիրքին վերջին պարբերութիւնը։ Կարմիր գիրերովը Տէր Յուսիկին ակնարկն է, իսկ կապոյտ գոյնովը Հայրապետ Էֆէնտիինը։
իսկ վերջին հատուածն ալ Արփիար Արփիարեանին եզրակացութիւնն է ուր տիրողը՝ Տէր Յուսիկին եւ Հայրապետ Էֆէնտիին Թուրքին ատելութիւնն էր։
Այդ պարբերութեան ընրթերցումը հաւանաբար ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ որ Կարմիր ժամուց գիրքին մէջ՝ զէնքի եւ քաղաքականութեան ընտրութեան հարց չկար։ Այլ կար ամէն միջոց գործածելու իրողութիւնը, ուր որ պատշաճ էր գործածել այդ, պահելու եւ պաշտպանելու համար հայը Թուրքէն։
Գիրքին վերջին պարբերութիւնը տեղի կունենայ Պոլսոյ Պատրիարքարանին մէջ, արհաւիրքէն ետք, ուր Տէր Յուսիկը եւ Հայրապետ Էֆէնտին կը հանդիպին իրար։
***
. «Այս միջոցին տէր Յուսիկ տեղէն ելաւ, սուրճ պատրաստելու էֆէնտին թող չէր տար, որ նեղութիւն քաշէ։ Բայց դուռը բացուեցաւ, ժամկոչը երկու սուրճ կը բերէր։ Տէր Յուսիկ ներողութիւն խնդրեց, որ սիկար մը չի կրնար հրամցնել, վասն զի ինքը ծխող չէր։ Էֆէնտին հատ մը գրպանէն հանեց, ու սուրճը խմելով, խօսակցութիւնը շարունակեց։
—Է, նայինք, տէր հայր, ե՞րբ կը մեկնիք, — հարցուց։
—Շիտակը, էֆէնտի, որոշ բան մը չեմ գիտէր։ Մօտերս նոր Պատրիարքպիտի ընտրուի, կ՚ըսեն։ Կը յուսամ, որ սրբազանը ամէն դիւրութիւն կ՚ընծայէ։ Բացակայութիւնս շատ տարի տեւեց, ժողովուրդը կը սպասէ։ Ընելիք շատ բանկայ։
—Ինչպէս, իմացա՞ք բան մը. ձեր գեղն ալ դէպք պատահե՞ր է, շատ դժբաղդութիւններ տեղի ունեցեր են։
—Ատ մասին փառք Նախախնամութեան, էֆէնտիս. լսեցի, որ մեր գեղըանփորձ մնացեր է։
—Ի՜նչ կ՚ըսէք, ատ ի՜նչ հրաշք է։
—Էֆէնտիս, մինակ պարզ հրաշք մը չէ։
—Հապա՞։
—Մեր տղաքը ժամանակին խելք ըրած են ու քանի մը հրացան առեր պահեր են, քիչ մըն ալ զինավարժութիւն սորվելով։ Խուժանը դրսէն մեր գեղին վրայ հարձակում ըրած ատենը, տղաքն ալ անոնց վրայ կրակ կ՚ընեն, եւ թշուառականները լեղապատառ կը փախչին։ Երիտասարդները անոնց ետեւէն կը վազեն եւ ուրիշ հայ գեղերու ալ օգնութեան հասնելով՝ զանոնք ալփրկեր են։ Ա՜խ, էֆէնտիս, եթէ ամէն քաղաք ու գիւղ ալ ասան կնախատեսութիւն ունեցած ըլլար, բանիկ մը չէր պատահեր։
Այս տեղեկութիւնը լսելուն՝ էֆէնտին պահ մը մտախոհ լուռ մնաց։ Կըհասկնար, թէ «ժողովուրդի խոհեմութիւնը» զէնք ունենալու եւզինավարժութեան մէջ կը կայանայ։ Հետաքրքրութիւնը արթնցաւ. եւ տէր Յուսիկէն քանի մը տեղեկութիւններ ուզեց. կը զարմանար, թէ անծանօթ գեղիմը մարդիկ ինչպէս եղեր է, որ կրցած են հեռաւոր ապագան նախատեսել։
Քահանան համառօտակի մը պատմեց տարիներէ ի վեր տեսնուած պատրաստութիւնները, բայց առանց ինքզինքը մէջ խառնելու, ամէն ինչ երիտասարդներուն կազմած ընկերութեան վերագրելով։
—Հէ՜յ, հէ՜յ, ըսաւ էֆէնտին։ Մենք ալ հա՞յ ենք եղեր. մենք ալ բա՞ն գիտենք եղեր. իբր թէ ազգին մէջ ալ կարեւոր դեր մը ունէինք։ Ժողովուրդը ինքն իր գլխուն, մենէ աւելի աղէկ գիտէր, թէ խոհեմութիւնը ինչ ընել կը պահանջէ։
Ազդեցիկ այդ հայը իրեն պատահած դէպքէն ի վեր, ջղային գրգռման մէջ էր։ Իր դառնացած սիրտը բանալու եւ խոստովանելու անդիմադրելի պէտք մը կը զգար։ Հոգին տանջող ցաւը դուրս տուաւ։ Տէր Յուսիկ ըմբռնելով ջախջախուած մեծատունին հոգեբանական վիճակը, չուզեց զանիկայ ջլատել։ Ընդհակառակը ջանաց զօրացնել այդ հոգին, կազդուրել, վհատումէ փրկել ։Հայրապետ էֆէնտին ուժ մըն էր, զոր չեզոքացման վտանգէն հարկ էր փրկել։ Ապագային պիտի կրնար իրենց օգտակար ըլլալ։ Տէրտէրը իր նախկին հակառակորդը իր խուցը, այսինքն՝ իր ոտքը տեսնելէ ի վեր այս մտածութիւնը ունեցած էր եւ ըստ այնմ կը խօսէր։ Ուստի անոր յուսահատական վերջին յայտարարութիւններուն պատասխանեց.
—Էֆէնտի, այդպէս մի՛ ըսէք։ Այն բոլոր հայերը, որ իրենց ազգը կը սիրեն ու անոր օգուտը կը փափաքին, անոնք ամէնքն ալ միեւնոյն կերպով չեն կրնար մտածել։ Ո՞վ կրնայ ապագան ճիշտ ու ճիշտ նախատեսել։ Ու յետոյ, հիմակ ազգերնիս անանկ վիճակի մէջ է, որ տեղ մը օգտակար սեպուած գործը, ուրիշ տեղի մը համար կրնայ վնասակար ըլլալ։ Ու ինչ որ քաղքի մը կործանման պատճառը կը դառնայ՝ ուրիշ քաղքի մըն ալ փրկութիւնը կ՚ըլլայ։ Իրաւ է, որ մեր գեղը ո՛եւէ աղէտ չպատահեցաւ, շնորհիւ ժողովրդին զէնքերուն, բայց լսեցինք, որ հոս Օրթագեղ ալ բան մը չէ պատահած։
—Չէ՛, փառք Աստուծու, հոս ալ մէկուն քիթը չարունեցաւ, —պատասխանեց Օրթագեղի խնամակալը զգացեալ համեստութեամբ։
—Բայց Օրթագեղ ալ զէնք չի գործածեցիք, — շարունակեց տէրտէրը։ Այդ թաղն ալ հրամանքներնուդ զգուշաւոր հեռատեսութեամբը փրկուեցաւ։ Կը տեսնենք, թէ տեղ մը քաղաքագիտական վարմունքը կրնայ օգտակար ըլլալ, ուրիշ տեղ մըն ալ զէնքի վարմունքը։ Ամէն միջավայրի հայերը իրենք իրենց կացութեանը համեմատ հոգալու են ինքզինքնին
Հայրապետ էֆէնտին որքան աւելի մտիկ կ՚ընէր տէր Յուսիկը՝ այնքան աւելի կը սիրէր զանիկայ։ Կը հասկնար, թէ այդ հայաստանցին ոչ միայն զօրաւոր նկարագրի տէր խելացի մէկն էր, այլեւ շա՜տ փափկանկատ։ Անոր խօսքերը թեթեւացուցին սրտին վրայ ծանրացած բեռը։ «Ա՜խ, կը մտածէրինքն իրենը, եթէ ասանկ շատ տէրտէր ունենայինք, ազգը ա՛լ ինչ կուզէր»։ Ու նոյն րոպէին, տէր տիրոջ խօսքերուն տպաւորութեան ներքեւ որոշեց ազգին՝տէր Յուսիկին պէս քահանաներ պատրաստելու համար ամէն ջանք ընել։ Այս որոշումը նոր հոգի տուաւ իրեն, մէկէնիմէկ զինքը նոր մարդ ըրաւ։ Իր կեանքը մեծ նպատակ մը ունէր։ Անցեալը անցած էր. նայելու էր ապագային։ Իրխորհուրդները րոպէաբար ցոլացեր էին՝ տէրտէրին խօսքերուն իր մտքին տուած զարկերէն։
Մութը կը կոխէր։ Հիւրը ոտքի ելաւ մեկնելու։
—Տէր հայր, ըսաւ, թերեւս երկար ատեն ա՛լ չտեսնուինք։ Աստուած բարի ճամփորդութիւն տայ։ Երկիրդ եթէ բանի պէտք ունենաս՝ Պատրիարքարանին միջոցաւ ինծի հաղորդէ, պէտք եղածը կ՚ընեմ։
—Աստուած պակաս չընէ, էֆէնտի։
Ու էֆէնտին յառաջացաւ դէպի տէրտէրը, եւ անոր ձեռքը համբուրելու համար քաշած ատենը, իր գրպանէն պզտիկ քսակ մը հանեց, մէջը լեցուն ոսկի, եւ քահանային ձեռքը դնել ուզեց։ Անիկայ ետ—ետ գնաց.
— Կ՚աղաչեմ, էֆէնտի, նեղութիւն մի՛ կրէք։ Ես բանի մը պէտք չունիմ։ Ուրիշ աւելի նեղութիւն ունեցողներ կան։
—Չէ՛, տէր հայր, չէ՛. ա՛ռ. սա քեզի համար չէ։
Ու ծանր, խորհրդաւոր ձայնով մը ցածկեկ, աւելցուց.
—Ժողովրդիդ համար վառօդ, հրացան գնէ։ Խոհեմութիւնը զէնքին մէջն է։«Որ ո՛չ սուր առցէ, սրով անկցի»։
Տէրտէրը նուէրն ընդունեց եւ էֆէնտիին երեսը նայելով, ժպտուն.
—Աս կարմիր ժամուց է, ըսաւ։
Ու երկուքին աչքերն իրարու հանդիպեցան։ Անոնց մէջ կը վառէր հայ աղքատին ու հայ հարուստին հազար տարուան ատելութիւնը մահմետական թշնամիին դէմ։»
Արփիար Արփիարեան |