Վահէ Յ. Աբէլեան
Garo Armenian
«Պէտք է յատկապէս շեշտել, որ Տէր Մելքոնեան եղբայրները՝ Յակոբ և Մելքոն մեծապէս օրինակելի գործիչներ էին Լիբանանի մեր համայնքի կեանքի ազգային, քաղաքական, եկեղեցական, կրթական և մշակութային և այլ ոլորտներուն մէջ։ Շուկայի մէջ յաջողա՛կ՝ անոնք նաև ամէն տեղ էին, ուր հանրային պարտականութիւնը կը կանչէր զիրենք։ Անոնք անշահախնդիր և միաժամանակ կուռ և պահանջկոտ ղեկավարներ էին։ Գաղութի կեանքին մէջ, փայլուն դերակատարութիւն ունեցան նաև Տէր Մելքոնեան կանայք սկսելով Մելքոն Տէր Մելքոնեանի կորովի կողակից՝ Լիւսի Տէր Մելքոնեանէն, որ առաջին հայուհին էր, որ ընդգրկուեցաւ Լիբանանի ազգային իշխանութեան կեանքին մէջ։ Ան էր, որ, առաջի՛նը, յստակացուց Ազգային Սահմանադրութեան իրաւական տրամադրութիւնները կանանց իրաւունքներու կապակցութեամբ։ Մինչև այդ օր, ազգային իշխանութեան ոլորտը մնացեր էր տղամարդոց «սեփականութիւն»ը...Մինչդեռ Տիկ. Լիւսի կու գար փաստելու, որ Սահմանադրութեան հիմնադիր հայրերը մեծ նրբազգացութեամբ միշտ գործածած էին «անհատ» եզրը...Կարևոր է յիշել Ճեմարանի իմ ուսուցչուհի՝ Գեղարփի Տէր Մելքոնեան Ենիգոմշեանը (Յակոբի դուստր), որ մեծ նուիրումով գործեց մեր գաղափարական կեանքի բազմաթիւ ոլորտներէն ներս և ազգին նուիրեց հրաշք զաւակներ։ Կ՚ուզեմ նաև յիշել մեր բազմահմուտ ընկհի՝ Շաքէ Տէր Մելքոնեան Մինասեանը, խորահմուտ գիտնական և բազմաթիւ երկերու հեղինակ, մշակոյթի և Հայ Դատի անխոնջ նուիրեալը՝ Մելքոն և Լիւսի Տէր Մելքոնեանի դուստր։ Յիշել նաև Ընկհի Էլօ Տէր Մելքոնեանը և Ընկ. Սուրէն Տէր Մելքոնեանը (Մելքոնի դուստր և որդի), բոլորն ալ Լևոն Շանթի և Նիկոլ Աղբալեանի ձեռնասուննե՛ր՛ և որոնք միշտ եղած են պատնէշի վրայ։»
Harout Topjian
՝՝Յակոբ Տէր Մելքոնեանի մահով Այնթապցիներս կորսնցուցինք երիցագոյն սերունդի մնացորդացէն պատուական նահապետ մը, Դաշնակցութիւնը՝ հաւատաւոր կուսակցական մը, իսկ Լիբանանահայութիւնը՝ բանիմաց ու բարեգործ երախտարժան ՄԱՐԴ մը...: Ազատամիտ ու հեռատես մարդ էր լուսահոգին: Ատոր փաստը տուաւ քանիցս: 1931-ին, երբ Երանաշնորհ Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան պիտի կոչուէր ԱԹՈՌԱԿՑՈՒԹԵԱՆ, ինք եղաւ աւագ աշխատողներէն մէկը, որ անհասկացողութիւնն ու կասկածները փարատին եւ ընտրութիւնը կատարուի համերաշխութեամբ ու միաձայնութեամբ: Անիրաւ չէր, երբ Վեհափառ Սահակ Հայրապետը առիթով մը արտայայտուեցաւ ու ըսաւ. ՝՝Հայրենակից երկու Յակոբներ- ակնարկելով Տէր Մելքոնեանի եւ Տոքթ. Յակոբ Թօփճեանի,,- յաջողութեամբ պսակեցին բան մը՝ որ անկարելի կը թուէր՝՝ ԳՐԻԳՈՐ ՊՈՂԱՐԵԱՆ:
Hasmik Isaghulyan
«Սկսում եմ վախենալ, այն մտքից, որ այլևս հնարավոր չի լինի հավաքել այսօրյա հայության մտածողության մոտավոր խճանկարն անգամ․․․Այլևս դադարել են արժեքների գնահատումն ու մեծարումը, փոխարենը՝ դատարկ խոսքերն են թևեր առել ու ճախրում են դեպի հայոց մշակույթի օջախներ։ Թե ի՞նչ աշխարահայացքի տեր մարդը պիտի ելույթ ունենա նման մեծավաստակ հայի անունը կրող թատրոնի բեմում՝ չի կարևորվում։ Անհավատալի է, որ առողջ բանականությունը այսչափ մթագնել է․»
Garo Armenian
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան նաև մեծ մասնագէտ մըն էր Արևմտահայերու «Ազգային Սահմանադրութեան»։ 1956-ի կաթողիկոսական պայքարի շրջանին, ինքն էր, որ իր հմուտ վերլուծումներով լուսաբանեց հանրութիւնը այս խնդրով։ Նաև արժէքաւոր յառաջաբանով մը հրատարակութեան տուաւ «Ազգային Սահմանադրութեան» բնագիրը, որ ցարդ կը հանդիսանայ հանրութեան դասագիրքը այս հարցի մասին։»
George Mahroukian
«խոնարհում!!!»
Vahe H. Apelian
« Քոյրը Ատանա՝ աղջկանգ Գոլէճ կը ղրկեն։ Մալաթեացի Սաչաքլեան Ամերիկայ իր եղբորը կը գրէ՛ որը կուգայ կ՚ամուսնանայ (քրոջը) Էլիզային հետ եւ զինք կը տանի Ամերիկայ։» (Ակնարկը Ահարոն Սաչաքլեանին մասին է՝ Նեմեսիսի Գործունէութեան գլխաւոր դերակատարներէն մին որուն մասին գրած է թոռնուհին՝ Marian Mesrobian MacCurdy-ին իր "Sacred Justice" գիրքին մէջ։)
Բնգիր կենսագրութիւնը կցուած է ներքեւը
«ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
(1879-1972)
Հօրը հայրը՝ Առաջնորդական Տեղապահ Տէր Մելքոն Աւագ Քհնյ։ Ծնեալ Աստուածատուր Կէմիրճեան, Այնթապ (1802-1885)։ Իրմէ առաջ քահանան Տէր Մելքոն եղած է, երբ կը մեռնի, ժողովուրդը առանց քահանայի չի մնալու համար Աստուածատուրին քահանա կ՚ընեն եւ անունը շատերուն դժուար ըլլալուն «մենք Տէր Մելքոն վարժուած ենք» ըսելով զինքն ալ Տէր Մելքոն կը կանչեն։ Աստուածատուր արդէն Մելքոն անունով եղբայր մը ունէր, տեղացիները անոր Տէմիզ Մելքոն կը կանչեն։ Ընտանիքին անունը կը վերածեն Տէր Մելքոնեանի։
Հայրը՝ Տէր Աւետիս Աւագ Քհնյ. (1848-1909)։
Մօրը մայրը Այնթապէս Գիլիս հարս կ՚երթայ։
Մայրը՝ Թրվանտա, Գիլիսէն Այնթապ հարս կուգայ։ Կը պսակուի Տէր Մելքոնին անդրանիկ զաւկի Աւետիսին հետ, որ վերջը քահանայ կը ձեռնադրուի։ Կ՚ունենան 11 զաւակներ, որոնցմէ միայն 4-ը կը մեծնան։
Յակոբ (1879-1972)
Միհրան (1885-1920)
Էլիզա (1889-1994)
Մելքոն (1894-1959)
Յակոբ աւարտած է Այնթապի Վարդանեան կրթարանը։ Ապա երկու տարի ուսուցչութիւն ըրած է Ազգ. Ներսէսեան Վարժա րանին մէջ։ 1895-ին կը մտնէ Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճը։
1896-ի Վարդանանքին շատ մեծ թալան մը կ՚ըլլայ։ Հայրը կ՚ըսէ «տղաս, ես ալ կողոպտուեցայ, ծուխերս ալ. Այլհւս չեմ կրնար կարդացնել քեզ։» Յակո կը ստիպուի ձգել Գոլէնը ու կ՚երթայ Ալեքսանտրէթ, հօրաքոյրներուն զաւակներուն քով, որ աեւտուր սորուի։
Մայրը, Այնմթապ, 15 աշակերտներով ձեռաւործ ընելով կ՚ապրըեցնէ ընտանիքը, մինչ ամուսնոյն (Աւետիսին) եղբօրը աղջիկը՝ Ֆլօրինձան, 15 տարեկան, կուգայ իրենց օգնելու (որուն եղբայրը Յարութիւն Աւագ Քհնյ. Սիս ներկայ կ՚ըլլայ Սահակ Կաթողիկոսի օծումին)։ Գոլէճի տնօրէնին (Dr. Sheppard) տիկինը Թրվանտայի աշխատած ձեռագործները շատ կը հաւնի, միասին կը համաձայնին, ամէն ամիս կուգայ կը վճարէ եւ ձեռագործներէն Ամերիկայ կը ղրկէ իր միջոցներով։
Այս պատճառով Այնթապի նշանաւոր ձեռագործներու հիմնադիրը կ՚ըլլայ Թրվանտա։
Չորս տարի ետք, 1900-ին, Յակոբ Տէորթ Եօլ կ՚անցնի, ու կը հաստատուի հոն։ Արեւտրական խանութ կը բանայ։ Միհրան եղբայրը (իրմէ 4 տարի փոքր) կը կանչէ իր մօտը։ Գործերնին շատ լաւ կ՚ընթանայ։ Նարընջի ագարակա մը կը գնեն, այդ ալ կը յաջողի։
Ընտանիքի միւս անդամներն ալ՝ ծնողքճը, պզտիկ եղբայրը Մելքոն, եւ քոյրը Էլիզ, Տէորթ Եօլ կը բերեն։ Հայրը 4 տարի հոն քահանայութիւն կ՚ընէ։ Ետքը Մելքոն Պոլիս Պերպերեան Վարժարան կը ղրկեն, եւ քոյրը Ատանա՝ աղջկանց Գոլէճ։ Մալաթեացի Սաչաքլեան Ամերիկա իր եղբորը կը գրէ, որը կուգայ կ՚ամուսնանայ Էլիզային հետ եւ զինքը կը տանի Ամերիկա։
1909-ին Յակոբ Այնթապ կը մեկնի ամուսնանալու։ Կը պսակուի Խաչեր աղա Պերղուտեանի դուստր Ովսաննայի հետ։ Ամիս մը ետք կնոջը հետ կը վերադարռնայ Տէորթ Եօլ։
Միհրանին հետ մասնակցած ըլլալնուն կռիւներուն, կը հետապնդուին թուրք զինուորներուն կողմէ։ Կինը Այնթապ կը ղրկէ։ Առաջին պզտիկը Այնթապ կը ծնի։
Ետքը կը ստիպուին առեւտուրի գործերն ծախել եւ կ՚անցնին Մերսին։ Իփրանոսեաններուն մօտ պաշտօնեայ կ՚ըլլան։ Երկրորդ պզտիկը, Մելինէ, կը ծնի Մերսին 1914-ի Յունուարին։
Այս շրջանին Միհրան Կ՚ամուսնանայ Մէրսինցի Վերժինի հետ։ Կը լսեն որ Տէօրթ Եօլի ագարակը կը կողոպտուի, երկու եղբայր կ՚երթան հոն ու կը փրկեն զայն։
1914-ին համաշխարհային պատերազմի ձայներ կը լսուին։ Թուրքերը կը սկսին աւելի եւս հայերուն նեղել։ Մայրը Հալէպ կը ղրկեն, ուր ձեռագործ կ՚ընէ։
Երբ պատերազմը կը սկսի Մելքոն եղբայրնին կը կանչեն։ Միհրան Ֆրանսական բանակին կամաւոր կը գրուի։ Զինուորագրութիւնէ խուսափելու նպատակով Յակոբ եւ Մելքոն կարավառական կարապան կ՚ըլլան։ Շատ չի տեւեր Մելքոն կը ստիպուի զինուոր արձանագրուիլ, իսկ Յակոբ կը յաջողի գործաւոր զինուոր ըլլալ, որպէսզի ճական չ՚երթայ։ Մելքոն կը լսէ որ գործաւոր զինուորներուն անոթի-ծառաւ կ՚աշխատցնեն մինջեւ ուժասպառ ըլլան, ետքը երեք-չորս հոքի իրար կապելով ձորը կը նետեն։ Յակոբ կը ստիպուի փախիլ եւ կ՚ապաստանի Ամանոս լեռները։ Երէք տարի կը մնայ փախստական, մէջընդմէջ այցելելով արաբական գիւղեր։
1918-ի զինադադարին կը վերադառնայ Այնթապ։
Միհրան ետ Տէորթ Եօլ կ՚երթայ կռուելու։ Կը նահատակուի 1920-ին պեպեքը չտեսած։
Յակոբ Տէր Մելքոնեան եղած է շարքային Դաշնակցական։ 1920-ին կը հանդիսանայ կազմակերպիչներէն մէկը Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ Կ՚ըլլայ գանձապահ Ազգային Միւթեան առաջին շրջանին։ Ապա յաջորդաբար կը ստանցնէ ատենագրութիւնը Զինուորական Կեդրոնական Մարմնին ու Ազգային Միութեան եւ քարտուղարութիւնը՝ զոյգ հրամանատարներուն եւ Ազգային Միւթեան նախագահին։
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք կը հաստատուի Հալէպ, եւ Լեւոն Նազարեանի հետ կը հիմնէ Նազարեան-Տէր Մելքոնեան կերպասեղենի վաճառատունը։
Յարութ Խաչատուրեանին հետ Հալեպի մէջ կը շինեն ջուրի աղբիւրներ, եւ Հալեպի Ծեռանոցը կ՚օժտէ ջրահան մեքենայով։
Այր շէջանին, կնոջը՝ Ովսաննայի 5 եղբայրներէն Յակոբ, որ Ամեկիա գաղթած էր, Հալեպ կուգայ ամուսնանալու եւ հոն հաստատուելու։ 1921-ին կը պատահի Իզմիրի դէպքը. «Վայ, տակաւին այս թիւրքերը մարդ չ՚եղան» ըսելով, եւ քանի տակաւին ամերիկեան հպատակութիւն ունենալով, մայրը, ամենապզտիկ եղբայրը, որդեգիր Լուսինը, կինը եւ կնոջ մայրը՝ Տիկ. Ճէմիլէն կ՚առնէ եւ կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ։ Յակոբ Տէր Մելքոնեան կը որոշէ հետեւիլ անոր։ Սակայն Հալէպ Ա.Մ.Ն. հիւպատոսարան չ՚ունենալուն, 1922-ին, մեծ թիւով գաղթական հայերու հետ կը ստիպուին փոխադրուիլ Պէյրութ։
Պէյրութի Ամերիկեան հիւպատոսարանին մօտ տուն մը կը վարձեն ու վիզա ստանալու յոյսով ամիսներ շարունակ կ՚երթայ-կուգայ ապարթիւն։ Սպասման շարքին մէջ կը վարակուի Թէֆուսի ախտով. Ամառանոց Զահլէ կ՚երթան ու երեք ամիս անկողին կը մնայ։ Առողջանալէն ետք կը որոշէ վերջնականապէս հաստատուիլ Պէյրութ։
Երկու տարի ետք Մելքոն՝ իր հօրեղբոր աղջկան հետ նշանուած, կը տեղափոխուի Պէյրութ եւ կը բնակի Յակոբենց հետ նոյն տունը, Պաստա։ (Այդ շրջանին բոլոր գաղթականները Պէյրութ քաղաքին մէջ դրացիներով կը բնակէին. Իսկ Պուրճ Համուտի շրջանը՝տախտակաշէն կամ թիթեղաշէն տնակներու մէջ։)
1924-ին Մելքոն եղբորը հետ կը հաստատեն կերպասի վաճառատուն։
1929-ին կը պատահի Ամերիկայի Great Depression-ը, որուն հետեւանքով նոյնիսկ Լիբանանի մէջ շատեր կը սնանկանան. Անոնցմէ մին՝ Տանտաշ անունով արաբ մահմետական ձեղախումբի մը պետը, որ Յակոբ Տէր Մելքոնեանին մեծ գումարներ պարտք ունէր, կ՚ըսէ պարտքը չի կրնար վճառել՝ փոխարէնը կը յանձնէ 6,000 քարէ Հէրմելի մէջ հողակոյտ մը. Սակայն երբ Յակոբ Կ՚երթայ Հէրմել, տեղացիները զինք կ՚ազդարարեն ըսելով որ եթէ կ՚ուզես ապրիլ, մէյ մըն ալ հոս չես գար։ Անոր վրայ Յակոբ հողը կը գրէ Կաթողիկոսութեան անունին։
Յակոբ Տէր Մելքոնեան 1923-ին կը ստանցնէ ատենապետութիւնը Այթապցիներու Պէյրութի Հայրենասիրական Միւթեան։ Անդամ կ՚ընտրուի Ազգ. Գաւառական եւ Քաղաքական ժողովներու, որոնգ ատենապետութիւնը կճը վարէ երկար տարիներ։ Նոյնպէս կը նախագահէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան։ Կ՚ըլլայ հիմնադիրներէն մէկը Պէյրութի Համազգային Մշակութային Միւթեան եւ վարիչ ուժերէն մէկը անոր հիմնած Հայ Ճեմարանին։
1934-ին կ՚ընտրուի Սրբ. Նշան եկեաղեցւոյ առաջին հոգաբարձուն։
Միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցի ու կը քաջալերէ հաւե Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ձեռնարկները եւ 1966-ին կ՚արժանանայ վեթերան վկայականին։
1937-ին Ֆրանսան Սանճաք-Ալեքսանտրէթը Թուրքիոյ կը յանձնէ։ Հաւարաւոր հայեր կը փոխադրուին Անճարձ Տեղւոյն առողջապահական պայմանները շատ վատ էին։ Համաճարակ կը սկսի եւ կը սպառնայ ամբողջ գիւղին։ Շատ մը ազգայիններ օգնութեան կը հասնին։ Նաճարեաննրեու կողքին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան կը նպաստէ ջրաբաշխական արդիական մեքենաներ զետելով եւ խնձորենիներ եւ ուրիշ պտղատու ծառեր տնկելով։
1950-ին, Հայ Ճեմարանը Ուատի Ապու Ժէմիլի շէնքը կորսնցնելու վրայ էր։ Կը լսեն որ Զոքաք էլ Պլաթ թաղամասի մէջ շքեղ շենք մը 8,500 մեթր քարէ հողատարածով ծախու է 800,000 Լիբանանեանի։ Սակայն այդ ժամանակ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գտնուէր ֆինանսկան դժուար կացութեան մէջ։ Յակոբ Տէր Մելքոնեան առանց վարանելու իր երկու շենքերը mortgage-ի (երա՞շխ) կը դնէ եւ կը կարողանան շէնքը գնել եւ դպրոցը փոխադրել հոն։ Լեւոն Շանթ անմիջապէս Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի դրամահաւագի, ուր կոկիկ գումար կը յաջողի ձեռք ձգե. Ետքը Փալանճեան քոյրեր մեծ նուիրատուութիւն մըն ալ կճը կատարեն, Յակոբին դրամը ետ կուտան, ան կը վերատիրանայ իր շենքերուն իսկ դպրոցը այնուհետեւ կը կոչուի Նշան Փանաճեան Ճեմարան։
1950-էն 1956 Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի Աթոռը մնագած էր թափուր։ 1956-ին Camille Chamoun-ի օրով՝ Երեւանէն Վազգէն Կաթողիկոս Պէրութ կը ժամանէ որպէսզի Զարեն Եպիսկոպոսը Կաթողիկոս ընտրէ. Իրեն ընկերացող համայնավարներ կը զգուշացնեն զինք եւ կը պարտադրեն որ օծումն չկատարէ։ Վազգէն ստիպուած Ազգային Ժողովի Նախագահ Յակոբ Տէր Մելքոնեանին կը հրահանգէ ժողովը ձրուել։ Յակոբ «Շատ սիրով կը ձրուեմ» կ՚ըսէ սակայն հմուտ ըլլալով Ազգային Սահմանադրութեան օրէնքներուն, Նոր Դիւան կազմել կուտայ։
Long story short, Զարեհ Կաթողիկոս կ՚ընտրուի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակուի շնորհիւ Յակոբ Տէր Մելքոնեանի ճարպիկութեամբ։
Յակոբ Տէր Մելքոնեան մեծ ազգասէր մըն էր, ամէն տեսակ օգնութեան հասնող։ Կատարած է բազմաթիւ նուիրատուութիւններ։ Ան մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանահայ գաղութին։
Իր անունով կը կոչուին Համազգայինի Նշան Փալանճեանի Ճեմարանի դպրոցաշէնքի ժողովասրահը եւ Պուրճ Համուտի շքեղ թատերասրահը։ Ինչպէս նաեւ Էշրէֆիէի Ազատամարտ ակումբին դրամատունը՝ իր եղբոր Միհրանի յիշատակին։
1969-ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը, առ ի գնահատութիւն իր բազմաթիւ բարերարութիւններուն հանար, իրեն կը շնորհէ Կիլիկեան Իշխան ի շքանշանը զինք մեծարելով որպէս Ազգային Բարերար։
Գրած է «Ազգային Սահմանադրութիւն» եւ պատմական գիրքեր, ինչպէս՝ «Երկու Սմբատները»։