Վահէ Յ. Աբէլեան
Hagop Der Melkonian Theater Logo, Bourj Hammoud, Lebanon |
Մամուլէն տեղեակ կ՛ըլլանք, որ 14 սեպտեմբեր 2022-ին Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կրկնեմ ՝թատերասրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ ընդիմութեան շարժման ի նպաստ զօրակցական հաւաք մը, ուր խօսք պիտի առնէ արտա-խորհդարանական ընդիմադութեան հանրային ղեկաւար Իշխան Սաղաթէլեանը։ Հետեւեալ առասպելը միտքս եկաւ։ Թերեւս անոր համար որ Նասրուտին խոճա առասպելին մերօրեայ տարբերակն է ըլլալիքը։
Նախ պատմեմ առասպելը՝
Օրին մէկը Նասրուտին Խoճան դասախօսութիւն մը տալու հրաւիրուած եղած է։ Երկար պատրաստութիւններէն եւ յայտարարութիւններէ ետք, երբ դասախօսութեան օրը կը հասնի, եւ Նասրուտին խօճան բեմ կը հրաւիրուի։ Խօճան, իր անհուն փորձարութիւնէն տարուած, նախ քան դասախօսութիւնը սկսիլը՝ հարց կուտայ ներկաններուն թէ գիտե՞ն ինչի մասին պիտի խօսի։ Ներկաններէն ոմանք «այո» կը բացականչեն, իսկ ոմանք ալ գլուխի շարժումներով կը հաստատեն Խօճային որ գիտեն ինչ բանի մասին պիտի դասախօսէ։ Խօճան, տեսնելով որ ներկանները արդէն գիտեն ինչի մասին պիտի դասախօսէ, կը յայտարարէ բեմէն որ իմաստ չունի իրեն դասախօսել բանի մը մասին որուն արդէն տեղեակ են ներկանները եւ կը հեռանայ բեմէն։
Ներկանները կը որոշեն կրկին անգամ, Խօճան դասախօսութիւն տալու հրաւիրել, բայց այս անգամ կը որոշեն ընել հետեւեալը` եթէ պատահի որ Խօճան նոյն հարցումը կրկին անգամ հարցնէ՝ իրենց պատասխանը պիտի ըլլայ որ բան մը իսկ չեն գիտէր իր յայտարարած դասախօսութեան նիւթին առընջութեամբ։ Այդպէս ալ կը պատահի՝ Խօճան կրկին անգամ նոյն հարցումը կ՚ընէ եւ իրենք ալ իրենց անգիտութիւնը կը հաստատեն։ Բայց այս անգամ, Խօճան զայրացած կ՚ըսէ՝ քանի որ իմ դասախօսութեանս նիւթին մասին բացառձակապէս անտեղեակ էք, իմաստ չունի ձեզի դասախօսութեամբ ջամալ պարզաբանել «իրավիճակի բոլոր նրբութիւնները։» Եւ բեմէն կը հեռանայ։
Ներկաններուն մօտ այսպէս վլվլուկ մը կը սկսի եւ իրար հարց կուտամ ինչպէ՞ս կրնան Խօճային, որուն շատ կը յարգեն, բեմը բարձրանալով դասախօսութիւն տալու առիթը ընծայեն։ Կը որոշեն նորէն հրաւիրել Խօճան բայց այս անգամ, եթէ խօճան նոյնը հարցնէ, իրենցմէ որմանք «չէ, չենք գիտեր» կը որոշեն ըսել իսկ մնացեալը՝ «այո, գիտենք» պիտի ըսեն։
Այսպէս մտմտուքներէ ետք, նորէն Խօճան դասախօսութիւն տալու հրաւէր կը ղրկեն։ Տրոաած ըլլալով որ Խօճան այս անգամ իրենցմէ շատ հեռու տեղէ մը պիտի գայ, իրեն մասնաւոր հրաւէր կը ղրկեն, ամէն տեսակի կարգադրութիւն կ՚ընեն որ իր կեցութիւնը ըլլայ հանգիստ եւ իրեն համար ըլլալիք ընդունելութիւնը ըլլայ ճոխ։ Խօճան ալ իր կարգին, նորէն կ՚ընդունի հրաւէրը, եւ ինչպէս անցեալ երկու անգամներուն, նորէն նոյն հարցումը կը հարցնէ։ Իսկ ներկանները, ինչպէս նախապէս որոշած էին, այդպէս ալ կը պատասխանեն՝ ոմանք «այո» կըսեն իսկ ոմանք ալ «ոչ, չենք գիտեր», կ՚՚իսեն։ Բայց այս անգամ, խօճան իրենց կ՚ըսէ՝ «թող գիտցողները, չգիտցողներուն բացատրեն» եւ նորէն կը հեռանայ բեմէն։
Ինչպէս նշան էի՝ այս սուտ պատմութիւնը միտքս եկաւ երբ կարդացի որ Իշխան Աաղաթէլեանը՝ հրաւէր ստացած է Հայաստանէն գալու Պուրճ Համուտ եւ հոն Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ դասախօսոելու Հայաստանի արտա խորհրդարանական ընդիմադրութեանը մասին, որուն լուրերը, անոր «իրավիճակի բոլոր նրբութիւններ»ովը ողողած եւ տիրապետած են Սփիւռքահայ մամիւլը։ Բայց Իշխան Սաղաթէլեանըը Խօճային ըրածը պիտի չընէ, անշուշտ։ Պիտի ժամանէ Հայաստանէն։ Բեմէն պիտի չհարցնէ որ ներկանները գիտեն ինչի մասին պիտի դաասախօսէ կամ ոչ։ Ոչ ալ պիտի հարցնէ որ Սփիւռքի մամուլը կրցած է՞ օրը օրին Լիբանահայութեան ներկայացնել Հայաստանի քաղաքկան իրադարձութիւնները։ Այդ ամբողջը ան զանց պիտի ընէ եւ կիսաքաղց, բազմաթիւ եւ բազմածաւար հարցերով ծամրաբեռնաւորուած, կքած եւ ընկջուած Լիբանանի հայութեան պիտի դասախօսէ ընդիմադրութեան իրենց աջակցութեան անհրաժեշտութեանը մասին։ Անկասկած որ Սաղաթէլեանի շատ լաւ գիտէ որ Լիբանահայութիւնը Հայաստանի ընիմադրութեան ի նպաստ չի կրնար քուէարկել։ Իսկ քաղաքական ղեկաւար մը ելոյթ կունենայ քաղաքական աջակցութիւն ապահովելու քուէներով կամ ալ դրամով։
Իշխան Սաղաթէլեան դասախօսութիւնը, ինչպէս նշեցի, տեղի պիտի ունենայ Յակոբ Տէր Մելքոնեանի թատերասրահին բեմէն որ շուրջ հինգ տասնամեակներէ ի վեր Լիբանահայ կեանքին առանցքը կազմած է պահելու եւ պաշտպանելու եւ ի հարկին ամոքելու համար անոր համայնքային ցաւերը եւ պահելու համար հայ մշակոյթը՝ հայ արուեստը, հայ գիրն ու գրականութիւնը սփիւռքի ամենահոծ հայ գաղութիւնին մէջ։
Ալ կը մնայ ընթերցողներուն պատկերացնել, իսկ ներկաններուն ալ կը ճշդել որ այդ Թատերասրահիմ բեմին վրայ Իշխան Սաղաթէլեանդ դասախօսութիւնը Հայկական ԿԱՏԱԳԵՐԳՈՒԹԻԻՆ մը (comedy) պիտի ըլլայ կամ ալ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ (tragedy) մը։
No comments:
Post a Comment