V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, May 11, 2026

Ղարաբաղեան շարժման ձախողած ղեկաւարութիւնը

Վահէ Յ Աբէլեան 

Ղարաբաղեան շարժման. ձախողած ղեկաւարութիւնը կը ջանայ իշխանութեան վերատիրանալ եւ որուն զարմանալիօրէն կը ձայնակցի սփիւռքի ՀՅԴ-ը։

Անկասկած որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները, թէ Ղարաբաղեան շարժումը «ճակատագրական սխալ»  էր, «Արցախը  երբեք  Հայկական  չէ եղած»  եւ Հայաստանը իր ստեղծման օրէն «պատանդ» դարձած էր այդ շարժումին, սուր  բանավէճ մը ստեղծեց   հայ հասարակութեան մէջ։

Դժբախտ իրողութիւնը այն է որ Ղարաբաղեան շարժումը, ճշդեմ որ շարժումը սկսաւ այդ անուանակոչութեամբ եւ ոչ թէ որպէս Արցախեան շարժում, բացառձակապէս ձաղողած շարժումը մըն է։ Կարելի չէ այլապէս որակել։ Եւ այդ ձախողութեան պատճառը, Ղարաբաղեան շարժումին առաջնորդերն են որ տակաւին կը գործեն Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ տիրանալու իշխանութեանը։ Անհրաժեշտ է որ Հայաստանի քաղաքացիները, այդ օրուայ իշխանութեան ձախողած քաղաքականութեան իրողութեանը յաղորդ մնան։ 1988 ին, ՔՊ կուսակցոթեան անդրմաներէն ոմանք ծնած ալ չէին, իսկ ուսոմնատենչ Վարչապետը 13 տարեկան էր։

Ես համոզուած եմ որ Ղարաբաղեան շարժման, վարչապետ Փաշինյանին ընդիմախօսները սփիւռքէն ոչ թէ չեն ուսոմնասիրած, այլ նոյնիսկ չեն կարդացած Ղարաբաղեան շարժման ղեկաւար եւ ապա նախագահ Լեւոն Տէր Պէտրոսեանին ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ԹԵ՞ ԽԱՂԱՂՈՒԹՅՈՒՆ. ԼՐՋԱՆԱԼՈՒ ՊԱՀԸ քաղաքական տեսութիւնը որ հրատարակեց 1 նոյեմբերի, 1997 թ.-ին։ Կը մէջբերեմ այս յատուածը՝

«Թող չփորձեն ժողովրդին մոլորեցնել, ասելով, թե փոխզիջումն այլընտրանք ունի. փոխզիջման այլընտրանքը պատերազմն է։

Փոխզիջման մերժումը եւ մաքսիմալիզմը (առավելագույնը եւ ոչ թե հնարավորը ձեռքբերելու ձգտումը) Ղարաբաղի իսպառ կործանման եւ Հայաստանի վիճակի վատթարացման ամենակարճ ճանապարհն է։ 

Խոսքը չի վերաբերում Ղարաբաղը տալուն կամ չտալուն։ Խոսքը վերաբերում է Ղարաբաղը հայկական պահելուն. 3000 տարի այն բնակեցված է եղել հայերով եւ 3000 տարի հետո էլ պետք է բնակեցված լինի հայերով։»

ԼՏՊ-ի քաղաքական տեսութեան ընդիմացան Ռոպէրթ Քոչարյանը, Սէրժ Սարգսյանը, Վարդան Օսկանեանը եւ ոչ թէ միայն  իշխանութիւն խլեցին իրմէ, այլ վարեցին յաջորդող քսան տարիներուն, մինչեւ  Մայիս 8, 2018 Թավշեայ յեղափոխութիւնը։  իսկ այժմ կը ջանան իշխանութիւնը կրկին ձեռք ձգել, որուն զարմանալիօրէն կը ձայնակցի ՀՅԴ-ը սփիւռքէն։

Կը կցեմ Նախագահ Լեւոն Տէր Պէտրոսեանին ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ԹԵ՞ ԽԱՂԱՂՈՒԹՅՈՒՆ. ԼՐՋԱՆԱԼՈՒ ՊԱՀԸ քաղաքաքան տեսութիւնը որ հրատարակեց 1 նոյեմբերի, 1997-ին եւ այդ քաղաքական տեսութեւն իմ Ագնլէրէն թարգմանութիւնս։

Երէկ Մայրերու օր էր։ Մտահան չկրցայ եւ չեմ ալ կրնար մտահան ընել հանգուցեալ Արայիկ Խանդոյանին եւ իր չորս եղբայրներուն մայրը, որուն հինգ զաւակներէն, չորսը մասնակցեցան Ղարաբաղեան ձախողած շարժումին։ Չմասնակցողը, առողջական պատճառնրերով չէր կրնար մասնակցիլ։

Ղարաբաղեան շարժման  պատասխանատուութիւնը բացառձակապէս կը կրեն այդ օրերուն ձաղողած Ղարաբաղի ղեկաւարները եւ որոնք օգտագործելով օրուան հայրենասիրական տրամդրութիւնները Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, ձեռք ձգեցին վարել Հայաստանի ղեկաւարութիւնը բայց բացառձակապէս չարագործածեցին իրենց վստահուած ղեկաւարութիւնը եւ բառին բացառձակ ճշմարտութեան, կողոպտեցին Հայաստանի քաղաքացիները եւ կամ ժողովուրդը։

Ինչպէս գրած էի, այժմ կը ջանան կրկին ձեռք ձգել Հայաստանի ղեկաւարութիւնը եւ որուն զարմանալիօրէն կը ձայնակցի ՀՅԴ-ը սփիւռքէն, անկասկած Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի տրամդրութեան համաձայն եւ ոչ թէ Սփիւռքի զանազան եւ այլազատն պահանջքներուն համար։

Իմ համոզումս է որ հրամայականը, Սովեատական Հայաստանի ժառանգը պահելն է, որմէ հեռու պէտք է մնան, Ղարաբաղեան պատրուակով իշխանութիւն հասած եւ տակաւին ինչաքաղց մնացած երբեմնի Ղարաբաղի ղեկաւարները եւ այդ իրենց այդ մեծ կողոպուտին մասնակից եղածները։ 


Link: A document for history: “War or peace, time to get serious" - "Պատերազմ թէ՞ խաղաղութիւն՝ լրջանալու պահը" : https://vhapelian.blogspot.com/2024/10/a-document-for-history-war-or-peace_20.html

No comments:

Post a Comment