V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, March 28, 2017

Էբիլենց

Էբիլենց
Վահէ Յ. Աբէլեան


«Էբիլենց»ը բժիշկ Ալպէրթ Սողոմոն Աբէլեանին գրչանունն է։ Զանց առնելով իր շրջանի գրական հանդէսներուն մէջ իր գրութիւնները եւ ըրած թարգմանութիւնները՝ իր Հայատառ չորս բժշկական-առողջապահական գիրքերը, չորս հայատառ եւ մէկ Անգլիատառ վէպերը, ինչպէս նաեւ յետ մահու հրատարակուած տեղեկագրութիւնը  ցոյց կուտան որ գրական բեղուն գործունէութիւն մը ունեցած է բայց ընհանրապէս մնացած է անծանօթ։ Այս պիտի ըլլայ ընթերցողի իմ տպաւորութիւններս Ալպէրթ Աբէլեանին կեանքին, ասպարէզին եւ գրականութեան։ Կը սկսիմ իր կազմաւորման միջավայրովը՝ Քեսապ։

Քեսապ 19րդ Դարու երկրորդ Կէսին


Տասընիններորդ դարու երկրորդ կէսին Քեսապը յեղաշրջման մէջ էր շնորհիւ Հայ Աւերարանչական շարժշամ։ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին հիմնուած է 1, Յուլիս 1846-ին Կ. Պոլիս եւ մուտք գործած է Քեսապ քանի մը  տարիներ ետք եւ հոն ալ հիմնած է Դպրոցը մը որ տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը որպէս սփիւռքահայ  ամենէն հին դպրոցներէն մին։  
Դպրոցին՝ Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ Վարժարանին 150 ամեակին (1852-2002) պատրաստուած գրքոյկին մէջ, անոր երկարամեայ տնօրէնուհին՝ Անի Աբէլեանը կը գրէ՝ «Քեսապի Հայ Աւետ. Վարժարանը հիմնուած է 1848ին, ինչպէս կը յիշէ Վեր. Տիգրան Խըրլոբեան՝ իր «Ոսկեմատեան» Ա. Հատորին մէջ։ Իսկ Վեր. Կարապետ Թիլքեան՝ «իննիսունհինգամեակ Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ,1853-1948» գիրքին մէջ կը գրէ թէ՝ դպրոցը հիմնուած է 1852-ին։ Տրուած ըլլալով որ 1848 -1852 տարիներու մէջեւ երկարող ժամանակին համար յստակ պատմական արձանագրութիւներ չունինք դպրոցին մասին։ Միայն 1852-ին է որ հոն կը գտնենք 20 աշակերտներ։ Իսկ յաջորդ տարին՝1853-ին, երբ եկեղեցին պետական ճանաչում կը ստանայ, աշակերտութեան թիւը կը կրնկապատկուի, ու կ՚ըլլայ 45»։
Դպրոցին հիմնադրութիւնէն երէք տարիներ ետք, 1855-ին դպրոցը արդէն կը գործեր տղոց եւ աղջկանց բաժանմունքներով որուն շրջանաւարնտերը կ՚ընդունուէին Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճ եւ ինչպէս նաեւ Մարաշի Ամերիկեան Աղջկանց Բարձրագոյն Վարժարանը։ Դպրոցական այս կապերը հաստատուած էին շնորհիւ Ամերիկացի միսիոնարներու գործունէութեանը Քեսապի մէջ։ Միս Էֆֆի Զամպըրզը եղաւ վերջին Ամերիկացի միսիոնարուհին որ գործեց 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին եւ Առողջապահական պատճառներով Ամերիկա վերադարձաւ 1912-ին։ Քեսապցիներուն հետ կրեց Քեսապի ամենէն տակնապալից պատահարներէն մին՝ 1909-ի սպանդը եւ ձգեց ետին բարի  յիշատակներ որոնք կ՚երկարին մինչեւ այս օրերը։
Այս կրթական յեղաշրջումը մեծապէս նպաստեց Քեսապցիներուն որոնք ալ իրենց կարգին ցոյց տուին ուսումնառութեան բնածին տաղանդ մը ինչպէ կը վկայէ Միս Էֆֆի Չէմպըրզը, Ամերիկայի Միսիոնարական Կեդրոնական վարչութեան ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ։ Բաղանք մը տղաք եւ աղջիկներ մեծապէս օգտուեցան կրթական այս յեղաշրջումէն եւ շարունակեցին իրենց ուսումնառութիւնը Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը ինչպէս Տոքթ. Սողոմոն Աբէլեանը, Էբիլենցին հայրը. իսկ  Պետրոս Աբէլեանը, Տոքթ. Սողոմոնին եղբայրը՝ շնորհիւ միսիոնարուհի Միս Չամպըրցին  1907-ին կրթանպաստ ստանալով եկաւ Ամերիկա եւ ներկայի Iowa Northern University ճանցուած համալսարէնէն ներս ուսանեցաւ Աստուածաբանութիւն եւ դարձաւ ձեռնադրեալ պատուելի։ Քեսապի նոյն այդ մտնոլորտին մէջ խմորուեցաւ Ալպէրթ Աբէլեանը որ հետաքային հրապարակ պիտի գար իր գրչանունովը որպէս «Էբիլենց»։

Ալպէրթ Աբէլեան՝ մարդը եւ Ասպարէզը


Ալպէրթ Աբէլեան ծնած է Քեսապ 1893-ին։ Ան եղած է զաւակը Տօքթ. Սողոմոն Աբէլեանին եւ ունեցած է երէք եղբայրներ եւ երկու երէք քոյրեր։ Իր կեանքը անցուցած է հոն գէթ մինչեւ 1909-ը, տրուած ըլալլով որ ինքն ալ կրեց Քեսապի Ատանայի Ջարդին ահաւիրքը։ Քեսապը որպէս շրջանին կեդրոնական գիւղը եւ ինչպէս նաեւ Քէորքիւնայ գիւղը, ուր Աբէլեան տոհմին ընտանիքները ունեցած են նաեւ առանձնատուներ իրենց հողային կալուածներուն մօտ ըլլալու համար, եղած են իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան միջավայրերը։ Իր The Antiochianս գիրքին նիւթը այս երկու գիւղերուն մէջ է որ կը զարգանայ։  Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Քեսապ, շատ հաւնաբար անոր Հայ Աւերտարանական վարժարանին ներս շրջանաւարտ ըլլլալով անոր տղոց բաժանմունքէն։ Ամենայն հաւանութեամբ այդ տարիներուն է որ Հայերէնին տիրապետած  պէտք է որ եղած ըլլայ։
Իր կեանքին մնացեալ հանգրուաններուն կարելի կ՚ըլլայ հետեւիլ հիմնուելով «Մատեան Մանկանց» եւ ապա իր վերջին գիրքին՝ The Antiochians-ին նախաբանիններուն մէջ տուած տեղեկութիւններով։
«Պսակաւոր Գիտութեանց»
 Քեսապի մէջ իր ուսումնառութիւնը լրացնելէ ետք իր ուսումը շարունակած է Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճ որմէ շրջանաւարտ եղած պէտք է ըլլայ Պսակաւոր Գիտութեան վկայականով որպէս նախապայման ընդունուելու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Բժշկական Դպրոցէն ներս ուրկէ շրջանաւար եղած է 1917-ին։ Պսակաւոր Գիտութեան վկայականը նախապայման է մինչեւ ներկայիս բժշկութիւն ուսանելու համար համալսարանէն ներս։ Նմանապէս Այնթապի Գոլէճէն շրջանաւարտութեան իր աւարտաճառը որ հետաքային լոյս տեսաւ առանձնապէս Դոկտ. Երուանդ Քասունիին խմբագրութեամբ, կը վկայէ որ Պսակաւոր Գիտութեան վկայականը Այնթապի Գոլէճէն ստացած ըլլալու է որուն շրջանաւարտութեան պայմաններէն ալ պէտք եղած ըլլայ ուսանողին համար պատրաստել աւարտաճառ մը։ ինքը` Քեսապը եւ Քեսապցին ըրած է իր աւարտաճառին նիւթը որուն մասին պիտի անդրադառնամ առանձնապէս։
«Վարդապետ Բժշկութեան»
Ահաւասիկ այսպէս կը ներկայացնէ բժշկութեան ուսանողութեան շրջանաւարտութեան ստացած իր վկայականը, 1917-ին։ «Վարդապետ Բժշկութեան» անուանումը շատոնց դադրաց է գործածութիւնէ։ Շրջանաւարտւթիւնէն ետք իր ասպարէզը եղած է բժշկութիւնը։
«Զին. Բժիշկ Օսմանեան Բանակին»
Հայր եւ որդի՝ Սողոմոն եւ Ալպէրթ Աբէլեանները կանչուած եղած են ծառայել Օսմանեան Բանակին Առաջին Համաշխարհային պատերազմին եւ այդ ծառայութեան կարելի է վերագրել Մեծ Եղեռնէն ճողոպրտած ըլլալու իրենց իրողութիւնը երբ Քեսապցիներուն գէթ երկու երրորդը զոհ գացած է ցեղասպանութեան ։
«Նախքին Գաւառային Բժիշկ՝ Տիւրոս, Թէլ-Էլ-Քէլախ եւ Ճիսր-Էս-Շուղուր Գաւառներուն ի Սուրիա»
Իմ ունեցած տուեալներուս վրայ հիմնաւորելուելով ինծի համար անկարելի եղաւ ճշդել թէ իր բժշկական ծառայութիւնը այս գաւառներէն ներս եղած է Օսմանեան Պետութեան զինուորական ծառայութեանը ընթացքին կամ այդ տեղերը գործած է որպէս անձնական նախաձեռնութիւն տրուած ըլլալով որ շրջանաւարտութիւնէն ետք շարունակած Միջին Արեւելք մնալ  մինչեւ իր մուտքը Ամերիկա՝ 13 Փետրուար 1921-ին։ Թէեւ կ՚ակնարկէ Սուրիոյ բայց այդ ակնարկը կը վերաբերի  որպէս Օսմանեան Պետութեան մէջ Արաբական հողամաս եւ ոչ թէ պետութիւն, կրկին պատմական հասկնալի պատքառներով։
«Նախքին Բժ. Պոսթընի Րաքսպորիի Շրջանակին – Նախքին Օգնական Բժ. Պոսթոնի Տիսփէնսըրիի, Այցելու Բժիշկ։ Պոսթըն Տիսփէնսըրիի Մանկանց Բաժնին»
«Մատեան Մանկանց» գիրքը հրատարակած եղած է 1925-ին։ Հետեւաբար կարելի է եզրակացնել որ արդէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Մասաչուսէցի մէջ հաստատուած եղած է եւ սկսած է իր ասպարէզին։ Նոյն այդ նահանգէն ներս պիտի գործէր իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան ընթացքին։ Եղած է սիրուած բժիշկ մը ինչպէս կը վկայեն իր բժշկական խնամքը ստացողներ։
«Անդամ Մասաչուսեցի Բժշկական Միւթեան. – Անդամ Ամերիկեան Բժշկական Միւթեան. – Եւայլն։»
Այս արձանագորթւիններէն ալ դատելով կրկին կրնանք եզրակացնել որ ան արդէն մաս կազմած է բժշկութեան հետ առընչող կազմակերպութիւններու եւ իր եղբայրներուն հետ մնայուն կեցութիւն հաստատած է Նոր Աշխարհին մէջ։ Ունեցած է երիք եղբայրներ եւ երէք քոյրեր։ եղբայրներէն միան Յակոբը մնաց Քեսապ իսկ մնացեալները նմանապէս հաստատուած են Ամերիկայի տարբեր նահանգներէն ներս անգամ մըն ալ չվերադարնալու Քեսապ։ Եղբայրներէն Ճորճը եղած բժիշկ եւ հաստատուած եղած է Նիւ եորք, իսկ միւս եղբայրը Րոպէրթը եղած է Դեղագործ եւ հաստատուած եղած է Ֆիլատէլֆեա։ իսկ իր քոյրերը իրենց ընտնիքնեըր կազմած են։ Քոյրը Մարին ամուսնացած է Քեսապ բժիշկ Աւետիս Ինճեճիկեանի հետ եւ հոն մահացած։ Միւս քոյրը՝ Արուսեակ ամունացած է Մուսա Տաղ Հեդում Ֆիլեանի հետ եւ ներգաղթած ընտանիքին  հետ Հայաստան եւ հոն ալ մահացած է։ Երրորդ քոյրը՝ Ռոզան մահացած է երիտասարդ տարիքին։
Ամերիկայի մէջ բժիշկը ամուսնացած է Զապէլ Առաքելեանի հետ։ Ունեցած է երէք աղջիկ զաւակներ եւ հինգ թոռներ։


Ալպէրթ Աբէլեան Որպէս Գրող

1960ին իրThe Antiochians գիրքին ներածականին մէջ կը յիշէ թէ հակառակ իր բազմասբաղ վիճակին որպէս բժիշկ, միշտ ժամանակ տրամադրած է գրականութեան եւ գրած է Հայերէնով, Անգլերէնով եւ Թրքերէնով։ Կը յիշէ «Հայրենիք» Շաբաթաթերթը  եւ «Նոր Աշխարհ» անունով գրական հանդէս մը ուր հրատարակած է գրութիւններ, ըրած է թարգմանութիւններ։ Հեղինակած եւ հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը ՝

Հէքիմարան» -  Հրատարակած է 1924-ին, 350 էջ։
«Մատեան Մանկաց» Հրատարակած է 1925-ին, 254 էջ։
«Հայ Մայրերու Մենտորը» (տեղեկութիւնները կը պակսին)
«Հնգամեայ Զրոյցներ, 1923-1928»՝ Հրատարակած է 1928-ին, 410 էջ։
«Անահիտ կամ Հայ Ֆլէփփըրը» Վէպ, հրատարակած է 1929-ին, 166 էջ։
«Զմրուխտ Մատանին» Վէպ, հրատարակած է 1929-ին, 138 էջ ։
«վաղուան Արշալոյսը» Վէպ, հրատարակած է 1930-ին, 116 էջ։
“Աշ-Գար» Վէպ, հրատարակած է 1930-ին, 116 էջ։
“The Antiochians” Վէպ, հրատարակած է 1960-ին, 320 էջ։
«Քեսապ եւ Իր Գիւղերը» Տեղեկագրութիւն, Հրատարակուած 2002-ին։

Հայատառ իր վիպերուն կցած «Հեղինակին Գործերը» ցուցակին մէջ կը յիշէ հետեւալ թարգմանական գործերը որ հրատարակած է որպէս թերթոն «Հայրենիք»ի - «Կարմիր Մայրապետը», «Թելմա», «Վենտէթթա» իսկ հետեւալները կը յիշէ որպէս իր տակաւին անտիպ գործերը՝ «Ամերիկահայ Մտաւորականը» (վէպ), «Անմեղ Սէրերու Յուշերէս» (վէպ), «Քեսապ եւ իր Գիւղերը», «Զինուորական Յուշերէս», «Հիւանդին Խոհանոցը»։ Իր անտիպ գործերը կարծես մնացած են այդպէս՝ անտիպ, բացի Քեսապի եւ անոր գիւղերուն մասին իր տեղեկագրութիւնը որուն պիտի անդրադարնամ առանձնապէս։
Այսպէս կարելի է իր երկլեզու գրականութիւնը ճիւղաւորել որպէս բժշկա-առողջապաճական գրականութիւն, վիպագրութիւն եւ տեղակագրութիւն։
Շատ հաւանաբար հայերէն լեցուի իր տիրապետութիւնը ուշադրութեան առարկայ դարձած չըլլայ իր ատենին, բայց ներկայիս հայերէն լեցուի իր տիրապետութիւնը շատ ուշագրաւ է ընթերցողի մը համար։ Ամենայն հաւանութեամբ Հայերէն լեզուի իր ուսումնառութիւնը ընդհանրապէս վերջ գտած ըլլալու է Քեսապի դպրոցէն իր շրջանաւարութեամբ։ Կրնայ ըլլալ որ Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճին մէջ հայերէնով որոշ ուսումնառութիւն ունեցած ըլլայ քանի որ շրջանաւարտութեան համար իր պատրաստած աւարտաճառը հայերէնով է։ Թէ ինչ տարողութեամբ եղած է այդ կը մնայ անորոշ տրուած ըլլալով որ գոլէճին մէջ իր ուսումնառութիւնը բժշկութիւն ուսանելու պատրաստուաթեան համար եղած ըլլալու է։ Ամենայն պարագայի տակ հայերէն լեզուի իր տիրապետութիւնը ոչ թէ միայն շատ ու շատ ուշագրաւ է այլ նաեւ հարուստ է եւ ճկուն զորս լաւապէս օգտագործած է իր գրական գեղարուեստը ճոխացնելու եւ իր գրական երեւակայութեանը թռիչք տալու համար ։


Էբիլենցին Բժշկա- Առօղջապահական Գրականութիւնը


Ինչպէս յիշեցի Էբիլենցին չորս գրական գործերը, իր նկարագրութեամբ, «բժշկա-առողջապահական» են։ Թէեւ մասնագիտութիւն չունիմ այս առընջութեամբ բայց որոշ վստահութեամբ կրնամ հաստատել որ Տօքթ. Ալպէրթ Աբէլեանը ռահվիրան է նման գրականութեան յետ Մեծ եղեռնի սփիւռքահայ իրողութեանը մէջ։ Դատելով իր ըրած ակնարկներէն իր այս գիրքերը փնտոուած եղած են եւ արագ սպառած։ Գրականութեան իր թիրախը եղած է Ամերիկահայութիւնը։ Քանի մը օրինակներ հասած են Միջին Արեւելք բայց հոն այդ գիրքերը չեն արտատպուած եւ անհաւանական է որ հոն ալ արագուած ըլլան։ Անբնական չէ պատկերացնել որ այդ գիրքերը շատ մեծ օգտակարութիւն ունեցած ըլլան այդ շրջանի Ամերիկահայութեան որոնց բացառձակ մեծամասնութիւնը այնքան ալ յաղորդ չէ եղած Անգլերէն լեցուին որ բժշկա-առողջապահական հարցերու համար դիմէն Անգլերէն լեցուով գիրքերու։
«Հեքիմարան» գիրքին մէջ առողջ կենցաղի համար կ՚ընէ առօրեայ պատուէրներ ինչպէս՝ «Սենեակներու օդափոխութիւնը ապահովելու համար դէմ առ դէմ գտնուող պատուհաններ, մէկը տակէն, իսկ միւսը վրայն՝ բազուելու են, կամ միւնոյն պատուհանը թէ տակէն եւ թէ վրայէն բացուելու է։ Ելեքտրական մասնաւոր հովահարներ, երկրի ձեւով օճախներու գոյութիւնը, մասնաւոր ծակերու ներկայութիւնը՝ օդափոխութեան լաւագոյն միջոցներն են» եւն։ Նման տեղեկութիւններուն կ՚ընկերանան մորթի, սիրտի, թոքերու,մարտողութեան գործարաններու,  ծննդաբերական գործարաններու եւն.ի շուրջ իր տուած բացատրութիւնները պարզ, հաճելի, դիւրասահ ընթերցանութեամբ մը եւ անկասկած որ շատ օգտաշատ։
Նմաօրինակ աշխատանք տակաւին կը տարուի։ 1960-ական թուականներուն բժշկական ամսօրեայ հանդէս մը սկսաւ լոյս տեսնել Լիբանանի մէջ ուր հայ ընթերցողներ յաճախ իրենց զուտ անձնական բնոյթ ունեցող հարցերուն շուրջ ծածկանունով նամակներ ալ կ՚ուղղէին խմբագրութեան։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին արդէն դադրած էր գոյօւթիւն ունենալէ։ Վերջերս բժիշկ կարպիս Հարպոյեանը հաստակազմ քառահատոր գործ մը հրատարակեց նմանապէս նոյն առընջութեամբ։ Տոքթ. Ալպէրթ Աբէլեանինին թղթակազմ եւ մատչելի գիներով, հաճելի ընթերցանութեամբ եւ գուրգուրանք ցուցաբերող գիրքերը կը թուին եղած ըլլալ ժողովրդական առօրեայի գործածութեան համար, թերեւս ալ ոչ նուազ ժողովրդական եղած են քան Տօքթ. Կարպիս Հարպոյանին հրատարակած քառահատորը ։
Թէեւ բժշկա-առողջապահական գիրքերը գրականութիւն չեն որպէս արուեստ, բայց եւ անյպէս իր գիրքերուն մէջ գուրգուրանք մը կ՚արտացոլայ իր ժողովուրդին հանդէպ որ նուազ զգացական չէ քան գեղարուեսական որեւե գործ։ Կը մէջբերեմ «Հեքիմարան» գիրքին ձօնը։
«Կը ձօնեմ այս երկը հորս՝ Ս. Գ. Աբէլեանին, որուն ջերմեռանդ հետաքրքրութիւնը՝ հանդէպ բժշկական արուեստին, ներշնչեց ինծի ընդգրկել արուեստներուն ամենէն ազնիւը եւ ամենէն մեծը։
Հա՜յր, ընդունէ՛ այս բազմաշխատ երկը, որուն միջոցաւ ջանացած եմ քեզմէ եւ ուրիշ վարպետներէ ժառանգած ու սովորած փորձարութիւններուս թարգմանն հանդիսանլ։
Ո՜վ հայր, քու թանկագին յիշատակիդ նուիրուած այս հատորը պիտի սպասարկէ բազմաչարչար ազգիս բեկորներուն՝ որոնցմէ շատեր, վերջին տարիներու ահռելի դժբախտութեանց հետեւանքով, կը հեծեն ներկայիս անհամար հիւանդութեանց դիմաց սուր ճիրաններուն ներքեւ, օգնութիւն աղերսելով եւ աղէկտուր ճիչեր բարձրացնելով։»


Իսկ իր «Մատեան Մանկանց» գիրքին ձօնը հետեւալն է՝
«Հայ տարագրութեան առաջին տասնամեակին՝ կը ձօնեմ այս երկը բազմաչարչար ազցիս անբախտ մանուկներուն, որոնք ինկան Արաբիոյ կիզուտ անապատներուն եւ Հայաստանի ձիւնապատ կատարներուն վրայ՝ անթաղ եւ անշիրիմ։
Ձեր յաւիտեան յիշատակին կը նուիրեմ, սրտիս շատ մօտիկ եղող նիւթերու մասին գրուած այս աշխատանքը, վաղամեռ Հայորդինե՜ր....որպէսզի ձեր նմաններուն աւելի բախտաւոր մայրերը՝ հետեւելով անոր, մեծցնեն իրենց կորիւնները։ Ու գեղեցիկ օր մը, երբ այդ կորիւնները առիւծներու նման քաջառողջ աճին, զօրանան եւ ցեղին սուրբ վրէժէն ներշնչուած՝ իրենց սուիններուն ծայրով ետ խլեն իրենց պապենական հայրենիքը բռնակալներու ձեռքէն։ Ո՜հ այն ատեն անոնք պիտի հաւաքեն ձեր աճիւնները սարէն ձորէն, ու պիտի ամփոփեն զանոնք սուրբ մասունքի նման, հայկական պանթէօնին մէջ։
Մինչեւ այդ հանգիտ եւ անխռով՝ սպասեցէք, որովհետեւ մօտ է ցեղին յաղթանակին գերագոյն ժամը։»
Իր առաջին գործը՝ «Հէքիմարան»ը հրատարակած է Ամերիկա մուտքէն երեք տարիներ ետք՝ 1924ին, երեսուն եւ մէկ տարեկանին։ Արտադրողական հեւքը պահած է յաջորդող հինգ տարիներուն եւս։ Իր մնացեալ երկու բժշկական գորղերն են ։ «Հայ Մայրերու Մենտորը» եւ «Հնգամեայ Զրոյցներ»։ Իր վերջին բժշկա-առողճապահական գործը հրատարակած է 1929ին որմէ ետք դադրած է ննանօրինակ գրականութիւն մշակելէ։

Էբիլենցին Ստեղծագործական Գրականութիւնը

 
Վիպագրութիւնը եղած Էբիլենցի ստեղծագործական գրականութիւնը։ Հրատարակած է հայատառ չորս վեպէր եւ Անգլերէնով մէկ վէպ մը որ եղած իր վերջին հրատարակութիւնը որուն առանցնապէս պիտի անդրառնամ։
վէպերը առնուած են Ամերիկահայ գաղութին մէջ տիրող իրողութիւններէն եւ տեսիլքներէն եւ իսկութեան մէջ կը միտին գաղութին պատկերը ներկայացնել թէեւ ինքը իր «Աշ-Գար»  գիրքին յառաջաբանին մէջ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ ըսելով ՝ «Վէպ է որ կը գրենք. վէմ մը սակայն, որ դժբախտաբար շատ մօտիկ է մեր կեանքին եւ հեռու չէ իրողութիւն ըլլալէ։»
Առաջին վէպը՝  «Անահիտ կամ Ամերիկահայ Ֆլէփփըրը» որ հրատարակած է 1929ին՝ «Ամերիկահայ արդիական կեանքէն առնուած» է, ինչպէս կ՚ակնարկէ յառաջաբանին մէջ։  Անգլերէն Flapper  բառը ընդհանրացած է 1920ական թուականներուն երբ Ամերիկայի ընկերային կեանքը կ՚ապրէր զեխ տասնամեակ մը որ ճանցուեցաւ որպէս roaring twenties, «աղաղակող քսանական թուականները»։ Նոյն այդ տասնամեակին վերջաւորութեան երկիրը ապրեցաւ իր մեծագոյն տնտեսական անկումը որ պատմութեան մէջ ճանցուեցաւ որպէս Great Depression, «Մեծ Սնանկացումը»։  Էբիլենց հայացուցած «Ֆլէփփըր» բառը եւ հետեւաբար կ՚ակնարկէ արդիական երիտասարդ, այս պարագային հայ կնոջը, որ մտադրած է վայելել իր կեանքը անտեսելով երիտասարդ կնոջմէ մը ակնկալուած կենցաղային ապրելակերպը։ Երեւոյթ մը որ վարակած կը թուի ըլլալ Ամերիկահայ գաղութն ալ։

                   Նոյն տարին՝ 1929ին հրատարակած է իր երկրոդ վէպը՝ «Զմրուխտ Մատանին» որուն «էջերուն յանձնեցինք» կը գրէ գիրքին յառաջաբանին մէջ, «մեր զէնքի հաւատացեալներուն քաջագործութիւններուն դրուագները – ապագայ սերունդին համար իբր կտակ, որպէսզի ան հպարտութեամբ շարունակէ սկսուած պայքարը եւ ի գլուխ հանէ մեր մեծ երազը – Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը, ուր մեր ժառանգորդները պիտի կրնան ապրիլ ազատ ու անկախ ժողովուրդի մը պատուաւոր կեանքը։»

Յաջորդ տարին՝ 1930ին հրատարակած է իր երրորդ վէպը, հետաքրքիր վերնագրով մը՝ «Աշ-Գար», ներկայացնելով գաղութային իրաւիճակ մը որ ընդհանրապէս անտեսուած եղած է մեր գաղութային պատմութեանը մէջ։
Յառաջաբանին մէջ կը գրէ որ յետ Առաջին Աշխարհամարտին, Ամերիկահայ գաղութին մէջ մնացին տղամարդիկ որոնք եկած էին Ամերիկա մեծ պատերազմէն առաջ դրամ վաստկելու եւ ապա վերադարնալու երկիր։ Մեծ Եղեռնը վէրջ դրած էր անոնց ծրագիրներուն եւ հետեւաբար ձեռնարկած են ընել բնականը՝ կազմել իրենց ընտանիքները նամակագրութեամբ, կամ արտասահման կարճ այցելութեամբ ամուսնութեան համար ծանօթանալու կիներու որոնցմէ ուշագրաւ թեւ մը փեսայ ըլլալիքներէն աւելի երիտասարդ եղած են։ «Ու եկան հայուհիները, կառաւան առ կառաւան միանալու իրենց անդրատլանդեան փեսաներուն որ պատկերի միջոցաւ ճանցած էին։ Այսպէս ամուսնացան ամերիկահայ պանդուխտները, հարիւրաւոր եւ հազարաւոր։» Հետեւաբար Էբիլենցը կը թելադրէ նոյն յառաջաբանին մէջ ՝ «Գարունը գարնան հետ, աշունը աշնան հետ.....Այսուհետեւ այս թող ըլլայ մեր նշանաբանը։ Երբէ՜ք, Երբէ՜ք, չի ջանանք աշունը գարնան հետ կըցելով կազմել։ Աշ-Գար.....»։ Իսկ  վէպըն ալ ձօնած է «դժբախտ ամուսնութիւններու զոհերուն»։


                  Էբիլէնցին վերջին վէպը եղած է «Վաղուան Արշալոյսը» որ նմանապէս հրատարակած է 1930ին իր նոյն տարուան մէջ հրատարակած «Աշ-Գար» գիրքը սպառած ըլլալով։ Վէպը ձօնած է իր աղջիկներուն Լօրային եւ Այրինին, «որպէսզի երբ մեծնան անոր էջերուն մէջ ճանչնան եւ սիրեն Հայաստանը։» Գիրքը ազգասիրական վիպական վէպ մըն եւ կը ցոլացնէ ազգային տեսիլք մը՝  «Ա՜խ, երբ տեսնէի գահին նստած հայ իշխան, Գրէր Հայոց տառերով հրաման»։
Այս չորս վէպերը կը կազմեն Էբիլենցին գեղարուեստական հայատառ գրականութեան հունցքը որոնք հրատարակուած են այդ երկու տարիներուն ընթացքին։ Բայց այդ գիրքերուն հրատարակութիւնէն ետք չէ դադրած գրականութիւնէն ինչպէս կը յուշէ իր The Antiochians վէպին յառաջաբանին մէջ հրատարակած ըլլալով գրութիւններ «Հայրենիք» Շաբաթերթին եւ «Նոր Աշխարհ» կոչուած գրական հանդէսի մը մէջ որ լոյս տեսած է Նիւ Եոքի մէջ։

Ալպէրթ Աբէլեանին  «The Antiochians» Գիրքը


Գիրքը հրատարակած է 1960ին։ երէք հարիւր վաթսուն էջ վէպ մըն է։ Կը ներկայացնէ երէք սերունդ Մաթոսեան ընտանիքին կեանքը որ կ՚երկարի Սուրիոյ Քեսապ եւ Քէորքիւնա գիւղերէն հասնելով մինչեւ Ամերիկա եւ ապա իր վերջալոյսը կը գտնէ նմանապէս Քեսապի Քէորքիւնա գիւղին մէջ։  
Բժիշկը այս վէպը կը նկատէ իրականացումը հօրը ըրած քուշակութեան որ ան մեծ վէպ մը պիտի գրէ օր մը։ 1909-ի Քեսապի սպանդին իրենք ալ ընտանիոք փախելով Քեսապէն շրջան մը ապրած են վրանի տակ։ Իր երէք  քոյրերը եւ երէք եղբայրները զբաղ պահելու համար իրիկունները անոնց պատմութիւն պատմած է երբ ինքն ալ 16 տարեկան պատանի մըն էր։ Հայրն ալ ականջալուր ըլլալով այդ պատմութիւններուն ըրած է այդ քուշակութիւնը որուն կատարելիութիւնը բժիշկը նկատած է իր այս վէպը։ Այս վէպը պիտի ըլլար իր վերջին հրատարակութիւնը։
Այս գիրքին յառաջաբանին մէջ ալ կը շեշտէ որ այս գիրքը վէպ մըն է եւ հետեւաբար կը գրէ որ գիրքին տիպարներուն նմանութիւնը ապրող կամ ապրած որեւէ դէմքի մը հետ պարզապէս պատահական է։ Բայց եւ նաե կ՚ընէ հակասական ընդհանրական ակնարկ մը ըսելով որ միջազգային համերաշխութեան համար բացառձակապէս անհրաժեշ է ճանչնալ ճշարտութիւնը եւ կ՚եզրաբակէ յառաջաբանը գրելով որ ճշմարտութիւնը նոյնիսկ կարելի է գտնել վէպի մէջ։
Երեւոյթով իրար ներհակ այս նկատողութիւններուն մէջ կարելի է տեսնել Էբիլենցը որպէս արուեստագէտ եւ Տօքթ. Ալպէրթ Աբէլեանը որպէս բժիշկ ուր զգացումները պարտին տեղի տալ ախտաճանաչումին իրողութեանը։ Այս երկու հոգեվիճաներու մէկտեղեմումն է իր Հայերենով վէպերն ալ։ Որքան որ գեղարուեստական են իր վիպերը բայց անոնք չեն դադրիր իրողութիւններ ըլլալէ իսկ որքան ալ գիտական են իր բժշկա-առոջապաճակամ գործերը  հոն չի պակսիր արուեստագէտի մը գրիչին թռթռացումը։
Գիրքին ընթերցանութիւնս զուգադիպեցաւ Թուրքերուն Կալիբոլի ճակատամարտին յաղթանակը տօնելու պատրաստութեանը։ Գիրքին մէջ շատ հետաքրքրութեամբ կարդացի Տօքթ. Ալպէրթ Աբէլեանին ըրած մատնանշումը՝ որ անհաւանական չէր որ Անգլիոյ քաղաքական միտքը պարտութեան մատնել չուզեց թուրքերը որպէսզի անոնք կարենան պահել իրենց Արեւելեան ճակատը Ռուսերուն դէմ։ Եւ իսկապէս այդ ճակատամարտէն քանի մը տարի ետք Անգլիական եւ Ֆրանսական զորքերը արդէն պարտութեան մատնած էին երբեմնի Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ դարձած էին Կ. Պոլիսյ մենատերէրը առանց Ռուսիոյ եւ հոն մնացին չորս տարիներ որպէս բացաձառձակ գերիշխաններ իրենց միջեւ պատառ-պատառ բաժնելով փլուզումի ենթակայ նախքին Օսմանեան Կայսրութիւնը։

Ալպէրթ Աբէլեանին «Քեսապ եւ Իր Գիւղերը» Գիրքը


Ալպէրթ Աբէլեանին՝ Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճէն շրջանաւարտութեան աւարտաճառը, 1912/1913 թուականներուն, եղած է Քեսապի եւ Քեսապցիներու մասին տեղեկագրութիւն մը ներկայացնելով անոր աշխարհավայրը, մարդահամարը, համայնքները, կենցաղները եւն։ Իր եղբօրը Յակոբին զաւակը՝ Սողոմոն Հեքիմեանը ձեւով մը ձեռք ձգած է ձեռագիրը եւ յանձնած է զայն Դոկթ. Երունդ Քասունիին՝ Հայ Աւետարանական համայնքին «Ջանասէր» ամսաթերթին երկամեայ խմբագիրը։ Երուանդ Քասունին ձեռագրին կցած պատմական տեղեկագորթւիններ ընթերցողին իմաստաւորելու համար  ձեռագրին պարունակութիւնը։ Քսանամեայ Ալպէրթ Աբէլեանին այս ձեռագիրը կը կազմէ մեծն Քեսապի առաջին տեղեկագրութիւնը որ հասած է մեզի։


Նոյն այդ աւարտաճառին մէջ Ալպէրթ Աբէլեանը գծած է մեծն Քեսապի առաջին քարտէսը եւ Հայերենով մանրասմնորէն նշած շրջանին գետերը, լեռները, գիւղերը երբ Քեսապը տակաւին չէր անդամահատուած։ Այդ անդամահատումը պիտի գար շուրջ երկու տասնեակ տարիներ ետք եւ Քեսապի բարեբեր հողերը պիտի տրուէին Թուրքիոյ Ֆրանսական հոգետար կառաւարութեան մեղսակցութեամբը երբ Ալպէրթ Աբէլեանը արդէն շուրջ երկուտասնամեակներէ ի վեր հաստատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգնրերուն Մասաչուսէթս նահանգէն ներս ուր պիտի մնար մինչեւ իր մահը այցելելով քեսապը միայն իր երեւակայութեանը մէջ։

Ալպէրթ Աբէլեանին Գրականութեան Գհահատանք


Աբէլեաններուն տոհմածառը կը պարտինք Ալպէրթ Աբէլեանին։ Իր պատրաստած տոհմածառը առաջին անգամ լոյս տեսած է Կարապետ Թիլքեանին ՝ «իննիսունհինգամեակ Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ,1853-1948» գիրքին մէջ։ Հետաքային Դոկթ. Անդրանիկ Զէլէպեան (1960-ական թուականներուն), Վարդգէս Աբէլեանը 1986ին վերամշակած են ծառը. իսկ Կարօ Քոնեալեանը համաձանձին մէջ տեղադրեց ծառին ճիւղաւորումները։ Տոհմածառին ճիւղաւորումներէն դատելով իր նախահայրերը եղած են սկսելով իր հօրմէն՝ Սողոմոն, Գէորք, Պետիր, Յակոբ, կարապետ եւ Աբէլ, ընտանիքին ենդադրեալ հիմնադիրը։ Այսպէս իր արմատները վեց սերունդներու վրայ կերկարին Քեսապի զուտ հայկական տոհմիկ միջավայրէն ներս։
Ալպէրթ Աբէլեանին կեանքն ալ եղած է ցոլացումը մեր նորօրեայ պատմութեան։ Ծնած 1893ին, Համիտեան Ճարդերուն նախորեակին թէեւ Քեսապը խնայուած մնացած է այդ տարիներուն ջարդերէն բայց անկասկած որ անոր ահռելի լուրերը հասած են հոն ալ։ 1909ին, երբ տակաւին 16 տարեկան պատանի մըն էր, ապրած է Ատանայի ջարդին Քեսապի սպանդը։ Բժշկութեան ուսանողութեան շրջանին ապրած է Մեծ Եղեռնը. ճողոպրտած է անկէ եւ մուտք գործած է Ամերիկա որպէս գաղթական 13 Փետրուար 1921ին եւ ապրած սփիւռքահայ գաղթականին իրողիւթիւնը եւ անխուսաբելի հոգեփոփոխութիւնը։
իր գրականութիւնը բնականաբար ցոլացումն է իր ներաշխարհին եւ անոր հոլովոյթին։ Որքան որ գեղարուեստական են իր վիպերը բայց անոնք չեն դադրիր իրողութիւններ ըլլալէ, իսկ որքան ալ գիտական են իր բժշկա-առոջապաճակամ գործերը  հոն չի պակսիր արուեստագէտի մը գրիչին թռթռացումը։ Իր գրականութիւնը երկու հստակ ժամանակագրական բաժանմունքներ ունի։ Ամերիկայ իր հաստատուիլը իր կեանքին տուած ըլլալու է կայունութիւն մը որուն փորձառութիւն ունեցած ըլլալու չէ Միջին Արեւելքի թոհ ու բոհէն ներս։ Ամերիկա կեցութեան առաջին տասնամեակին այդ կայունութիւնը խթանը եղած ըլլալու է իր Հայատառ գրականութեան սկսելով 1924-ին երբ հրատարակած է իր առաջին գործը եւ իր լրումին հասած է 1930-ին երբ հրատարակած է իր վերջին Հայատառ գիրքը։ Այդ շրջանի գրականութեան մէջ իր զգացումները անաղարտ են անոնց կուտակումը տակաւին կը պահէ Միջին Արեւելքի զգացականութիւնը։
 Հայատառ վերջին գիրքին հրատարակութիւնէն ետք կուգայ երեսուն տարիներու բաց մը ուր շարունակած է երկլեզուանի գրականութիւն մշակել Ամերիկահայ գրական պարպերաթերթերու մէջ բայց անհաւանական է որ այդ եղած ըլլայ իր առաջին տասնամեակին գրական տարողութեամբը։ իսկ երբ 1960ին հրատարակած է իր The Antiochians գիրքը, գաղթականի իր անխուսաբելի եղափոխութիւնը արդէն իր լրումին հասած է հոն։ Գիրքին նախաբանը եւ ձօնը այլեւս չեն ցոլացնէր այն զգացումները որ կը կարդանք իր երեսուն տարիներ առաջ գրած հայատառ գիրքերուն մէջ։ Ան այլեւս Ամերիկահայ է իր մտածմունքով եւ զգացումներով եւ Անգլերէն լեզուով է որ ան այլեւս կը սաւառնի իր պապենական հողերուն վրայ ուր իր արմանտները պահուած մնացած են։ 
Մահացած է Նոյեմբեր 14, 1986-ին։




Thursday, March 23, 2017

Երանի հոս ըլլար եւ հարցնէի` ԱբԷլեան կամ ԱբԵլեան

Վահէ Յ. Աբէլեան



Այսօր համացանցին վրայ Կարօ Արմենեանէն մէկ նկատողութիւնը կարդացի որուն հետեւանք է այս յօդուածս։ 

Կարոյին ըրած նկատողութիւնը աղերս ունէր իր մականունին ուղղագրութեանը հետը։ Հետեւեալը նկատողութիւնը ըրած էր՝ «Ի դէպ հակառակ խմբագիրներու յամառ և հետևողական միջամտութիւններուն իմ մականուան ուղղագրութիւնը Արմենեան է...տարակարծութիւ՛ն մը՝ որ կարծես հաշտութեան յուսադրիչ եզրեր չունի։»

Պատահեցաւ որ քանի մը օրեր առաջ, համացանցին վրայ, հարց տուած էի որ Զաւէն անունին ուղղագրութիւնը «է» ով կամ «Ե» ով պէտք է որ ըլլայ։ Կրկին համաձանձի շնորհիւ ճանցած շրջանակէս Զաւէն Զագարեանը հետեւեալ բացատրութիւնը տուած էր որպէս իր պատասխանը հարցումիս՝ «Յատուկ անուններու մէջ Լ, Ն, Ս բաղաձայններէն առաջ արտասանուող E-ն կը գրուի Է տառով» եւ յիշած էր բազմաթիւ անձանուններ, ինչպէս՝ «ՍամուԷլ (էԼ), ՍուրԷն (էՆ), ՎրթանԷս (էՍ)»  եւ տակաւին  «ԶաւԷՆ, ԳուրգԷՆ, ՎիգԷՆ, ԽորԷՆ, ՎազգԷՆ, ԱրմԷՆ, ԱրսԷՆ, ԲաբգԷՆ, ՇահԷՆ, ՌուբԷՆ, ՓառԷՆ, ՕգսԷՆ, ՍուրԷՆ, ԿարԷՆ, ԱշխԷՆ․․․»։

Հեմնուելով Զաւէնին տուած բացատրութեան վրայ՝ հետեւեալը հարց տուած էի Կարոյին, «Բայց ինչո՞ւ «ե» ով։ Քանի մը օրեր առաջ ինծի ճշդուեցաւ որ «է» հնչող անունները «Է» ով կը գրուին իչպէս՝ Զաւէն, Բաբգէն, եւ հետեւաբար Արմէն եւ հետեւաբար անոր ընտանիքն ալ Արմէնեան է, ինչպէս է իմ պարագայիս։ Մեր գերդաստանին նախահօրը անունը եղած է Աբէլ եւ իրմէ սերած ընտանիքն ալ տաս սերունդներու վրայ ճանցուած է Աբէլեան մականունով»։

Կարօ Արմենեանին պատասխանը չուշացաւ եւ հետեալ բացատրութիւնը տուաւ՝ «Սիրելի Վահէ, Ածանցման պարագային երկվանկ բառերու երկրորդ վանկի է-ն կը փոխուի ե-ի, եթէ հնչիւնափոխութեան չենթարկուի։ Օրինակ, Հալէպ-- հալեպահայ, Արմէն--արմենական։ Նաև՝ վրէպ--վրիպանք։ Յաւելեալ կանո՛ն մը։ Երբ բարդութեան պարագայ կ՚ըստեղծուի առանց լծորդի, է-ն կը մնայ է կամ կ՚ենթարկուի հնչիւնափոխութեան։ Օրինակ, վրէժ--վրէժխնդիր և վրէժ--վրիժառու։ Արմենեան մականունը ծնած է Արմէն անունին ածանցումէն, հետևաբար՝ Արմենեան, ինչպէս արմենականը։ Դժբախտաբար այս կանոնը յաճախ չէ, որ կը կիրարկուի մականուններու կազմութեան պարագային։ Քերականական առումով, մեր մականուններու աշխարհը քաոսի մէջ է։»

Յանկարծ մտապատկերիս վրայ կայծակնային արագութեամբ երեւցան պատահարներ այնպէս ինչպէս պիտի երեւային պաստառի մը վրայ արագօրէն  ցուցադրուած շողանձիկ լուսանկարները։  Ամէնքն ալ աղերս ունէին մօրս հետ եւ մեր մականունին իր նախընտրաց ուղղագրութեանը հետ։ Ուզեցի ճշդել։ Ինչպէս վերեւը կցուածը ցոյց կուտայ՝ մայրս կը նախընտրեր «ե»ով ստորագրել իր մականունը որը իրը եղած էր հօրս հետ ամուսնութիւնէն ետք։ Նոյնիսկ ինծի նշած էր որ իր նախասիրութիւնը «ե» ով ստորագրել է։

Տարուած այս մտածմունքներէս, Կարօ Արմէնեանին տուած բացատրութեանը պատասխանեցի ըսելով՝ «Չըլլայ որ հանգուցեալ մայրս որ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի էր կը նախընտրէր Աբելեան ստորագրել նոյն այս  տրամաբանութիւնէն տարուած»։ Կարոյին պատասխանը եղաւ՝ « Տեսա՞ր։ Այսպիսի մարգարտեայ ձեռագրով գրող իմաստուն Մաման պարզ է, որ շատ բան գիտէր...»։



Զուարթ Աբէլեան Գործ՝Անի Չէլէպեան Յոկլինտ

Զիս մտմտեցնող վիճակ մըն էր որ յանկարծ կը պատկերացուէր առջեւ։ ես մօրս ուսուցչութեան հետ աղերս ունեցող գրութիւններէն սեղմ հաւաքածոյ մը խմբագրած եւ հրատարակել տուած էի որպէս գիրք, «Ես եւ Ուսուցչութիւնը» վերնագրով բայց իր մականունը հոն նշած էի որպէս ԱբԷլեան եւ ոչ թէ իր նախընտրած ուղղագրութեամբ, այսինք «Ե»-ով։ Բայց ինքը չէր առարկած։Նոյնը ըրած եղայ անցեալ տարի երբ որպէս գիրք հրատարկել տուի իր պատրաստած խմբական ասմունքներու ձեռագիր հաւաքածոյին կտորներ։ Բայց ինքը այլեւս գիտակցութիւնը չունէր։



Հիմայ կ՚անդրադարնամ որ մայրս Կարօ Արմենեանին նման համառօրէն չէր կառչած մեր մականունին իր ուղղագրութեանը երբ իր նախընտրութիւնը այդ եղած էր միշտ։ Ինծի ալ ակնարկած եղած էր իր նախընտրութեանը, երբ ոչ թէ մենք որպէս ընտանիք այլ ամբողջ Աբէլեան տոհմածառին վրայի տակաւին հայերէնով եւս ստորագրողները անխտիր «է» կը գործածեն։ Բայց ինչո՞ւ համար համակերպած եղած էր այս ընհանրացած սովորութեանը երբ ինքը երկչոտ կին մը չէր երբեք եւ իր միտքերը արտայայտելու վերապահութիւն չէր ունեցած երբեք։ Արդեօ՞ք անոր համար էր որ ինքը կին մըն էր, մայր մըն էր, իտկ նախասիրութիւնը այնքան թէական կրնար նկատուիլ որուն համար պէտք տեսած չէր իր նախընտրութիւնը պնդել եւ ընդհանրացնել։

Մայրս մեռաւ անցնող Յունուար ամսուան 31, 2017-ին։ Մարմինը թաղեցինք շաբաթ մը ետք՝ Փետրուար ամսուան 9-ին։

Երանի հոս ըլլար եւ ես ալ իրեն հարցնէի։