V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, August 6, 2025

«Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»՝ Առասպել թէ իրականութիւն

Վահէ Յ Աբէլեան

Վերնագիրը՝ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին, 2019 թուականին, Ստեփանակերդի մէջ ըրած յայտարութեան մէջբերումն է։

Այսօր առաւօտ, Աւօ կ. Պօղոսեանը (Avo G. Boghossian), իր Ֆէյսպուքի էջին վրայ, հետեւալ շատ հետաքրքրական նկատողութիւնը ըրած էր՝ « Արեգ Քոչինյանի Դիլեմա հաղորդումը կը լսէի ուր քննարկողները Թաթուլ Հակոբյանն ու Աղասի Թադեվոսյանն էին: Հղումը կա ներքեւը եթէ ուզէք լսել որ շատ հետաքրքրական է: Աղասիի հնչեցրած տեղեկութիւններէն մէկը շատ հետաքրքրական էր ինծի համար որու մասին չէի մտածած կամ նկատած հակառակ որ երկու անգամ եւ ամիսներ մնացած եմ Շուէտի մէջ: 

Կ՚ըսէ՝ Շուէտի մէջ ազգային արժէքներէն կարեւորագոյնը, կամ կարեւորագոյններէն մին, Progress ն, այսինքն՝ յառաջդիմութիւնը, ամէն բնագաւառներէն ներս: Կ՚երեւակայէք՞այս երբ կը բաղդատենք մեր դաւանած արժէքներուն հետ: Մեր մօտ յատուկ ազգային արժէքներու մաս կը կազմեն մեր անցեալը, առասպելները, Եկեղեցին, պատւախնդրութիւնը, թասիպը, տղամարդկային առաւելութիւնները եւլն… բոլորը որոնք կուգան անցեալէն, չկայ ապագայի մասին խօսք, մինչ Շուէտացիներուն մօտ շեշտը կը դրուի ապագայի վրայ, կատարելագործումի, յառաջդիմութեան Progress ի վրայ: Այդ ազգային արժէքի արդիւնքն է որ այսօր, այդ ցուրտ գրեթէ բեւեռային երկիրը, մակարդակ մը նուաճած է որ աշխարհի լաւագոյն տասնի մէջ է, շատ ոլորտներու մէջ, ինչպէս երկարակեցութեան, առողջութեան, մարդկային արժ€քներու յարգման, սեռական հաւասարութեան, գիտութիւժւններու զարգացման, նորարառութեանց, արհեստական բանականութեան եւ այլ շատ բաներու մէջ: Իրենք ապագայի համար կ՚ապրին, մենք՝ անցեալի: 

Թաթուլը լաւ միտք մը հնչեցուց: Մեր միֆերու շատ հաւատք ընծայելը՝ անոնցմէ մէկը, մեր բանակի անպարտելիութիւնն էր, ու կ՚ըսէ թէ որ՞ բանակը չէ պարտուած, կայ՞ աշխարհի գէթ մէկ բանակ որ չէ պարտուած իր պատմութեան ընթացքին: Ահա այդ միֆին պատճառով մեր բանակէն դասալիքները շատ եղան ու շատ արագ երբ դէմ հանդիման եկան այն իրականութեան հետ որ, թշնամու բանակը շատ աւելի պատրաստուած էր, շատ աւելի կազմակերպուած ու շատ աւելի արդիական սպառազինութեամբ:»

 Ազգին հոգեբանութեան մեջ առասպելներ տարածուած ըլլալը կարելի է համարել վիճելի, բայց ոչ անպայմանօրէն համատարած ճշմարտութիւն։ Ռուբէն Տէր-Մինասեանը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նախավերջին կառաւարութեան զինուորական նախարարն էր։ 25.11.1920-ին իր հրաժարականն ալ ներկացուց որպէսզի նոր ընտրեալ վարչապետ Սիմոն Վրացեանը իր կաճատեւ անցումային կառավարութիւնը հիմնէ փոխանձելու համար Հայաստանը Սովետական Հայաստանի կառաւարութեան։ Ռուբէն Տէր Մինասեանը Իր հրաժեշտի խոսքին մէջ հետեւալը ըսած է՝ «Տեսնելով Հայկական բանակին կազմակերպումը, նրա աճումն ու տարած յաղթանակները, ես անհունօրէն հաւատում էի մեր վաղեմի գեղեցիկ երազի իրականացմանը՝ Միացեաւ եւ Անկախ Հայաստանի կատարեալ ազատագրմանը եւ ես սրտատրոփ հետեւոմ էի մեր բանակի առաջխաղացման շարժումներին՝ Արեւելեան Հայաստանի սահմաններում։

Սակայն մեր նորաստեղծ բանակը չգտնուեց այնքան տոկուն, որքան մեր թշնամու դարերի փորձով կազմակերպաուած բանակը եւ նա դժբախտաբար տեղի տուաւ աւելի ուժեղ եւ կազմակերպուած հակառակորդի առաջ։»

Առասպելիներու յաւերժացման կամ շարունակութեան գլխաւոր պատճառներին է պատմութեան մէջէն ընտրութիւն ընելը՝ փոխանցելու համար յաջորդ սերունդներուն պատմութեան այն երեւոյթները որոնք դրական կ՚ընկալուին, անգիտանալով ձախողած երեւոյթմերը եւ կամ անգիտանալով պատահարին անդրադարձները  եւ կամ հետեւանքները որոնք անպայմանօրէն բարենպաստ եղած կրնան չըլլալ։ 

Աւօ Գ. Պողոսեանը առաջարկած էր նաեւ դիտել իր տեղադրումին ըկերացող ձայնագրությունը։ Սկսայ դիտել։ Սակայն կարճ ժամանակ ետք դադրեցայ դիտելէն այս գրառումը ընելու համար, երբ լսեցի Թաթուլ Հակոբյանը առասպելի որպէս օրինակ մէջբերեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի 2019 թուականի Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ ըրած յայտարարությունը՝ որ «Արցախը Հայաստան է և վերջ»։ Թաթուլ Հակոբյանը բազմիցս ակնարկած այդ պատահարին որպես օրինակ պետական մտածողութեան մէջ արմատացած առասպելական մտածողութեան։ Բնականաբար, որպէս վարչապետ, Նիկոլ Փաշինյանը պետք էր դիւանագիտական յայտարարութիւն մը ըրած ​​ըլլար։ ինքն ալ նմանապէս շատ լաւ գիտեր որ Հայաստանը չէր  կցած Արցախը որպես Հայաստանի մաս և ոչ էլ ճանցած էր Արցախը որպես առանձին պետութիւն։

Բայց, գործնականօրէն, ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, աւելի ուշ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը,  գործնականապէս Հայաստանի մաս կը կազմէր քանի որ Արցախի քաղաքացիները, հայաստանը՝ Հայաստանի քաղաքացի կը ճանչնար։ Արցախի դրամավարկային համակարգը Հայաստանի դրամն էր։ Հայաստամո դրամատունները կը ծառայէին նաեւ Արցախին։ Արցախի ներկայացուցիչները կը ճանբորդէին աշխարհով մէկ,  որպէս Հայաստանի քաղաքացիներ՝ հայկական անձնագրով։ Հայաստանը ստորագրած էր Բիշքեկի արձանագրութիւնը կամ համաձայնագիրը, Արցախի ներկայացուցիչին հետ դադրեցնելու համար առաջին Արցախեան պատերազմը։ 

Այս իրողութիւնները անտեսելը և պնդելը, որ Արցախը Հայաստան չէ, ինքնին առասպել պիտի ըլլար։ 

Կարելի է նաեւ առասպել մը յաւերժացնել երբ պետութիւնը իր վարած քաղաքականութիւնը իր աշխարհայեացքով կը յամառի դիտել եւ կ՚անգիտանայ թշնամի պետութեան՝ իր վարած քաղաքանութեան հետևանքներուն տառացի ընկալումին։

Հիմայ հարց տամ՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»՝ առասպել մըն էր թէ իրականութիւն էր։


No comments:

Post a Comment