Վահէ Յ Աբէլեան
Երէկ, «Հորիզոն» թերթին մէջ կարդացի Կիրօ Մանոյեանին յօդուածը։ Կարծես քաղաքական յայտնութիւն մը ընելու կը միտէր քանի որ յօդուածին մէջ իր հիասթափութիւնը կը յայտնէր շեշտելով որ ՝ «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգում չկայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց»։ կրկին անգան կը մէջբերեմ Կիրոն՝ «ի վերջոյ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դուրս են բերում դիւանագիտական օրակարգից: «Փաշինեանի Ապրիլի 24-ի ուղերձ կոչուածը ցոյց է տալիս, որ այս քաղաքական ուժը արդէն իսկ հրաժարուել է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին»։
Այո, Փաշինեային կառաւարութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ չկայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց։
Բայց չկար նաեւ նախորդ՝ Սէրժ Սարգսյանի արտաքին քաղաքակնութեան օրակարգին մէջ։ Նոյն այդ կառաւարութիւնը որուն մաս կը կազմէր Հայաստանի ԳՄ-ը իր նեկայացուցիչներով։ Իսկ Կիրոն ԳՄ-ին արտաքին յարաբերութեան խօսնակ մըն է երկար տարիներէ ի վեր, եթէ ոչ երեք տասնամեակներէ ի վեր։ Անբնական է պատկերացնել որ իր պաշտօնին բերումով գիտակից չէ այդ օրերուն, Նախագահ Սէրժ Սարգսյանին
Թուրքիոյ մերձեցման վարած քաղաքականութեանը որ ճանցուեցաւ որպէս ֆութպոլի քաղաքականութիւն (football diplomacy)։
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց չկար նաեւ Ռոպէրթ Քոչարյանի արտաքին քաղաքակունութեան մէջ որուն կառաւարութեան հետ, Հայաստանի ԳՄ-ը կը գործակցէր եւ տակաւին կը շարունակէ գործակցիլ, այս անգամ որպէս քաղաքական դաշնակից, ոչ թէ միայն Ազգային Ժողովէն ներս, այլ նաեւ գլխաւորելով արտախորհդարանական փողոցնի ցոյցերը։ Ժիրոն տասնամեակներու վրայ երկարող պաշտօնէութեան ընթացքին անպայման գիտնալու է Ռոպէրթ Քոչարեանին վարած քաղաքականութեանը հայր եւ որդի Ալիէւներուն հետ։
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ չկար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց, նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսյանի վարած արտաքին քաղաքակնութեան մէջ։ Գէթ Նախագահ ԼՏՊ-ը այսպէս կը նկարագրէ այդ քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւնը իր՝ 1.11.1997 «Պատերազմ թէ Խաղաղութիւն» տեսութեանը մէջ։ կը մէջբերեմ՝ «Մի՞թե ես չէի կարող գիշեր-ցերեկ հայհոյել թուրքերին, ՄԱԿ-ի առջեւ բարձրացնել Հայոց ցեղասպանության ճանաչման հարցը, չեղյալ հայտարարել Կարսի պայմանագիրը, Թուրքիայից պահանջել Սեւրի դաշնագրով գծված սահմանները, վերջնագիր ներկայացնել Ադրբեջանին, ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի անկախությունը, հայտարարել, որ ոչ մի թիզ հող չենք զիջի եւ այլն։ Այդ բոլոր հնարքները ես վարպետորեն կարող էի օգտագործել։ ....Ի՞նչն է, ուրեմն, խանգարում անել այդ ամենը՝ քաջության պակա՞սը, աշխարհաքաղաքացիական (կոսմոպոլիտ) մտածողությո՞ւնը, ապազգային էությո՞ւնը, թե սխալ դաստիարակությո՞ւնը։ Խանգարում է ընդամենը պարզ քաղաքական հաշվարկը եւ մեր ժողովրդին փորձանքներից հեռու պահելու գիտակցությունը։»
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացք չկար նաեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան քաղաքականութեան մէջ։ Կը մէջրեմ՝ «Ահարոնեանի, Խատիսեանի եւ առաքելութեան քարտուղարին զեկուցագիրները կը նկարագրէին նուաստացուցիչ հանդիպումներն Էնվերի եւ Թալէաթի հետ: Աղերսարկուներն այնքան նուաստացան, որ, ստիպուած, երախտագիտութիւն յայտնեցին Օսմանեան Կայսրութեան` հայկական հանրապետութեան հիմնադրումը թոյլատրելու համար: Այս քննարկումներուն ընթացքին Թալէաթը հայկական աղէտին մեղքը կը նետէր քիւրտերուն, զինուորական իշխանութեանց եւ տեղական անպատասխանատու պաշտօնեաներու վրայ, բայց նաեւ կը դատապարտէր հայերը` օսմանեան հայրենիքին նկատմամբ անհաւատարմութեան համար՚,- կը գրէ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը:» (աղբիւրը կցած եմ ներքեւը)
Տակաւին՝
«Հոկտեմբերին նաեւ սուլթանը կ’ընդունի հայկական պատուիրակութիւնը: ՙԿրօնական արարողութենէն յետոյ մզկիթին մէջ Էնվեր փաշան մեզ ներկայացուց սուլթանին: Ահարոնեանը Հայաստանի անունով ճառ մը խօսեցաւ եւ յոյս յայտնեց, որ անկախ Հայաստանն ու Թուրքիան այսուհետ բարի դրացիներ պիտի ըլլան: Սուլթանը պատասխանեց, թէ ինքը շատ երջանիկ է, որ ՙդարաւոր բարեկամական՚ յարաբերութիւնները հայոց ու թուրքերու միջեւ այժմ քաղաքական բարեկամութեան կը վերածուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ: Սուլթանը յոյս յայտնեց, որ մենք, վերադառնալով Հայաստան, հայ ժողովուրդին բարեմաղթութիւններ հաղորդենք սուլթանին եւ ամբողջ Թուրքիոյ անունէն՚:
Քանի մը օր յետոյ Էնվեր փաշան Հայաստանի պատուիրակներն իր տուն` ճաշի կը հրաւիրէ: Խատիսեանը կը շարունակէ. ՙԱրեւելքի ամբողջ շքեղութիւնը բացուեցաւ մեր առջեւ: Ոսկի, մետաքս, գորգ եւ ամէն տեսակ թանկարժէք իրերով լեցուն էր Էնվերի բնակարանը: Ճաշի հրաւիրուած էին նաեւ գերմանացի զօրավար ֆոն Սեքթը, Թալէաթ եւ Իզզէթ փաշաները եւ կովկասեան երեք պատուիրակութիւնները: Սեղանին շուրջ խօսակցութեան նիւթն էր կովկասեան նորակազմ հանրապետութեանց ապագան՚:» (նոյն աղբիւրը)
Ուրեմն ըստ Կիրո Մանոյեանին, իր իսկ պատկանած կուսակցութիւնը -ՀՅԴ- աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ « արդէն իսկ հրաժարուել է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին։» Կիրո Մանոյեանը պէտք է որ գիտակից ըլլայ որ այդ այրերը ըրին եւ պիտի շարունակեն ընել ան ինչ որ անհրաժեշտ էր եւ է, պահելու համար Հայոց պետականութիիւնը։
Գալով վերագրին՝
ԶԶուելին, այդ անբարտաւան մտայնութիւնն է՝ յատուածական տեղեկութիւններ «կլեցնէլն է», ուրանալով Հայոց պատմութիւնը իր ընդհանրութեան մէջ, պարզապէս քաղաքական գռգռութիւն ստեղծելու համար Նիկոլ Փաշինյանի կառաւարութեանը դէմ, սփիւռքին մէջ։
Մտահոգութիւնը՝ Ամերիկածին մատղաշ սերունդին նման քաղաքականացած յատուածական տեղեկութիւններով դաստիարակելն է, մանաւանդ Արեւմտեան աշխարհին մէջ, ուր իմ եւ իմ սերնդակիցներուն զաւակները բացառձակ մեծամասնութեամբ հայ դպրոց չեն յաճախած, ինչպէս նաեւ չեն յաճախիր իմ սերնդակիցներուն թոռները։ Պատանեկան եւ երիտասարդական միւթիւններէ կը սորվին ան ինչ որ կ՚ընկալեն։
Զգաստութեան պահանջը ծնողներուն է որպէսզի հետեւողականօրէն հետեւին եւ հաղորդ մնան այդ կազմակերպութիաններուն որոնց վստահած են իրենց պատանի զաւակները ստանալու հայեցի դաստիարակութիւն մը եւ ոչ թէ քաղաքականացած դաստիարակութիւն մը։
Աղբիւրը՝ https://www.aniarc.am/2017/10/01/karabakh-diary-part-38-1918-kajaznuni/
No comments:
Post a Comment