Բնագիրը կցուած է. I am not sure if Catholicos Aram I’s Independence Day ecclesiastical proclamation has been translated. Attached is my translation of the pontiff’s proclamation, issued today, at the Armenian Independence Day, September 21, 2024. I found it to be timid and elusive. The original is attached. Vahe H Apelian
"LET'S UNITE AROUND A UNITED ARMENIAN AGENDA"
“Today is September 21. It is the Independence Day of the Republic of Armenia. In other words, it is not an ordinary day, and should not be an ordinary day for every Armenian and for the entire Armenian people. In the course of our history, we fought for Armenia's independence, created, and even shed blood with the deep awareness that independence is a God-given right and, therefore, a sacred value, and its safe preservation and protection is the duty of every Armenian.
Today, when we celebrate the independence of Armenia, it is necessary to reflect on what is our obligation and rights towards it. Especially today, when we look at independent Armenia, we reflect that it is surrounded by terrible troubles, internal and external, far and near. Troubles that can violate the foundations of the independence of the Motherland, even render its independent existence questionable. It is true, that we should not be hopeless and pessimistic. But the matter-of-fact appreciation of Armenia's state leads us to realism and, without a doubt, realism pushes us to defend Armenia's independence with a collective will and conscious commitment to keep it away from all kinds of approaches, concessions and agreements that undermine its territorial integrity and security.
The Church has always been on the side of independence in the life of all nations, seeing it as one of the essential areas of its mission. This is how especially the Armenian church has been during the history of our nation, actively expressing its strong position towards all the attempts that could undermine the independence of the Fatherland. Let's look at our past so that we can assess the present state of the Fatherland and adopt appropriate approaches, with the sacred zeal to put its independence on a firmer foundation.
Therefore, the unity of our people around a pan-Armenian agenda, by consolidating forces and strengthening our collective determination, is more than imperative at this milestone in our history.
This is the message on the Independence Day of the Republic of Armenia.
Catholicos Aram I
September 21, 2024”
*****
Բնագիրը՝
«ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻ՛ՆՔ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ»
Այսօր 21 Սեպտեմբեր է. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրն է. այլ խօսքով, սովորական օր չէ՛, պէտք չէ՛ ըլլայ իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան համար։ Մեր պատմութեան ընթացքին Հայաստանի անկախութեան համար պայքարեցանք, ստեղծագործեցինք, նոյնիսկ արիւն թափեցինք այն խոր գիտակցութեամբ, որ անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է եւ, հետեւաբար, սրբազան արժէք է եւ անոր անվթար պահպանումը ու պաշտպանութիւնը պարաւորութիւնն է իւրաքանչիւր հայու։
Այսօր, երբ կը նշենք անկախութիւնը Հայաստանի, հարկ է անդրադառնալ, թէ ի՞նչ է մեր պարտաւորութիւնը ու իրաւունքը անոր նկատմամբ։ Այսօ՛ր մանաւանդ, երբ կը նայինք անկախ Հայաստանին, կ՚անդրադառնանք, որ ան ահաւոր տագնապներով է շրջապատուած, ներքին թէ արտաքին, հեռաւոր թէ մօտաւոր։ Տագնապներ, որոնք կրնան խախտել Հայրենիքին անկախութեան հիմերը, նոյնիսկ հարցականի տակ առնելով անոր ինքնանկախ գոյութիւնը։ Ճի՛շդ է, պէտք չէ յուսահատ ու յոռետես ըլլալ. սակայն, իրապաշտ արժեւորումը Հայաստանին պարզած ներկայ կացութեան մեզ կ՚առաջնորդէ իրատեսութեան եւ, անկասկած, իրատեսութիւնը մեզ պէտք է մղէ հաւաքական կամքով ու գիտակից յանձնառութեամբ պաշտպանելու Հայաստանի անկախութիւնը՝ զայն հեռու պահելով անոր հողային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը խաթարող բոլոր տեսակի մօտեցումներէ, զիջումներէ ու համաձայնագրերէ։
Եկեղեցին բոլոր ազգերու կեանքին մէջ միշտ եղած է անկախութեան կողքին՝ զայն նկատելով իր առաքելութեան էական տարածքներէն մէկը։ Այսպէս եղած է մանաւանդ հայ եկեղեցին մեր ազգի պատմութեան ընթացքին՝ գործնապէս արտայայտելով իր ամուր կեցուածքը այն բոլոր փորձերուն նկատմամբ, որոնք կրնային խաթարել Հայրենիքին անկախութիւնը։ Նայինք մեր անցեալին, որպէսզի կարենանք Հայրենիքի ներկան արժեւորել եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել՝ անոր անկախութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու սրբազան նախանձախնդրութեամբ
Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին միասնակամութիւնը համահայկական օրակարգի մը շուրջ՝ ոյժերու համախմբումով եւ մեր հաւաքական վճռակամութեան ամրացումով աւելի քան հրամայական է մեր պատմութեան վճռադրոշմ այս հանգրուանին։
Ա՛յս է պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
21 Սեպտեմբեր 2024