Վահէ Յ Աբէլեան
Մասիս Արարատեանը՝ - (29.12.1929-18.1.2023) - իր քաղաքական ծաղրանկարներով եղաւ խիզախ ձայն մը երբ Հայաստանի հանրապետութեան երկրորդ եւ երրորդ տասնամեակները՝ 1998-2018, եղան հայ հասարակութիւնը թմբիրի մէջ պահող populism-ի տասնամեակներ։
Populism-ին Հայերէն իմաստը ժողովրդականութիւն է։ Բայց ժողովրդականութիւն հնչականութեամբ եւ ուղղագրութեանբ նման է ժողովրդավարութեան (democracy), հետեւաբար կրնայ շբոթ ստեղծել մանաւանդ որ ժողովրական ըլլալը, այսինք ժողովուրդին կողմէ լայն ընդունելութիւն ունենալը կամ ալ ժողովուրդին մէջ անուն ունենալը, populism-ին նման անպայմանօրէն քաղաքական խաբուսիկ երեւոյթ մը չէ։
Այդ երկու տասնամեակներուն Հայաստանի քաղաքական ղեկաւարութիւնը ոչ թէ միայն բացառձակապէս անգիտացաւ տիրող ծանր վիճակը, թէեւ Հայաստանի յաղթանակով դադրած էր Ղարաբաղի մարտը, բայց հաշտութեան պայմանագրութիւն չկար։ Յաղթանակը իրականացաւ Հայաստանի առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պէտրոսեանին՝ ԼՏՊ-ին նախագահութեան շրջանին, բայց ինքն էր որ փոխանակ քաղաքականօրէն տարուելու յաղթանակէն՝ ահազանք հնչեցուցած էր եւ փոխ զիճողութեան անհրաժեշտութեան կոչ ըրաւ։
Փոխանակ նախագահին հնչեցուցած ահազանքին անսալու՝ փառատենչ մարդիկ յաջողածեցան պարտադրել նախագահ Լեւոն Տէր Պէտրոսեանին հրաժարիլ։ Հոս ճշդեն populism-ի այդ քսան տարինրերը. սկսաւ 9 Ապրիլ1998 թուականին Ռոպէրթ Քոչարեանին նախագահ ընտրուելով եւ տեւեց մինչեւ Մայիս 8, 2018-ը, երբ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հիմնովին շրջեց այդ երկու տասնամեակներուն ամրացած իշխանութեան դասակարգը։ Չկասկածիք որ Սէրժ Սարգսյանին Ապրիլ 22, 2018 յայտարարութիւնը որ ինքը սխալ է եւ Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ, populist յայտարարութիւն մըն չէր։ Երեւութապէս կը միտէր երեւնալ որպէս վեհանձն քայլ մը որ այլասիրաբար կը միտէր երկիրը խնայելու ներքին պառակտումէ։ Բայց խորքին մէջ իշխանութիւնը կրկին ձեռք ձգելու քաղաքական քայլ մըն էր, քանի որ պատերազմը անխուսափելի դարձած էր՝ որ պիտի պատահէր Փաշինեանի օրով եւ Հայաստանի անխուսափելի պարտութիւնը պիտի վերագրուէր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ընթացք տալով իր՝ Սէրժ Սարգյանին եւ իր համախոհ վերնախաւին վէրջնականօրէն ձեռք ձգել Հայաստանի իշխանութիւնը։ Պատահարներուն եւ քաղաքական հոլովոյթին ծանօթ էք արդէն։
Այդ քսան տարիներուն ընթացքին ես ալ զոհը դարձայ այդ populism-ին, հաւատալով որ ԼՏՊ-ի զիջողական քաղաքանութեան զոհը պիտի ըլլայ Ղարաբաղի մելիքներէն ժառանգ մնացած ազատագրուած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքաւար Մարզը։ Ընդունիմ որ այդ շրջանին ԼՏՊ-ին դէմ տրամադրուած էի սփիւռքի հանդէպ եւ մանաւանդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ իր վարած քաղաքականութեանը համար։ Հետեւաբար անտեսած էի իր «Պատերազմ, թե՞ խաղաղություն․ լրջանալու պահը» տեսութիւնը կառեւորելէ երբ պէտք է որ կարդացած եւ ընկալած ըլլայի, ինչպէս որ կարդացած եւ ընկալած պէտք էր որ ըլլար հայ հասարակութիւնը եւ ոչ թէ բացառձակապէս անգիտանար անոր չոր իրողութիւնը եւ տարուիլ իշխանութեան populism-էն։
Այդ երկու տասնամեակներուն հայ հանրութիւնը ապրեցաւ թնբիրի մը մէջ իսկ ԼՏՊ դարձաւ քաղաքական պարիա մը՝ pariah։ Այդ շրջանին պատահարները՝ ինչպէս 27.10.1999-ին սպանութիւնները Ազգային ժողովասրահին մէջ (Նախագահ Քոչարեանին շրջանին), 1.3.2008-ին տասը քաղաքացիներուն սպանութիւնը, Սէրժ Սարգսյանին ըինտրութիւնէն ետք, եւ նոյնիսկ 1.4.2016-ին Ազրպէյճանի յարձակումը, որուն ծալքերը մնացին անստոյգ, պատճառ չհանդիսացան որ Հայ ընտրողական հասարակութիւնը սթափի եւ չընտրէ Սէրժ Սարգսյանը վարչապետ, տաս տարուայ նախագահութիւնէն ետք։
Ահա, այդ ատեն Մասիս Արարատեանը եղաւ խիզախ խօսնակը մանաւանդ իր այս ծաղրանկարով։ Բայց ոչ մէկ Սփիւռքահայ մամուլ համարձակեցաւ սփռել այդ չոր ծաղրանակարը եւ ոչ ալ ընկերային սանցերուն վրայ երեւցաւ այնպէս ինչպէս կըլլայ ներկայիս Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր կառաւարութեանը դէմ։ Ընդհակառակը՝ բազմաթիւ նկատողութիւններ եղան Մասիս Արարատեանին դէմ։
կը դելադրեմ որ այս պլակին ընթեզողները կարդան ԼՏՊ-ի այդ պատմական պատգամը որպէսզի հիմնաւորեն իրենց թեր կամ դէմ քաղաքական դիրքաւորոշումը «Խաղաղութեան Խաչմերուկը» քաղաքանութեան հանդէպ։ ԼՏՊ-ի «Պատերազմ, թե՞ խաղաղություն․ լրջանալու պահը» իր ատենին անտեսուած մնաց։ Ներքեւը կցած եմ օղակը (link)։
Կը մէջբերեմ կարգ նկատումները որ ըրաւ ԼՏՊ-ը։
«Թող չփորձեն ժողովրդին մոլորեցնել, ասելով, թե փոխզիջումն այլընտրանք ունի. փոխզիջման այլընտրանքը պատերազմն է։»
«Փոխզիջման մերժումը եւ մաքսիմալիզմը (առավելագույնը եւ ոչ թե հնարավորը ձեռքբերելու ձգտումը) Ղարաբաղի իսպառ կործանման եւ Հայաստանի վիճակի վատթարացման ամենակարճ ճանապարհն է։»
«Փոխզիջման էությունից բացի կարեւոր է նաեւ փոխզիջման պահը։»
«Պետք է իրատես լինել եւ հասկանալ, որ միջազգային հանրությունը երկար չի հանդուրժելու.»
«Փոխզիջումն ընտրություն չէ լավի ու վատի միջեւ, այլ վատի ու վատթարի միջեւ, այսինքն՝ փոխզիջումն ընդամենը վատթարից խուսափելու միջոց է,»
Ղարաբաղի պարաքային պատահեցաւ վատթարագոյնը՝ Ղարաբաղի մելիքներուն պատմական երկիրը ամբողջովին դատարկուեցաւ հայութիւնէ, այնպէս ինչպէս դատարկուեցան «Սասուն, Մուշ ու վանը՝ Հայկական հողը», ինչպէս նաեւ Հայկական Կիլիկեան, եւ մնաց միայն վտանգուած այս հողամասը՝
Link: Պատերազմ, թե՞ խաղաղություն․ լրջանալու պահը» https://hy.wikisource.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%A5%D6%80%D5%A1%D5%A6%D5%B4,_%D5%A9%D5%A5%D5%9E_%D5%AD%D5%A1%D5%B2%D5%A1%D5%B2%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%E2%80%A4_%D5%AC%D6%80%D5%BB%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%AC%D5%B8%D6%82_%D5%BA%D5%A1%D5%B0%D5%A8