V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Saturday, May 3, 2025

Ժողովուրդէն, ժողովուրդով, Ժողովուրդին Համար

Շնորհակալութեամբ «Հօրիզոն» Շաբաթաթերթին

Պարզ է վաղուց, որ Հայաստանի անկախ պետականութեան լինելիութեան հիմնահարցը սերտօրէն առընչուած է աշխարհակարգի ընդհանուր իրականութեան։ Քանիցս դիտարկուած փաստ է, որ առանց գործօն և ուշիմ դերակատար մը ըլլալու աշխարհակարգի ուժային աղիւսակին մէջ և առանց ձևաւորելու լծակային կարողականութիւններու հայկական ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ զինարանը, այս ճակատագրական ժամանակներուն մէջ,  Հայաստանը պարտաւորուած է գործելու սնանկ պետութեան դիրքերէ։ (Մենք Խրիմեան Հայրիկը ղրկած ենք Պեռլին և զինք թողած առանց շերեփի)։ ԴատարկՈՂ/ԿԵՂԵԳՈՂ ձեռքերով կարելի չէ արդիւնք ապահովել այս խաղատախտակին վրայ։ ԴատարկՈՂ/ԿԵՂԵԳՈՂ ձեռքերով՝ Հայաստանը միայն իր քաղաքական անատակութիւնն է, որ կը ցուցադրէ և ինքզինք կը դնէ լքեալ գոյքի կարգավիճակին մէջ։

Հարցո՛ւմ։ Հայաստան պիտի կրնա՞յ ԿԱՆԳՆԵԼ իր ինքնիշխան անհատականութիւնը իրերու այս նուրբ կէտին վրայ։

Փաստը այն է, որ տարածաշրջանի դիւանագիտական ներկայ եռուզեռին մէջ, ՔՈՉԱՐԵԱՆ/ՍԱՐԳՍՅԱՆ ԸՆԴԻՄԱԴԻՐ համակարգի տնօրինումներուն յանձնուած Հայաստանը գործնականօրէն տեղ չունի։ Ան չունի լինելիութեան յստակ վարդապետութիւն (doctrine), չունի յստակ ռազմավարութիւն, չունի կարմիր գիծեր, չունի ազգային ընդհանուր համախոհութիւն իր գոյութիւնը լիազօրող գերամեծար առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Ունի ԸՆԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ, որ կը յամառի ՏԻՐԱՆԱԼ իշխանութեան դիրքերուն շնորհիւ իր ԿԵՂԵԳԱԾ յենարաններուն և շնորհիւ հասարակութեան ՆՕՍՐ շերտի մը քաղաքական ինքնուրոյն կամքի պակասին։

 Հայաստանը պիտի կրնա՞յ ետ շրջել պատմութեան ԱՅԴ ծուռ դարձած անիւը։ Այս վճռական հարցին պատասխանը ազգն է, որ պիտի տայ այսօր։ Աւելի ճիշտ, ազգին քաղաքական կամքը ներկայացնող արթուն և գործօն ուժերն են, որ պիտի կտրեն այս գորդեան հանգոյցը։ Մէկ բան յստակ է։ Քաղաքական կամքի դրօշակիրը կրնայ ըլլալ միայն այն, որ գործնականօրէն և ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆՕՐԷՆ – եւ գետնի վրայ — կը ցուցաբերէ այդ կամքը։ Այդ կամքը վերացական չէ։ Ան ազգին կենդանի մկանն է, որ պէտք է արժեցնէ իր գոյութիւնը՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՈՎ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ։

Ուրիշ Հայաստան և ուրիշ հայութիւն գոյութիւն չունին։ Այս Հայաստանն է և այս Սփիւռքն է, որ պիտի դուրս գան զիրենք պատուհասող պատմական այս թակարդէն։ Այս ազգն է, որ պիտի կերտէ բանալին համաշխարհային գերոյժին (leverage)։ Այս ազգն է, որ պիտի վերջ տայ իր անվճռականութեան։ Այս ազգն է, որ պիտի յաղթահարէ իր ներքին «դև»երը։ Իր ինքնավստահութիւնը ջլատող ներքին և արտաքին գործօննե՛րը։ Ինչքան ալ, որ համաշխարահային ներկայ ՔՈՉԱՐՅԱՆ/ՍԱՐԳՍՅԱՆ ԸՆԴԻՄԱԴԻՐ համակարգը իր գործիքակազմով կը ջանայ մեր ժողովուրդին ներշնչել քաղաքական թերարժէքութեան մտայնութիւնը. հայկական կողմը պիտի կարողանայ կազմակերպել իր պատմական շրջադարձը և ինքզինք կրկին պարտադրել աշխարհակարգի կարծեցեալ տէրերուն։ Այլ ելք գոյութիւն չունի։

Հայաստանը անզէն չէ։ Հայաստանը անօգնական չէ։ Հայաստանը անտէր չէ։ Հայաստանը պիտի կարողանայ տէր կանգնիլ իր ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ռազմաքաղաքական զինարանին։ Ան պիտի կրնայ անմիջապէս դուրս շպրտել իր ներկայ զինաթափՈՂ ԸՆԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆԸ և տիրականօրէն տէր կանգնիլ տարածաշրջանի ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ իր պատասխանատւութիւններուն՝։ Մեր փրկութեան բանալիները ոչ Իրանի, ոչ Ռուսաստանի և ոչ Արևմուտքի մէջ կրնանք փնտռել, եթէ անոնք, առաջին հերթին, մեր իսկ ձեռքերուն մէջ մեր գերագոյն շահերուն չեն ծառայեր։

ԾԱՆՕԹ՝ Բացառելով գլխաքիր բառերր եւ տառերը՝ հատուածը իր ամբողջութեամբընդօրինակած եմ «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ, Կարօ Արմէնեանէն « ԱՄՆ-ի գործարքըԿովկասի մէջ եւ Հայաստան» յօդուածէն՝ Վահէ Յ Աբէլեան

 

 

 

No comments:

Post a Comment