“The death of human empathy is one of the earlies and most telling
signs of a culture about to fall into barbarism”
Hannah Arendt (1906-1975)
Բնագիրը կցուած է ներքեւը - Yesterday Hagop K Havatian described a surreal scene he watched on television. Reporters, firefighters, medics, and everyday folks with their cell phones, had gathered not far from a building to capture the moment Israel would bomb the building it had announced that it will. Attached is my translation of his post Vahe H Apelian.
This morning, the scene was once again inexplicable and terrifying. In the southern suburbs of Beirut, Israel had warned the residents of a building to evacuate their apartments. Reporters had gathered at the designated location. Camera crews were ready to capture the moment. Civil defense and fire departments, with their equipment, ambulances and ambulances, had all arrived at the designated location, and a crowd of residents, with their cell phones raised had taken various positions, and were anxiously waiting for the “0” hour to film and immediately share on the social media, the bombing. Is it a theater of the absurd or what? But everything was not imaginary, it was real.
The first explosion on the roof of the building was seen. The correspondent immediately commented that this was a harmless target as the last warning and that we would soon see the explosion. I thought that the film was about to start and the last bell had been given. And suddenly there was a terrible sound, smoke and the building collapsed, its stone fragments spread over a large area.
Frozen in front of the television, I was lost in the incident for a moment. Tragedy, poverty, insensitive situation, modern rationality, I could not find a suitable synonym for the episode and the psychological state of the participants in that episode.
Yes, it is tragic that everything that people have built in the course of their lives is destroyed in an instant. But what is even more tragic is that we all have become viewers of a film series and then naturally continue our work. The harsh reality of life. We were the observers and not the ones who felt it on our skin.
People die, but the living try to neutralize humanity. All this is happening when the human mind in the modern century makes unprecedented scientific discoveries, inventions and record achievements. The same minds have become like robots. Has artificial intelligence (AI) taken over the emotional cells in the brains? If we live long enough, we will find out. But the inhabitants of that building today are homeless and wandering. Who knows where, will they mourn the loss of their roofs.
«Մարդկային կարեկցութեան մահը ամէնախօսուն օրինակն է
մշակոյթի մը որ բարբարոսութեան սեմին է։»
Բնագիրը
Այսօր առաւօտեան պատկերը դարձեալ անբացատրելի ու սահմռկեցնող էր: Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ, Իսրայէլ զգուշացուցած էր շէնքի մը բնակիչները՝ պարպելու իրենց բնակարանները: Սահմանուած վայրին մէջ հաւաքուած էին թղթակիցները, լուսանկարչական մեքենաները լարուած էին որպէսզի ճիշդ ակնթարթին նկարահանումը կատարեն: Քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ հրշէջներու ջոկատները՝ իրենց գործիքակազմերով, շտապ օգնութեան աշխատակիցները եւ փոխադրակառքերը բոլորը ժամանած էին ճշդուած վայրը եւ բնակիչներու բազմութիւն մը իր բջիջային հեռաձայները վեր բարձրացուցած եւ նաեւ տարբեր դիրքեր գրաւած՝ անձկութեամբ կսպասէր «0» ժամին, որպէսզի նկարահանեն եւ անմիջապէս ընկերային ցանցերու վրայ տարածեն պայթումը: Անհեթեթի թատրո՞ն թէ ի՞նչ: Բայց ամէն ինչ ո՛չ երեւակայական այլ իրակա՛ն:
Առաջին պայթումը շէնքին տանիքը տեսնուեցաւ: Թղթակիցը անմիջապէս մեկնաբանեց, որ այդ մէկը վերջին զգուշացման անվնաս թիրախաւորում է եւ շուտով պիտի տեսնենք պայթումը: Խորհեցայ, որ ֆիլմը պիտի սկսի եւ վերջին զանգը տրուած է: Եւ յանկարծ ահաւոր ձայն, ծուխ եւ շէնքը փուլ եկաւ, անոր քարէ փշրանքները տարածուելով մեծ տարածութեան վրայ:
Հեռատեսիլին դիմաց քարացած, պահ մը կորսուեցայ պատահարին մէջ: Ողբերգութի՞ւն, խեղճութի՞ւն, անզգայ վիճա՞կ, նորօրեայ բանականութի՞ւն, չկրցայ հարազատ հոմանիշ մը գտնել դիպաշարին եւ այդ դիպաշարի մասնակիցներու ապրած հոգեվիճակին:
Այո՛, ողբերգական է կեանքի ընթացքին մարդոց ամբողջ կառուցածը մէկ ակնթարթի մէջ ոչնչանայ, բայց աւելի ողբերգականը մեր բոլորին ֆիլմաշարի մը դիտող դառնալն է ու յետոյ բնական կերպով մեր աշխատանքը շարունակելը: Կեանքի չոր իրականութիւն... մենք դիտող եւ ոչ թէ մեր մորթին վրայ զգացողն են:
Մարդիք կը մեռնին, սակայն մեր՝ ողջերուս մէջ՝ մարդկայնութիւնը կը փորձեն չէզոքացնել եւ այս բոլորը տեղի կ՛ունենայ, երբ մարդկային միտքը ժամանակակից դարու մէջ աննախընթաց գիտական յայնաբերումներ կը կատարէ, գիւտեր կը հնարէ ու նուաճումներ կ՛արձանագրէ: Արդեօ՞ք միտքերը այլեւս րոպոթանման դարձած են եւ զգացմունքային բջիջները ուղեղներու մէջ իրենց տեղը զիջած են արհեստական բանականութեան մասնիկներու յաւելման: Ապրինք եւ տեսնենք, բայց այդ շէնքի բնակիչները այսօր անտուն ու թափառական ո՛վ գիտէ ուր ապաստանած՝ կ՛ողբան իրենց երդիքի կորուստը:
Յակոբ Գղ Հաւաթեան..
No comments:
Post a Comment