V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, November 21, 2024

Հռչակագիրը մերժուեցաւ իր ծնունդէն եւ կրնայ փոխուիլ

Վահէ Յ Աբէլեան

Կարդացի Տիգրան ճինպաշեանին՝ «Անկախութեան Հռչակագիրը փոփոխելի չէ» յօդուածը, «Հորիզոն» Շաբաթաթերթին ՝ 20 Նոյեմբեր, 2024 թիւին մէջ։ Զանց կ՚առնեմ Հայաստանի Հայաստանի վարչապետին հեծանիւ վարելը որպէս ժամանց եւ ոչ ալ իր մօրուքը սափրելը։ Կը կեդրոնանամ Հայաստանի Հռչակագիրի բարդ հարցին։

Հռչակագիրին շարադրութիւնը  ողբերգական եղաւ իր ծնունդէն։ Կը մէջբերեմ Charles անունով մէկու մը տեղադրութիւնը Armenian Weekly- ին մէջ, պարզապէս որպէսզի այդ միտքերուն ծանրութիւնը միայն ուսերուս վրայ չբարդուի։ կը գրէ՝ «It was always a tragedy alluding to unification in the constitution yet never seeing it through to its logical conclusion after 1994»։ Կը յենիմ Google-ի թարգմանութեանը նուազագոյն չափով միջամուխ չըլլալու համար Հայերէն թարգմանութեանը ՝ «Դա միշտ էլ ողբերգություն էր՝ ակնարկելով միավորման սահմանադրության մէջ, սակայն երբեք չհասցնել իր տրամաբանական ավարտին 1994 թվականից հետո։»

Հռչակագիրը կը բաղկանայ երկու մասերէ։ Ներածական մը որ Անգլերէնով ճանցուած է որպէս preamble որ պարզապէս կը նշանակէ նախաբան։  Որուն կը յաջորդեն պետութեան հիմնական հռչակները։ Մեր հռչակագիրին պարագային նախաբանը կը բաղկանայ քանի մը նախադասութիւններէն որուն կը յաջորդեն  տասներկու հռչակներ։ կարդացէք հռչակագիրը եւ հոն պիտի գտնէք որ  նախաբանին մէջ կայ երկչոտ եւ տարտամ ակնարկ մը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին։ Նախաբանին մէջ ցեղասպանութեան ակնարկ չկայ, ցեղասպանութեան բառ չկայ։

Սակայն Նախաբանին յաջորդող տասներկու հռչակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ միաւորման հռչակ չկայ։ Գալով ցեղասպանութեանթիւ տասնըմեկ հռչակը կը նշէ՝ հետեւեալը « Հայաստանի Հանրապետությունը սատար է կանգնում 1915 թվականին Օսմանյան Թուրքիայում և Արևմտյան Հայաստանում հայոց ցեղասպանության միջազգային ճանաչման գործին:»

Սահմանադրական Դատարանը՝ կառաւարութեան սահմանագծումին եւ սահմանազատումին որոշումը նկատեց սահմանադրական եւ յայտարարեց որ կառաւարութեան ներկայացոցած նախագիծը սահմանադրական է։ Սահմանադրական Դատարանը ուշադրութեան յանձնեց որ Հռչակագիրը վաւերցուած էր տակաւին Սովետական Հայաստանի  իշխանութեան օրով 23 Օգոստոս 1990-ին, նախքան որ Հայաստանը ինքզինք հռչակէ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին որպէս անկախ եւ ազատ պետութիւն։ Իսկ Հայաստանի քաղաքացիները նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանդրութիւնը ընդունեցին 1995-ին, Հռչակագիրէն շուրջ վեց տարիներ ետք եւ հոն՝ սահմանադրութեան մէջ, որեւէ ակնարկ չկայ որ կրնայ կասեցնել խաղաութեան խաչմերուկին քաղաքական ընթացքը։

Իսկ Վարչապետը, Ազգային ժողովին վերջին նիստին յայտարարեց որ Հայաստանի կառաւարութիւնը Ազրպէյճանի կառաւարութիւնէն  չէ պահանչած փոփոխութեան ենթարկել իրենց սահմանդրութիւնը, քանի որ խաղաղութեան Խաչմերուկին վաւերացումը նման փոփոխութեան կարիք չստեղծեր եւ հետեւաբար Հայաստանն ալ իր Սահմանադրութիւնը եւ Հռչակագիրը փոխելու կարիք չունի, շեշտեց Վարչապետը։

Ընդիմադրութիւնը կը մեղադրէր պարոն վարչապետը որ  Ազրպէյճանի ճնշումներուն տակ կ՚ուզէ փոփոխութեան ենթարկել ՀՀ սահմանադկրութիւնը։ Երբ վարչապետը այդ մտահոգութիւնը փարատեց, այս անգամ ընդիմադրութիւնը սկսաւ դատապարտել ոչ թէ միայն կառաւարութիւնը այլ նաւե Սահմանդրական Դատարանը Հռչակագիրը  ենթադրաբար խախտած ըլլալնուն համար՝ երբ ընդիմադրութեան  ղեկաւարները - Քոչարյան եւ Սարգսյան - իրենք չճանցան Լեռնային Ղարաբաղը եւ ո՛չ ալ կցեցին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին։ Առաւել, ո՛չ ալ ցեղասպանութեան ճանաչումը չ՚ընդգրկեցին իրենց վարած արտաքին քաղաքանութեան։ Այդ քաղաքականութեան հետ համընթաց մնաց իրենց գործակից եւ ապա դաշնակից Հայաստանի Հայ Յեաափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացնող Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը։ 

Այս ընթացքով ես ոչ թէ միայն կը ձայնակցիմ վարչապետին այլ կ՚եզրակացնեմ որ Հայաստնաի Հանրապետութիւնը իր իսկ Հռչակագիրով ինք զինք դրժող հանրապետութիւնը մըն է եւ հետեւաբար անօրինական։

Հռչակագիրը պատմական գրութիւն մըն է ուր ակնարկ կայ ՝ «համայն հայության իղձերի իրականացման և պատմական արդարության վերականգնման»։ Հռչակագիրը կրնար պահուիլ որպէս պատմական թուղթ մը եթէ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւնները զայն չվերածեն ներքին քաղաքական գնդակի։ Չեմ ըսեր ոտնագնդակի։ Այլ կ՚ըսեմ գնդակի քանի որ անոր հետ խաղը մահացու է հայ պետականութեան։ 

Բայց անհաւանական է որ այդպէս կրնայ ըլլալ։ Այսօրուան ընդիմադութեան ըրածը պիտի ըլլայ գալիք ընդիմադրութեանը։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է որ Լեռնային Ղարաբաղի հետ միացման այդ պատմական ակնարկը վերցուի Հռռչակագիրէն։ Վերջին հաշուով Հայաստանի քաղաքացիները իրենց զաւակներուն սիրոյն, կուսակցութիւններուն յատուածական քաղաքականութեան զոհ չեն կրնար ըլլալ։

Այո, սիրելի Տիգրան, Հռչակագիրը փոփոխելի է։

No comments:

Post a Comment