Վահէ Յ. Աբէլեան
Երէկ, Դեկտեմբեր 19, 2020 երեկոյեան, Տէյզի Թուրիկեանը հեռաձայնեց գուժելու համար իր ամուսնոյն՝ իմ կնքահօրս Հրաչ Թուրիկեանին մահը։ Հրաչը սփիւռքահայ մեր ազգային կեանքէն ներս իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցած և հոն իր դրոշմը դրած մարդ մըն էր։ Մահը պատահած էր երկու օր առաջ։
Կը պատկանէինք տարբեր սերունդերու եւ հետեւաբար իմ կապս իր հետը եղած էր զգացական եւ սկսած էր հօրմէս։
Հայրս ծնած էր 1921ի Դեկտեմբերին՝ Քեսապի Քէորքիւնա գիւղին մէջ։ Հազիւ երիտասարդութեան սեմին հասած, ծնողքին հաւանութեամբ 1937/1938 թուականներու խոյս տուած էր իր ծննդավայրէն, երբ մտավախութիւն կար որ շրջանը կրնար կցուիլ Թուրքիոյ։ Հաստատուելով Պէյրութ, ինչ-ինչ պարագաներու տակ հանդած էր իր ատենին Հայ շրջանակին մէջ մեծ ճանաչում վայելող «Հոթել Լիւքս» հիւրանոցի տէր ու տնօրէնին՝ իր գրչանունով ծանօթ Թուրիկին (Հրաչին հօրը) և հոն ընդունուած է աշխատանքի։
Ընտանեկան մթնոլորտին տակաւին կարօտ ունեցող՝ երիտասարդութեան սեմին հօրս համար, Թուրիկեաններուն նահապետական կենցաղը մտերմացուցած էր զինք իրենց։ Հետագային, տէր և տիկին Միհրան և Շուշան Թուրիկեանները դարձած են ծնողքիս ամուսնութեան կնքահայրն ու կնքամայրը, իսկ իրենց մանչ զաւակները` Հրաչն ու Հրայրը, տարիքով հօրմէս քանի մը տարիով աւելի փոքր, եղած են իմ և եղբօրս մկրտութեան կնքահայրերը։
Այսպէս, ընտանեկան սեղմ կապ մը ստեղծուած էր Հրաչ և Հրայր Թուրիկեաններուն, ինչպէս նաև իրենց քրոջ՝ տէր և տիկին Արամ և Քնար Մինասեաններուն հետ։ Տակաւին յիշողութեանս մէջ թարմ է այդ օրերը բնորոշող ընտանեկան հաւաքոյթներուն քաղցր յիշատակները նոյն հիւրանոցին մէջ՝ նահապետական կարգ ու սարքով ճոխ սեղանի շուրջ, ուր բիւրեղացած հայկական մթնոլորտ մը կը տիրէր ու խօսակցութեան առանցքը հայ կեանքը կը կազմէր։
Պատանեկութեանս հայրս զիս յաճախ օրինակ բերած էր Հրաչ Թուրիկեանը իր ընտրած ասպարէզովը եւ ազգային կեանքովը։ Երբ երկրորդական վարժարանը աւարտեցի արդէն որոշած էի դեղագործութիւն ուսանիլ եւ այդպէս ալ եղաւ։
Այսու կը կցեմ իր ամփոփ ինքակենսագրութիւնը։
«Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան, 15 Ապրիլ 1926-ին։ Նախակրթական ուսումս ստացած եմ Պէյրութի Մխիթարեան վարժարան, իսկ երկրորդական ուսումս շարունակած Սէն Ժօզէֆ Համալսարան։ Պէյրութի Ֆրանսական Բժշկական Համալսարանի Դեղագործական բաժինէն շրջանաւարտ եղած եմ, 1952-ին։
Ամերիկեան դեղերու Abbott Laboratories-ի ընկերութեան մէջ, քանի մը տարի պաշտօնավարելէ ետք, իմ սեփական գործիս նախաձեռնած եմ, 1957-ին, Trans-Medical Co. ընկերութեան անուան տակ, մինչև Լիբանանէն վերջնական մեկնումիս թուականը՝ 20 Դեկտեմբեր 1982։ Այս ժամանակամիջոցին, հինգ մեծ ընկերութիւններու ներկայացուցիչը եղած եմ, Լիբանանի և Միջին Արևելքի քանի մը երկիրներուն համար։ Ունեցած եմ նաև չորս տարբեր ընկերութիւններ, ուտեստեղէնի և խմիչքներու՝ «Amlevco Trading Co.» անուան տակ, Cosmetics-ներու՝ «Tramedico Sarl», «Hospital Products and Equipments»-ի և «Baby Care and Health»-ի ընկերութիւնները։
Ամուսնացայ, 1959-ին, և ունեցայ երկու մանչ զաւակներ։
ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մաս կազմած եմ և 1946-ին, անցած Պէյրութի ՀՅԴ Քրիստափոր Կոմիտէութեան շարքերը։
Առաջին անգամ, 1960-ին, ընտրուեցայ Լիբանանի ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ։
Պէյրութի հօրս պանդոկը ճանչցուած էր իբրև կուսակցական ժամադրավայր և Լիբանան այցելող, գրեթէ բոլոր կուսակցական ընկերներուն նախասիրած կեդրոնը կը նկատուէր։
Այս բախտաւորութեան շնորհիւ, առիթը ունեցած եմ ճանչնալու և մօտէն ծանօթանալու գրեթէ բոլոր դաշնակցական ղեկավարներուն, Պէյրութ իրենց այցելութեանց ընթացքին։ Շատ յաճախ, Կոմիտէներու այցելութեանց և բանախօսութեանց առիթներով իրենց ընկերակցած եմ։
Լաւագոյն յիշատակներ կը պահեմ անխտիր, հետևեալ բոլոր անձերէն՝ Ռուբէն Տէր Մինասեան, Դրօ, Վահան Նաւասարդեան, Սիմոն Վրացեան, Համօ Օհանջանեան, Արշակ Ջամալեան, Շաւարշ Միսաքեան, Արշաւիր Շիրակեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Ճագ Մուրատեան, Կ. Դանտրճեան, Հրաչ Փափազեան, Խմբ. Մուշեղ, Լևոն Գալանդար, Վահան Փափազեան, Լազեան, Բժ. Ե. Խաթանասեան, Լևոն Փաշա և շատ մը ուրիշներ։
Չեմ յիշեր թէ որ տարին էր, Ռուբէն Փաշան և տիկինը, ամբողջ ձմեռը, բնակեցան մեր Ալէյի գիւղի տունը։ Ամէն կիրակի, Ռուբէն Փաշային պատմել կու տայի իր յուշերը, թուրք և քիւրտ գիւղերու մաքրագործումներուն և Հայաստանի հայացումի մասին։ Շատ հաճելի կը պատմէր և իր շրթներէն կախուած, մեծ հաճոյքով, մտիկ կ՛ընէի։ Կիրակի օր մը, երբ շատ կը պնդէի որ պատմէ, Ռուբէն Փաշան, պատուհանէն տեսաւ Խմբ. Մուշեղին գալը և ըսաւ՝ «Հրա՛չ, ի սէր Աստուծոյ, այսօր օձիքս ձգէ, ահա Մուշեղը, իրեն պատմել տուր»։ Այդպէս ալ եղաւ։
Չեմ կրնար մոռնալ Լևոն Գալանդարը, որ բժշկուելու համար, Պէյրութ եկած էր և հօրս պանդոկը մնաց, աւելի քան վեց ամիս։ Հետաքրքրական պատմութիւններ ունէր, ազատագրական շարժումի շրջանին, զէնքի և փամփուշտի փոխադրութեան ընթացքին, պատահած դէպքերուն և յատկապէս վրացի յեղափոխականներուն հետ, իրենց գործակցութեան մասին։ Օր մը, վրացիները, Լևոն Գալանդարէն կու գան խնդրելու, որ Դաշնակցութիւնը գործադրէ մահավճիռի իրենց որոշումը։
Գալանդար կ՛ընդունի վրացիներուն առաջարկը և իրենց կու տայ ընկեր մը, որուն ցոյց պիտի տային մահուան դատապարտուած Զօրավարը։ Երկու վրացիները ճամբայ կ՛ելլեն, ընկերոջ ընկերակցութեամբ, երբ կամուրջին վրայ, կը տեսնեն զօրավարին իրենց կողմ գալը, ընկերոջ ցոյց կու տան, և երբ, ան կը մօտենայ իրենց, ընկերը կը կրակէ ու կը սպանէ զայն և կը փախչի։
Երկու վրացիները կը մարին և գետին կ՛իյնան։ Վրացիները, յաջորդ օրը, կ՛երթան Դաշնակցութեան ակումբը և կ՛ուզեն ճակատէն համբուրել այդ հերոս ընկերը։
Գալանդար կը պատասխանէ՝ «Սպանեցինք այդ ընկերը»։
Վրացիները, զարմացած իրարու երես կը նային և Գալանդարին կ՛ըսեն՝ «Դուք, ինչպէ՞ս կը սպանէք այդպիսի հերոս մը»։
Գալանդար կը բացատրէ թէ, ընկերը, այդ օրը, զօրավարը սպաննելու հրահանգ չունէր և կը ճամբէ վրացիները։
Ըստ Գալանդարին, եթէ այդպէս չվարուէր, ընկերը կրնար վտանգուիլ, վրացիներու անգաղտնապահութեան պատճառով։
Նոյնքան հաճելի և հետաքրքրական էր, լսել Արշաւիր Շիրակեանին ահաբեկչական արարքներուն մասին։
Իսկ, Դրօ-ի և Վահան Նաւասարդեանի, հօրս հետ, «թավլիի» մրցումները, աւելի կռիւի բնոյթ ունէին և հեռուէն կը լսուէր իրենց աղմուկը։
Դրօ, պարտուիլ չէր սիրեր և պարտուելու պարագային «թավլին» կոտրելու կ՛ելլէր և ամուր կը գոցէր։
Նաւասարդեան, ամէն անգամ որ պարտուէր, երդում կ՛ընէր ալ չխաղալ հօրս հետ, բայց, յաջորդ օրը, կը կրկնուէր նոյն պատմութիւնը։
Այս «թավլիի» մրցումներուն, հետաքրքրութեամբ կը հետևէին խումբ մը ընկերներ, և կը քաջալերէին մէկը կամ միւսը։
Չեմ կրնար մոռնալ Արշակ Ջամալեանին արտասանութիւնները։
Զարմանքով կը յիշեմ մինչև այսօր, թէ ինչպէ՞ս ժամերով կ՛արտասանէր, ամէն երեկոյ, երբ քալելու կ՛ելլէինք, հօրս պանդոկէն մինչև Օթէլ Սէն Ճորճ։
և այսպէս, բոլորին մասին, կրնամ երկար գրել։
Այս մթնոլորտին մէջ հասակ նետած եմ, անմոռանալի, այդ ղեկավարներուն ազդեցութիւնը մեծ եղած է իմ վրաս։
Անդամակցած եմ զանազան կազմակերպութիւններու՝
1953-1985 Լիբանանի Դեղագործներու Միութեան անդամ
1964-1984 Վարչութեան անդամ
1979-1982 Վարչութեան քարտուղար
Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարութեան
1964-1982 Դեղերու արձանագրութեան յանձնախումբին անդամ
1964-1982 Դեղերու գործարաններու յանձնախումբին անդամ
1965-1981 Ազգային Բուժարանի Խնամակալութեան անդամ
1968-1981 Խնամակալութեան Ատենապետ
1973-1975 Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ
1975 Լիբանանի Social Security-ի դեղերու բաժնի կազմակերպիչ
1977 Լիբանանի Միջ-Համայնքային Միութեան հիմնադիր անդամ
1977 USA Friends of Lebanon կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ
1994 ՀՅԴ Վերականգնումի Շարժումին հիմնադիր անդամ
1997 Հայ Համաշխարհային Ընկերակցութեան հիմնադիր անդամ
1991-էն ի վեր The Sovereign Order of the Oak-ի միակ հայ անդամ (Knight Companion of the Sovereign Order of the Oak»»
Այսպէս վէրջ գտաւ Լիբանահայ քաղաքացիական պատերազմին եւ անկէ առաջ գործունեայ սփիւռքահայ սերունդին վերջին Մոհիկաններէն՝ Հրաչ Թուրիկեանին կեանքը, Գանատայի Թորոնդո քաղաքին մէջ։
No comments:
Post a Comment