Վահէ Յ. Աբէլեան
Վերնագիրը ընդօրինակած եմ Հրաչ Քալսահակեանին թեւ 179 վիտիոյէն։
Հրաչը գնահատելի սովորութիւնը մը ըրած է։ Մեր կեանքին հետ աղէրս ունեցող հարցերու մասին իր կարծիքը կը ձայնագրէ եւ կը զետեղէ Եութիւպի վրայ։
Վերնագիրը ընդօրինակեցի քանի որ 1976-ին Ամերիկայ հաստատուելէս ետք անոր իրողութիւնը ապրած եմ եւ
տակաւին կ՚ապրիմ։ Իսկ «գործող կենդրոն» իր ակնարկը ոչ թէ միայն Շարժայի մէջ հայ կեդրոնին նման կեդրոնի մը կը վերագրեմ, ալ նաեւ եկեղեցիին եւ ինչպէս նաեւ այլ հայկական հաստատութիւններուն։
Աւելի քան տասնամեակ մը մաս կազմեզի Նիւ ճըրզի Հայկական ծերանոցին
հաստատութեան հոգաբարձութեանը (Board of Trustees). Հոն ապրող տարեցներուն ծախսերը կը հոգայ
կառաւարութիւնը։ Հետեւաբար կառաւարական հսկողութեան տակ գործող հաստատութիւն մըն է
եւ ենթակայ է անոր օրէնքներուն ինչպէս
իրեն նման այլ հաստատութիւնները։ Բայց շէնքը կառուցած է հայ համայնքը եւ կը ղեկաւարուի
համայնքէն ներկայացուցչներով եւ այսպէս պահած է որոշ հայկական դիմագիծ մը։
Նիւ Ճերզի հայկական ձեռանոցը սովորութիւն ունէր Հայրերու Օրուայ
շաբաթավերջը ընկերական դաշտկերոյթ, փիքնիք, ունենալ որուն ներկայ կ՚ըլլային հարիւրաւորներ եւ հարիւրաւորներ։ Յեռնարկը կ՚ապահովէր հասոյթ հաստատութեան զանազան եւ այլազան կարիքներուն
համար։ Այդ հասոյթը կարելի կըլլար ապահովել քանի որ այդ հսկայ ձեռնակը ամբողջութեամբ
կը տարուէր կամաւոր աշխատողներու կողմէ։ Փիքնիքէն նուազագոյն շաբաթ մը առաջ պատրաստութիւնները
կը սկսէին։ Ալ գնում ընողները, անոր նշանաւոր քէպապի միսերը պատրաստողները, ինչպէս նաեւ սարման, անուշեղէնները եւն եւն ամբողջութեամբ կը պատրաստուէին հոյլ մը կամաւորներու
կողմէ եւ այսպէս եղած էր տարուէ տարի,
տասնեակ տարիներէ ի վեր։ Քանի մը սերունդներու համար ծեռանոցին Հայերու Օրուայ փիքնիքը անգիր
բայց հաստատուած տօն մըն էր։ Երբ ես գործի համար նահանգէն հեռացայ 1995-ին արդէն փիքնիքը դադրած էր տեղի ունենալէ։ կամաւորներու այդ սերունդը կամաց կամաց հեռացաւ իսկ անոնց ձգած բացը լեցնողներ չեղան։ Նախքին սերընդակիցներ
կը յիշեն ծեռանոցին հայկական փիքնիքը իր նուագով եւ պարով, անոր նշանաւոր քէպապը եւ
պուլղուրով փիլաւը։ Բայգ նոր սերունդը գաղաբար իսկ չունի։
Անցեալ շաբաթ Մարին եւ ես ներկայ եղանք՝ Ուսթըրի (Worcester,
MA) Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցիին ներքնասրահը ուր այդ Ուրբաթ
օրուան երեկոյեան եկեղեցիին համար հասոյթ ապահովելու համար տեղի ունենալիք հիրասիրութեան պատրաստութիւնը կըլլար։ Հոն ալ խումբ մը,
ընհանրապէս կիներ, ժրաջան կ՚աշխատայիին։ Բայց ամէնուն մտահոգութիւնը նոյն էր, երիտասարդ
կամաւորներու պակասը։ Հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ եւ ըստ ակնկալութեան, շուրջ $20,000 շահ ապահոված պիտի ըլլայ։ Անշուշտ որ այդ կարելի եղաւ շնորհիւ կամաւոր
աշախատողներուն եւ մատակարարողներուն։ Հապա՞ եթէ անոնք չըլլային կամ չըլլան օր մը։
Պարզուած պատկերը ընհանրական է եւ պատասխանատութիւնը մեր ամբողջին
վրայ կ՚իյնայ։ Ոչ մէկ վարչութիւն կամ վարչական, կացութիւնէն շատ բան պիտի կարենայ փոխել
եթէ տիրող մտայնութիւնը այսպէս շարունակուի։ Այնպէս որ անբողջութեամբ չեմ բաժներ Հրաչին
ըրած ախտաճանաչումը։ Հոն հասարակած պատասխանատուութիւն մը կայ որուն մասին պէտք եղած
ախտաճանաճումը չգտայ Հրաչին տեսաերիզին վրայ։
Հակասական վիճակ մը կայ այս կացութեամ մէջ։ Բացատրեմ օրինակով՝
Օհայօ Նահանգին, Քոլոմպոս քաղաքին մէջ հայկական կազմակերպուած համայնք
մը կայ որ կապուած է Էջմիածնական Թեմին։ Հոն է որ անդրադարձայ թեմերուն անյաղորդ վիճակին
պատճառած վնասը։ Պարբերաբար կղեր մը կուգայ եւ կը պատարագէ։ Բայց այդ կղերականը պէտք է ըլլայ
Էջմիածնայ Թեմէն։ Կը պատահի որ շրջան մը, այլ եւ այլ պատճառներով, կղերական մը չըլլայ։
Բայց համայնքը արտօնուած չէ կապ պահել Անթիլեասի Թեմին հետ որպէսզի կղերական մը տրամադրէ Էջմիածնական Թեմին կղերականին բացակայութեանը։
Օտար եկեղեցի մը իր ներքնասրահը եւ պաշտամունքի եկեղեցիին սրահը տրամադրուած է հայ
համայնքին Քրիստոնեայ եղբայրական զգացումներէ տարուած։ Բայց համայնքը ակնկալուած համեմատութեամբ
ներկայ չըլլար։ Բայց երբ հարց կը տրուի շարունակել կամ դադրեցնել այս վիճակը, համայնքը
չուզեր դադրեցնլ, բայց զարմանալիօրէն պէտք եղած տարողութեամբ մասնակցելու տրամդրութիւն
ալ ցոյց չի տար եւ միեւնոյն ժամանակ
չուզեր առանց եկեղեցիի եւ որոշ կազմակերպուած համայնքի մը ներկայութեանը մնալ։ Այսպէս
պատասխանատուութիւնը կը մնայ կամաւորներու շատ սեղմ շրջանակի մը ուսերուն վրայ որոնք արդարաբար կը գանգատին եւ սպառնան դադրիլ
պատասխանատուութիւն ստանցնելէ։
Կար ժամանակ երբ միւթենական աշխատանքի համար ոչ թէ միայն տրամադրութիւն
կար, այլ յաճախ ներքին պայքարներու պատճառ կը դարնար ստանցնելու վարչական պատասխանատուութիւնը։
Յաճախ կը պատահէր որ այդ համայնքը կեդրոն չունենար եւ հետեւաբար կեդրոն ունենալը հիմնական
անհրաժեշտութիւն կը դարնար։ Արեւմտեան Պէյրութի ժողովրդային տունը ուր ես անցուցի պատանեկութիւնըս
եւ երիտասարդութեանս սկզբնական տարիները, կուսացութեան չէր պատկաներ։ Վարձու տեղ մըն
էր։ Յետաքային կուսակցութիւնը ունեցաւ իր կեդրոնը որ դժբախտաբար չի կրցաւ օգտագործել
քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ եւ ըսուեցաւ որ ծախուեցաւ։
Ներկայիս շատ աւելի դիւրին է շէնք մը բարձրացնելը բայց շատ աւելի
դժուարացած է այդ շէնքը գործող կեդրոնի մը վերածելը։ Վարիչներ կամ որոշ մարդիկ կրնան
որոշ օգտակարութիւն ունենալ շէնքը գործոն կեդրոնի մը վերածելու։ Բայց այդ մէկը դատապարտուած է աւելի շատ կանուխ քան ուշ իր վերջալոյսին, եթէ համայնքին անդամներուն մասնակցելու
եւ բաժնեկցելու ընհանրական տրամադրութիւնը օրէ օր պակսի։
No comments:
Post a Comment