V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, December 13, 2023

Արմենակ Եղիայեան՝ Ճանչնանք մեր բառերը (6) - ԲԱԶՈՒՄ

Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 6 «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնը 

       1. Հարցում եւ... բազում

            Պահ մը փորձեցէք ընել պատահական գուշակութիւն մը եւ ըսելթէ բառմը քանի՞ ածանցում ու բարդութիւն կրնայ ունենալ հայերէնի մէջտա՞սըքսա՞ներեսո՞ւն...

            Բազում արմատը հայերէնի մէջ տուած է  572 (սխալ չէք կարդար՝ հինգհարիւր եօթանասուներկու)  ածանցաւոր եւ բարդ բառեր՝ բոլորն ալ իրենց օրին ուժամանակին կիրարկուած եւ բոլորն ալ մէջբերուած են մատենագրական  այլազանօրինակներովԱյլ խօսքով՝ վերացական  ու շինծումտային մարզանքի գոհացումտուող ու մտացածին միաւորներ չեն ասոնքայլ եղած են միսով-ոսկորով կենդանիբառերորոնք ծառայած են Հայ մտքի ու Հայ հանճարի իմացական նուաճումներու  թարգմանութեանԱսոնց գոյութիւնը կրնաք անձամբ հաստատել  հայր Աւգերեանվարդապետի  «Նոր հայկազեան»-ի եւ «Առձեռն»-ի մէջերկուքն ալ տրամադրելի ենՆայիրիի «Հայերէն բառարաններ» կայքէնԿը մնայոր յանձն առնէքհամբերատարօրէն թերթատել  զանոնք՝ անդրադառնալու համարքաղաքակրթական այն վիթխարի բարձունքինոր կը յուշէկը թելադրէ  նմանբառացանկ մը

            Հետաքրքրական էոր ժամանակին հետ այս բառերէն  շատեր դադրածեն կիրարկուելէմիւս կողմէ՝ ստեղծուած են ուրիշներըասոնց բաղդատութիւնը մեզկրնայ շատ հեռուները տանիլ՝ իրենց տաղտուկներով հանդերձորոնք  համատեղելի չեն ընթացիկ յօդուածի մը մէջինչպէս մերինն էըսեմ միայն,  Ակադեմիայի քառահատոր «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատարական բառարան»-ը   իր կողմէ  աշխարհաբարին համար կը ճանչնայ  մօտաւորապէս 481 բառոր իր կարգին գայթակղեցուցիչ ըլլալէ չի դադրիրապա փորձեցէք  այսմոլորակի՝ ձեզի ծանօթ լեզուներէն մէկուն մէջ գտնել նմանօրինակ երեւոյթ մը... ուըստ այնմ դատեցէքթէ ի՛նչ ցեղի յետնորդներն ու ժառանգորդներն էք

            Այլ առիթով ըսած եմվերյիշենք. «Նոր հայկազեանը»-ը քառալեզուբառարան էհայերէն բառերուն կից դրուած են յունարէնլատիներէն եւ թրքերէնբազմաթիւ հոմանիշներանշուշտ դրուած են հոնուր այդպիսիները կան:  Եւ ահամեր բազում-ի ընտանիքէն հարիւրաւոր անդամներ չունին  իրենց համարժէքըյիշեալ լեզուներուն մէջոչ միայն թրքերէնիոր ծանօթ է իր բնիկ բառերուաղքատութեամբայլեւ քաղաքակրթութիւն կերտած լեզուներուինչպէս  յունարէնիեւ լատիներէնի:                                                                                                         

                                                                   

Ակադեմիայի քառահատորը իր կարգին կընդգրկկէ մեր զոյգ աշխարհաբար-ները՝ արեւելեան ու արեւմտեանեւ  այստեղ  բոլոր բառերը ունին իրենց   մատենագրական պատշաճ վկայութիւններըորոնք քաղուած են  Հայաշխարհաբար  գրականութենէն եւ մասամբ բարբառներէԱն ձեւով  մը «Նորհայկազեան»-ի աշխարհաբար տարբերակն է եւ արժանապատիւ յաջորդը՝Մալխասեանի[1] «Հայերէն     բացատրական բառարան»-ինոր իր օրին (1944)  նորէջ մը բացաւ աշխարհաբարի բառարանագրութեան պատմութեան մէջ:

            Առ ի հետաքրքրութիւն կը դնեմ այստեղ գումարը նաեւ ԳնէլՃերեճեան-Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ի (1992), որ սփիւռքահայ ամենածաւալուն բառարանն էուրեմն այստեղ բազում արմատովկազմուած բառերուն թիւը 183 է:

            Առանց մեկնաբանութեան:

                                                                          *   *   *

            Բազում արմատի բառային ընտանիքը կրնայ շատ դիւրաւ նիւթհայթայթել վարդապետական աւարտաճառի մըեթէ թեկնածուն մէկ առ մէկ սերտէ անոր անդամներէն իւրաքանչիւրին ծնդաբանութիւնըբայց նաեւ ոմանց մահն ուուրիշներու յառաջացումը աշխարհաբարի մէջՎասնզի բառերը ունին իրենց  պատմութիւնը:

            Տեսնենք քանի մը դուրս մղուած բառեր.

            --բազմաբաղձիկ − շատ փափաքելի

            --բազմաբանել − երկար խօսիլ, շատախօսել

            --բազմաբերձ − շատ բարձր

            --բազմագերան − փայտաշատօրինակ՝ անտառ

            --բազմադաշն − սաստիկ երդումով դաշինք կապած

            Այսպէս դուրս ձգուած բառերէն ոմանք ընդմիշտ անհետացած են մերազգային յիշողութենէնուրիշներ փոխարինուած են արդի հոմանիշով մը . օրինակ՝բազմաբերձ-ին փոխարէն արդի հայերէնը կը նախընտրէ բարձրաբերձթէկուզերկնաբերձ  ըսել:

            Բազմ-ով կազմուած են՝

            --բազմոցոր բարձի տեսակ մըն էրորուն  նմանները կը գտնուէինպարսից արքայից արքայի գահին կից եւ որոնց վրայ կը բազմէին անորդաշնակիցները՝ ըստ իրենց ունեցած կարեւորութեան կարգին.  Հայոց բազմոցը  կըգտնուէրօրինակ,  գահին անմիջապէս կիցըայսինքն՝ երկրորդն էր

            --բազմական,   որ նման բազմոցը գրաւողն էր. բազմական կը կոչուինաեւ որեւէ խրախճանքի հրաւիրեալըհիւրըսեղանակիցըհանդիսականը.  այսվերջին նշանակութեամբ՝ բազմականը ունի նոյնանիշ մըոր է կոչնական:

            armenag@gmail.com                              Արմենակ Եղիայեան

             

 



[1]  Նկարները. աջին՝ հայր Մկրտիչ Աւգերեան, ձախին՝ Ստեփանոս Մալխասեան: