![]() |
| Ազդակ օրաթերթէն |
«Ոտքերս հաստատ դպած էին գետնին։ Գնդաձիրը ամուր բըռնած էի ձեռիս մէջ։ Քիչ մը կորով ու քիչ մը վճռակամութիւն ունէի դեռ։ Նոյնիսկ լաւատէս կրնայի ըլլալ՝ խաբուսիկ յոյսով մը։ Բայց մարդիկ, բարեկամնրե կը մեռնէին, կամ ՝ կը մեկնէին։ Եւ բոլոր մեռնողներուն եւ հեռացողներուն համար կռունկ մըպ կ՚աւելնար կուրծքիս տակ։
Տարագիր կռունկ մը։»
Արա Աբէլեան՝ «Զինադուլ 27», Համազգային Վահէ Սեթեան տպարան, Պէյրութ, 1979.
***
![]() |
| Րաֆֆի Արտալճեան՝ «Ապրուած օրեր. Քլաշինն ու Թմբուկի Փայտիկներ», Հոկտեմբեր, 23, 2026. |
«Պատերազմը մեր շուրջն էր, բայց մենք տակաւին երիտասարդ էինք: Եւ երիտասարդութիւնը, նոյնիսկ պատերազմի մէջ իր ճամբան կը գտնէր: Մէկ գիշեր ձեռքիս քլաշինն էր, յաջորդ օրը` թմբուկի փայտիկները: Այն ատեն այս հակասութեան մասին չէինք մտածեր: Կ՛ապրէինք միայն: Քառասունհինգ տարի ետք, երբ այդ օրերուն կը վերադառնամ, ամէնէն զարմանալին այն է, թէ որքա՛ն սովորական դարձած էր մեզի անսովորը: Եւ որքան այսօր կը զգամ պակասը այդ օրերու մեր ղեկավարներու իմաստութեան ու հեռատեսութեան, տոքթոր Մելքոնի նման մարդոց:
Էհ, վալլահ:»
Րաֆֆի Արտալճեան՝ «Ապրուած օրեր. Քլաշինն ու Թմբուկի Փայտիկներ», Հոկտեմբեր, 23, 2026.


No comments:
Post a Comment