Վահէ Յ Աբէլեան
Թէնի Արլէն (1991 - 2015) Ամերիկահայ բանասատեղծուհի մըն էր եւ հեղինակը «Կիրգով ըսելու՝ ինչո՞ւ հոս եմ» գիրքին որ հրատարակուեցաւ Երեւանի մէջ՝ 2021-ին, Դոկտ. Կիւլիւճեանին խմբագրութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբը։ Նախ քան որ անդրադառնամ Թէնի Արլէնի երեւոյթին, հարց տամ՝ ի՞նչ է սփիւռքահայ գրականութիւնը։
Ուիլիըմ Սարոյեան-ը կարելի է համարել Ամերիկահայ գրականութեան հայրապետը։ Ոեւէ այլ Ամերիկահայ գրողներէն աւելի, զինք է որ կը յիշենք եւ իր՝ երկու հայ քով քովի գալով Հայաստան մը հիմնած ըլլալու խօսքն ալ յաճախ կը մէջբերենք։ Ուիլիըմ Սարոյեան ըսած է որ թէեւ ինքը հայատառ չի գրեր, բայց հայ աշխարհայեացք ունի եւ իր շրջապատը այդպէս կ՚ընկալէ։ Կրնանք մեկնաբանել որ ուզած է ճշդել որ սփիւռքահայ գրականութիւնը անպայմանօրէն հայատառ չէ եւ ոչ ալ անպայմանօրէն հայատառ ըլլալու սահմանուած է։
Շուրջ քառասուն եւ հինգ տարիներ անցած են Ուիլիըմ Սարոյեան-ին մահուընէն (18.5.1981)։ Բնականաբար հայ աշխարհայեացքը եւ մտածելակերպը փոխուած ըլլալու են այդ անցնող քանի մը տասնամակներուն ընթացքին։ Հաւանաբար երկտուութիւն չէ մնացած Ուիլիըմ Սարոյեան-ին յաջորդող Ամերիկահայ գրողներուն մէջ։ Իսկ այդ տասնամեակներուն ընթացքին ալ, լատինատառ սփիւռքահայ գրականութեան հրատարակութիւններուն թիւը գերադասեց հայատառ գրական գործերու թիւին։ Թերեւս ալ՝ լատինատառ գրականութիւնը մշակող սփիւռքահայերը աւելի համախմբուած եւ կազմակերպուած են, քան հայատառ սփիւռքահայ գրականութիւն մշակողները։ Ակնարկս International Armenian Literary Association (IALA)-ին է։ Կրնաք կարդալ այդ միւթեան մասին համացանցին մէջ։
Քանի մը տարիներ առաջ Արամ Մրջոյեան անունով Ամերիկահայ մը խմբագրեց, We Are All Armenian – Ամէքնս ալ Հայ Ենք, վերանագիրով գիրք մը, որ տասն եւ ութը Ամերիկահայ գրողներու գործերէն փունջ մըն է։ Գիրքին ներածականին մէջ Արամը գրած է՝ «Անունս՝ այո հայկական է։ Իմ ժառանգութիւնս ալ, այո, հայկական է։ Բայց ես հայերէն չեմ խօսիր։ Ես հայկական եկեղեցի չեմ յաճախեր։ Ես երբէք շատ ժամանակ չեմ անցներ հայ շրջանակներու մէջ։ Ես երբէք չեմ ճամբորդած իմ նախնիկներուս հողը։ ես տեւաբար կը սորվիմ սփիւռքի մշակոյթը, զգալով որ էութիւնս միեւնոյն ատեն անոր մօտ եւ անկէ հեռու է։» (տես ներքեւը կցուած ագոյցը)։
Մեր դաւաւոր փոթորկալից պատմութիւնը հարուստ է գոյատեւելու եւ ապրելու պատահարներով եւ մագառումներով որոնք ատաղձ են տածելու, խնամելու եւ սնուցանելու լատինատառ սփիւռքահայ գրականութիւնը։ Բայց բնականաբար հարց կը ծագի՝ կարելի է՞ լատինատառ հայ գրականութիւնը, սփիւռքահայ գրականութիւն անուանել եթէ ան իր կողքին չունենայ հայ գրականութեան բնական զարգացումը, հոլովոյթը եւ ընթացքը՝ հայատառ սփիւռքահայ գրականութեանը։ Խորհելիք բան է։
Հալէպաբնակ Լեւոն Շառոյեանը կը նկատեմ սփիւռքահայ (արեւմտահայ անշուշտ) ամենէն փեղուն գրողը եւ լեզուագէտը։ Թէեւ ըսեմ որ ես իր ամբողջ գործերը չեմ կարդացած եւ ոչ ալ կարդալու հնարաւորութիւն ունեցած եմ, քանի որ ամէնքը հոս՝ Միացեալ Նահանգներ, չեն հասած։ Կը հետեւիմ հայատառ մամուլի մէջ իր յօդուածներուն։ Լեւոնը շատ աւելի խիստ սահմանում ունի սփիւռքահայ գրականութեան։ Իրեն հետ վերջին տեսակցութեան, հետեւեալը ըսած է՝
«Տեսէ՛ք։ Արեւմտահայերէնը, որ կորսուած Արեւմտահայաստանէն մեզի հասած ՄԻԱ՛Կ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՒԱՆԴՆ Է։»,
Հետեւաբար՝
«Նայեցէ՛ք։ Գրականութիւն մշակելու, գիր-գրականութիւն արտադրելու համար մարդ պէտք ունի երկու լծակի. տաղանդ (որ յաճախ բնատուր շնորհք մըն է, բայց կրնայ ձեռք բերուիլ նա՛եւ յամար աշխատանքով) եւ Լեզու (որով թուղթին պիտի յանձնուին մտածումներդ)։ Առաջին լծակը թերեւս կայ, բայց երկրորդ լծակը խախուտ է, երբեմն բնա՜ւ գոյութիւն չունի։ Այս պատճառով ալ, Ամերիկայի, Արժանթինի, Պոլսոյ մէջ կը հանդիպինք հայանուն գրողներու, որոնք գիրքեր հրատարակած են անգլերէնով, սպաներէնով կամ թրքերէնով (վէպ, պատմուածք, բանաստեղծութիւն)։ Ուրեմն, տաղանդը կայ, սակայն չկայ հայերէն լեզուն…։ Իսկ «հայ գրականութիւն» եզրը միայն ու միայն կրնանք գործածել հայագիր գրականութեան համար։ Սարոյեան մը կամ Փիթըր Պալաքեան մը մաս չեն կազմեր հայ գրականութեան, նոյնիսկ եթէ իրենց նիւթը կ’առնչուի հայութեան, կամ հայ հերոսներ կ’երեւին իրենց էջերուն երկայնքին…։»
Լեւոն Շառոյեանին հաստատութիւնն ալ խոկալու ատաղց մըն է՝ ի՞նչն է որ լատինատառ հայ գրականութիւնը, ինքնատիպ սփիւռքահայ գրականութեան կը վերածէ։
Այս ներածականը ըրի Թէնի Արլէնի եզակի երեւոթին։ անդրադառնալու համար։ Այդ ալ յաջորդին։
Link: Voices from the Diaspora: We Are All Armenians - 1:

No comments:
Post a Comment