V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, May 18, 2021

Եօթանասուն եւ երեք Տարիներ Առաջ Այսօր՝ 19 Մայիս 1948

 

Ընդօրինակած մէջբերումը Թուրիկի՝ - (Միհրան Թուրիկեան) - «Ծիծաղ Ազգային Միջազգային» գիրքէն՝ «Աւելորդ Գլխաձավանքներէ Փրկուելու Միջոցը» զուարթամիտ բայց դիպուկ յօդուածէն է։ Կը ձգեմ ընթերողներուն հայեցողութեան եթէ հոն աղերս կը գտնեն Հայաստանի եւ Սթալինեան Ռուսաստանի ներկայ Բուդինի Ռուսաստնաի յարաբերութեան դառն իրողութեանը հետ։


Առաւօտ» թերթի Ապրիլ 29 թիւին մէջ կարդացի (Արսէն) Կիտուրին «Դիմումներ ու Դատումներ»ը։

Իր յօդուածին մէջ թելադրած է որ ուշի ուշով կարդանք Ազըրպէյճանի փոխ-նախարար Համօ Ամիրխանեանի լուսաբանիչ մէկ յօդուածը, որ անշուշտ, իր գրած յօդուածին մտքերը ունի։ Հետեւեցայ իր խորհուրդին եւ երկու անգամ կարդացի իր յօդուածը։ Հիմա ես ալ իմ կողմէ ո՛չ թէ կը թելադրեմ, այլ շատ կը խընդրեմ բոլոր հայերը, որ իրենք ալ կարդան Կիտուրին յօդուածը եւ ...լուսաբանուին ինծի պէս։

Ես լուսաբանեալս, ամէն կերպով համաձայն եմ Կիտուրին։ Մարդիկ միշտ ալ կ՚աշխատին՝ որ իրենց վրայ եղած ծանրութիւնէն ազատին։ Օրինակ, ես վերարկուս ծանր ըլլալուն՝ վրայէս նետած եմ. Վաղն ելէկը որ փուլովըս պիտի նետեմ։ Ինքն ալ արդէն՝ գլխարկին տակինը – խնդրեմ, գլուխը չկարծէք – շատոնց նետած է։ Վաղը կրնայ ժագէթն ալ նետել  եւ թեթեւնալ։

Մարդ որքան բեռ ու հոգ չունենայ վրան, այնքան անհոգ կ՚ըլլայ։ Իշտէ ըստ Կիտուրին՝ Մոսկուան ու Երեւանը այդ սկզբունքին կը հետեւին։ Հայաստանը աւելորդ հոգերէ ազատելու եւ բեռը թեթեւցնելու համար։ Մոսկուան՝ Ղարաբաղը, Ախալքալաքը եւ Նախիջեւանը առած եւ ուրիշին տուած է։ Ատոր մէջ ի՞նչ վնաս կայ, որ այսքան աղմուկ կը հանեն Հայաստանի թշնամիները,  մանաւանդ որ այդ տեղերը շատ քիչ հայ կայ, ու եղածներն ալ շա՜տ հանգիստ են եւ օրը օրին յառաջադիմելու վրայ են։ Եթէ «ազգային շիլ հաշիւններով» սնած ըլլային այն տեղերը՛ մասամբ իրաւունք կ՚ունենային խօսելու անգէտները։ Բայց այդ տեսակ բան չկայ։ «Սթալինեան արդա՜ր լուծումներով, բոլոր ազգային հարցերը լուծուա՛ծ են» հոն....ազգերով միասին։

Ես վստահ եմ որ Կարսի հարցն ալ եթէ Մոսկուան ձեռք չառաւ, Հայաստանի խաթեր համար էր։ Ի՞նչ պէտք է աւելորդ հոգերու։ Հայաստնը խեղճ երկիր է, պիւտճէ չունի, ի վիճակի չէ լեցընելու այն բացերը որ կ՚ունենան ինքնավար այդ շրջանները։ Անշուշտ Մոսկուան բան մը գիտէ որ այդպէս ըրած է։ Այդ տեղերը, աւելորդ հող ու բեռ պիտի ըլլային Հայաստանի, եւ Հայաստանն ալ բացը գոցող չէ Էֆէնտի՛մ։

Ղարաբաղ – Հեչ ալ պէտք չէ, կոշտ ու կոպիտ անուն մը, որ չի ալ յարմարիր Հայաստանի աղուորիկ, Վաղարշապատ, Էջմիածին, Ծաղկեձոր եւ Երեւանի նման անուններուն հետ։ Ալ ձտէ՛ք իր անմիպան լեռներն ու ձորերը, ուր միայն քար կը բուսնի։ Չէ՛, չեն ուզեր. Իրե՛նց թող ըլլայ։

Ախալքալաք – Պիչիմսիզ բան մըն ալ այս։ Ուզելը չարժեր։ Հոգ մը պակաս թող ըլլայ։ Իսկ Նախիջեւանի մէջ հայ չկայ։ «Տըհասւ եւ անմիտ» հարց է այդ։ Տեղ մը, ուր հայ չկայ, ելլել եւ ուզելը....ծակաչքութիւն է պարզապէս, եւ կատարեալ......տգիտութիւն։

Ինծի մնայ նէ եւ եթէ ընկ. Կիտուրին ալ համաձայն գտնուի, ես Հայաստանի բեռը քիչ մը աւելի թեթեւցնելու համար՝ Լենինականն ալ վրացիներուպ կը ձգեմ որովհետեւ ա՛ն ալ, աշխարհագրականօրէն քիչ մը դէպի Կարս կը հակի, որ արդէն Վրացիները կ՚ուզեն։ Յետոյ Հայաստանը իր դրացի Պարսկաստանին ալ բաժին մը հանելու է։ Ա՛ն ալ Ռուսերուն չափ Հայերուն լաւ կը նայի, եւ վստահ եմ որ սիրով պիտի ուզէ Հայասանի հոգերը թեթեւցնել։ Արաքսի եզերքը, Մեղրի եւ Ագուլիս շրջանը կայ որ պոչի պէս երկարած է, անպէտք տեղ մըն է, ձգելու է անոնց։

Նասրէտտին Հօճան օր մը արագիլ մը կը բռնէ։ Զարմանքով կը նայի որ ոչ ոտքերը թռչունի ոտքերուն նման են, ո՛չ ալ կտուցը կտուցը։ Շար երկար են եւ այլանդակ։ Կը բռնէ, թէ՛  ոտքերը կը կտրէ, թէ՛ կտուցը։ Գետին կը դնէ, վրան քիչ մը նայելէ ետք յետոյ կ՚ըսէ, «Տեսա՞ր մի, իշտէ հիմա թռչունի նմանեցար։»

Հայաստանն ա Հայաստանի նմանեցաւ այն ատեն միայն երբ Մոսկուան անոր ոտքերը ու թեւերը կտրեց........

Միհրան Թուրիկեան՝

«Արեւելք Օրաթերթ»

19 Մայինս 1948

No comments:

Post a Comment