V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, June 30, 2025

At the end of the Armenian tunnel there may be another until light .

 Vaհe H Apelian


The Armenian church is not under attack. The Armenian State has not attacked the Church of Armenia. But the Catholicos of All Armenians is under attack and two of his Archbishops are detained because they have conspired with secular forces to oust the government of Armenia and allegedly broken their vows as celibate priests shepherding their flock, that is to say the faithful adherents of the Armenian Apostolic Church, they have vowed to adopt as their own family. 

Obviously, the situation presents a fertile ground for interference. Therefore, it is no wonder that the Russian Foreign Minister Lavov has expressed Russian Federation's  "concern" for the welfare of the Armenia's church.

But

At the end of this crisis, liken to  an Armenian tunnel, there may not be light but there may be another tunnel.

Armenia either exits these crisis as a constitutionally driven sovereign state, in peace with its neighbors and with the superpowers of the region and of the world. 

Or,

 Armenia is in Russian Federation camp, much like Belarus is and per recommendation of Belarus' strong man, himself an oligarch, to the delight of the  oligarchs in Armenia who are mostly from Karabakh, and have turned into opposition leaders and to high ranking bishops of Etchmiadzin who live beyond reproach and in cahoots with Russian Orthodox Church .

 These crisis are a matter of livelihood for the citizens of Armenia but not to hyphenated Diaspora Armenians. 

The citizens of the Soviet Socialist Republic of Armeni declared, on August 23, 1990 in their Declaration of Independence aspiring in «Developing the democratic traditions of the independent Republic of Armenia established on May 28, 1918»; and on September 21, 1991 voted for a free, independent, democratic Republic. They have ways to go for a full fledge, sovereign Republic of Armenia in peace with its neighbors and with the regional and global world powers.

The citizens of Armenia either make their choice at the ballot box or by civil unrest or civil war and live the consequences of the choice they make.

I wish them perseverance a constitutionally driven struggle  to attain our age old aspiration to live free and independent  in our own sovereign, democratic  republic.

 

Russia is concerned about the welfare of the Armenia's Church !

Vaհe H Apelian

At the end of the Armenian tunnel maybe light or another tunnel

The Russian Foreign Minister Sergey Lavrov has expressed Russian Federation's concenred about the welfare of the Armenia's church. (վայ, վայ, վախ, վախ)

But,

AT THE END OF THE TUNNEL OF THE SO-CALLED ARMENIAN CHURCH UNDER ATTACK IS ARMENIA and NOT RUSSIA

Armenia either exits this crisis as a constitutionally driven sovereign state, in peace with its neighbors and with the superpowers of the region and of the world. Or Armenia is in Russian Federation camp, much like Belarus and per recommendation of Belarus' strong man and perpetual president Aleksandr Lukashenko,  himself an oligarch, and to the delight of the  oligarchs in Armenia who are mostly from Karabakh, and have turned into opposition leaders. And also, to the delight of the high ranking bishops of Etchmiadzin who live beyond reproach and want to continue living without reproach and in cahoots with Russian Orthodox Church and the state of Russia instead of the Armenian state.

 This crisis is a matter of livelihood for the citizens of Armenia but not to hyphenated Diaspora Armenians. 

The citizens of Armenia either make that choice at the ballot box  or by civil war and  live the consequences of the choice they make.

Sunday, June 29, 2025

Էջմիածին - Գարեգին վեհափառին վերջին օրերը եւ վերջին օրը - 2/2

 Ընդօրինակած եմ Karekin I, "The Gift of Faith" գիրքէն։ Մեսրոպ Արք. Աշճեանին այս գրութիւնը պատմութեան սերտողութեան համար է։ Վրիպակները վերագրելի են իմ ընրօրինակութեանս, Վահէ Յ Աբէլեան։

Յունիս մէկն է։ Երկու շաբաթով Ամերկա պիտի մեկնիմ եւ վեհափառին կը ներկայանամ իր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Անհետաձգելի գործեր կան, 1700-ամեակի հետ կապուած հարցեր, «Աստուածաշնչական Հայաստան» գիտաժողովի հետ կապուած խնդիրներ։ Գիտեմ թէ որեւէ մէկ օր բան մը կրնայ պատահիլ։ Ինք ալ գիտէ։ Դաժան զրոյց մը կը հետեւի։ «Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ պիտի պատահի ինծի», կը գրէ տախտակի վրայ։ Կարծես չի համարձակիր մահ բառը գործածել։ Խնդրանք մը ունիմ իրմէ՝ զերծ կացուցանել զիս կարգ մը պատասխանատուութիւներէ որոնք ինք իսկ դրած է իմ իմ ուսերուս։ Պատասխանը՝ «ոչ այնքան ատեն որ ողջ եմ»։ Ուրիշ ձեւով կը փորձեմ կամքս յառաջ տանիլ, «Վեհափառ, կ՚ուզեմ Մուղնու Սուրբ Գէորգ վանքը քաշուիլ»։ Իր պատասխանը խռովիչ է, «Ես ալ կ՚ուզեմ Օշական քաշուիլ»։ Զինաթափ եմ, իր Աջը կ՚առնեմ ու կը հեռանամ։ Կը մաղթեմ միայն որ ինք շարունակէ գրել եւ աղօթել։ Կ՚ուզեմ որ կարդայ Շիքակոյի Կարտինալ Պերնարտինի մէկ գիրքը զոր այդ սրբանուն կարտինալը գրած էր իր կեանքի վերջին օրերուն երբ քաղցկեղ մը զինք եւս խոզեր էր։ Երբ տուէր էի Վեհափառին՛ ըսեր էի, «Վեհափառ չեմ գիտեր ուրիշ որեւէ մարդ նման գիրգ կուտա՞յ Ձեզի։ Ես կուտամ որպէսզի գիտնաք թէ առանձին չէք»։ Չըսի իրեն, բայց իմ թագուն բաղձանքս  էր որ Վեհափառը իր իր կեանքի վերջալոյսին աղօթքի,հրաժեշտի եւ սիրոյ գիրք մը գրէր։ Գրե՞ց արեօք։

18 Յունիսին վերադարձայ Մայր Աթոռ։ Վանքին մէջ շփոթ մը կար։ Վեհափառի վիճակը ամսոյն 17-ին վատացեր էր, բժիշկները արթուն հսկեր էին ողջ գիշերը, եւ հիմայ, Ուրբաթ առաւօտուն, Սուրբ Հաղորդութիւն մատակարեր էին իրեն, եւ ինք փափքած էր տեսնել բոլոր միաբանները եւ վերջին հրաժեշտ տալ անոնց։

Հաւաքուեցանք իր շուրջը։ Քանի մը խօսք։ Գարեգին Սրբազան կարդաց Վեհափառի վերջին խօսքը ուր Վեհը կ՚օրհնէր Սուրբ Աթոռին միաբանները, կը յայտնէր թէ կը մեկնի իր յարուցեալ Փրկչին մօտ, կը թելադրէր որ միաբանները, իրենք Աստուծոյ հետ մնան, սիրեն եկեղեցին, սիրեն էջմիածինը։ Ներկանները երգեցին «Տէր Կեցո»-ն։ Վեհափառը թերեւս սիրեց այդ երգը բայց գրիչ առաւ եւ գրեց, «Էջմիածին ի Հօրէ»։ Երգեցինք այդ շարականը որ Վեհափառի համար միայն շարական չէր, աղօթք չէր, ծրագիր էր, տեսիլք էր, Հայ եկեղեցւոյ միւթեան խորհրդանիշ քայլերգ։

Յետոյ մէկ-մէկ մօտեցանք ստացանք իր օրհնութիւնը, համբուրեցինք զինք ու անցանք կարգով։

Անիրական բան մը կար օդին մէջ։ Անհաւատալի էր ինչո՞ւ եկաւ այդ ծանր հիւանդութիւնը, ինչո՞ւ այնքան շուտ, եւ արդէն մնաք բարովի օ՞րն էր։

Ահազանգը սխալ էր։ Վեհափառը տակաւին աշխոյժ էր։ Մտայ մօտը, պահ մը Հայ Արտակը միասին էր, քանի մը նամակներ կային կարդացինք։ Կարգադրութիւններ ըրաւ։ Աչք մը ըրի, Հայր Արտակը առանձին թողուց մեզ։ Կարծես բան չէր պատահած, հոգեվարքի մէջ չէր։ Սկսայ խօսիլ, ծրագիրներու մասին կարծիքը իմանալ, յառաջիկայի գործերու մասին «խօսեցանք»։ Սովորականին հակառակ իր գրածը անմիջապէս չէր սրբեր։ Հաւանաբար մտածումները կ՚ուզէր շարունակել, անգամ մը նոյնիսկ ջղայնացաւ երբ քիչ մը արագ կերպով իր գրածը ջնջեցի, բայց զգացի որ աչքերը տակաւ կը փակուին, գրելը կը դանդաղի։ Վերջին անգամ գրեց «սքանչելի գործակցութիւն կունենաք»։ Ալ կեցաւ, չկրցաւ շարունակել։ Հանդարտօրէն թողուցի սենեակը։ Մեր վերջին անձնական հանդիպումն էր։

Յաջորդ օրերուն տարօրինակ սպասումի մտնոլորտ մը կը տիրէր Վեհարանէն ներս։ Մահուան շունչը կար, բայց Վեհափառը կ՚ապրէր, կը պայքարէր։ Իր դրան սեմին կարգադրութիւն եղած էր, Վարդապետներ եւ սարկաւագնրե շուրջօրեյայ Աւետարան եւ Սաղմոս կը կարդային։ Յետոյ երբ տեսանք օր ալ չի նշմարեր մեզ, իր սենեակին մէջ ալ սկսանք կարդալ Աստուածաշունչ եւ Նարեկ։ Ինչպէս միշտ, ահաւոր այժմէականութիւն ունի Նարեկը։ 

Իր հարազատները կային, վանականներ կային, վերջին հաւատարիմները պիտի ըսէի։  ես Յոբ կը կարդայի, Յովհաննու Աւետարանի 14-17 գլուխները։ Առիթով մը Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի «Մեծ Հոգը» խմբագրականը վերցուցի («Սիոն» ամսագիր 1937) զոր ինքն իսկ տուեր էր ինծի եւ գացի ու եկեղեցւոյ մէջ կարդացի։ Վեհափառը մեծ հիացում ունէր Գուշակեան Պատրիարքին հանդէպ, եւ վերոյիշեալ յօդուածը ճշդիւ կը բարացուցէր Գուշակեանի ոգին եւ տեսիլքը զոր ունէր Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ։

Վեհարանի մէջ կարծես ամէն մարդ կը սպասէր մահուան ժամանման։ 21 Յունիս էր, Գարեգին Ա. Յովսէբեան կաթողիկոսի վախճանման տարելիցը (1952), Անթիլիասի մէջ։ Արդեօք Վեհափառը այս օրը պիտի ընտրէ՞ եւ մեծանուն անուանակիցին հետ նոյն օ՞րը պիտի միանայ Աստուծոյ։ 21-ը անցաւ։ 22-ի առաւաօտեան, «Աստուածաշնչական Հայաստան» գիտաժողովը բացուած էր Օշականի մէջ իր նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ, բայց իր բացակայութեան։ Շուրջինները կ՚ըսէին որ կը լսէ, կը զգայ։ 

23-ի առաւօտեան մօտեցայ իրեն, Աջը առի, եւ ըսի, «Վեհափառ երէկ ժողովը սկսաւ, 90 դասախօս կայ, 150 մասնակից, Ձեր ողջոյները եւ սէրը փոխանցեցինք բոլոր մասնակցողներուն։ Յետոյ գացինք Սուրբ Մաշտոցի գերեզմանը, ծաղիկներ դրինք, աղօթեցինք։ Ու խոնարհեցայ Սուրբ շիրիմին եւ երկար համբուրեցի պաղ մարմարը։ Ձեր կողմէ։ Աստուած օգնական։»։

Յաջորդ օրը, 24 Յունիսին, Սրբոց Թագմանչաց տօնն էր, Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպի տօնը։ Վախ ունէինք որ Վեհափառը ահա յանկարծ կը վախճանի։ Նախատեսեր էինք ջնջել գիտժողովը։ Բայց եթէ այդ օր վախճանէր խորհդանշական պիտի չըլլա՞ր այն, որ Գարեցին Վեհափառը, որ շուրջ 50 տարի Թարգմանչաց ոգիով ապրեր էր եւ ապրեցուցեր էր իր շրջապատը Աստծոյ պիտի միանաար, անոնց յիշատակին հետ։ Վեհափառը չթողուց որ ժողովը ընդհատենք, մի քանի օր ալ ապրեցաւ։

Երկուշաբթի, 28 Յունիսին ահազանգ մը մեզ փութացուց իր մօտ։ Արեան ճնշումը շատ իջեր էր, եւ րոպէ առ րոպէ կը սպասուէր գերագոյն րոպէն։ 

29 Յունիս առաւօտը բացուեցաւ նոյն ձեւով։ Վեհափառը տկար էր, թոյլ  էր, ճնշումը կը տարուբերէր, 70-էն 40-ի միջեւ, բայց կ՚ապրէր եւ իրմով մեզ կ՚ապրեցնէր։ Քանի մը աշակերտներ, քոյրն ու եղբայրը կարգաւ կը մօտենային իր մահիճին, աջ ու ձախ ձեռքերը, բազուկները կ՚առնէին իրենց ափերուն մէջ կը շոյէին, կը շոյէին եւ կ՚ուզէին որ գիտնար թէ շուրջը զինք սիրողներ կան, կը սիրեն զինք, կը գուրգուրան իր վրայ։ Օրը անցաւ այդպէս։ Բժիշկը, բուժքոյրը ամէն րոպէ իր մօտ են, կը մաքրեն, կը սրբեն, բազկերակը կը քննեն, ճնշումը կը չափեն։ ինչո՞ւ չեմ գիտեր։

Կէսօրէ յետոյ ժամը 3-ի մօտ էր. Եսթերը՝ քոյրը եւ Նորան՝ հարսը առանձին ենք Վեհափառին հետ։ Նորան յանկարծ կը մտածէ բարձրաձայն։ «Գիտէ՞ք, այսպիսի պարագաններուն ինծի փորձառութիւն մը եկած է։ Հոգեվարքի մէջ եղողը եթէ չի մահանար կը նշանակէ կը սպասէ որ յատուկ մէկը դեռ պիտի այցելէ իրեն։ Ու ան կը սպասէ, կը սպասէ իր սիրելիին։ Արեօք որո՞ւն կը սպասէ Վեհափառը։ Իր սնարին, իր ու Վեհամօր պատկերը կայ։ Արդեօք Վեհամօր գալո՞ւն կը սպասէ։ Բայց ինք չի՞ գիտեր որ տիրամայրը 96 տարեկան է Թորոնթո կ՚ապրի։ «Եսթեր կ՚ըսեմ, գնայ Վեհափառին խօսիր, մամայիդ մասին, ըսէ որ Վեհամայրը բարեւ ունի»։ Եսթեր կը պատասխանէ՝ «ես չեմ կրնար»։ Ամբողջ քաջութիւնս հաւաքած կը մօտենամ Վեհափաօին եւ ականջին կը փսփսամ եւ կը զգամ որ կը լսէ զիս։

-                «Վեհափառ, Վհհափառ, տիրամայրը Թորոնթոյին թելեֆոն ըրաւ, ըսաւ որ լսեր է Ձեր  վերջին տագնապներու մասին, շատ մտահոգ է ու կաղօթէ Ձեզի համար....։

         Ու յիշեցի թէ Վեհափառը իր հայրենի գիւղին բարբառով իր մօր կը դիմէր ըսելով «մումէ»։ Յանկարծ  նոյն բարբառով երգի կտոր մը միտքս եկաւ։ Վեհափառը երբ ուրախ տրամադրութեան մէջ էր, ղեկաւարի ձեւեր կ՚առնէր եւ ա լա Կանաչեան աներեւոյթ խումբ մը կը ղեկաւարէր երգելով՝

Ամման ըշքէն ձեր վաթանը եօ կըննու

Շղըրտ մըժկտվէ շախշոլիդ մուրոդ կ՚ըննու.....

Լսե՞ց Վեհափառը իր մայրենի բարբառով այդ երգը, չեմ գիտեր։ Ու յանկարծ անսպասելի կերպով ըսի իրեն։

«Վեհափառ, Արտաւազդ Սրբազանը հեռաձայնեց Անթիլիասէն, լսեր է որ Ձեր վիճակը ծանր է եւ առաջին օդանաւով Պէյրութէն Ձեր քով պիտի գայ։»

Մեղայ, մեղայ, Վեհափառին ուղղուած վերջին խօսքս սուտ մըն էր։ Իրաւ որ Գարեգին Վեհափառը յատուկ սիրով կապուած էր 55 տարուան իր ընկերոջ, իր հայրենակցին, դասակցին, օծակցին։

Արդեօք անո՞ր կը սպասէր։ Չեմ գիտեր։

Թողուցի զինք եւ Երեւան մեկնեցայ։ Երէք ժամ չէր անգած, հեռախօսը հնչեց։

-       Սրբազան, Վեհափառը կորսնցուցինք։

Յուլիս, 1999 թ.

 









Էջմիածին - Գարեգին Վեհաբառին վերջին օրերը եւ վերջին օրը - 1/2 -

 Ընդօրինակած եմ Karekin I, "The Gift of Faith" գիրքէն։ Մեսրոպ Արք. Աշճեանին այս գրութիւնը պատմութեան սերտողութեան համար է։ Վրիպակները վերագրելի են իմ ընրօրինակութեանս, Վահէ Յ Աբէլեան։



«Ամենայն ինչ կատարեալ է»։

 Իր լրումին հասած է Գարեգին Կաթողիկոսին խաչի ողբերգութիւնը։ Թաղմանական արարողութիւներն իրենց աւարտին հասած են։ Լռած են սգոյ պաշտօնական արտայայտութիւնները, եւ Գարեգին վեհափառ այժմ կը հանգչի իր երջանկայիշատակ նախորդին Վազգէն Հայրապետի կողքին։ Սուրբ Էջմիածնայ գանգակատան ներքեւ։

Պատմութեան կը պատկանի այլեւս Գարեգին կաթողիկոսը։ Ան որ իր ողջ կեանքը գրեց պատմութեան զգացողութեամբ, գրեթէ պատմութեան համար ապրելով։ Ու հիմա ես ալ իր կեանքի պատմութեան ալիքներոււ անտես ովկեանոսին մէջ եմ, երբ, Յուլիս գիշերուան մէջ, նստած եմ Մայր Տաճարի բակին մէջ, գրեթէ մինակ, առանձին։ Դժբախտաբար առանձին չեմ, ստուերներ կան այս ու այն կողմ, սպասումի մէջ են, կ՚երթան-կուգան, կը զրուցեն, անհանբերութեան նշաններ ցոյց կուտան։ Գիշերուան այս պահը՝ 12-էն քիչ մը յետոյ, անծանօթ չէ ինծի։ Շատ գիշերներ եղած են երբ, երկար զրուցէ մը յետոյ, հրաժեշտ առած եմ վեհափառէն եւ հանդարտ քայլերով վեհարանէն ուղղուած վանական իմ սենեակը։  Այդ օրերուն լուր էր Էջմիածնայ Տաճարը եւ հինգ գմբեթներէն ծորող լոյսի բեկորներ ինծի կու գային իբրեւ հայոց պատմութիւն, Հայոց Եկեղեւոյ դէմքեր։ Կը քալէի ու կը զգայի որ այնտեղ ինծի քայլակից էին մեր մեծերը... Լուսաւորիչ եւ Տրդաց կը զրուցեն նոր տաճարի կառուցման մասին։  Սուրբ Մեսրոպ եւ Սուրբ Սահակ կը ճեմեն։ Վահան Մամիկոնեանն է որ կը ծրագրէ վերանորոգել տաճարը, ու յետոյ տրտում դարեր,  լոյսի դարեր, Մովսէս Տաթեւացի, Յակոբ Ջուղայեցի, Ներսես Աշատարակեցի, Խրիմեան.... Ո՞վ չէ տողանցած այստեղէն ու չէ գրած հայոց պատմութեան մէկ էջը։

Հիմայ ուրիշ մարդիկ կան – հոգեւորականներ, Էջմիածնայ միաբաններ, Կիլիկիոյ Աթոռի ներկայացուցիչ հոգեւորականներ, պատահական ճամբորդներ, եկեր են ու կը սպասեն Կիլիկիոյ Արամ Կաթողիկոսին։

Արամ Վեհափառ, որ Էջմիածին կը գտնուէր Գարեգին Կաթողիկոսի թաղման համար, փափաքեր էր, Անթիլիաս վերադառնալէն առաջ անգամ մըն ալ խոնարհիլ Կիլիկիոյ Աթոռի վրայ իր նախորդին շիրիմին առջեւ։ 

Վերջապէս հասաւ։ Աղօթք , հոգեհանգիստ, հրաժեշտի խօսք։ Յանկարծ Արամ Ա. յայտարարեց, թէ Անթիլիասի Զարեհեան դամբարանէն պտղունց մը հող է բերած ցանելու համար Գարեգին  Կաթողիկոսի նորափոր գերեզմանին վրայ։ Կը ցանէ, ու խաչանիշ դրոշմով կ՚օրհնէ գերեզմանը։

Ապա կ՚ըսէ, «ես այժմ կը փափաքիմ որ բոլորս միասին».....նախադասութիւնը չի կրնար շարունակել, կը փղձկի, անակնկալ ի կը բերէ մեզ բոլորս։ Բայց կը հասկնանք թէ ի՞նչ  կ՚ուզէ Վեհափառը եւ բոլորի կուրծքերէն կը բարձրանայ երգը

Երբ որ բացուին դռնեն յուսոյ

Եւ մեր եկրէն փախ տայ ձմեռ

Երթամ ննջել իմ Կիլիկիա.....

Ու երգին հետ միասին կը զգամ որ աչքերէս  արցունքներ կը կայլակեն, այտերէս վար կ՚իջնեն տաք կաթիլներ որոնք յամառօրէն բացակայ էին յուղարկաւորութեան եւ թաղման օրերուն։ Շուրջիններս նոյնքան յուզուած են։ Ոմանք կը յիշեն Զարեհ Կաթողիկոսի ընտրութեան օրերը, ուրիշներ Գարեգին Հայր սուրբը, որ այնքան կաթոգին կերպով կ՚երգեր Ռուսինեանի «Կիլիկեա»-ն, որ քայերգ, մաղթերգ, ուխտերգ էր դառձած։

Հիմայ Գարեգին Վեհափառի շիրիմին վրայ է որ կ՚երգենք այդ երգը։ Քիչ մը գողունի, քիչ մը ի՞նչ ըսեմ։ Բայց ըսեմ՝ երանի թէ այդ երգը հնչէր թաղումէն յետոյ եւ Արամ Վեհափառը բոլորին ներկայութեան Կիլիկիոյ հողը խառնէր Էջմիայծնի հողին։ Չըրաւ, գուցէ յարմար պահ մը չգտաւ։  Բայց գիտեմ որ այդ մէկ հատիկ երգը Գարեգին կաթողիկոսի կեանքին ողբերգութեան պատկերն եղաւ, ի վերջոյ Կիլիկիոյ վերջասահման Քեսապի զաւակ էր Կիլիկիոյ դպրեվանքի լաւագոյն պտուղը, իբրեւ պերճաբան Հայրապետ կորովի առաջնորդ։ Յետոյ Հայաստանի անկախութեան ալիքները զինք բերին էջմիածին, դարձաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Ինք իսկ գուցէ փորձեց մոռնալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսի իր անցեալը, եւ շեշտել իր նոր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դիմագծութիւնը. Բայց ամէն մարդ շարունակեց իր մէջ տեսնել «Կիլիկիոյ թեմի Կաթողիկոսը», եւ ինք չկրցաւ ինքզինք բաժնել իր անցեալէն։  Ափսոս որ ժամանակ չեղաւ  այդ գիշեր Արամ Վեհափառէն խնդրելու, որ, Զարեհեան դամբարանին մէջ, Անթիլիաս, փոքրիկ քար մը զետեղուի եւ յիշուի , որ Գարեգին Կաթողիկոս 18տարի Կիլիկիոյ Կաթողիկոս էր, թող քարի կտոր մը յիշէ զինք, Անթիլիասի մէջ, անգերեզման չմնայ։

Արդարեւ,1995 թ., երբ քիչ մը տարօրինակ պարագաններու նեքեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրուեգաւ, խանդավարութիւնը մեծ էր, փայլուն էր յոյսը, բարձր  էին ակնակլութիւնները։ Բայց կեանքը ուրիշ բան ցոյց տուաւ։ Եւ այդ ներհուն հոգեւորականը, ճառագայթուն անձնաւորութիւնը տրտում վախճան մը ունեցաւ։ Անագորոյն ցաւ մը կրծեց եւ հալեզուց զինք։ Ոչ ոք գիտցաւ այդ ցաւը։ Քաղցկեղին հարուածը ուժգին էր, վէրքը բաց էր ու խոր։ Ամէն մարդ կը տեսնէր այդ վէրքը։ Բայց վեհափառը ուրիշ ցաւէ մեռաւ, ու տակաւին ոչ ոք գիտէ այդ ցաւը, վէրքի խորութիւնը։

Տակաւին շատ ալ կանուխ է վերլուծելու Գարեգին վեհափառի կեանքն որ անձնաւորութիւնը, հոգեբանութեան խոր ալիքները, բանալու էջերը իր հոգիին, եւ գիտնալու թէ Կիլիկիոյ բարձրունքներէն սրաթռիչ այդ արծիւը ինչպէ՞ս թառեցաւ Արարատի փէշերուն, եւ թէ ինչպէ՞ս  հակառակ բոլոր երազանքներու, արծիւը թեւաբեկ ինկաւ, եւ վաղահաս իր վախճանումով ինք իսկ սահմանափակեց իր տեղը Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ուր ճակատագրուած կը թուէր գրելու ոսկեղէն էջ մը։ Հիմա ստիպուած բադրատական մը կ՚ընենք իր երվոնախորդներէն Մատթէոս Իզմիրլեան Կաթողիկոսի, «երկաթեայ պատըրիարքին, եւ անոր ճակատագրին հետ։ Ան ալ մեծ հմայքով եկաւ Էջմիածին, բայց երկու տարի չանցա խորտակուեցաւ։

***

Հիմայ ալ չկայ ան, ու այդ վերջին օրուած տպաւորութեան տակ կ՚ուզեմ գրի առնել իր կեանքի վերջին օրերու պատմութիւնը։ Ինչ որ պիտի ըսեմ ենթակայական է անշուշտ, քանի որ իմ կապս ալ հոգելոյս Հայրապետին հեն ենթակայական էր, որ սկսած է իմ տղայ օրերուն, եւ տարօրինակ կերպով, նոյն այդ շաբթուան հայրս էի կորսնգուցած, ու 13 տարեկան էի։ Շատ հաւանաբար այս պարագան էր որ Գարեգին Կաթողիկոսը իմ մօտ ունեցաւ, միշտ ալ, հօր պատկերը՝ բայց ինք երիտասարդ հայր է, տարիքի մեծ տարբերութիւն չկար մեր միջեւ։ Այնուամենայնի այդ կապը մնազ, զօրացաւ, եղաւ անկեղծ, երբեմն բիրտ, բայց միշտ հարազատ։ ինք եղաւ նաեւ ինծի համար դաստիարակ, ուսուցիչ, տիպար։ Եւ ճետեւեցայ իրեն, իբրեւ համեստ աշակերտ, թէ իրբեւ տեսուչ դպրեվանուց, թր իբրեւ սռսջնորդ Իրանի եւ Ամերիկայի մէջ։ Ջերմ ջատագով ալ եղած էի Ամենայպն Հայոց Կաթողիկոսի իր ընտրութեան, թէեւ իմ վերջին քայլը ուշ առի եւ իր հետ միասին Էջմիածին չփութացի։ Մնացի Ամերիկա մինչեւ իմ պաշտօնիս լրումը։ Ինչ որ ինծի համար օրինապահութիւն էր, բայ իրեն համար անսպասելի օտարում։

***

         Յուլիս մէկն է։......         (յաջորդին)

 

"We lost vehapar" on June 29

.

 Vaհe H Apelian


Catholicos Karekin I Sarkissian passed away on June 29, 1999. Archbishop Mesrob Ashjian wrote about his eye-witness account of the last days of and the last day of the Catholicos It would not surprise me that Archbishop Mesrob Ashjian’s narration of the last days and the last day of Catholicos Karekin I Sarkissian will go down in history as one of the finest Armenian church related writings.

After Catholicos Karekin Sarkissian’s death I remember reading some of the luminaries of Armenia at the time, among them the names Vazken Sargsyan, Silva Kaputikyan come to my mind, admitting that Catholicos Karekin Sarkissian was neglected and left alone. I quote Archbishop Mesrob Ashjian "No one knew that pain. The blow inflicted by the cancer was severe. The cancerous wound was open and deep. Everyone saw that wound. But the majestic soul died from other pains. To this day no one knows that pain and the depth of his other wound."

Archbishop Mesrob Ashjian’s narration is titled “The last day and the last day of Catholicos Karekin. The write-up was placed in the testimonial book about the archbishop,  titled “Living Faith, the Life & Service of Archbishop Mesrob Ashjian.”  The coffee-table size pictorial book was edited by Iris Papazian (1996)

. Catholicos Karekin Sarkissian is the only Armenian supreme patriarch of the Apostolic Church that occupied two pontifical seats, that of Cilician Catholicosate in Antelias and in Etchmiadzin. I linked below my translation of the archbishop’s Ashjian’s narration’s I had posted earlier in two segments, they are: 

1. The Last Day and the Last Days of Catholicos Karekin – 1/2 – “Srpazan, we lost Vehapar.” https://vhapelian.blogspot.com/2024/02/the-last-day-and-last-days-of.html

2. The Last Day and the Last Days of Catholicos Karekin – 2/2 – “Srpazan, we lost Vehapar.” https://vhapelian.blogspot.com/2024/02/the-last-day-and-last-days-of_29.html


 

Saturday, June 28, 2025

Etchiadzin rings its bell against the State of Armenia.

Vaհe H Apelian

 

 

the bell towers of the Etchmiadzin Cathedral.

Etchmiadzin, surely at the request of Catholicos Karekin II, rang its bells yesterday against the State of Armenia. I do not believe there has been a time when the Church of Armenia rang its bells against its own state. It would be educational to learn if the Church of Armenia has rang its bells against the Armenian state at any time in history.

It happened yesterday when masked officers from National Security Service (NSS) of Armenia gathered at the Mother See of Holy Etchmiadzin to detain Archbishop Mikael Achabahian, who is the Primate of the Shirak Diocese of the Church of Armenia. 

This blog is the evolution of my previous two blogs regarding the church bells of Etchmiadzin that remained silent on July 4, 2023, when the PM of Armenia flew to Ankara to attend the celebration of Erdogan’s election. When I saw his picture in the enemy’s den, I could not bring myself to remain silent, and posted “May God help the Prime Minister of Armenia Nikol Pachinyan and give me him fortitude, courage in pain and in adversity, as he deals with powerful, arrogant, SOBs. Asdouatz hedt varchabed - Աստուած հետդ վարչապետ”.  But the Church of Armenia was silent. (see link 1)

The bells of the Church of Armenia remained silent on June 2025, when the PM of Armenia paid an official visit to Türkiye at the official invitation of the president Erdogan. I expected not only the bells of the Armenian Church ring its bells, but also the church offer prayer services for a safe trip and successful conclusion of that historic meeting. (see link 1)

My next blog about Church of Armenia's silent bells was about my bewilderment at finding that the bells of the Church of Armenia not only remained silent at these historically momentous occasions, and did not  offer special church services for the head of ostensibly the first Christian state embarking on these historically significant journeys. On the contrary, it turned out the Archbishop Pagrat Galstanyan, surely with the approval if not the blessing of the Cathlicos Karekin II, was conspiring with secular forces to bring down the elected government by orchestrating a series of subversive violent actions to create a turmoil in the country to violently occupy government likely with outside forces, namely Russia that maintains an army base in Armenia.  Their documented plan of action, the subversive message Archbishop gave to his fellow conspirators, the  materiel they had amassed to bring about carnage and create violence are truly mind boggling  coming from an Armenian churchman against his own state.

 Yesterday, for the very first time as far as I know,  the Church of Armenia rang its bells inviting the faithful citizens of Armenia who have put their blind trust onto Etchmiadzin, to stand against their own state that is doing its job, bringing law and order for assuring the daily safe conduct of its citizens as they make their living in Armenia.

The former Soviet Socialist Republic of Armenia has a long way to go to morph into a constitutionally governed, free, independent, and democratic republic.

 

                                            ***

Link 1: “The Bells of Church of Armenia were silent” – https://vhapelian.blogspot.com/2025/06/the-bells-of-church-of-armenia-were.html

 

Link 1: “The Bells of Church of Armenia were silent, but ….” – https://vhapelian.blogspot.com/2025/06/the-bells-of-church-of-armenia-were_24.html


 

 

 

 

 

Friday, June 27, 2025

Վերջնախաղը

Վահէ Յ Աբէլեան

 

Մենք՝ հայերս աշխարհահռչակ ենք ճատրակի խաղին մէջ։ Թէեւ քիչ ենք թիւով, բայց աչքառու ենք խաղին մէջ։ Մեր թիւին համեմատ աշխարհարռչակ շատ ճատրակ խաղացողներ ունինք եւ ունեցած ենք որոնք կը նկատուին ճատրակի բարդ խաղին տիտաններէն՝ ընդունուած յորջորջումով ճատրակի մեծ վարպետներ են՝ grandmasters։

Ճատրակի կամ շախմատի խաղը բաժանուած է երեք տարբեր փուլերէ, որոնք ծանօթ են որպէս՝ սկզբնախաղ, միջնախաղ և վերջնախաղ։ Իւրաքանչիւըր ունի իր ռազմաւարութիւնը որոնք բնականաբար բարդ են։ իսկ սկբնախաղը ունի ծանօթ դասական ռազմաւարութիւններ որոնցմէ ոմանք ծանօթ են մեծ վարպետի մը անունով սկսելու համար խաղը՝ օրինակ Alekhine Defense, ճատրակի մեծ վարպետ Alexander Alekhine-ին անունով։ Միջնախաղը՝ խաղին ամենէն երկար փուլն է։ Իսկ վէրջնախաղը ունի երկու կարելիութիւններ՝ կամ երկու խաղացողները կը համաձայնին տեղի տալ միասնաբար, եւ կամ երկուքէն մէկը կը յաղթէ։  վերջնախաղին՝ սեւ գոյնով կամ ալ ճերմակ գոյնով խաղացողն է որ պիտի յաղթէ։ Հայաստանցիին, որ ճատրակի խաղին շատ աւելի ընտելացած է քան սփիւռքահայը,  սեւ եւ ճերմակ գոյնի ակնարկը երկարող քաշքշուկներու առիթ տուաւ սփիւռքի մէջ։ Շատ հաւանաբար կը յիշէք։ 

Ի՞նչու համար այս նախաբանով սկսայ այս պլակս։ Պարզապէս անոր համար որ Հայաստան քաղաքականօրէն՝ իր Պետութիւն եւ Եկելեցի սահմանդրութեան տնօրինումին վերջնախաղն է որ կ՚ապրի։ Իմ մեկնաբանութեամբս Հայաստանի քաղաքական վերջնախաղը նման է շախմատի սեւ եւ ճերմակ գոյնով խաղցողներուն՝ որոնցմէ մէկը պիտի տիրապետէ խաղին եւ յաղթէ։ Հայաստան՝ կամ տառացիօրէն կը կիրարկէ Պետութիւն եւ Եկեղեցի իր տնօրինած ահամանդարական բաժանումը կամ  ալ ոչ։

Իսկ Հայաստանի սահամանդրական քաղաքականութեան վերջնախաղն ալ, բնականաբար ըստ ինծի, հետեւեալն է՝ կամ, Հայաստան ինքիշխան պետութիւն մըն  է որ խաղաղ դրացնիութեան քաղաքականութիւն կը վարէ իր անմիջական դրացի երկիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ իր տարածաշրջանին եւ աշխարհի գերպետութիւններուն հետ։ Կամ ալ, Հայաստան կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութեան համալիրէն մէջ եւ կամ հոն ընկալուած է, ինչպես է՝ օրինակ Պելառուսը (Belarus)։ Որուն ցկեանս նախագանին տառացի առաջարկը Հայաստանին արդէն այդ է՝ միաւորուիլ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան հետ։

Հայաստանի քաղաքական վերջնախաղը՝ այո, սեւ կամ ճերմակ է։ Իւրաքանչիւրը ունի իր հիմնաւորումը։ Ռուսամետութիւնը Հայաստանի քաղաքական ընդիմադրութեան հեռանկարն է, ինչպէս է նաեւ Էջմիածինի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին բարձրաստիճան դասունը՝ գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ներսիսեանինը։ Այդ քաղական ընդիմադիր յատուածին ղեկաւարութիւնը կը վարեն Հայաստանի նախքին նախագահները որպէս քաղաքական ընդիմադիներ՝ մանաւանդ Ոոպէրթ Քոչարյան եւ Սէրժ Սարգսյան, իրենց համախորհուրդ եղող աջակիցներուն հետ որոնք Հայաստանի մէջ ճանցուած են որպէս Ղարաբաղի խմբակ (կլան)։ Խորքին մէջ անոնք տնտեսական ընտրաններ են։ Այդ քաղաքական խմբակցութեան կ՚ընդիմանայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը իր համախորհուդներով իրենց խաղաղութեան խաչնկրուկի քաղաքականութեամբը։

Հայաստանի վերջնախաղը բնականաբար կը դնէ սփիւռքը դժուար ընտրութեան մը դիմաց։ Զանց պիտի առնեմ սփիւռքի քաղաքական կամակերպութիւնները։ Պարզապէս  անոր համար որ այդքան չեմ կարեւորեր անոնց Հայաստանի վարած քաղաքականութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կամ սփիւռքի մէջ։ Ընդունուած է որ ամէն քաղաքականութիւն տեղական է։ Հայաստանի քաղաքականութիւնն ալ Հայաստանի մէջ է, բնականաբար ոչ սփիւօքի։ Բայց շատ կը կարեւորեմ Կիլիկեան, կամ պատմական Սիսի Կաթողիկոսութեան՝ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան վրայ բարդուած պատասխանատուութիանը։  Կը պատկերանեմ որ ան աքցանի մը մէջ է։

Իմ պատկերացումս հետեւալն է՝ Հայաստանի Ռուսամէտ քաղաքականութիւնը, անխուսափելիօրէն պիտի մերձերցէ Էջմիածինի Առաքելական Եկեղեցին Ռուսիոյ օրթոտոքս եկեղեցիին հետ՝ Մոսկուայի մէջ։ Տիրող մտայնութեամբ, երկուքն ալ այլամերժ են։ Այս մերձերցումը, մենատիրութիւնէ տարուած, պիտի ջամայ ջլատել Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսութիւնը սփիւռքի մէջ՝ միակ հաստատութիւնն է որ մնացած է Արեւմտահայաստնանէն ուր Արեւմտահայ լեզուն պիտի մնայ։ Ռուսամետ Հայաստանը եւ Ռուսամօտ Էջմիածինի Հայ Առաքելական Եկեղեցին այլամերժ են։ Անոնց  գերակայ նպատակը պիտի ըլլայ ամջողջութեամբ տիրապետել Հայ Առաքելական Եկեղեցիին ի հեճուկս պատմական Սիսի կաթողիկոսութեան՝ զանց կ՚առնեմ երկու պատրիարքութիւններուն ակնրկել այս կարճ պլակին մէջ։

Անթիլեասի Կաթողիկոսութիւնը ներկայիս կը գտնուի սալի եւ մուրճի միջեւ։ Իմ պատկերցումովս պէտք չէ որ  ան՝ Հայաստանի այս վերջնախաղը դիտէ որպէս եկեղեցական հարց, պարզապէս քանի որ վերջնախղը եկեղեցական չէ, այլ քաղաքական է կարգ մը եկեղեցականներու մեղսակցութեամբ։