Բնագիրըկ կցուած է ներքեւը։ Attached is my translation of Levon Sharoyan’s posting from Aleppo on his Facebook page. Vahe H. Apelian
Arrangement courtesy Garo Konyalian. Pictures courtesy Levon Sharoyan |
The Armenian press and other news platforms have been sounding the alarm about Artsakh for weeks. They write and explain that more than a hundred thousand people of Artsakh live fateful days there, on their ancestral lands, being deprived of all kinds of assistance from the outside world for nine months. Every day, the enemy tries a trick to pressure Artsakh a little more, to make it more desperate.
In the last two weeks, the situation has become more than tragic. The knife has reached the bone. The children do not have milk to drink, the sick does not have medicine, there is no bread, there is no vegetable, there is no fuel, there is no food. The most basic necessities to continue life do NOT exist.
Azerbaijan, at the behest of its big brother, Turkey, with the complicity of the "peacekeeping" forces, is trying to bring Artsakh to its knees, to make it bleed. And it is succeeding.
The final disintegration of Artsakh is sadly getting outlined on the horizon.
In these tragic conditions, while our fellow countrymen of Artsakh are starving, in the truest sense of the word, the festive licentiousness, our people show, both Armenia and in the Diaspora, is incomprehensible and inexplicable to me.
Just the other day, I was watching a recording about a dinner party of Armenians from Aleppo who had come together in Yerevan, around extraordinarily lavish and abundant tables. In another instant, in a different hall in Yerevan, a well-known Diaspora-Armenian singer was blasting the sky with his loud songs. Hundreds of people danced half intoxicated. On the pages of Facebook, announcments for dinner dances, cookouts, picnics are abundant, each promising to provide a festive atmosphere.
Isn't there something wrong and amoral in all of this? Aren't we, as a nation, on opposite poles?
Either our real feelings towards Artsakh are fake, the slogans we raise are fake; or we have become insensitive, individually or collectively. Either way, we are not up to having a FATHERLAND, let alone reclaiming a homeland.
. Levon Sharoyan (Aleppo)
***
Բնագիրը՝
ԱՐՑԱԽԸ ԿԸ ՉԱՓԷ ՄԵՐ ԲԱԶԿԵՐԱԿԸ...
Հայ մամուլը եւ լրատուական այլաբնոյթ հարթակներ, շաբաթներէ իվեր, ահազանգ կը հնչեցնեն Արցախի մասին։ Կը գրեն ու կը բացատրեն, թէ հարիւր հազարէ աւելի արցախցիներ ճակատագրական օրեր կ`ապրին այնտեղ` իրենց պապենական հողերուն վրայ, ինը ամիսէ զրկուած ըլլալով արտաքին աշխարհէ հասնելիք ամէն տեսակի օժանդակութիւններէ։ Թշնամին ամէն օր հնարք մը կը փորձէ` աքցանի մէջ առնուած Արցախը քիչ մը աւելի ճզմելու, զայն աւելի յուսահատեցնելու համար։
Վերջին երկու շաբաթներուն` կացութիւնը դարձած է աւելի քան ողբերգական։ Դանակը հասած է ոսկորին։ Երեխաները խմելիք պուտ մը կաթ չունին, հիւանդները դեղ չունին, հաց չկայ, կանաչեղէն չկայ, վառելանիւթ չկայ, կազ չկայ։ Կեանքը շարունակելու ամենատարրական տուեալները ՉԿԱՆ։
Ատրպէյճան, իր մեծ եղբօր` Թուրքիոյ թելադրանքով, "խաղաղապահ" ուժերու ալ մեղսակցութեամբ, կը ջանայ ծունկի բերել Արցախը, արիւնաքամ ընել զայն։ Ու կը յաջողի։
Հորիզոնին վրայ արդէն տխրօրէն կ`ուրուագծուի Արցախի վերջնական ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄԸ...։
Այս ողբերգական պայմաններուն մէջ, մինչ Արցախի մեր արիւնակիցները ՍՈՎԱՀԱՐ ԵՆ` բառին հարազատ իմաստով, ինծի համար անհասկնալի ու անմեկնելի է մեր ժողովուրդին միւս երկու հատուածներուն` հայրենաբնակներուն եւ սփիւռքահայերուն ցուցադրած ՑՈՓՈՒԹԻՒՆԸ` խնճոյքի սեղաններու շուրջ...։
Դեռ առջի օր ժապաւէններ կը դիտէի Երեւան հաւաքուած հալէպահայերու մէկ ճաշկերոյթին մասին` արտակարգօրէն ճոխ ու յորդառատ սեղաններու շուրջ...։ Այլ սրահի մը մէջ, դա'րձեալ Երեւան, սփիւռքահայ ծանօթ երգիչ մը երկինքը կը թնդացնէր իր արաբախառն աղմկոտ երգերով։ Հարիւրաւորներ` կը պարէին կիսագինով...։ Իսկ դիմատետրի էջերուն վրայ շարան֊շարան կը տողանցեն ծանուցումները մեր գաղութային միութիւններուն` հրաւիրելով հանրութիւնը ընթրիքի, ճաշկերոյթի, պարտիզագնացութեան կամ աւազանագնացութեան, միշտ "ճոխ ու շէն" մթնոլորտով։
Խորթ եւ ծուռ բան մը չկա՞յ այս բոլորին մէջ։ Հակասական բեւեռներու վրայ չե՞նք ազգովին։
Կա'մ այն է որ կեղծ են Արցախի նկատմամբ մեր իրական զգացումները, շինծու են յեղյեղուող լոզունգները, կա'մ ալ անզգամ դարձեր ենք անհատաբար թէ հաւաքաբար։
Երկու պարագային ալ` ՀԱՅՐԵՆԻՔ ունենալու, մա'նաւանդ հայրենիք վերաշահելու արժանի չենք։