V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, March 18, 2018

ԳՐԱԴԱՐԱՆ ՄԸՆ ԱԼ ԿԸ ՓԱԿՈՒԻ

Գրադարան մըն ալ կը փակուի
Արմենակ Եղիայեան, Պուրճ Համուտ, Լիբանան

Կցեալ գրութիւնը՝ Արմենակ Եղիայեան յղած է բարեկամներու email-ի միջոցաւ։




Այս շաբաթ մտային կարիքներս գոհացնող յօդուած կարդացած չէի, ուստի խոր անբաւարարութեան զգացումով ալ  անցընելու վրայ էի օրերս: Չեմ ըսեր, անշուշտ, թէ չկար նման յօդուած, այլ պարզապէս ինծի չէր հանդիպած այդպիսին:
Բայց ահա  շաբաթավերջին, ուր հիմա նստած կը գրեմ,– ինծի պահ մը թուեցաւ՝ ի դէմս դոկտ. ՀրանդՄարգարեանի «Բարի ճանապարհ, գիրքե՛ր, ճանապա՛րհ բարի» յօդուածին («Հայերն այսօր», 13 մարտ 2018), որ դէմ-յանդիման կը գտնուիմ այդ ինծի պակսող գրութեան:
Այս յօդուածով՝ դոկտ. Մարգարեան իրեն յատուկ  սահուն ոճով ու պայծառ շարադրանքով պատմականը կ’ընէ աւելի քան հարիւր տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք  քաղաքին  մէջ հայ գաղթականներու ճիգերով ծնունդ առած գրադարանի մը, որ ժամանակին հետ աճած  եւ ուռճացած է, երբեմն  ապաստան փոխած, սերունդներու հոգեկան ու մտային սնունդ ջամբած եւ հիմա ան կը գտնուի հարկադրանքին առջեւ տեղահան ըլլալու  «Նիւ Եորքի հայ կեդրոն»-էն, որուն շէնքը ծախուած է:
Միամիտ ընթերցողը  կը շարունակէ ընթերցումը այն լաւատես  ակնկալութեամբ, թէ անոնք, որոնք հարիւր տարի կրցան այդ գիրքերը պահպանել, նոր հանգրուան մը  պիտի ճարեն այդ պատմական գրադարանին, որ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը այդ նոյն միջավայրին մէջ եւ նոյն թափով:
«Հայ գիրքը պէտք չէ որբանայ, կը գրէ Մարգարեան: Ան միշտ հոգատար ծնողի, որդեգրողի պէտք ունի: Երբ Հայ գիրքը որբանայ, ազգի մը անկումի ախտանշաններն են որ կը բացայայտուին: Որբութենէ ազատելու մտահոգութիւնը կլանած է բոլորս:  Տուն մը, վայր մը, հոգատար շունչերու որոնումը մեր մտահոգութեանց կեդրոն է: Իրենց մէջ արիւն ու քրտինք պարփակած, մարդկային միտք ու հոգի ամբարած այս «անշունչ» էակները վաղը ճամբայ պիտի ելլեն Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնէն ՆՈՐ ՏԱՆ մը մէջ, ՆՈՐ միջավայրի մը մէջ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը:  Նոր սերունդներ պիտի այցելեն իրենց: Նոր սերունդներ պիտի սորվին, ոգեւորուին անոնցմով: Պիտի գուրգուրան անոնց վրայ: Պիտի չթողե՛ն որ փոշիներու տակ ցեցոտինորբանան: Անոնց պիտի այցելեն թէ՛ մատշաղ, թէ՛ հասուն սերունդները», կը կարդանք յօդուածի  յուսադրական ու մխիթարական դառնալ փորձող շարունակութեան մէջ:
Բայց   ահա...
Բայց ահա ի յայտ կու գայ, որ այդ գիրքերը փոխադրական 50  արկղերու մէջ կը լեցուին՝ ոչ թէ  նիւեորքեան այլ կայք մը փոխադրուելու եւ ծառայելու իր «հին  ընթերցողներուն», այլ...Արցախ ղրկուելու համար: Եւ Մարգարեան գրեթէ հրճուած է այս կարգադրութեամբ, եւ չի վարանիր վերամբարձ բառերով   արտայայտելու իր այդ հրճուանքը, քանի այդ գիրքերը այս անգամ պիտի ծառայեն արցախահայ սերունդներու հայեցի դիմագիծի պահպանութեան...:
Սակայն Արցախը յուշադրամին դիմերե՛սն է  միայն: Անդին կայ անոր դարձերե՛սն ալ:
Ինչո՞վ պիտի սնանին հոն՝ Նիւ Եորք մնացող հին սերունդները, աւելի ճիշդը անոնք, որոնք 100 տարի այս գիրքերը կարդացին, գուրգուրացին անոնց վրայ, պահեցին, պահպանեցին ու բազմացուցին զանոնք՝ փոխանցելու համար յաջորդ սերունդներուն: Չէ ՞ որ փաստօրէն այլեւս գիրք կարդացող «յաջորդ սերունդ» մը չէ մնացած եւ ճիշդ այս չգոյութեան հաւաստիքն ալ պատճառ դարձած է, որ հնամեայ գրադարանը ձեռքէ հանուի:
Այս բոլորը հազիւ թէ կարենան տեղիք տալ  երանական ողջերթի մը, ինչպէս կ’ընէ իմ վաղեմի բարեկամս, այլ կը թելադրեն տխուր վախճան մը:  Այդ առաքումը արցախահայութեան նոր ու լուսաւոր արշալոյս մը աւետելէ աւելի՝ կու գայ գուժելու  ամերիկաբնակ երբեմնի ընթերցողներուն անհետացումը,  քանի  այլեւս ընթերցող չէ մնացած կամ պիտի չմնայ այնտեղ:
Արցախը այսպէս կամ այնպէս կրնար գրենական իր բացերը ձեւով մը լրացնել, քանի, ինչպէս միշտ,  ընթերցողի պակաս չունի ան բարեբախտաբար, իսկ հոն ուր վառ  է ընթերցասիրութիւնը եւ առկայ են ընթերցողները, գիրքը նախախնամական մանանայի պէս կը տեղայ անոր երկինքէն: Մտահոգիչը  այնտեղ է, Նորաշխարհի   երբեմնի  ընթերցողներու  հայօրէն   լիցքաւորուող շարքերու մաշումը,  տարտղնումը,  բացակայութիւնը, ընդհուպ...չքացումը: Ա՛լ ոչինչ պիտի վերադարձնէ զանոնք: Աւարտած պատմութեան մը փակ էջի անդէմ վկաներն են  անոնք:
Ժամանակին հետ վարժուած էինք հանդիպելու ու կարդալու նամակներ, որոնց երիտասարդ հեղինակները կը խնդրէին սփիւռքահայ այս կամ այն թերթի տնօրէնութենէն, որ այլեւս դադրեցնէ թերթի առաքումը, քանի վախճանած է  տուեալ թերթը տան մէջ «միակ» կարդացող հայրիկը կամ մայրիկը, իսկ իրենք... չեն գիտեր հայերէն կարդալ: Եւ այդպէս կանգ կ’առնէր  Մեսրոպի մուտքը հայ տուներէ ներս: Բայց այդքանով չ’աւարտիր պատմութիւնը: Քանի մը օր ետք այդ տունէն դուրս կը դրուին նախ մէջտեղերը թափառող թերթերը, որոնք կը հանգրուանեն  մայչին վրայ կամ մօտակայ աղբանոցին մէջ, լաւագոյն պարագային՝ վերամշակումի կը յանձնուին:  Քիչ անց անոնց կը հետեւին ու նոյն ճամբաներէն կ’անցնին գիրքերն ալ, որոնց համար այլեւս տեղ չի մնար տան մէջ:


Մօտաւորապէս նոյն ճակատագիրը ունեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գրադարանը, որ Կիլիկեան աթոռի մատենադարանէն ու Հայկազեան համալսարանի գրադարանէն ետք հաւանաբար ամենաճոխն էր ամբողջ սփիւռքի մէջ: Կեանքի վերջին տարիներուն Տէր Խաչատուրեան փորձեց վաճառել զայն, սակայն չյաջողեցաւ:  Մահէն ետք, որ շատ անակնկալ պատահեցաւ, անոր ժառանգորդները փորձեցին ծախել զայն՝ Լիբանանի ծիրէն ներս, սակայն նմանապէս չյաջողեցան, եւ ի վերջոյ Լոնտոնի Բրիտանական գրադարանի հայերէնի բաժանմունքի ներկայացուցիչը գնեց անոր ամբողջութիւնը ու տարաւ Անգլիա: Ճիշդ ի՞նչ ճակատագիր կրնան ունենալ այնտեղ այդ գիրքերը, որոնք ուսուցիչի մը ամբողջ կեանքի  վաստակին,  վազքին ու զրկանքներուն արդիւնքն էին,– դժուար է գուշակել, այսուհանդերձ դժուար  է նաեւ ակնկալել, թէ այդ գիրքերը կարդալու համար հերթի սպասողներ գտնուին այնտեղ:
Քիչ մը տարբեր  ճակատագիր ունեցաւ Յակոբ Իսկենտերեանի գրադարանը, որ թէեւ նախորդին թուական ճոխութիւնը չունէր, սակայն  գիրքերուն որակով  հաւանաբար չէր զիջեր անոր կամ որեւէ այլ գրադարանի: Այդ գիրքերը կը ծածկէին  բնակարանին գրեթէ բոլոր պատերը, եւ տիրոջ անժամանակ մահէն ետք անոնք սկսան ճնշել ու հալածել   այրին՝ իբրեւ ամէնօրեայ յիշատակներ, այն աստիճան, որ  ան ի վերջոյ որոշեց ձերբազատիլ անոնցմէ: Առ այս օգնութեան հասաւ Կիւլպենկեան հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի օրուան տնօրէնը՝ Զաւէն Եկաւեանը, որ գնեց անոնց բոլորը եւ ամփոփեց  Ժալ էլ Տիպի իր յարկաբաժնին մէջ, որ գրեթէ տարին տասներկու ամիս փակ կը մնայ, եւ ոչ մէկ ձեռք կը բանայ այդ գիրքերուն էջերը:
Նախորդ երկուքէն  աւելի  բախտաւոր  եղաւ Վահէ-Վահեանի գրադարանը, որ իր կարգին գոհար մըն էր՝ մեծագոյն ճաշակով մէկտեղուած, ուսուցիչ ու բանաստեղծ Վահեանի երկարամեայ   զոհողութուններուն գինով: Ան արդէն 82 տարեկան էր, ունէր տեսողութեան շատ բարդ հարցեր. «Աչքերս այնքա՜ն  են տկարացած, որ մեծ  դժուարութիւն կը կրեմ ընթերցումի, ակնոցիս  օժանդակ տալով նոյնիսկ  ուժեղ խոշորացոյց մը» (Նամականի, 336): Իսկ երբ գնորդին՝  Միջիկընի  հայոց լեզուի ու գրականութեան դասախաօսին  թելադրանքով կը նկարագրէ գրադարանին կազմութիւնը, «դամբանական  գրելու  հոգեվիճակով  մը՝ աչքերս սկսան թրջիլ» (անդ, 388),– կը գրէ ան: Ուրեմն այս պարագային տեղի ունեցաւ հակառակ շարժում մը. այդ ճոխ ու ընտիր գրադարանը Արեւելքէն  Միացեալ Նահանգներ գնաց՝ կայք հաստատելու համար ամերիկեան հայագիտական ամպիոնի  հովանիին տակ, սակայն ճիշդ ի՛նչ ճակատագիր ունեցաւ ան այնտեղ,  հայն ու հայագիտութիւնը որքա՞ն օգտուեցան  անկէ,– չենք գիտեր: Գիտենք միայն, որ Վահէ-Վահեան իր աչքերուն կորսնցուցած լոյսը փոխարինեց այլապէս. իր  ունեցած բոլոր գումարները ի մի բերելով հաստատեց հիմնադրամ մը, որ  կը գործէ մինչեւ այսօր ալ՝ մահէն 20 տարի ետք, տարեկան հերթականութեամբ յատկացուելով հայագիտական արժանապատիւ աշխատութեան մը հրատարակութեան:
Ահա այսպիսի խայտաբղէտ ճամբաներով  է, որ  սփիւռքահայ գրադարանները կըչէզոքանան  կամ  կ’անհետանան   մեր անզօր, երբեմն ալ անտարբեր  աչքերուն առջեւ:
  Իսկ հիմա ահա կը հաղորդուի նիւեորքեան մէկդարեայ հանրային ամբողջական  գրադարանի մը, – որ է ամբողջ գաղութի մը,– դռներուն փակումը Մեսրոպին առջեւ:
Ինչպէ՞ս չյիշել բանաստեծին ծանօթ ողբը.
«Լեզուն, որով գրեցի, երկրի երեսը քիչեր
«Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ...
Թեքէեան շատ դժուար օրեր անցուցած է, ճաշակած է ընդհուպ անօթութեան զրկանքը: Ժամանակակիցներ տողերս գրողին պատմած են, որ երբեմն ան անօթի կու գար «Զարթօնք»-ի խմբագրատունը՝ ապաւինելով Բարունակ Թովմասեանին, որմէ 50 դահեկան պիտի փոխ առնէր՝ ի հաշիւ ամսականին, պնակ մը ֆուլ ուտելու համար: Բայց անձնական  դառնութեանց մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կը գտնենք անոր արձակ թէ ոտանաւոր գործերուն մէջ:
Կայ երկու բան, սակայն, որոնց կորուստին հանդէպ ան չէ կրցած անտարբեր մնալ::
Թեքէեան   ողբացած է  աչքին կորուստը ու հայ գիրքի ընթերցողի կորուստը:

Monday, March 12, 2018

ՔԵՍՊՈՒ ԳԵՐՈՆՔԸ (THE SPRING OF KESSAB)

ՔԵՍՊՈՒ ԳԵՐՈՆՔԸ (THE SPRING OF KESSAB)
Translated by: Vahe H. Apelian

Father Hamazasp Kechichian penned this poem in Kessab dialect on the occasion of the second anniversary of the exodus of the Kessabtsis on March 21, 2014, the first day of spring.

An edible Kessab native plant that grows early spring in the wild

Գերօնքը Քեսպու (The spring of Kessab)
Նա միէկ տիեղ չըգու, (there is no other,)
Ծառիրը ծաղկուօծ, (the trees blossomed,)
Լառռօնքը կանչըրրուօծ, (the mountains greened,)
չըտտիրը նըստուօծ, (the birds seated,)
ծառիրէն հա էվչին։ (chirp from the trees.)

Ծաղկօնքը ըրանկուօն (Colurful flowers)
էնոշ հուտտիրուօն, (exude pleasant aroma,)
ծուօվը ըրկընքէն հիտ (the sea with the sky)
միէկ իղօծ կէպըտուօն, (meshed into a blue patch,)
Ճաննաթ ի էսիս եօն։ (Heaven, as if, it is.)

Ըրկը տէրի եարանչ, (Two years ago,)
սիւ էմպօնք իկէն, (black clouds descended,)
Էսիս սատանաքը (you may say the devils,)
միր ըրվան հուճումիցէն։ (fell upon us.)
Նատուօր վուօխ, ցուօվ, (How much fear and pain,)
Քէսպըցէն էպրիցուօվ, (Kessabtsis experienced,)
Մաաճըրը լսուօծ էրէնք, (we had heard of the Exodus,)
Ամմա հիչ չըպելլերէնք, (but we had never envisioned,)
քի մինք ըլի պըր տըսնենք, (that we shall also experience,)
պէպկըննիրէն հագաթուօծը, (things grandparents had told us,)
թալանտէն, իրինց քիշուօծը։ (the plunders, the things they suffered.)

Նատուօր դժուօր էրէն, (How difficult were,)
ատ ուրիրը չըթըմմերէն, (those seemingly unending days,)
Էսիս սաաթը կիցուօծ էր, (as if time had stood still,)
աշխէրքէս իտիշքը իկուօծ էր։ (the end of the world was upon us.)
Էմըն ուօր հա հիյերէնք, (Every day we waited,)
ումուօտ կ՚ուներէնք, (we had hope,)
աղուր խեպըրնէն։ (for the good news.)
Իկիք ադ ուօրը, (that day came,)
էնուօշ խեպուօրը, (the sweet news,)
դըքը պուօրըտ հեսուօվ, (spread all the way to Beirut,)
Անճարը խընտուօց։ (Anjar was jubilant.)
Աստուօծ ճուպեպից, (God had answered,)
միր աղութքնէն լըսից. (our prayers, he had listened,)
Քեսպըցէք դարձուն, (the Kessabtsis returned,)
ամմա չէ՞ տիսուն, (but what did they see?)
տընվէն փըլլուօծ վառուօծ, (Their houses plundered, torched)
ալէք բուն գուղցըվուօծ, (everything was stolen,)
պախչընէն չարցուօծ, (the orchards had dried up,)
մեվսըմը տերվէն, (the harvest of the year,)
ֆիթուօծ էր գիտէն։ (was cast on the ground.)

Լուօցը չէ ֆայտա, (Crying is no remedy,)
նաղվընուօս ում ըրվա։ (complaint to whom?)
Առջընիէն պաշլիցեն, (they started from the beginning,)
տընվեն շինիցեն, (the houses, they rebuilt,)
կըղիցէքը ուշնիցեն (the churches, they sanctified,)
մէքթեպնէն կինա բեցեն։ (the schools, they opened anew.)
Վասիոթը պեպկըննիրէն,  (The legacy of their forefathers,)
Լիզզօն, հեւօտը, ատաթնէն, (the language, the faith, the customs,)
դըքըր իսուօր հա էպրէն։ (they uphold to this day.)

Չըմընուօց առջըվէն քեսուօպը, (Kessab of yesterday ceased to exist,)
քէն միէկ հառվըցուն գեցէն (how many left the village,)
ղիեր միէկ հա հիյա էր նուօպը, (others are waiting their turn,)
նուր աշխուօր, բուն հա բեթվէն, (new world, work they seek,)
թըղ ուրթուն Աստուօծ հիտվընէն, (let them go, God be with them,)
Աթապ չինինք նա միկիէն, (we blame no one,)
աղուր ուրիր, սաղլըք ալըննէն։ (good days and health for all.)

Գուլէ չի, ամմա չէ ըլի ըննու, (It is not easy, but come what may,)
Մինք չընք հարվընու Քեսպու, (we will not abandon Kessab,)
Չումքի միր պեպկըննիրը եոն աղութուօծ ին, (because our forefathers prayed there,)
Դետուօծ, քըրտենք վիրեն ֆիթուօծ ին։ (toiled, shed sweat and blood, there.)

Father Hamazasp Kechichian
Քեսպըցէք աշխօրքիս դուրըր կաք, (Kessabtsis wherever you are in this world,)
գիմաթլը լելկըննիր աղբըրտաք, (much-valued sisters and brothers,)
ձիր տուօնը գիեղը, հընտնէքը, (your home, your village, your family,)
ատաթնէն, քեսպընօյը չմառնաք։ (your heritage, your language, do not forget.)
Հառռօ ինք ամմա ձառք ձարա, (We are apart, but hand-in-hand)
եարտըմինք, Քեսօպը պիհիլա, (let us assist keeping Kessab,)
հեսնէնք ալըննէն ձառ մինկինք, (let us reach out to all, extend a helping hand,)
շինինք, բուն ուտունք, քաջալերինք։ (let us build, contribute, and encourage.)
Քեսպու գերօնքը տըսնենք պարապուօր, (The Kessab spring, let us rejoice together,)
Օնկընէն էնոշ բունը մի հեմուօր։ (the sweetest thing for us all.)