V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, December 25, 2024

Քաղցրիկ Պուրճ Համմուտ՝ Ծնունդի հեքեաթներ

Արմենակ Եղիայեան

6.1.2018

Ամէն ինչ որ հեքիաթանման է, անպայման հեքիաթ չէ,

Իսկ ամէն ինչ որ հեքիաթ է, անպայման հեքիաթանման չէ:


Աշխարհի վրայ կայ հեքիաթային երկիր մը, որ կը կոչուի Լիբանան, եւ այստեղ կը գտնուի եզակի քաղաք մը, որ կը կոչուի ՊուրճՀամմուտ:

Պուրճ Համմուտը խորքին մէջ եզակի էր մեկէ աւելի յատկանիշերով, որոնց կարգին՝ իր ազգագրական պատկերը. անոր հիմնադրութեան առաջին տարիներուն (մօտաւորապէս 1933-34) բնակչութեան 99,99 տոկոսը հայ էր. 30 - 40.000 հազարի վրայ կային ընդամէնը քանի մը արաբ ընտանիքներ՝ եկեղեց­ւոյ քահնայiնը, ժամկոչինը, մուխթարինը եւ մէկ-երկու ուրիշներ ու այսչափ միայն:

         1946-էն սկսեալ, որ կը զուգադիպի հայրենադարձութեան, մեկնող­ներուն տուները գնուեցան ա­րաբ հայրենակիցներու կողմէ, տեղացի թէ պաղեստինցի գաղթականներ: Եւ ազգագրական եզակիութիւնը այսպէսով խախտեցաւ… ի հաշիւ ուրիշ հայաւանի մը, որ Այնճարն է եւ որը ծնունդ առած էր Պուրճ Համմուտէն 4-5 տարի ետք:

Այնճար կը շարունակէ պահել իր այդ ան­ղարտ դիմագիծը, մինչ Պուրճ Համմուտ օր ըստ օրէ կը կորսնցնէ իրը: Սակայն այս չէ իմ բնաբանս, ես ուրիշ բան պատմե­լու հա­մար ճամբայ ելայ: Ուրեմն հակառակ վերոնշեալին՝ Պուրճ-Համմուտը կը շարունակէ պահել իր եզակիութիւնը այլ կէտե­րու մէջ, որոնց­մէ մէկն ալ այստեղ հաստատուած արաբ խանութպաններու եւ երբեմն ալ սովորական հայրենակիցներու հայերէնաիմացութիւնն է: Այո, սա այնպիսի իւրայատկութիւն մըն է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ, - ի բացառեալ անշուշտ Հայաստանը, ­ միակ պարագան է, ուր օտարներ հայերէն կը սորվին իրերու բոլորովին բնական ու անբռնազբօս բերումով:       

Պատկերացուցէք Լիբանանի ընդհանրա­պէս հարաւէն եկած արաբ երիտասարդներ, բայց նաեւ օտարահպատակներ՝ սուրիացի, եգիպտացի, յորդանանցի, սուտանցի եւ այլն, որոնք իրենց կեանքին մէջ հայ չեն տեսած եւ որոնք այստեղ հայահոծ թաղի մը մէջ պտուղի ու բանճարեղէնի խա­նութ կը բանան եւ կը սկսին առեւտուրի…հայե­րու հետ կամ նա՛եւ հայերու հետ: Եւ որովհետեւ հայը դժուարութիւն ունի արաբերէն սորվելու, այս մարդիկ կը ստիպուին իրե՛նք հայերէն սորվիլ, որպէսզի դրամ կարենան շահիլ ու ապրիլ:

         Առաջին ամիսը կը սորվին թիւերը ու չափերը՝ մէկ քիլօ, մէկուկէս քիլո, երկու ոսկի, չորս, հինգ, եօթը ոսկի կամ տոլար եւ այլն: Ապա կը սկսին սորվիլ ապրան­քին անու­նը՝ նարինջ, վարունգ, հազար, բողկ:

         Երկրորդերրորդ ամիսներուն կը սկսին կազմել իրենց առաջին կցկտուր նախադասութիւնները՝ շատ լաւ է, հա­մով է, թարմ է, աժան է: ­Կամ՝ հիմա չկայ, մէկ ժամէն կը հաս­նի…: ­Նաեւ՝ անուշ ըլլայ, նորէն եկուր եւ այլն: Իսկ վեցերորդ ամի՚սը կամ ամենաուշը տարին չլրացած՝ արդէն հայերէն կը խօսին քիչ մը… ամէն նիւթի մասին:

Եւ…կամացկամաց կը հայանան:

         Երբեմն շատ զաւեշտական պարագաներ ալ կը պատահին:

         Կը ճանչնամ անոնցմէ մէկը՝ իսկական աժդահայ մը, գոնէ երկու մեթր հասակով եւ երկու հարիւր քիլո քաշով, արաբական կամ արեւելեան բուրդէ գլխարկը մինչեւ աչքերը իջած, պեխերը ականջներուն հասած, մօրուքը ընդհանրապէս անխնամ, «մի զըռ չոբան»,–­ ինչ­պէս պիտի ըսէր ­Թու­մա­նեան, որ սակայն… մաքուր ու ծեքծեքուն հայերէն մը կը խօսի, ծայրայեղօրէն կիրթ է եւ իսկոյն կը հրապուրէ քեզ: Չես կրնար առանց գնումի դուրս ելլել խա­նու­թէն, ընդհակառակը՝ քիչ մըն ալ կը տնտնաս, որ աւելի լսես զինք:

­         Կը ճանչնամ Ղասսան մըն ալ, որ ինքնամփոփ ու լռակեաց երիտասարդ մըն է, որուն հետ կարելի է երկար զրուցել,  եւ հաճոյքով կը զրուցեմ, քիչ մը ամէն բանի մասին: Այնքան լաւ կը տիրապետէ հայերէնին: Կարծեմ հայ աղջկայ մը պարեգօտն ալ անցած է կեանքէն, չեմ գիտեր՝ իբրեւ նշանածի՞, թէ՞ իբրեւ ընկերուհիի, եւ յուզումով կ’ակնարկէ թէ՛ հայերէնին, թէ՛ զայն խօսող աղջկան:

         Առիթով մը, երբ տակաւին լաւ չէի ճանչ­նար զինք, միամտաբար հարցուցած եմ իրեն, թէ ինչո՛ւ «օ­տար» անուն կը կրէ:

         Եւ այսպիսիները բացառութիւն չեն:

         Ստորեւ պատ­կեր մըն ալ:

         Տասը օր առաջ, արեւմտեան Ծնունդի առթիւ, հրաւիրուած էի կաթողիկէ բարեկամի մը տունը, ուր, իմինէն զատ, կը գտնուէին չորս ուրիշ ընտանիքներ կամ անոնց ներկայացուցիչները, չորսն ալ իրենց եթովպիացի աղախիննե­րով: Երբ երեկոյթը իր աւարտին կը մօտենար, ուզեցի զայն փակել գարե­ջուրով մը: Եւ որովհետեւ միջավայրին ծանօթ էի եւ չէի ալ ուզեր ուրիշը խանգարել, խոհանոց ուղղուեցայ ինքնասպասարկութեան համար: Ի՜նչ տեսնեմ. չորս աղախինները հաւաքուած էին իրե՛նց սեղանին շուրջ եւ ուրախ կը ճռուողէին… մաքուր հայեր­նով:

         Կայ սա­կայն աւելի ուշագրաւն ալ, որ հետեւեալն է. այս օտարներուն սորված հայերէնը զերծ է այն բոլոր լեզուական արատներէն, որոնց դէմ ի զուր կը պայքարինք մեր՝ հայ խմբագիրներու, հայ մտաւորականնե­րու, հայ ուսուցիչներու աշխարհիկ թէ հոգեւոր բոլոր ծիրերէն ներս… առանց յաջողելու սրբագրել զանոնք: Օրինակ՝ ոչ մէկուն բերնէն լսած եմ փոխանցել, իբրեւ հետեւանք, իբրեւ արդիւնք, արդիւնքով, գծով, այն մասին, յետայսու եւ այս կարգի ճիւաղութիւններ, որոնք մերոնց հանապազօրեայ հացն ու սնունդն են:

         Աղէկ, պի­տի ըսէք, վերջին հաշուով՝ ովքե՞ր են ասոնց ուսուցիչները, որպէսզի քիչ մըն ալ մեր խմբագրատուները (առանց մոռնալու Երեւանի «Արմէնպրեսը»), դպրոցները, գրասենեակները, տուները, հեռաւոր թեմերն ու առաջնորդարաններն ալ այցելեն ու հայերէն սորվեցնեն:

         Մի՛ հարցնէք, որովհետեւ չեմ գի­տեր: 

*   *   *

         Տարիներ առաջ կը խնամէի հիւանդ մը, որուն հետ ա՛լ մտերմացած էի, ինչպէս սովորաբար կը պատահի հաւատարիմ յաճախորդներուն հետ:

         Մօտաւորապէս 20-25 տարուան ծանօթութիւն մը ունէինք արդէն, երբ օր մը ժամադրութիւն խնդրեց կնոջը համար: Եւ քանի մը օր ետք դարմանատունս մտաւ անոր հետ: Գլուխէս սառ ջուր թափեցաւ. կինը վերէն վար սեւ հագած, լաչակաւոր իսլամուհի մըն էր:

         Այլայլեցայ, շփոթեցայ, բառերս կորսնցուցի, բայց եւ այնպէս, միւս կողմէ, ցոյց տուի աթոռը, ինքս ալ տեղաւորուեցայ ու անցայ գործի, մինչ ամուսինը, քիչ անդին նստած, կը հետեւէր այս բոլորին:

         Կը զգայի, որ մտերմութեան վտիտ կապը փրթած էր մեր միջեւ. լռութիւն կը տիրէր, ճնշիչ լռութիւն մը… գոնէ ինծի հա­մար: Կը փորձէի առ ի քաղաքավարութիւն խզել զայն, նիւթ մը գտնել ու վերահաստատել կապը, սակայն չէի յաջողեր: Երբ վերջապէս շատ անճարակ, բայց հաւանաբար նաեւ անիրաւօրէն ըսի, կարծես անոր դատաւորը ըլլայի.

         – Իսլամի հետ ամուսնա­ցեր ես:

         – Ի՞նչ, հար­ցուց՝ չըմբռնելով ակնարկութիւնս:

         – Ինչո՞ւ իսլամի հետ ամուսնացեր ես, վրայ բերի, այս անգամ՝ անիրաւուածի պահանջատիրական զգալի շեշ­տով մը:

         – Ի՞նչ կը խօսիս, հակադարձեց ան շլմորած՝ անհանդարտ շարժելով աթոռին, կարծես փուշի վրայ նստած ըլլար:

         – Եղբա՛յր, ի՞նչն է անհասկնալին. ինչո՞ւ իսլամի հետ ամուսնացած ես:

         – Բայց, հա­քի՛մ, ե՛ս ալ իսլամ եմ, ը­սաւ՝ աչքերը լայն բացած, ու հիմա… ի՛մ կարգս էր շլմորելու եւ աթոռիս զիս նեղող փուշերէն անհանգստանալու:

         – Բարեկա՛մ, այսքան ատեն է մաքուր հայ էիր ալ, հիմա իսլամութի՞ւնդ բռնեց:

         Եւ ա­հա ան լայն ժպտելով ու հանդարտած պատմեց, որ պատանի հասակէն աշկերտը դարձած է հայ դերձակի մը, որմէ արհեստին հետ սորված է նաեւ անոր լեզուն, եւ հիմա, տասնամեակներէ իվեր, հաշտ ու համերաշխ կը շարունակէ ծառայել նոյնին հաստատութեան մէջ, որուն վերակացուն ալ դարձած է, շրջապատուած հայ արհեստաւորներով, եւ այնուհետեւ հայերէնը դարձած է իր երկրորդ լեզուն, որուն համար շատ ուրախ է եւ շատ կը սի­րէ զայն:

         Այս ալ… այս­պէ՛ս

          armenag@gmail.com

No comments:

Post a Comment