Բնագիրը կցուած է։
Since the first day of this terrible Turanian war that was unleashed against Artsakh and Armenia, for more than three weeks now, I have been following dozens of Turkish stations, day by day. All of them, without exception, simply spread poison and HATRED against the ARMENIAN PEOPLE.
These stations invite, for hours on end, university professors, high-ranking former officers, retired diplomats, journalists, analysts, party and public figures, "specialists" on Armenian affairs, etc., etc., who respond with an astonishing unanimity and with an effortless consistency echo the official view of the Turkish state that "Armenia is an occupier country and must return Karabakh to Azerbaijan." There is no deviation from this theme and no dissenting opinion.
The 80 million population of Turkey listens to these stations and swallows what is presented to them day after day; surely appropriating the following without further ado, that:
Throughout history, Armenia has always been an occupier and pre-emptive country.
Yerevan is Turkish land. At the beginning of the last century, the majority of the population of Yerevan was Turkish Muslim.
In the 1990s, Armenians carried out horrific massacres of innocent Azeri citizens in Khojaly (Azerbaijan) and went unpunished.
Armenians not only deported the natives of Karabakh, the Azeris, but also committed a cultural genocide there.
How dare a poor Armenia, with a population of one and a half million attack neighboring Azerbaijan? The Russians are behind the Armenians
The state of Armenia is a bandit government. It must be taught such a lesson that it is vanished from the region. We must vanquish the thievish Armenia.
We negotiated with them for thirty years. The knife cut to the bone. Our Azeri brothers will liberate their ancestral lands and have the red crescent flag fly over them.
The Armenians make a wild nation. In this region, Armenia is a hotbed of instability and hostility.
By continually hitting Armenia on the head, Karabakh will be taken away from its hands.
“Zangezur” is Turkish land. It is necessary to take quick steps to have it as a land bridge between Nakhichevan and Azerbaijan
It is necessary to restrain the spoiled Armenia. With the support of the West, it has become a plague for the Turkish-speaking peoples of the region.
The Azeri army did not bomb urban settlements at all. The civilized tradition of the Turkish nation forbids us to do such a thing. Meanwhile, Armenians continue targeting cities and their innocent residents.
Pashinyan has become a pathetic figure. To cover up his defeat, he makes statements against Turkey using the myth of "genocide".
Turkey is with its Azeri brothers to the last point, both on the front line and at the negotiating table.
These many quotes, I think, give an idea of the kind of enemy the Armenian army is fighting.
Has anything changed since the days of Abdul Hamid and Talaat?
«ՊԻՏԻ ԶԳԵՏՆԵ՛ՆՔ ԱՒԱԶԱԿԱԲԱՐՈՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»…
Արցախի ու Հայաստանի դէմ շղթայազերծուած թուրանական այս սարսափազդու պատերազմի առաջին օրէն իվեր ,- արդէն աւելի քան երեք շաբաթէ ասդին,- օրը-օրին կը հետեւիմ Թուրքիոյ պատկերասփիւռի տասնեակ կայաններու, որոնք խօսքը մէկ ըրած (ու առանց ո՛րեւէ բացառութեան) ուղղակի թոյն ու ատելութիւն կը տեղացնեն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ գլխուն։ Այս կայանները, երկա՜ր ժամեր, կը հիւրընկալեն համալսարանի դասախօսներ, բարձրաստիճան նախկին սպաներ, հանգստեան կոչուած դիւանագէտներ, լրագրողներ, վերլուծաբաններ, կուսակցական ու հանրային գործիչներ, հայկական հարցերու «մասնագէտ»ներ եւայլն, եւայլն, որոնք ապշեցուցիչ միասնութեամբ մը ու անձանձրոյթ հետեւողականութեամբ արձագանգ կը հանդիսանան թուրք պետութեան պաշտօնական տեսակէտին, որ է՝ «Հայաստան բռնագրաւիչ երկիր է ու անպայման պէտք է Ատրպէյճանի վերադարձնէ Ղարաբաղը»։ Այս գաղափարէն ո՛չ մէկ շեղում, ո՛չ մէկ այլախոհ կարծիք։
Թուրքիոյ 80 միլիոն բնակչութիւնը օրն ի բուն կը լսէ եւ կուլ կու տայ իրեն հրամցուած հետեւեալ «տուեալներ»-ը, անշուշտ՝ իւրացնելով զանոնք առանց այլեւայլի.
-Հայաստան, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, միշտ եղած է բռնագրաւիչ ու նախայարձակ երկիր մը։
-Երեւանը թրքական հող է։ Անցեալ դարու սկիզբը Երեւանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը թուրք մահմետական էր։
-1990-ական թուականներուն հայերը Խոջալուի մէջ (Ատրպէյճան) ահաւոր սպանդներ գործեցին ազերի անմեղ քաղաքացիներու դէմ եւ անպատիժ մնացին։
-Հայերը ո՛չ միայն բռնագաղթի ենթարկեցին Ղարաբաղի բնիկները՝ ազերիները, այլեւ մշակութային ցեղասպանութիւն մը ի գործ դրին այնտեղ…։
-Մէկուկէս միլիոն բնակչութիւն ունեցող աղքատ Հայաստան մը ի՜նչ համարձակութեամբ կը յարձակի հարեւան Ատրպէյճանի վրայ։ Հայերու ետին՝ ռուսերը կանգնած են։
-Հայաստանի պետութիւնը աւազակային իշխանութիւն մըն է։ Անոր դասը պէտք է տալ այնպիսի ձեւով մը՝ որ ա՛լ վերանայ մէջտեղէն։ Պիտի զգետնե՛նք աւազակաբարոյ Հայաստանը։
-Երեսուն տարի բանակցութիւններով լոլոզեցին մեզ։ Ա՛լ դանակը ոսկորին հասաւ։ Մեր ազերի եղբայրները պիտի ազատագրեն իրենց պապենական հողերը ու անոնց վերեւ պիտի փողփողի կարմիր դրօշը…։
-Հայերը վայրենի ազգ են։ Այս հողատարածքին մէջ՝ Հայաստան անկայունութեան եւ թշնամանքի օճախ մըն է։
- Հայաստանի գլխուն զարնելով-զարնելով՝ Ղարաբաղը պիտի առնուի անոր ձեռքէն։
-«Զանգեզուր»ը թրքական հող է։ Անհրաժեշտ է արագ քայլեր առնել՝ Նախիջեւանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հողային կամուրջ մը ունենալու համար։
-Պէտք է սանձել շփացած Հայաստանը, որ Արեւմուտքի օժանդակութեամբ՝ շրջանի թրքացեղ ժողովուրդներուն համար պատուհաս դարձած է։
-Ազերի բանակը բացարձակապէս քաղաքային բնակավայրեր չի ռմբակոծեր։ Թուրք ազգին քաղաքակիրթ աւանդութիւնը կ՛արգիլէ ատիկա մեզի։ Մինչդեռ հայերը շարունակ թիրախ կը դարձնեն քաղաքներն ու անմեղ բնակիչները։
-Փաշինեան «փերիշան» դարձած է։ Իր պարտութիւնը քողարկելու համար՝ Թուրքիոյ դէմ յայտարարութիւններ կ՛ընէ, «ցեղասպանութեան» առասպելը կը հոլովէ։
-Թուրքիա մինչեւ վերջին կէտ՝ իր ազերի եղբայրներուն կողքին է, թէ՛ ռազմաճակատի վրայ, թէ՛ ալ բանակցութեանց սեղանին շուրջ։
Այսքան մէջբերում, կը խորհիմ, գաղափար մը կու տայ՝ թէ ինչպիսի թշնամիի մը դէմ կը կռուի հայոց բանակը։
Բան մը փոխուա՞ծ է Ապտիւլ Համիտի ու Թալէաթի օրերէն ասդին։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ
No comments:
Post a Comment