Զուարթ Աբէլեան
Զուարթ Աբէլեանի այս գրութիւնը լոյս տեսաւ 2008-ին Գաբրիէլ Ինճեճիկեանին ի պատիւ կազմակերպուած հանդիսութեան մը առիթով՝ կազմակերպուած Գալիֆորնիոյ առաջին դպրոցին՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի շրջանաւարտներուն կողմէ: Նոյն վարժարանին մէջ Տիկին Աբէլեան շրջան մը պաշտօնկիցը եղած էր Գաբրիէլ Ինճեճիկեանին:
Ծանօթ - «ԿԱՊԱՆ (19-րդ դարի 50-ական թվականներից մինչև Հայաստանի անկախացում քաղաքը կոչվել է ՂԱՓԱՆ), այն գտնվում է Հայաստանի Սյունիքի մարզում, ինչպես նաև հանդիսանում է նրա մարզկենտրոնը։» (Վիքիպեդիա)
***
Այն օրերուն Քեսապը սոսկ գաւառ մըն էր, ու գաւառի պարզ, անպաճոյճ լեզուով հաղորդուող տղայ մըն էր Գաբին: Պատահական ոեւէ անհատի հետ հարազատ ազգականի նման խօսելու յատկութիւնը ունէր: Քեսապի ու համայն շրջաններու միակ բժիշկ, Տոքթոր Աւետիսի Ինճէճիկեանին տղան էր: Դժուար թէ մէկը համարձակէրիրեն պարոն Գաբրիէլ ըսել: «Ծօ՛, այդ “պարոնը” ուրկէ՞ եկաւ. “Շպէն” (քեսապերէն ընկեր) ըսէ՛, վերջացաւ»:
Այդպէս ալ մնաց միշտ, համեստ ու ամէնուն բարեկամը։
Եղաւ շրջան մը որ զանազան երկիրներէ ու վարժարաններէ միախումբ դասատուներ Հայաստան հրաւիրուեցան, ինչ որ ուսումնական վերապատրաստման ծրագիրներու հաղորդ դառնալու համար: Լիբանանի որոշ վարժարաններ ալ օգտուեցան վերոյիշեալ ծրագրումներէն: Հայ Աւետարանական վարժարանները հրաւէր չստացան:
1970 թուին անձնապէս ռուսական դեսպանատուն գացի:
«Ի՞նչ հարց ունէք, խնդրեմ», հարցուց պարոն մը խիստ կենցաղավարի:
«Կը փափաքիմ Պրն. Յակոբեանը տեսնել» (ամէն կարգի հարցերու պատասխանատուն):
«Մի վայրկեան», ըսաւ երիտասարդը ու հանդէպակաց դռնէն ներս մտաւ: Շտապ դուրս գալով «Հրամեցէք, Տիկին», ըսաւ ու հանդիպակաց դուռը ցոյց տուաւ: Հազիւ ներս մտած՝
«Ի՞նչ հարց ունէք, Տիկին», հարցուց ու հրաւիրեց որ նստիմ: Ապա՝
«Պարոն Յակոբեան» ըսի, «Պէյրութի մէջ շատ վարժարաններէն ուսուցիչներ Հայաստան ղրկուեցան, իսկ մեր վարժարանէն մէկը չգնաց, արդեօք ինչո՞ւ...: Մենք ունինք շուրջ 1000 աշակերտ ու 70-ի շուրջ դասատուներ»:
«Ճիշտը՝ չգիտեմ, իսկ դո՞ւք էլ դասատու էք հայկական նիւթերի»:
«Այո՛, Պրն Յակոբեան, սակայն ինձմէ անջատ այլ դասատուներ ալ կան նոյն նիւթերով զբաղող»: Լռեց: Ապա՝ «Ինչ էլ լինի պարագան, եթէ նոյնիսկ մէկ վիզա ստանանք՝ էդ վիզայով դուք պիտի գնաք, վստահ եղէք»: Այդպէսով, անձնապէս խումբին միանալով գացի Հայաստան: Ամերիկայէն Գաբին ալ մեցի միացաւ Երեւան:
Հայաստանի մէջ հօրաքրոջս աղջկան ընտանիքը կը բնակէրՂափանի շրջան. ընտաիքին մինուճար որդին կը գործէր օդանաւին մէջ, Երեւանէն Ղափան զբոսաշրջիկներ տանելու ու վերադարձնելու գործով: Ամէն պարագայի, մեզի համար արգիլուած շըջան մըն էր այդ: Հօրաքրոջս մանչը յատկապէս եկաւ զիս հոն տանելու:
«Կը ցաւիմ, տղաս, չեմ կրնար երթալ, մեզի համար արգիլուած շրջան է», ըսի: Ճիշդ այդ միջոցին, Գաբին վերէն վար կ՛իջնէր, երբ իմացաւ թէ հարցը ինչումն է՝ «Տղա՛ս, ես ալ ուսուցիչ եմ, քեսապցի եմ, Զուարթին ալ ազգական եմ: Ինք չ՛երթար, ե՛ս կ՛երթամ, զիս կը տանի՞ս...»
«Շա՛տլաւ», ըսաւ երիտասարդը:
Հինգ վայրկեանը բաւեց Գաբիին. 2 շապիկ, մէկ ժագէթ ու գիշերազգեստ մը շալկած վար իջնելն ու անհետանալը մէկ եղաւ տղուն հետ:
Երկու օր ետք, երեկոյեան, պանդոկ կը մտնէ, հազիւ թէ անկողնին վրայ ընկողմանած՝ հեռախօսը կը ձայնէ. «Գաբրիէլ ջա՛ն, լաւ ժամանակ անցկացրի՞ր...» Եւ՝ լռութին... Ըսելու համար՝ իրենց խօսքով, «Գաբրիէլ ջան, դուք Սովետական Հայաստանում էք գտնւում, մենք տեղեակ ենք Ձեր իւրաքանչիւր քայլափոխին...»:
Անկասկած որ իրենք գիտէին Գաբիին իւրաքանչիւր քայլափոխը, սակայն շատ հաւանաբար չէին գիտեր որ իրենց գործը ամէն պարագաներու, ամէն պայմաններու տակ, խիզախ ու յանդուգն մէկու մը հետ էր, որոնք եղան յատկանիշները արտաքնապէս հանդարտ, բայց ներքնապէս աննկուն քեսապցիներուն հարազատ Գաբիին:
Պատալ Մուրատեանի հետ, Երեւան, 1970,
No comments:
Post a Comment