Վահէ Յ. Աբէլեան, (Յուլիս 1993)
Պատանեկան տարիքս դեռ նոր թեւակոխած էի, երբ հայրս զիզ անդամագրեց Պէյրութի Հ.Յ.Դ.Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան Միութեան, որուն հանդիպումները տեղիկ՝ունենային «Ժողովրդային Տան» մէջ, հնադարեան ու հնամաշ շէնքէ մը ներս: Ժողովասրահի պատերուն վրայի նկարները, անոր մնայուն բնակիչ Շապազ Հայրիկը, սենեակները օգտագործող երիտասարդները եւ տարեց մարդիկը, խորհրդաւորմթնոլորտ մը կը ստեղծէին կառոյցով խախուտ այդ ժողովասրահէն ներս:
Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ կը սկսէր Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան Միութեան ազգային դաստիարակութիւնը, որուն տարեկան հերթականութեամբ, անպայմանօրէն մաս կը կազմէր Բաբգէն Սիւնին, Պանք ՕթոմանիԳրաւումը եւ Սպաղանաց Մակարի Դէպքը: Ժամանակի ընթացքին դէպքերը եւ դէմքերը որոշ իրավիճակ կըստանային մեր պատանեկան մտաշխահրներուն մէջ շնորհիւ լուսանկարներուն, բայց Սպաղանաց Մակարիպարագան տարբեր էր: Ան որեւէ նկար չունէր: Ո՛չ պատերուն վրայ, եւ ո՛չ ալ գիրքերուն մէջ:
Հ. Յ. Դ. Հարիւրամեակի Յուշամատեանը թղթատած միջոցիս, հանդիպեցայ Սպաղանաց Մակարի համարյարմարցուած, գծագրուած դիմանկարի մը, որ զետեղուած էր Գէորգ Չաւուշի լուսանկարին կողքին: Պատշաճլուսանկար մըն է անկասկած, երբեմնի Սասնայ Սպղանքի իշխան Մակարին, որ պատանեկան օրերէս ի վեր իմմէջս մնացած է Տօրք Անգեղի նման տարտամ մտապատկեր մը
Սպաղանաց Մակարի եւ Գէորգ Չաւուշի տարակարծութեան պատճառը, ինչպէս Ռուբէն Փաշան կը ներկայացնէիր յուշերուն մէջ, Գէորգ Չաւուշի ամուսնութիւնն էր: Կրնայ ըլլալ որ այլ պատճառներ ալ կային: Վերջինհաշուով հայդուկապետին եւ իր զինակիցներուն միջեւ անկասկած որ տարակարծութիւններ կը ծագէին, որոնքշատ հաւանաբար կը հարթուէին տեղւոյն վրայ: Բայց այս պարագան տարբեր էր:
Գէորգ Չաւուշ հայդուկապետն էր, սակայն իրեն տարակարծիք զինակիցը՝ Սպաղանաց Մակար, պարզ ֆէտայիմը չէր: Սպաղանաց Մակարի վարկն ու հեղինակութիւնը այնքա՜ն ազդեցիկ էր, որ Հ. Յ. Դ.եան Գերագոյնմարմինը մասնաւոր պատուիրակ կը ղրկէր, յանձինս Ռուբէն Տէր Մինասեանի, հարթելու համար այս երկուհեղինակաւոր հայդուկներուն միջեւ ծագած տարակարծութիւնը, որ սկսած էր վնասել ֆետայականաշխատանքներուն: Թէ ինչպէս Ռուբէն տնօրինեց պարագան, այդ կը թողում ընթերցողին հետաքրքրութեան: Այս դէպքը հոս կը ներկայացնեմ բնորոշելու համար Սպաղանաց Մակարի հեղինակութիւնը, որ ո՛չ միայն կըտարածուէր Դուրան Բարձրավանդակին վրայ, այլ կը հասնէր մինչեւ Հ. Յ. Դ.եան Գերագոյն մարմինը
Ո՞վ էր Սպաղանաց Մակարը
Սպաղանաց Մակարը Սասնայ Սպղանքի տէրն ու իշխանն էր: Ռուբէն իր յուշերուն մէջ կը նկարագրէ զինքորպէս «Աժդահա մը, շա՜տ ահարկու»: Ժողովուրդը կ՝ըսէր, «Գէորգ գայլ է կամ վագր, իսկ քեռի Մակարն էլ, կռուի ժամանակ զարկած գոմէշ է»: Եւ իրաւ կը յուշէ Ռուբէն, «Մեծ ու արիւնոտ աչքերով, խոշոր գլխով եւհսկայ մարմինով այդ աժդահա մարդը, կռուի ժամանակ ո՛չ աջ կը նայէր, եւ ո՛չ ալ ձախ. ահարկու ձայնով, խենչարը ձեռքին առաջ կ՝երթար եւ կամ անշարժ կը մնար, թէկուզ հարիւրաւոր թնդանօթներ պայթէին իր վրայ»:
Սասնայ լեռներուն վրայ ծնած ու հասակ առած այս մարդը, բնութեան անաղարտ զաւակը եղած ըլլալու էր: Անուս, անգրագէտ եւ առհասարակ ո՛չ մէկ կարիքը զգացած ըլլալու էր ո՛չ մէկ խորամանկութեան կամ որեւէփափկանկատութեան: Աւատապետի իր հանգամանքով բիրտ էր ու ըմբոստ: «Ուսումով մարդիկ քընզՏամատեան, քընզ Գուրգէն, Արմենակ, վըր մերին գլխուն գլխաւո՞ր...: Իդա ի՞նչ է Արաբօ եւ Մուրատ, հա Ապրոնու Գէորգ, թէկուզ իմ սանահէր Սերոբ: Զըմէնն ալ քընզ Մակար չարժեն»: Սպաղանաց Իշխան Մակարի համարամէնքը առաւելագոյն պարագային իրեն գործակիցներ էին:
Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ Սպաղանաց Մակարը անդամակցած է ֆէտայի
Սպաղանաց Մակարը ֆէտայի անդամակցելով, հաւատարիմ մնացած էր ֆէտայական աւանդական կարգ ուսարքին եւ չէր կազմած իր սեփական ընտանիքը: Երեւոյթները ցոյց կու տան որ ան ֆէտայի անդամակցած էր, երբ հայդուկային շարժումը սկսած էր կազմակերպչական բնոյթ ստանալ Դուրան Բարձրավանդակէն ներս: Անդարձած էր զինակիցը Սերոբ Աղբիւրի, Գէորգ Չաւուշի, Հրայրի, Անդրանիկի, Մուրատի, Տամատեանի եւ Տարօնիայլ անուանի ֆէտայիներուն, որոնք գործեցին Սասունի եւ Տարօնի Բարձրավանդակէն ներս: Իր զինակիցներըարժանացան գէթ լուսանկարի մը, ինչպէս է պարագամ Գէորգ Չաւուշի, լուսանկարուած Աղթամար կղզիիժայռերուն վրայ՝ Վահան Փափազեանին կողմէ: Սակայն հայդուկային կեանքը զրկեց Սպաղանաց Մակարը այդպերճանքէն իսկ: Եւ ան պատանի երեւակայութեանս մէջ մնաց Ձէնով Օհանին եւ Տորք Անգեղին նմանմտապատկեր մը։
Սպաղանաց Մակարի ֆէտայի անդամակցութեան դրդապատճառը կարելի է գտնել Մակարի զինակւց եւ օր մընալ միասնաբար զոհուելու ճակատագրուած Շէնիկի Մանուկին եւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի միջեւ տեղիունեցած հետեւեալ խորհրդակցութեան. Ռուբէն հարց տուած էր Շէնիկի Մանուկին, որ Սպաղանաց Մակարինման ունեւոր ընտանիքէ կու գար, թէ ինչո՞ւ ձգած էր իր հողերն ու հանգիստ կեանքը եւ դարձած ֆէտայի։
«Երբ Մարաթուկ կամ Սուրբ Կարապետ ուխտի գնան», կը պատասխանէ Շէնիկ Մանուկ, «մատաղցուի համարչեն ընտրէր քոսոտ այծերին, անընդունելի է Սուրբին համար, միշտ պէտք է ընտրել զլաւ խոյերին ուխտինպատակին հասնելու համար: Մեր Աստուած Հայոց ազատութիւնն է, աշիր ու հարուստ հայեր ամենէն առաջպէտք է մատուցուին այդ զոհասեղանին»:
Շատ հաւանաբար, նոյն այս հոգեբանութիւնն էր, որ մղած էր Սպաղանի աւատապետ Իշխան Մակարը թողնելուիր ընկերային դիրքը, տունը, կալուածները եւ դառնալ ֆէտայի, որուն համար Շէնիկի Մանուկ եւ ՍպաղանացՄակար պիտի դառնային պարարտ զոհեր:
Ի՞նչ կռիւներու մասնակցած է Սպաղանաց Մակար
Համառօտ կերպով հետեւեալ ճակատամարտները կարելի է թուել, որոնց մասնակցած էր Սպաղանաց Մակար.
· Սերոբ Աղբիւրին դաւադրաբար թունաւորող մարդուն եւ անոր ընտանիքին ահաբեկումը կազմակերպածԱնդրանիկի ղեկավարութեամբ:
· Պշարէ Խալիլ քիւրտ աշիրէթապետին Սպաղանքի վրայ յարձակման կռիւը:
· Նոյն այդ Պշարէ Խալիլի գլխատման կռիւը՝ Անդրանիկի ղեկավարու-թեամբ:
· 1890-93 Սասնոյ, Տալուորիկի, Անտոկի, Ծովասարի կռիւները:
· 1904 Սասնայ երկրորդ ապստամբութեան մասնակցութիւնը:
· 1904-08, Տարօնի եւ Վասպուրականի կռիւներուն իր մասնակցութիւնը:
Այս ամբողջ ֆէտայական կռիւներուն, Սպաղանաց Մակար ստացած է հրամանատարի պատասխանատուպարտաւորութիւններ: Շատ հաւանաբար չափազանցութիւն պիտի չըլլայ շեշտել, որ 1890-էն մինչեւ իրեղերական մահը, Սպաղանաց Մակար մասնակցած է Սասնայ եւ Դուրան Բարձրավանդակի ֆէտայականգլխաւոր ճակատամարտերուն եւ գործած այդ շրջանէն ներս գործող անուանի հայդուկներուն հետ: ՍպաղանացՄակար անգիտակից չէր հայ յեղափոխական շարժման իր բերած նպաստին: Իրեն յատուկ ոճով եւպարզախօսութեամբ, այսպէս կը ներկայացնէր իր բերած նպաստը.
«Ամբողջ հայ ազգը Սասուն կը նայի: Սասունն ալ հայ ազգի հոգին: Իսկ Սասունի հոգին ալ Սպաղանք եղած է: Երբ Սիմալըն Տամատեանը կը մատնէր, երբ Կելիէ Կիւզանը Աբոն կը մեռցնէր, երբ ամբողջ դաշտը եւ ՎերիԳեալէն Սերոբն ու Գուրգէնը դուրս կը վռնտէին, ո՞վ էր վառ պահեց յեղափոխութեան ճրագը, ո՞վ էր որֆէտայիներուն օթեւան տուեց եւ կռնակ եղաւ...: Դա՝ Սպղանքն էր եւ քեռի Մակարը:»
Ի՞նչպէս զոհուեցաւ Սպաղանաց Մակարը
Գէորգ Չաւուշի Սուլուխի ճակատամարտին նահատակութենէն ետք, Դուրան Բարձրավանդակի մէջ որպէսղեկավարներ մնացին Սպաղանաց Մակարը եւ Ռուբէն Տէր Մինասեանը: Ահաւասիկ այն ժամանակ էր որ լուրհասաւ իրենց, որ Գէորգի կինը՝ Եղսոն եւ զաւակը՝ Վարդգէս վտանգի մէջ են: Սպաղանաց Մակար ստանձնեցանոնց ապահովութեան պատասխանատուութիւնը: Ան՝ այժմ ստանձնած էր պաշտպանութիւնը կնոջ մը, որունամուսնութիւնը իր եւ իր զինակիցին միջեւ խոր տարակարծութեան պատճառ հանդիսացած էր:
Երբեմնի հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշի ընտանիքը փոխադրելու ժամանակ, Մակարը պաշարուեցաւ իրզինակից Շէնիկի Մանուկին հետ: Մակարը փախցնել տուաւ Գէորգի զաւակը՝ Վարդգէսը, ըսելով որ «ճիժ է, գուցէ փրկուի»: Իսկ Գէորգի կինը՝ Եղսոն, իր անմիջական պաշտպանութեան տակ պահեց, ըսելով. «Եղսոննամուս է, պէտք չէ թշնամիին ձեռքը անցնի»: Եղսոն ու Վարդգէսը փրկուեցան, սակայն Սպաղանաց Մակարը եւՇէնիկի Մանուկը դաձան պարարտ խոյերը զոհասեղանին:
ԾԱՆՕԹ. Այս գրութիւնը քաղած եմ ընդհանրապէս մօրեղբօրս՝ Դոկտ. Անդրանիկ Չէլէպեանի «ՅեղափոխականԴէմքեր» գիրքէն եւ Ռուբէնի «Յուշեր»էն:
No comments:
Post a Comment