Կցած եմ նախագահ Աբրահամ Լինքոլնի Կեթիսպըրկի ուղերձին թարգմանութիւնս։ Ուղերձը տեւած է մօտաւորապէս երկու վարկեան եւ բաղկացած է մօտաւորապէս 275 բաոերէ։ Բայց նախագահ Աբրահամ Լինքոլնի այդ ուղերձը կը համարուի Ամերիկեան պատմութեան մեջ ամէնայայտնի ուղերձներէն։ Թարգմանութեանս սրբագրութիւնը կը պարտիմ երբեմնի ուսուցչիս ԱրմենակԵղիայեանին։ Վահէ Յ Աբէլեան
՚՚
Կէթիսպըրկի Ուղերձը
«Չորս քսանամեակներ և եօթը տարիներ առաջ մեր հայրերը այս ցամաքամասին վրայ յառաջացուցին նոր ազգ մը բեղմնաւորուած Ազատութեան մէջ և նուիրուած այն առաջադրութեան որ բոլոր մարդիկ ստեղծուած են հաւասար։
Այժմ մենք բոնկուած ենք քաղաքացիական մեծ պատերազմի մը, փորձարկելու որ արդիո՞ք այդ ազգը, կամ որեւէ ազգ՝ այդպէս բեղմնաւորուած ևայդպէս առաջադրուած կրնայ երկար տոկալ: Մենք կը հանդիպինք այդ մեծ պատերազմին մարտադաշտին վրայ: Մենք եկած ենք նուիրելու այդ մարտադաշտին մէկ մասը որպէս վերջին հանգստավայրը անոնց որոնք այստեղ իրենց կեանքերը նուիրեցին որպէսզի այդ ազգը կարողանայ գոյատեւել: Բոլորովին տեղին և պատշաճ է որ մենք այս ընենք:
Բայց աւելի խոր իմաստով՝ մենք չենք կրնար նուիրագործել չենք կրնար սրբադասել, չենք կրնար սրբացնել այս հողը: Կենդանի և մեռած խիզախ մարդիկ որոնք պայքարեցան այստեղ, արդէն սրբացուցած են ան շատ աւելի բարձր քան մեր աղքատ ոյժը կարողանայ աւելցնել կամ նուազեցնել:
Աշխարհը քիչ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ եւ ոչ ալ երկար ժամանակ պիտի յիշէ թե մենք ինչ կ՚ըսենք հոս, բայց երբեք պիտի չի կարողանայ մոռանալ այնինչ որ ըրին այստեղ: Ընդհակառակը` մենք ողջերս ենք որ պէտք է նուիրուինք այստեղ ամբողջացնելու իրենց անաւարտ գործը, որուն համար անոնք մաքարեցան հոս եւ ազնիւօրեն առաջ մղեցին:
Աւելի շատ մեզի համար է որ հոս ըլլանք նուիրուած մեր առաջ մնացած մեծ գործին – այստեղի պատուելի մեռելներէն մենք նուիրում ստանանք այն դատին՝որուն համար անոնք տուին իրենց նուիրումին վերջին ամբողջական չափը – որ մենք՝ մեծապէս ուխտենք որ այդ մեռնողները ի իզուր մեռած չըլլան - որ այս ազգը, Աստծոյ ներքեւ ունենայ ազատութեան նոր ծնունդ մը - եւ որ ժողովուրդին կառավարութիւնը, ժողովուրդին կողմէ, ժողովուրդին համար չի ջնջուի այս աշխարհէն:»
Աբրահամ Լինքոլն








