Ճանչնանք մեր բառերը (15)
Ի մտի ունիմ... չարաշուք կարենալ բայը, որուն, անցնոշ երկու շաբաթներուն, յատկացուցի քանի մը յօդուած՝ կանխազգուշական ցանկերով, եւ որը, սակայն, անարգել կը շարունակէ իր «յաղթական» երթը. ամօթալի՜ երթը:
Ան է՛ր եւ կը մնա՛յ համազգային խարան մը արեւմտահայուն ճակատին:
Եւ միայն արեւմտահայը կրնար այսքան հպարտութեամբ ցուցադրել իր խարանը:
Կու տամ մեր ամբողջ պատմութիւնը աղարտող հարիւրաւոր օրինակներէն 40-ը ՝ իրենց սրբագրութեամբ:
* * *
1. Գատըգիւղ չկրնալ երթալուն... համար (Արփիար Արփիարեան):
--երթալ չկրնալուն համար կամ երթալ չկարենալուն համար
2. Կ’ուզէ զայն ջախջախել՝ կարենալ տօնելու համար... (Սիամանթօ, «Կովկաս»):
--տօնել կարենալու համար
3. Մայրը մեռած է... առանց կարենալ սնուցանելու իր երախան (ԵրունդՕտեան, «Ընկեր Բանջունի», նախաբան):
--սնուցանել կարենալու
4. Ազատօրէն կարենալ խօսելու համար... (Ռուբէն Սեւակ):
--խօսիլ կարենալու համար
5. Գիտե՞ս ցաւը որ կայ՝ գրել ուզածը չկարենալ գրելուն մէջ (Վահէ-Վահեան):
--գրել չկարենալուն
6. Աղէտը չկարենալ կանխելուս համար զիս պիտի մեղադրէր (Արամ Հայկազ):
--կանխել չկարենալուս համար
7. Ամբողջ ազգ մը կրնալ տեսնելու համար... (Յակոբ Օշական):
--տեսնել կրնալու կամ տեսնել կարենալու
8. Պիտի տառապինք անոնց չկրնալ իջնալնուս (Յակոբ Օշական):
--իջնել չկրնալնուս կամ իջնել չկարենալնուս
9. Մտիկ կ’ընէր՝ առանց կարենալ ձեռք մը երկարելու (Վահէ Օշական):
--ձեռք մը երկարել կարենալու
10. Չունիմ բնագիրը՝ կարենալ լուծելու համար այս հանելուկը (ԲենիամինԹաշեան):
--լուծել կարենալու
11. Մարդոց մեծամասնութիւնը կը քնանայ կամ չկարենալ քնանալու տառապանքը կ’ապրի (Ռոպեր Հատտեճեան):
--քնանալ չկարենալու
12. Ջուրերը, դիւրաւ անցք չկրնար գտնելուն, կը պտուտկին (Յակոբ Մնձուրի):
--գտնել չկրնալնուն կամ գտնել չկարենալնուն
13. Փաստաբան չկրցող եղողները՝ վաճառական կ’ըլլան, նպարավաճառ չկրցող եղողները՝ մանրավաճառ կ’ըլլան, մանրավաճառ չկրցող եղողները քահանայ կ’ըլլան (Նշան Պեշիկթաշլեան):
--ըլլալ չկրցողները
14. Իր ուսերուն վրայ առաւ՝ առանց թեւերուն մէջ կարենալ ամփոփելու (Գրիգոր Զոհրապ):
--ամփոփել կարենալու
15.Այդ գործը չկրցող հասկցող մէկ քանի հոգի հեղինակի համբաւ շինեցին (Գրիգոր Զոհրապ):
--հասկնալ չկրցող
16.Այնքան անարատօրէն չկարենալ ապրելուն կ’ափսոսար (Երուխան):
--ապրիլ չկարենալուն
17. Համիտին այնչափ մեծ ճիգերով չկրցած փճացուցած հայ ազգը (Քասիմ):
--փճացնել չկրցած
18. Ձեռքս ետ կը քաշեմ՝ առանց կարենալ ծածկելու զարմանքս (ԱնդրանիկԾառուկեան):
--ծածկել կարենալու
19. Սրածուածներուն ցաւը չկարենալ մեր տրամաբանութեան հետ հաշտեցնելէ ետք... (Պօղոս Սնապեան):
--հաշտեցնել չկարենալէ ետք
20. Ուրիշ մը չկարենալ սիրելու տառապանքը (Պօղոս Սնապեան):
--սիրել չկարենալու տառապանքը
21. Իր պաշտելի հերոսները չկարենալ մեծարելու բռնութեան, ենթակայ մարդը չի կրնար (Պօղոս Սնապեան):
--մեծարել չկարենալու
22. Ոտանաւոր չկարենալ հրատարակելու ցաւս ատով կը սփոփէի (Արշակ Չոպանեան):
--հրատարակել չկարենալու
23. Յիշում է՝ առանց նշանակութիւնը կարողանալ որոշելու (ՀրաչեայԱճառեան):
--որոշել կարողանալու
24. Ինք անձամբ չկարենալ մեկնելով՝ իր պատուիրակները նշանակած է (Յակոբ Սիրունի):
--մեկնիլ չկարենալով
25. Չկարենալ ապրելու եւ չկարենալ մեռնելու պէս բան մը ուրեմն (ԵդուարդՊոյաճեան):
--ապրիլ չկարենալու եւ մեռնիլ չկարենալու
26. Բանաստեղծը կը մնայ իր ցաւին հետ հաշտ ու իր չկարենալ հասնելու ճակատագրին գիտակ սիրահարը... Կեանքը չկարենալ ապրելու հրայրքին կըհակադրէ...» (Մինաս Թէօլէօլեան):
--հասնիլ չկարենալու... ապրիլ չկարենալու
27.Շատեր կը նայէին աւերածութեան վրայ՝ առանց կարենալ որոշելու... (ԱրամՀայկազ):
--որոշել կարենալու
28. Որչափ պիտի սպասենք նոր Զոհրապ մը կարենալ ողջունելու համար (Վազգէն Այգունի):
--ողջունել կարենալու համար
29. Հետագային կարենալ ըմբռնելի կերպով ընդունելու համար՝ յաջորդական բոլոր ժայթքերը (Գրիգոր Շահինեան):
--ընդունիլ կարենալու համար
30. Լայն պիտի բանալ կարկինը՝ կարենալ մօտենալու համար ճշմարտութեան (Երուանդ Քասունի):
--մօտենալ կարենալու համար
31. Ամեն մարդ վազքի մէջ է... կարենալ ձեռք բերելու համար անթացուպ մը(Երուանդ Քասունի):
--ձեռք բերել կարենալու
32.Անթիքա... աղջիկը չկարենալ փրկելուն մեղքը կ’ողբայ (Գրիգոր Պըլտեան):
--փրկել չկարենալուն
33. [Ն. Աղբալեան] կը խօսի... զայն չկարենալ իրագործելու վախէն (ԳրիգորՊըլտեան):
--իրագործել չկարենալու
34. Վկայութիւնը կը տառապի հիմնական մեղքէն չկարենալ պարագրկելու... ամբողջութիւնը (Գրիգոր Պըլտեան):
--պարագրկել չկարենալու
35. Վտանգը կը սպառնայ անգամ մը եւս չկարենալ գաղտնիքը պահելու (Գրիգոր Պըլտեան):
--պահել չկարենալու
36. «Ամեն ինչ կարենալ բացատրելու համար» (Շահան Շահնուր):
--բացատրել կարենալու
37. [Գրագիրը] ձախողանք մը կը նկատէր այս պարագային օգտակար չկրնար ըլլալը» (ԵՕ):
--ըլլալ չկարենալը
38. Իրենց չկրցած հասկցուցածը հասկցնողը... (Կարո Սասունի):
--հասկցնել չկրցածը
39. Այս չկարենալ ընելու համար, ազգը արտաքին թշնամիի պէտք չունի (ՅակոբՊալեան):
--ընել չկարենալու համար
40. Մեր կեանքին մէջ կուտակուող խաւարը կարենալ փարատելու համար(«Ազդակ»):
-- փարատել կարենալու համար
* * *
Այս տխուր, այլեւ ամօթաբեր կացութեան առաջքը առնել պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւրիս մտասեւեռումներէն մէկը: Առ այդ թելադրելի է, որ ներկայ ցուցակը մուտք գործէ ու տեսանելի տեղ մը գրաւէ մեր բոլոր խմբագրատուներուն, դպրոցներուն, գրասենեակներուն եւ տուներուն մէջ:
Իմ կողմէս՝ օրը-օրին պիտի ջանամ տեղեակ պահել ընթերցբղներս իւրաքանչիւրօրինազանցութեան, որ կը գործուի յընթացս:
Եւ շնորհակալութիւն:
armenag@gmail.com ԱրմենակԵղիայեան