Վահէ Յ Աբէլեան
Վաչէ փափազեանին ներփակ ՝ «Մտքեր.1. Քարոզչութի՞ւն, թէ՞ Աթոռո Ապահովման Աշխատանք» գրութիւնը լոյս տեսած է «Ազդակ» օրաթերթին, Յունուար 16, 2024 թիւին մէջ։ Գրութիւնը օղակած եմ ներքեւը։
Գրութեան հաղորդ մնացի այսօր։ Բարեկամ մը յղած էր ինծի։ Կարդացի եւ այն տպաւորութեան տակ մնացի որ Վաչէ Փափազեանը երկչոտաբար ջանացած է դասաւորել իր միտքերը իր գրութեանը մէջ։ Ջանացած է հաւասակշռութիւն պահել Հայաստանի իշխանութեան, ընդիմադրութեան եւ սփիւօքի կուսակցութեան«քարոզչութեան» միջեւ։ Ամենայն հաւանութեամբ այդպէս ուզած է ընել անաչառ ըլլալու խաուսիկ միտումով մը։ Բայց գրութիւնը կը վկայէ որ բռնասբօսիկ անաչառութիւն մըն է եւ այդ մէկը. հասկնալի է, բայց խաբուսիկ է։ Բայց կը գնահատեմ իր նախաձեռնութիւնը ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթը որ ընթացք տուած է իր գրութեանը։
Բռնասբօսիկ եւ հետեւաբար խաբուսիկ անաչառութիւն մըն է Վաչէին գրութիւնը քանի որ կարելի չէ տարբեր -արեւելահայերէնով - ինստիտուցիոնալ հիմնարկութիւնները՝ իշխանութիւն, ընդիմադրութիւն, եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւն, ինչպէս են աւանդական կուսակցութիւնները, միատեղել եւ նոյն պրիսմակով դիտել, կշոել եւ դատել։
Հայաստանի վարչապետը պէտք է որ առօրեայ աշխատանքներուն յաղորդ պահէ իր երկրին քաղաքացիները։ Այդ մէկը վարչապետէն ակնակալուած գործ մըն է։ Բնականբար եւ հետեւաբար իր դիրքը իրեն կ՚ընծայէ հանրային տեսանելիութիւն որ քաղաքական առաւելութիւն կը շնորհէ իրեն։ Այդ մէկը ընդունուած իրողութիւն մըն է քաղաքական կեանքին մէջ։ Անոր համար Ամերիկայի նախագահական ընտրութեան, ինչպէս պիտի ըլլայ այս տարուան ընտրութիւնը, նախագահ Պայտընը նախագահական դեկնածու մը չէ՝ presidential candidate, այլ incumbent մըն է։ Հետաքրքուողները կրնան ճշդել բառին իմաստը։
Հայաստան ընդիմադրութիւնն ալ իր գործը կ՚ընէ։ Բնականաբար անհրաժեշտ է որ հանրային ներկայութիւն ըլլայ եւ տեսանելիութիւն ապահովէ։ Ոչ ոք առարկութիւն կրնայ ունենալ այդ իրողութեանը հանդէպ։ Բայց Հայաստանեան տիպի քաղաքական ընդիմադրութիւնը տարօրինակ է ինծի համար, չըսելու համար ներհակ։ Ընդիմադրութիւն մէն է որ դէմ է իշխանութեան. այսինք՝ կառաւարութիւնը բան մը կ՚ընէ կամ կը յայտարարէ, իսկ ընդիմադրութիւնը անոր դէմ կը դիրքաւորոշուի, բայց այլընտրանք չի ներկայացներ։ Ոչ թէ միայն հանրային քաղաքական գետնի վրայ, այլ նաեւ Ազգային Ժողովին մէջ իսկ, ինծի համար անընդունելու բաներ կ՚ընեն։ Տակաւին ըսեմ նաեւ որ Գերագոյն Մարմին ըսուածը Հայ Յեղափոխութեան Դաշնակցութեան պատմուճանը, այսպէս եւ այնպէս իր վրայ դրած կազմակերպութիւն մըն է։ Հոս զանց կ՚առնեմ թէ ինչու համար այդ համոզումը ժամանակի ընթացքին արմատացաւ մէջս։ Այդ, ուրիշ հարց է։
Ժամանակ է որ մեր բառամթերքէն հանենք «աթոռ» ըսուածը։ Անշուշտ որ կ՚ակնարկեմ քաղաքական «աթոռ»-ին, եւ զայն փոխարինենք «պաշտօն» բառով։ Բնականաբար եւ գնահատելիօրէն վարչապետը կ՚ուզէ իր պաշտօնին պատասխանատուութիւնները շարունակել ստանցնել, եթէ այդպէս է անշուշտ։
Բնականաբար սպասելի է որ ընդիմադրութիւնն ալ կը ջանայ երկրին իշխանութեան պաշտօնները եւ անոր պատասխանատուութիւնները ստանցնել։ Այդ ի՞նչ տեսակ քաղաքական կազմակերպութիւնն մըն է եղեր որ կը հաւակնի ըսել որ ինքը երկրին բարորութեան համար կ՚աշխատի բայց չուզեր իշխանութեան գալ եւ պաշտօնին պատասխանատուութինը ստանցնել։ կամ կը հաւակնի ըսել որ ինքը գերագոյն քաղաքական իտիալներ ունի, բայց հիմայ մեկդի դրած է քանի որ անհարմար ժամանակ է ներկան այդ իտիալներուն, որոնց համար ձեռնածալ կը սպասէ հարմար ժամանակի։ Այդ կը նշանակէ որ այդպիսի քաղաքական կազմակերպութիւն ժամանակավրէպ քաղաքական կազմակերպութիւն մըն է, քանի որ իր բնավայրին կամ ժամանակաշրջանին մէջ չէ որ կը գործէ ։ Այդ տեսակի կազմակերկութիւն մը քաղաքանօրէն բուջ է իր նոր շրջապատին մէջ եւ պարտի ուրիշ բանի համար պատասխանութիւն ստացնել՝ ինչպէս բարեսիրական կամ մարզական։
Հարցը՝ սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններու «ղեկաւարութիւն»ն է։
Սփիւռքի «ղեկաւարութիւն»ը իր տունն ու պատէզը ձգած «քիթ»ը Հայաստանցիին տան մէջ եւ պարտէզին մէջ կը մտցնէ։ Կը նմանի տան անդամին որ իր տունն ու տեղը ձգած է եւ իր ծնողական տան ալյլ անդամին տան եւ պարտէզին մէջ իր «գիթը» կը մտցնէ եւ անոր տունն ու պարտէզը կարգաւորելու խօսք ունենալու ինքնադիր հաւակնութիւնը ունի։ Հա՞պա իր տան վիճակը եւ իր տան պարտէզին վիճակը։
Սփիւռքի ինստիտուցիոնալ հիմնարկութիւններուն տեղը սփիւռքի մէջ է։ Սնոր ղեկաւարները պէտք է որ արդացնեն իրենց վստահուած պաշտօնները ապա պէտք է որ այդ պաշտօնէն դադրեձնեն անոնք որոնք իրենց վստահած են վարել այդ տեղական պաշտօնը կամ պաշտօնները։ Ամէն քաղաքականութիւն տեղական է, եւ իր բնավայրը ունի՝ ինչպէս նշած է Ամերիկացի վաստակաւոր քաղաքական մարդ Tom O’Neil-ը՝ «all politics is local”։
Մտքեր.1. Քարոզչութի՞ւն, թէ՞ Աթոռո Ապահովման Աշխատանք»